Print
Category: Յուշատետր

27 Յուլիսը, 1983 թուականին, մեծախորհուրդ դարձակէտ մը արձանագրեց հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան մէջ։
Յուլիսի այս օրը, 28 տարի առաջ, Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանութեան համալիր շէնքը արիւնալի թատերաբեմը դարձաւ հայկական իւրօրինակ Ողջակիզման։


Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան գրոհը իրագործեցին հինգ երիտասարդ հայորդիներ։ Հինգն ալ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան անդամներ էին, որոնք «Հայ Յեղափոխական Բանակ»ի անունով գրաւեցին եւ ուժանակով պայթեցուցին ու օդը հանեցին թրքական պետութիւնը խորհրդանշող շէնքը՝ ինքնասպանական գործողութեամբ եւ հերոսական գաղափարապաշտութեամբ Հայ Դատի պայքարին նուիրաբերելով իրենց գերագոյնը, դեռատի կեանքը։
Արա Քըրճըլեան, Վաչէ Տաղլեան, Սիմոն Եահնիեան, Սեդրակ Աճէմեան եւ Սարգիս Աբրահամեան կը կոչուէին Լիզպոնի Ողջակէզները։ Սիմոնը նահատակուեցաւ գործողութեան առաջին փուլին, դեսպանութեան համալիրը գրաւելու գրոհի ընթացքին։ Արա, Վաչէ, Սեդրակ եւ Սարգիս չուշացան միանալու մարտիրոսացած իրենց ընկերոջ՝ յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի վերատիրացման հայոց պայքարին Ողջակիզման աւանդ մը կտակելով մեր սերունդներուն։
Կայծակնային արագութեամբ իրագործուած ամբողջ գործողութիւնը այնքան ցնցիչ էր, որ ոչ միայն աշխարհով մէկ ցրուած պահանջատէր հայութիւնը, այլ նաեւ Հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան շուրջ ուրացման պատ քաշած ցեղասպան Թուրքիան եւ անոր հետ քայլ պահող Ամօթալի Լռութեան մեծապետական ուժերը սապմռկեցան։
Լիզպոնի Հինգին անունով եւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան բոլոր միջոցներով՝ Հայ Յեղափոխական Բանակը անմիջապէս տարածեց հանրային կարծիքը լուսաբանող հաղորդագրութիւն մը.- «Մենք որոշած ենք պայթեցնել այս շէնքը եւ մնալ անոր փլատակներուն տակ։ Ասիկա ո՛չ ինքնասպանութիւն է, ոչ ալ խելագարութեան դրրսեւորում մը, այլ ընդհակառակն՝ մեր զոհաբերումն է ազատութեան բագինին»։
Լիզպոնի Հինգին հարազատներուն, ընկերներուն եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար օրին դժուար եղաւ հաւատալ, որ այնքա՜ն կենսուրախ եւ ապագայի հեռանկարներով խանդավառ հայորդիներ, իրենց անձին օրինակով, որոշած էին գործքով հաստատել - հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին ծառայելու ճամբուն վրայ - գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իրենց գաղափարական ուխտը։
Իսկ թրքական պետութիւնն ու մեծապետական քաղաքականութիւնը, ցեղասպանութեան եւ անարդարութեան վրայ իրենց խարսխած աշխարհակարգին հանգիստը վերահաստատելու խուճապով, տենդագին լծուեցան՝ իրենց իսկ բառերով «Հայկական Ահաբեկչութեան նորայայտ վտանգը» խեղդելու աններելի արշաւին... Մեծապետական աշխարհը ցնցուեցաւ, բայց չկրցաւ սթափիլ մարդկային Խղճմտանքին պարտադրուած մահաքունէն եւ անձնատուր դարձաւ Իրաւունքի ու Արդարութեան պայքարին Պետական Ահաբեկչութեամբ պատասխանելու մոլորանքին։
Որոշակի ժամանակ պէտք եղաւ, որպէսզի Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը հայերուս եւ ողջ աշխարհին հասկնալի դառնայ իրենց իսկ խոստովանութեամբ՝ նախքան գրոհը կատարուած տեսագրութեամբ.
