Այս տարի լրացաւ ծննդեան 175ամեակը մեր ժողովուրդի ճառագայթող մեծութիւններէն Ներսէս Արք. Վարժապետեանի, որ իբրեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք՝ նախակարապետը դարձաւ Հայկական Հարցի միջազգայնացումին եւ մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր կեանքը, 19րդ դարու 3րդ քառորդին, առաջնորդեց ու լուսաւորեց իր ազգային պայծառամտութեամբ, շնորհալի վաստակով եւ առինքնող անհատականութեամբ։
Ներսէս անունով անմահացած հայոց հոգեւոր մեծամեծներու համաստեղութեան մէջ, Մեծն Ներսէս Հայրապետի, հանճարեղ Ներսէս Շնորհալիի եւ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի կողքին, անպայման իր բարձրադիր պատուանդանը ունի Ներսէս Պատրարք Վարժապետեանը, որ միայն 47 տարի ապրեցաւ ու վախճանեցաւ 1884ի Հոկտեմբեր 26ին, բայց որ յաջողեցաւ իրեն վերապահուած կարճատեւ կեանքը լեցնել յաւերժութեան արժանի Գործքով։
Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարք անմահացաւ ոչ միայն Հայ Դատի պահանջատիրութեան ու Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման դժուարին ու փշոտ ճանապարհին իր կատարած ներդրումով, այլեւ՝ հայոց ազգային եկեղեցական կեանքի ղեկավարման իր բացառիկ ձեռնհասութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, ժողովրդավարական օրինակելի վարքագծով։
Ներսէս Պատրիարք գործեց Օսմանեան Կայսրութեան թաւալգլոր անկումի ծայր աստիճան վտանգաւոր ժամանակաշրջանին, երբ թրքական պետութեան ամբողջական փլուզումը անխուսափելի դարձած էր, իսկ թուրք պետական մտածողութիւնը, կայսրութեան ներքին «ամրոց»ը ամէն գնով փրկելու ազգայնամոլութեամբ, սուլթաններու առաջնորդութեամբ փարած էր արեւելեան իր դարպասները՝ յատկապէս հայկական նահանգները հայութենէ պարպելու ու թրքացնելու կործանարար քաղաքականութեան։
Ներսէս Արք. Վարժապետեանի պատրիարքութիւնը նաեւ զուգադիպեցաւ հայոց ազգային զարթօնքի ծայր աստիճան զգայուն այն ժամանակաշրջանին, երբ ազգային-եկեղեցական մեր կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարման մեծ շարժումը իր սկզբնական փուլը կը բոլորէր եւ ինքնահաստատման դժուարութիւնները հարթելու հրամայականը կը դիմագրաւէր։
Յանուն ժողովրդավարականացման՝ ներ-հայկական տարակարծութիւններու, վէճերու եւ հակադրութիւններու առօրեայ մը ստեղծուած էր Պատրիարքարանէն ներս եւ անոր շուրջ. ազգային ժողովականութեան կեանքը թատերաբեմ դարձած էր եկեղեցական թէ աշխարհական գործիչներու ամէնօրեայ մրցապայքարին. անընդհատ Պատրիարք կը հրաժարեցուէր կամ կը փոխուէր՝ ժողովրդային ու ժողովրդավար ընտրութեանց կիրարկումը ինքնանպատակի խաղի վերածելով։
Ահա ա՛յդ պայմաններուն մէջ, հակառակ երիտասարդ տարիքին Պատրիարքի պատասխանատուութեան կոչուելով, Ներսէս Վարժապետեան յաջողեցաւ իր ջանասիրութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, լայնախոհութեամբ եւ հեղինակութեամբ, թէ՛ Պատրիարքարանի եւ թէ ազգային-ժողովականութեան կեանքը կայուն եւ համերաշխ հունի մէջ մտցնել ու արդիւնաւէտ աշխատանքի մղել։ Իբրեւ այդպիսին եղաւ 1860ականներու Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք ընտրուած Հայոց Պատրիարքներէն առաջինը, որ անփոփոխ մնաց պաշտօնի վրայ մինչեւ իր վախճանումը։
Աւազանի անունը Պօղոս էր. իր անունն ու մականունը ժառանգած էր մեծ հօրմէն, որ ծանօթ երաժիշտ ու վարժապետ էր։ Ծնած էր 28 Յունուար 1837ին Խասքէօյ, Պոլիս։ Ուշիմ եւ փայլուն աշակերտ եղած է իր թաղի Ս. Ներսէսեան դպրոցին մէջ։ 15 տարեկանին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու հայրը՝ Ստեփանը։ Իբրեւ տան անդրանիկ զաւակը, հօր մահէն ետք, իր վրայ ծանրացաւ որբեւայրի մօր, փոքր քրոջը եւ երկու մանկահասակ եղբայրներուն ապրուստի հոգը։
1853ին, 16 տարեկանին, ուսուցչութեան կոչուեցաւ իր թաղի դպրոցին մէջ եւ արդարացուց իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ 1855ին, ուսուցչական պաշտօնով տեղափոխուեցաւ Ադրիանուպոլիս, ուր արժանանալով առաջնորդին՝ Արիստակէս Եպիսկոպոս Ռափայէլեանի ուշադրութեան եւ հոգածութեան, 1858ին աբեղայ ձեռնադրուեցաւ եւ այդպէս սկսաւ հոգեւորական իր ծառայութիւնը, որ յատկանշուեցաւ յարաճուն ու արագաքայլ վերելքով։
