Հոկտեմբեր 16ի այս օրը, 106 տարի առաջ, Հայոց հինաւուրց Կարս քաղաքի շրջակայ Եամանչայիր գիւղին մէջ, քիւրտ նահապետական ընտանիքի մը յարկին տակ ծնաւ Ամինէ Ավդալ անունով շնորհալի մանուկ մը, որուն ճակատագիրը վերապահած էր հայկական միջավայրի մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու 58ամեայ կեանք մը։
Ամինէ Ավդալ իրաւամբ կը նկատուի Հայաստանեան գրականութեան քրտական ձայնը՝ իբրեւ թէ՛ հայերէնով, թէ՛ քրտերէնով ստեղծագործած ու գիտական աշխատասիրութիւններ լոյս աշխարհ բերած բանաստեղծ, արձակագիր, բանասիրական գիտությիններու թեկնածու, Խ. Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ Եւ Հայաստանի մէջ արեւելագիտութեան ու քրտագիտութեան վաստակաւոր գործիչ ու մանկավարժ։
1920ին, երբ Արեւահայաստանի վրայ Քեմալական արշաւանքին հետեւանքով Կարսը ինկաւ թրքական գրաւման տակ, Ամինէ Ավդալի ընտանիքը եւս միացաւ քրտական այն հազարաւոր ընտանիքներուն, որոնք մերժեցին ապրիլ թրքական լուծի տակ եւ գաղթական հայութեան հետ հաստատուեցան Հայկական Բանակի պաշտպանութեան տակ գտնուող շրջանները։
Ամինէ Ավդալ իր ուսումը ստացաւ Թիֆլիսի եւ Երեւանի մէջ։ 1936ին աւարտեց Երեւանի Պետական Համալսարանին բանասիրական բաժանմունքը։ 1944էն սկսեալ, իբրեւ աւագ գիտաշխատող, գործեց Խ. Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատմութեան թանգարանին մէջ, ապա՝ մինչեւ 22 Սեպտեմբերի 1964ի իր վախճանը, գիտաշխատողի եւ դասախօսի իր մասնակցութիւնը բերաւ Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկին։
1944ին, «Քուրդ կինը նահապետական ընտանիքում՝ ըստ ազգագրական եւ ֆոլկլորային նիւթերի» թեմայով աւարտաճառ պաշտպանեց եւ ստացաւ Բանասիրական Գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։
Շատ կանուխ տարիքէն սկսաւ Ավդալի գրական-ստեղծագործական կեանքը։ Անոր առաջին պատմուածքը՝ «Ջասմ եւ Թոսմ», տպագրուեցաւ 1924ին, Թիֆլիսի «Կարմիր Ծիլեր» ամսագրի էջերուն։
1933ին, Երեւանի մէջ հրատարակուած «Հայ-Քրդերէն» առաջին բառարանի (23.000 բառ) համահեղինակներէն մէկ Ավդալ ինք էր։
Քրտերէնով լոյս տեսած Ավդալի հանրածանօթ գործերու շարքին են՝ «Առաջին Գարուն» (1935), «Երեք եղբայր» (1957), «Փարիշան» (1969), «Գիւլիզար» (1973) եւ այլ գիրքեր։
Իսկ հայերէնով լոյս ընծայուած Ավդալի կազմած «Քրդական ժողովրդական հեքիաթներ» ժողովածուն (Երեւան, 1957)։
Ամինա Ավդալի քրտագիտական ժառանգութեան մաս կը կազմեն «Արեան վրիժառութիւնը քրդերի մէջ եւ նրա մնացուկների վերացումը սովետական պայմաններում» (Երեւան, 1952), «Սովետական Հայաստանի քրդերի նոր կենցաղը» (Երեւան, 1953), «Անդրկովկասեան քրդերի կենցաղը» (1957) եւ «Եզդի քրդերի հաւատալիքները» (Երեւան, «Գիտութիւն», 2006, 192 էջ):
2006 թուականի Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ամինա Ավդալի ծննդեան հարիւրամեակը։ Այդ առիթով վերահրատարակուեցան նաեւ իր գործերը։
Ն.