- «Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտանիք գոյութիւն չ՛ունենար»,- հաւատացած էր Արան։
- «Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ: Շատ ուրախ եմ այս գործողութեամբ: Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկապէս որ կեանքէ զատ՝ ամէն ինչի կը նմանի: Կ’ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ, ուրիշին խամաճիկներն ենք»,- աւելցուց Սիմոնը:
- «Ինչպէս որ կ’ըսէ երգը (Սարդարապատի հերոսներուն նուիրուած երգը - Ն.), «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Այո՛, մենք խենթեր ենք, բայց չակերտեալ խենթեր: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին»,- յայտարարեց Սագոն։
- «Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ. զոհը պիտի չըլլամ ճակատագրի խաղերուն: Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»,- ընդգծեց Վաչէն։
- «Մենք առաջինները չենք, որ կը քալենք, մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր պիտի ընեն»,- պատգամեց Սեդրակը։
«Ահա այսպէ՛ս արշաւեցին Լիզպոն զոհուած քաջ ընկերներ»ը։
Եւ որքան տարիները կ՛անցնին ու ժամանակը յուշերու մէջ կ՛ամփոփէ օրին ապրուած բոլորիս ցաւն ու կսկիծը, այնքան Լիզպոնի հերոսական քայլը պարուրած խորհրդաւորութիւնը իր տեղը կը զիջի պարզ ու պայծառ պատգամին առջեւ Հինգ Ողջակէզներու գերագոյն զոհաբերութեան։
Փաստօրէն 27 Յուլիս 1983ին, դէմ յանդիման Լիզպոնի մէջ հինգ հայ երիտասարդներու ողջակիզումին՝ համայն մարդկութիւնը բացաւ աչքերը եւ անդրադարձաւ այն խոր վէրքին, որ 1915ին թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճիրով բացուեցաւ հայ ժողովուրդին եւ հայ մարդոց էութեան մէջ։
Եւ որքան տարիները անցան, այնքան Լիզպոնի Անձնազոհութեան տարելիցը այսօր պատահած, մեր աչքերուն առջեւ պարզուած ողբերգութեան պէս շարունակեց ցնցել մեզ՝ ողջ էութեամբ։
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Գերագոյն Զոհաբերութեան իրենց պատրաստակամութիւնը այդպէ՛ս, ողբերգականօրէն պարզելով՝ Լիզպոնի Հինգը աշխարհով մէկ լսելի դարձուցին Հայուն բողոքն ու ցասումը Լռութեան այն ծանրանիստ պատին դէմ, որ թրքական պետութեան ուրացումով եւ մեծապետական աշխարհի մեղսակցութեամբ հիւսուած էր՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նկատմամբ թրքական պետութեան գործադրած ահաւոր ցեղասպանութեան, հայոց հողերու բռնագրաւումին ու հայկական իրաւունքներու ոտնակոխման շուրջ։
Սեփական կեանքի զոհաբերութեան գնով Լիզպոնի Հինգը, աշխարհով մէկ, դղրդացուցին հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան պահանջատիրական ցասումը։ Բարօր կեանքի յոյսերով լեցուն երիտասարդական իրենց կեանքը այդպէս՝ իբրեւ աշխարհի որեւէ անկիւնը թրքական պետութեան դէմ պայթելու պատրաստ ուժանակ, լարեցին ու պայթեցուցին Լիզպոնի Հինգ հերոսները, որովհետեւ առանց Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատութեան՝ Հայը չունէր կեանքի եւ բարօրութեան լիարժէք ու լիիրաւ՝ ազգայի՛ն հեռանկար։
Եւ Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը միայն անոնց անձնական ընտրանքը չեղաւ։ Իւրաքանչիւրին մէջ եւ հաւաքաբար բոլորին միաձոյլ օրինակով՝ հայ ժողովուրդի ամբողջ սերունդ մը արար–աշխարհին լսելի եւ շօշափելի դարձուց միեւնոյն ընտրանքը։ Եղեռնէն վերապրած հայութեան սփիւռքածին այդ սերունդը ամէն հնարաւորութիւն ունէր տարբեր ընտրանք կատարելու, կեանքի մէջ յաջողելու, երիտասարդական թափով նուաճումներ իրականացնելու, Հայաստանն ու հայութիւնը համաշխարհային ազգի պատուանդանին բարձրացնելու։ Եւ այդ սերունդը անշուշտ կ՛ուզէր, որ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած եւ վերստին ծաղկող հայ ժողովուրդը իր արժանի տեղը գրաւէր արեւուն տակ, մեծ ու փոքր ածու բոլոր ազգերու շարքին։
Եւ ճիշդ այդ ընտրանքին գլխաւոր ու անհրաժեշտ պայմանը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անփոխարինելի կռուանը ապահովելու մղումն էր, որ դէպի Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան բագինը առաջնորդեց քայլերը Սագոյի եւ Սիմոնի, Սեդրակի ու Վաչէի եւ Արայի։
Տարբեր տեղ պէտք չէ փնտռել բացատրութիւնը այն կոտտացող վէրքին, որ ամէն Յուլիսի վերջերուն այս աստիճան կը խռովէ միտքն ու հոգին հայ մարդոց։
Լիզպոնի Հինգին հետ, գերագոյն զոհաբերութեան բագինին վրայ, փաստօրէն մարտիրոսացաւ հարազատ բջիջ մը իւրաքանչիւր հայու սրտէն ու մտքէն, մարմնէն ու հոգիէն։