1859ին իբրեւ հոգեւոր հովիւ վերադարձաւ Խասքէօյ։ Ոչ միայն իր ծննդավայր թաղին հոգեմտաւոր զարթօնքին դրօշակիրը դարձաւ, այլեւ՝ մտերմացաւ եւ սերտ գործակիցը դարձաւ եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ բարձրագոյն ուսում ստացած եւ Պոլիս վերադարձած ազատախոհ մտաւորականներու սերունդին, որ ձեռնարկած էր Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին։ Ներսէս Վարդապետ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրման համար մղուած պայքարին մէջ եւ, այնուհետեւ, իրեն վստահուած ազգային-հոգեւորական բոլոր աշխատանքները եւ պատասխանատուութիւնները լաւագոյնս ի կատար ածեց։ Հետեւաբար, արդէն կը վայելէր ընդհանուր յարգանք եւ հեղինակութիւն, երբ 26 Ապրիլ 1874ին ընտրուեցաւ Պատրիարք, հազիւ 37 տարեկան հասակին։
Ներսէս Պատրիարք հանդիսացաւ նախակարապետը Հայկական Հարցի միջազգայնացումին։ Իր Պատրիարք ընտրութենէն երեք տարի ետք սկսաւ 1877-78ի Ռուս-Թրքական պատերազմը, որ աւարտեցաւ թրքական զօրքերու ջախջախիչ պարտութեամբ։ Սուլթանը ստիպուեցաւ ստորագրել Սան Սթեֆանոյի հաշտութեան պայմանագիրը, որ «նախնական» դաշնագիր մը նկատուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Պերլինի ծանօթ դաշնագրով։
Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի նախապատրաստութեան այդ օրերուն էր, որ հայրենի մերօրեայ պատմաբաններու վկայութեամբ՝ «Կ. Պոլսի հայոց պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանը հանդիպեց բանակցութիւնների ռուսական կողմի ղեկավար Ն. Իգնատեւի հետ եւ խնդրեց հաշտութեան պայմանագրում տեղ յատկացնել հայ ժողովրդի արդարացի ձգտումներին: 1878թ. Փետրուարի 19ին Սան Ստեֆանոյում ստորագրուեց ռուս-թուրքական խաղաղութեան պայմանագիր: Այն անուանուեց նախնական, քանի որ ենթադրւում էր Եւրոպային վերաբերող հարցերը քննարկել համա-եւրոպական վեհաժողովում: Սան Ստեֆանոյի պայմանագիրը բաղկացած էր 29 յօդուածից, որի 16րդ կէտը վերաբերում էր հայերին: Նրանում ասւում էր. «Հաշուի առնելով, որ ռուսական զօրքերի դուրսբերումը Հայաստանից կարող է առիթ տալ բախումների - բարդութիւնների, Բարձր Դուռը պարտաւորւում է հայաբնակ մարզերում անյապաղ կենսագործել բարենորոգումներ եւ.ապահովել հայերի անվտանգութիւնը քրդերից ու չերքէզներից»:
«Պայմանագրի յօդուածներում կային հայերին վերաբերող հարցեր: Դրանց համաձայն բարենորոգումները պէտք է կատարուէին 6 ամսուայ ընթացքում, մինչեւ ռուսական զօրքերի դուրսբերումը եւ որոնց մասին թուրքերը պէտք է հաշուետու լինէին ռուսական կողմին: Քանի որ Թուրքիան անկարող էր վճարել հսկայ ռազմատուգանք, Ռուսաստանին էին անցնում Կարսը, Արդահանը, Բաթումը, Բայազետը:
«16րդ յօդուածը ոգեւորեց հայութեանը: Այնտեղ առաջին անգամ օգտագործւում էր Հայաստան անուանումը, եւ Թուրքիան խոստովանում էր, որ իր տարածքում կան հայաբնակ մարզեր»:
Մինչեւ 1884 Ներսէս Վարժապետեան արժանաւորապէս վարեց պատրիարքական պաշտօնը։ Բայց առողջական վիճակը փայուն չէր, շաքարախտ ունէր եւ, Օրմանեան Պատրիարքի վկայութեամբ, կանոնաւոր չէր հետեւեր իրեն յանձարարուած դեղերու օգտագործման։
Այդպէ՛ս, շաքարախտը կտրեց բեղուն գործունէութեամբ յատկանշուած կեանքի թելը Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի, որ տակաւին շատ տալիք ունէր հայ ժողովուրդին։
Կիսաւարտ մնաց Գործը մեծանուն հայ հոգեւորականին եւ ազգային գործիչին, որուն ծննդեան 175ամեակին նուիրուած յուշատետրի այս հակիրճ վկայութիւնը կþարժէ եզրափակել ընդհանրապէս ժլատ գնահատականներ արձանագրած՝ խստապահանջ Օրմանեանի հետեւեալ արժեւորումով.-
«Ներսէս, կրնանք ըսել, համարձակ, ժամանակի եկեղեցականութեան ցայտուն դէմքն էր, կերպարանով եւ բնաւորութեամբ համակրելի, դաստիարակութեամբ եւ ուսմամբ իր կարգակիցներէն գերազանց, աշխատութեան մէջ անխոնջ, գաղափարներով լայնախոհ եւ օրինաւոր սահմանի մէջ ազատամիտ, ազգասիրական եւ եկեղեցասիրական զգացումներով նշանաւոր, խօսակցութեամբ համեղ, ատենաբանութեամբ ազդու, դժուարութեանց դէմ արի, հնարիմացութեանց մէջ ճարտար, մէկ խօսքով կատարեալ անձնաւորութեան մը տիպար»։
Ն.