2
0 Նոյեմբերի այս օրը, հինգ տարի առաջ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր մտաւորականներէն Գառնիկ Անանեանը։
Գառնիկ Գուրգէնի Անանեան հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր աւանդներուն պահապան գրականագէտ էր ու ժամանակի կշռոյթին հետ քայլ պահող հրապարակախօս։
1986ին արժանացած էր բանասիրական գիտութիւններու պրոֆեսորի տիտղոսին։ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, հիմնադիրն ու առաջին տնօրէնը եղաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի հրապարակագրութեան բաժանմունքին։ Իսկ 2006ին նշանակուեցաւ Հ.Հ. Ազգային Ակադեմիայի թղթակից անդամ։
Ծնած էր Իջեւան, 1934ի Յունիս 22ին։ 1958ին աւարտած էր Երեւանի համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը։ 1958ին աշխատանքի կոչուած էր Իջեւանի «Լենինեան Ուղիով» շրջանային թերթի խմբագրութեան մէջ։ 1962ին վերադարձաւ ուսման եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ մասնագիտացաւ բանասիրական գիտութեանց մարզէն ներս։ 1965էն սկսեալ եղաւ դասախօս միեւնոյն համալսարանին մէջ։
1965ին, «Հայ գեղարուեստական գրականութիւնը եւ քննադատութիւնը «Մուրճ» ամսագրում (90ական թթ.)» նիւթով աւարտաճառ պաշտպանեց եւ ստացաւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։ 1983ին, «Եղիշէ Չարենց (կեանքի եւ ստեղծագործութեան պրոբլեմներ)» նիւթով իր աւարտաճառին համար արժանացաւ բանասիրական գիտութիւնների դոկտորի աստիճանի։
1977էն 1985 Գառնիկ Անանեան եղաւ Երեւանի համալսարանի հրատարակչութեան ղեկավարը։ Նախաձեռնեց եւ իրագործեց «Ուսանողի գրադարան», «Հայագիտական հետազօտութիւնների մատենաշար» եւ «Քրեստոմատիա» հրատարակչական շարքերը, որոնք խորհրդային պաշտօնական գաղափարախօսութեան պարտադրած գրական կաշկանդումները թօթափող հրատարակչական առաջին լուրջ քայլերը եղան հայրենի իրականութեան մէջ։
1985էն սկսեալ Գ. Անանեանին վստահուեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին բանասիրական բաժանմունքի տնօրէնութիւնը։ Բանասիրականի Հրապարակագրութեան (ժուռնալիստիկա) ամբիոնի հիման վրայ, 1996ին, Գ. Անանեան ձեռնարկեց Հրապարակագրութեան բաժանմունքի հիմնադրութեան եւ անոր տնօրէնը եղաւ մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2007ի իր մահը՝ յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Իր ջանքերուն արգասիքը եղաւ հրատարակութիւնը «Ժուռնալիստիկա» տարեգիրքին, որուն խմբագրութիւնը ղեկավարեց արժանաւորապէս։
Ուշագրաւ է Գառնիկ Անանեանի գաղափարական զարգացման ուղին, որ 20րդ դարու խորհրդահայ գրականութեան գաղափարախօսական ակունքը հետազօտող գրականագիտութեամբ ճամբայ ելաւ, յատկապէս Չարենցի որոնումներուն եւ յայտնագործումներուն համահունչ զարգացում ապրեցաւ եւ յանգեցաւ, հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան խոր ընկալումով, աւանդապահական եւ նորարարական ուղղութիւնները համադրելու հրապարակախօսական հասունութեան։
1974ին լոյս տեսած իր «Որոնումներ (յօդուածներ ¨ հետազօտութիւններ՝ նուիրուած սովետահայ գրականութեան անցած ճանապարհի եւ արդի շրջափուլի կենսական խնդիրներին)» (Եր¨ան, «Հայաստան» հպատարակչութիւն, 248 էջ) հատորով իսկ, Գառնիկ Անանեան յառաջ մղեց գաղափարախօսական այդ ուշագրաւ համադրումի ճիգը։ 1980ին եւ 1987ին հրատարակուած, յաջորդաբար, «Չարենցի հետ եւ «Եղիշէ Չարենց» գործերով, Գառնիկ Անանեան արդէն բանաձեւած էր գաղափարախօսական այդ համադրումին հիմնական դրոյթները։ Այդ հիման վրայ 1995ին լոյս տեսած իր «Հրապարակախօսութիւն եւ քննադատութիւն» գործով՝ Գառնիկ Անանեան հանդիսացաւ յետ¬անկախութեան շրջանի հայ ազգային նորարարական գաղափարախօսութեան ջերմեռանդ դրօշակիրներէն մէկը։ Աւանդապահի ու նորարարի ինքնուրոյն համադրումը Գառնիկ Անանեան հունաւորեց իր հետագայ գործերով.