Եւ որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կը վերանորոգուի Լռութեան մեծ Ոճիրին բացած վէրքը հայ մարդու էութեան, յոյզերու եւ մտածումներու խորքին. չսպիացող վէրքը՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած, հայրենի հողէն տեղահանուած եւ աշխարհով մէկ հողմացրիւ դարձած հայութեան, որուն կը շարունակեն զլանալ պատմական ճշմարտութեան խոստովանութիւնն անգամ։
Իբրեւ այդպիսին՝ Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը անշէջ հուր մը վառեց Հայու ենթագիտակցութեան, այլեւ ինքնագիտակցութեան մէջ։
Եւ որքան ալ անտաշ հնչեն Արա Քըրճըլեանի բերնով Լիզպոնի Հինգին պատգամը խտացնող բառերը, Հայու Գերագոյն Զոհաբերութեան այդ անվեհեր ուխտաւորները ամենայն պարզութեամբ ապրողներուս սորվեցուցին, որ առանց հայրենիքի եւ ազգի՝ ոչի՛նչ կայ եւ ոչի՛նչ կ՛արժէ կեանքը…
Շատ գրուած է եւ տակաւին երկար ժամանակ ու միշտ պիտի գրուի Լիզպոնի Հինգին մասին, անոնց գերագոյն զոհաբերութեան մէջ խտացած գաղափարական անկորնչելի խորհուրդին եւ պատգամին մասին։ Անոնք «խենթ»եր էին, կենսուրախ զաւակներն էին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած, հայրենազուրկ դարձած հայրերու, որոնք կրցած էին յաղթահարել տարագրութեան հետ եկած կեանքի դժուարութիւնները, ճաշակած էին հիւղաւաններու եւ թիթեղաշէն դպրոցներու դաժան պայմանները եւ կրցած էին հայու աշխատասիրութեան, ձեռներէցութեան ու ստեղծագործ ոգիին կենսայորդ աշխուժութիւնը մարմնաւորել եւ ազգային ու պահանջատիրական շունչով սերունդ թրծել։
Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդրակ եւ Սարգիս Ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր հայութեան երրորդ սերունդին կը պատկանէին։ Ամէն հիմք ունէին կեանքին փարելու եւ վայելելու իրենց աշխատանքին պտուղները, բայց Ազգի եւ Հայրենիքի սպանդին ու տեղահանութեան, բռնագրաւումին եւ կործանման մեծ ու խորագոյն խոցը, այլեւ՝ հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան դէմ հիւսուած Լռութեան Պատը աշխարհին հանդէպ մեծ օտարականներու վերածած էր անոնց ամբողջ սերունդը։
Սեփական ու մայրենի լեզուով եւ մշակոյթով լիարժէք ապրելու եւ արարելու ներքին կրակը, պապենական հողին վրայ հայաշունչ կեանք ու ազատ ապագայ կերտելու եւ վայելելու բուռն պահանջը եւ, մանաւանդ, արեւուն տակ հայու հպարտութեամբ քալելու անյագ ծարաւը Լիզպոն առաջնորդեց գրոհային մարտունակութիւնը Հինգ Խենթերուն, որպէսզի նախ սեփական ժողովուրդի իրենց սերնդակիցներուն, ապա՝ ցեղասպան թրքական պետութեան ժառանգորդներուն եւ, վերջապէս, լուռ ու անտարբեր հայեացքով հայոց ողբերգութեան նայող աշխարհին առաւելագոյն ուժականութեամբ փոխանցեն իրենց ՊԱՏԳԱՄը։
Այդպէ՛ս, Լիզպոնի մարտիրոսացումը դարձաւ նորօրեայ վկայութիւնը «իմացեալ մահով անմահութիւնը նուաճելու» հայ ազգային գաղափարախօսութեան։ Եղաւ պատգամաբերը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանէն դուրս կեանքի բոլոր հեռանկարները մերժելու Հայու յեղափոխական անդառնալի ուխտին։ Խորհրդանշեց դաշնակցական պատրաստակամութիւնը՝ գերագոյն զոհաբերութեան անձնական օրինակով շրջելու պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը եւ վերահաստատելու հայոց ազգային արժանաւորութիւնը, սեփական ուժով վերականգնելու անփոխարինելի Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
27 Յուլիս 1983ը հայոց յուշատետրին Լիզպոնի Ողջակիզման խորհրդանիշ էջն է։ Օրն է Հայ Դատի պայքարէն դուրս կեանքը մերժելու ամբողջ սերունդի մը անկորնչելի պատգամին, արեամբ նուիրագործած գաղափարական յանդգնութեան։
Եւ տարագրութեան դատապարտուած հայը, այսօր թէ վաղը, երբ իր զաւակներուն հայեցի շունչ ու գաղափարական թռիչք կը ներարկէ, անպայման պիտի յիշէ եւ միշտ պիտի յիշեցնէ օրինակը Լիզպոնի Հինգին՝ իբրեւ յաւերժին մէջ արձագանգող պոռթկումը հայոց արդար ցասումին։
Այսօր հայ ժողովուրդը իր հոգիին խորը հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ եւ կը խոնարհի յիշատակին առջեւ Ազգի ու Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան բագինին զոհաբերուած Ողջակէզներուն՝ Արային, Վաչէին, Սիմոնին, Սեդրակին եւ Սագոյին։
Լիզպոնի Հինգին հետ մեր էութեան կենսուրախ մէկ բջիջը ողջակիզուեցաւ, որպէսզի երբեք չմոռնանք հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ արժանաւորապէս տէր կանգնինք Ազգն ու Հայրենիքը իրենց ամբողջական ազատագրումին առաջնորդելու գաղափարական պարտքին։

Ն.