Print
Category: Յուշատետր

Հոկտեմբեր 19ի այս օրը, 183 տարի առաջ, սկսաւ Կարնոյ (Էրզրում) եւ շրջակայքի հայութեան զանգուածային գաղթը դէպի Արեւելահայաստան՝ Ախալցխա, Ախալքալաք, Ծալկա, Լոռի-Փամպակ եւ Գիւմրի։


Ընդհանուր գնահատումով՝ օսմանեան դաժան լուծը մերժելով եւ թրքական խժդժութիւններէն փրկուելու նպատակով, աւելի քան հարիւր հազար հայեր լքեցին իրենց պապենական բազմադարեան հողն ու շէները, հետեւեցան Արեւմտահայաստանէն հեռացող ռուսական զօրքերուն եւ հաստատուեցան Արեւելահայաստան։
1829ի Հոկտեմբեր ամիսը ծանր ու դժուարին ընտրանքի ժամանակաշրջան եղաւ ռուսական զօրքին կողմէ գրաւուած Արեւմտահայաստանի հայութեան համար։
1828-1829 թուականի Ռուս-Թրքական պատերազմը վերջ գտած էր Ցարական Կայսրութեան յաղթանակով, ռուսները հասած ու գրաւած էին մինչեւ Պոլսոյ մերձակայքը գտնուող Ադրիանապոլիսը (Էտիրնէն), ուր եւ Սեպտեմբեր 14ին կնքուած էր համանուն հաշտութեան պայմանագիրը։
Թէեւ ռուսական կողմը իր տիրապետութեան տակ առած էր ամբողջ Արեւելահայաստանն ու Արեւմտահայաստանի ռազմագիտական կարեւոր շրջանները, բայց Ադրիանապոլսոյ Դաշնագրով՝ Ցարական Ռուսաստանը բաւարարուեցաւ Արեւելահայաստանը կցելով իր կայսերապետութեան ու համաձայնեցաւ թուրքերու տիրապետութեան վերադարձնել արեւմտահայ ազատագրեալ տարածքներուն մեծ մասը։
Իսկ հայութիւնը, որ յատկապէս ռազմագիտական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող Կարնոյ մէջ եւ շրջակայքը աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր պատերազմին՝ ռուսներու կողքին հազարաւոր հայ կամաւորականներ թուրքերու դէմ կռուի դաշտ հանելով, նման պայմաններով խաղաղութեան դաշնագրի կնքումէն ետք, դէմ յանդիման կանգնած էր թրքական վրէժխնդրութեան եւ անխնայ հակահարուածի սպառնալիքին...
Ադրիանապոլսոյ դաշնագիրը նախատեսած էր թուրքերու հակահայ վրէժխնդրութեան այդ վտանգը եւ, յատուկ յօդուածով մը, իբր թէ «իրաւունք» տուած էր արեւմտահայութեան, որպէսզի մինչեւ մէկ տարուան ընթացքին, այսպէս կոչուած «օսմանեան գրաւեալ տարածքները» թուրքերուն վերադարձնող ռուսական զօրքին հետ, գաղթէ դէպի Արեւելահայաստան։
Ահա նման պայմաններու մէջ եւ թրքական անխուսափելի կոտորածներէն փրկուելու մտահոգութեամբ՝ Կարնոյ եւ շրջակայքի հայութիւնը, թեմակալ առաջնորդ Կարապետ Արքեպիսկոպոս Բագրատունիի գլխաւորութեամբ, տուին ծանրակշիռ որոշումը եւ աւելի քան հարիւր հազարով դիմեցին զանգուածային գաղթի։
Պատմական այդ մեծ գաղթով թէեւ հիմը դրուեցաւ հայկական Ջաւախքին ու ձեռներէց եւ աշխատունակ հայերով բարգաւաճեցաւ Արեւելահայաստանը, այսուհանդերձ՝ մեծապէս հայաթափուեցաւ Կարինը, որ հնագոյն դարաշրջաններէ սկսեալ, իբրեւ հայ մեծամասնութեամբ բնակուած տարածք, աշխարհաքաղաքական ու ռազմագիտական կարեւորագոյն խաչմերուկ մը եղած էր միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ։
Հին Յունական, Հռովմէական եւ Բիւզանդական Կայսրութեանց ժամանակներէն եկող քաղաք էր Կարինը, որուն հայ եւ յոյն բնակչութեան տնտեսական աշխատունակութեան ու առեւտրական ձեռներէցութեան մասին սպառիչ վկայութիւններով հարուստ է պատմութիւնը։
Իսկ Կարնոյ հայութեան 1829ի մեծ գաղթին առիթով յատուկ ընգծումի արժանի է պատմաքաղաքական այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ ռուսական զօրքը երեք անգամ, հայկական հողի վրայ, պատերազմ մղեց թրքական զօրքին դէմ եւ երեք անգամուն ալ գրաւեց Կարինը (1828-29ին, 1877-78ին եւ 1915-16ին)։ Ռուս-Թրքական երեք պատերազմներու պարագային ալ, հայ ժողովուրդը ընդառաջեց ռուսական զօրքերուն իբրեւ փրկարարի զօրակցելու կոչերուն եւ, կամաւորականներ տրամադրելով, մեծապէս սատարեց ռուսական յաղթանակին։ Բայց երեք անգամուն ալ հայութիւնը չարաչար յուսախաբութեան մատնուեցաւ։ Ռուսաստան բնաւ չունեցաւ Արեւմտայաստանն ու անոր «մայրաքաղաքը» նկատուած Կարինը ազատագրելու աշխարհաքաղաքական առաջադրանք եւ, ընդհակառակն, հայոց յոյսերուն հետ կապ չունեցող իր սեփական հաշիւներն ու հարցերը լուծելով, թրքական տիրապետութեան վերադարձուց հայկական հողերը։
Կարնոյ հայութեան 1829ի մեծ գաղթին առիթով կարեւորութեամբ պէտք է նշել, նաեւ ու մանաւանդ, որ հայ ժողովուրդը երբեք չհրաժարեցաւ Կարինէն։ Հակառակ 1829ի գաղթին հետեւած թրքական հակահայ խժդժութեանց եւ կոտորածներուն, հայութիւնը շարունակեց համախմբուիլ Կարնոյ մէջ ու շէնացնել զայն։
Աւելի՛ն. 19րդ դարու ամբողջ տեւողութեան Կարնոյ հայութիւնը դարձաւ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման կարեւորագոյն հնոց մը, որ յառաջապահի դեր կատարեց թէ՛ ազգային զարթօնքի եւ լուսաւորութեան ճակատին վրայ, թէ՛ հայ ազգային-ազատագրական շարժման յեղափոխական առաջին խմորումներու շղթայազերծման ընթացքին։
Այդ առումով Կարնոյ «Պաշտպան Հայրենեաց» երիտասարդական մարտունակ շարժումը, 1870ականներու վերջերուն, հիմնարար դեր ունեցաւ հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու, յատկապէս Դաշնակցութեան կազմաւորման մէջ։
Իսկ Կարնոյ «Սանասարեան» վարժարանը, 19րդ դարու վերջին քսանամեակին եւ 20րդի սկզբնաւորութեան, լոյսի եւ յոյսի փարոս մը եղաւ հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն համար՝ ազգային-գաղափարական ներշնչումի ու պատրաստութեան անփոխարինելի կռուան մը դառնալով։