- «Ներսէս Լամբրոնացին հրապարակախօս» (Անթիլիաս, 1995)։
- «Ի սկզբանէ էր Բանն...» (Երեւան, 1998)։
- «Վերականգնենք մեր յիշողությունը» (Երեւան, 2000)։
- «Արդի հայ մամուլի լոյսն ու ստուերը», (Երեւան, 2001)։
- «Նիկոլ Աղբալեան, կեանքը եւ գրական¬հրապարակախօսական գործունէությունը» (Երեւան, 2002)։
- «Գրիգոր Արծրունի, Լրագրութեան մասին (կազմող, ծանօթագրող, վերջաբանի հեղինակ Գառնիկ Անանեան։ Երեւան, 2003)։
- «Յանուն եւ ընդդէմ գլոբալիզացիայի» (Երեւան, 2003)։
- «Ակնարկներ հայոց հին եւ միջնադարեան հրապարակախօսութեան» (Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 2005, 304 էջ)։
Հայ գրականագիտութեան եւ հրապարակագրութեան մեծ երաշտաւորին մահուան 5րդ տարելիցին նուիրուած այս հակիրճ վկայութիւնը կþարժէ աւարտել համացանցի «Գիշեր» կայքէջին կողմէ 10 Ապրիլ 2011ին հրապարակուած՝ Գ. Անանեանի հետ շահեկան հարցազրոյցի մը եզրափակիչ երկու հարցում-պատասխաններով.
Հարցում.- Ինչպէ՞ս էք տեսնում աւանդականի եւ նորի յարաբերութիւնը գրականութեան ժամանակակից ընթացքում:
Պատասխան.- «Սա գրականութեան յաւերժական խնդիրն է: Գրական զարգացումների համար յաճախ կարեւորում են հասարակական-քաղաքական եւ այլ կարգի յարաբերութիւնները, մոռացութեան տալով, որ տեղաշարժերը, նորի ձգտումը, աւանդոյթի յաղթահարումը գրականութեան զարգացման ներքին եւ նոյնքան կարեւոր ազդակներ են: Աւանդականի ¨ նորի յարաբերութիւնը քննելիս պէտք է յիշել գրականութեան մէջ երեւոյթի դրսեւորման իւրայատկութիւնները: Դրանցից մէկն այն է, որ հնի դէմ պայքարում յաղթանակած նորը վաղ թէ ուշ դառնում է աւանդույթ‘ իր դէմ ուղղելով նորերի խէթ հայեացքը: Չպէտք է մոռանալ, նաեւ, որ նորի յաղթանակը հնի պարտութիւն, առաւել եւս‘ անհետացում չի նշանակում: Եթէ գրականութեան ընթացքը նմանեցնենք լեռնաշղթայի, ամէն արժէքաւոր նոր մի լեռնագագաթ է:
«Հանրայայտ ճշմարտութիւնները կրկնելու անհրաժեշտութիւնը թելադրւում է որոշ նորերի թոյլ յիշողութեամբ: Նախորդները նրա համար չէին այս խնդրում սխալներ թոյլ տուել, որ նորերը կրկնեն դրանք...
«Առանձնայատուկ ուզում եմ ընդգծել ամէն գնով նոր բան ասելու մոլուցքի վտանգաւորութիւնը գրականութեան համար: Նոր խօսք ասելու ձգտումը գրականութեան զարգացման խթաններից է, բայց ամէն նոր դեռեւս գրականութիւն չէ: Մասնաւորաբար «հայկական երազից, «Արարատից ու Տիգրան Մեծից» դատարկվելու» փորձերը դատապարտուած են նոյնիսկ լուսանցքներում տեղ չզբաղեցնելու ճակատագրին...»
Հարցում.- Ստեղծագործական խնդիրներից յատկապէս ո՞րն էք կարեւորում հիմա:
Պատասխան.- «Ստեղծագործական ազատութեան ճշմարիտ իրացումը: Յետ-խորհրդային տարիների փորձը ցոյց տուեց, որ ինքնադրսեւորման անկաշկանդ մթնոլորտը գրական զարգացման համար կարող է նոյնքան վտանգներ պարունակել, որքան նրա բացակայութիւնը: Գրաքննութիւնը գրողին, հրապարակախօսին մղում էր դէպի խորքը, այլախօսութիւն, որից, թող զարմանալի չթուայ, շահում էին ե՛ւ գրողը, ե՛ւ հրապարակախօսը, վերջին հաշուով‘ ընթերցողը: Գրաքննութեան վերացումը, հուսանք‘ անվերադարձ, յամենայն դէպս անցումային յորջորջուող մեր ժամանակներում թուլացրել է պատասխանատուության զգացումը խօսքի նկատմամբ: Ստեղծագործական ազատութեան նոյնացումը ամենաթողութեան հետ վերացրել է անձնական-անհատական պատասխանատուութիւնը‘ դուռ բացելով մակերեսայնութեան, պարզունակութեան, ընդհուպ ոչ գրական «արտադրանքի» առջեւ, որ նոյնքան մերժելի է, որքան խորհրդային «գաղափարական» խոտանը:
«Ազատութիւնը եւս միայն իսկական տաղանդներն են յաղթահարում»...
Ն.