«Տղաք, գիտէք, վաղը առտու մեր հարսանիքի օրն է, այն օրը, որուն բոլորս կը սպասենք։ Ամէն զինուոր կազմ ու պատրաստ պէտք է ըլլայ առաւօտեան ժամը 4ին։ Այս ժամը վրէժխնդրութեան եւ արդար հատուցման վսեմ ժամն է. Հայրենքի ազատութեան համար է, որ պիտի մղենք նուիրական պատերազմը։ Ատիկա միակ ծառայութիւնն է, որ մենք պիտի կատարենք հանդէպ մեր դժբախտ ազգին ու զայն երջանկացնենք մեր արեան գնով։
Չեմ գիտեր թէ վաղուան վարագոյրը երբ իջնէ, մեզմէ քանին պիտի իյնան ճակատամարտին մէջ, սակայն վստահ եմ, որ հայուն հպարտ ճակատը ամօթի մրուրը պիտի չտեսնէ, մեր անցեալը մեզի խթան եւ ապագան թող հաւատք ներշնչէ բոլորիս»։
Ահա այս պատգամով էր, որ 94 տարի առաջ, 1918ի Սեպտեմբեր 18ի ուշ գիշերը, Պաղեստինի Արարա լերան լանջին բանակած «Արեւելեան Լեգէոն»ի հայ սպայ Ճոն Շիշմանեանը դիմեց իր հրամանատարութեան վստահուած հայ լեգէոնականներուն՝ Արարայի բարձունքին ամրակայուած թուրքեւգերման զօրքի դիրքերուն դէմ գրոհի անցնելու համար։
Եւ այս պատգամին ոգեշնչումով է, որ ահա տասնամեակներէ ի վեր հայ ժողովուրդին իրերայաջորդ սերունդները, ամէն տարի, Սեպտեմբեր 19ի այս օրը, կը հաղորդուին Արարայի յաղթական ճակատամարտին պանծալի խորհուրդով, կը վերանորոգուին Ազգի եւ Հայրենիքի համար իրենց գերագոյնը նուիրաբերելու հաւաքական ուխտով եւ հայ ժողովուրդի պայծառ ապագային կը նային ինքնավստահութեամբ ու հպարտութեամբ։
Այդպէ՛ս, նաեւ այսօր, Սեպտեմբերի 19ին, մեր ժողովուրդը կը տօնէ տարեդարձը պատմական մեծ նշանակութեամբ յաղթապանծ ճակատամարտի մը, հայ ռազմական ուժին փառքի լուսապսակներէն մէկը հանդիսացող Արարայի ճակատամարտին։
Սեպտեմբեր 19ին, 94 տարի առաջ, Պաղեստինի մէջ, Արարա լերան շուրջ, տեղի ունեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի եզրափակիչ եւ վճռորոշ ճակատամարտներուն այս ամէնէն յատկանշական գրոհը, որ Դաշնակից Ուժերու կողքին կռուող Հայ Լեգէոնականներու յաղթանակով ջախջախեց գերմանեւթուրք զօրքերու դիմադրականութեան վերջին ամրոցը եւ արագացուց Աշխարհամարտի աւարտը՝ ի նպաստ Դաշնակիցներուն։
Պատմագիտական, ռազմաքաղաքական եւ յուշագրական հարուստ գրականութեամբ (հայերէն թէ օտարալեզու) անմահացած դրուագ է 19 Սեպտեմբեր 1918ի Արարայի ճակատամարտը՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի ռազմական ուժին պատմական նուաճումներէն մէկը։
Եթէ մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը առաւելաբար Սփիւռքը պահապան յուշարարն էր Արարայի ճակատամարտին, վերջին քսանամեակին նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի մէջ յատուկ ուշադրութեան կþարժանանայ արդի ժամանակաշրջանի հայ ռազմական յաղթանակներուն մէջ իր ուրոյն տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Արարայի հայկական քաջագործութիւնը։
Յուշատետրի առանձին անդրադարձին արժանի նիւթ է Հայկական Լեգէոնը, որ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումէն եւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան ի գործ դրած ցեղասպանութենէն ետք, 1916ին, «Արեւելեան Լեգէոն» անունին տակ, կեանքի կոչուեցաւ Դաշնակից Ուժերու անգլիացի եւ ֆրանսացի բանագնացներ Սայքս¬Փիքոյի համաձայնութեամբ։
Ինչպէս որ նախապէս Ցարական Ռուսաստանը, կովկասեան ճակատի վրայ, նախաձեռնած էր Հայ Կամաւորական Գունդի կազմութեան, նոյնպէս եւ անգլիացիներն ու ֆրանսացիները դիմեցին թրքական եղեռնագործութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդի քաղաքական ուժերուն՝ արեւելեան եւ յատկապէս արաբական ճակատի վրայ թուրքեւգերման զինակիցներու դէմ պատերազմող Դաշնակից զօրքերը տեղական ուժերով հզօրացնելու համար։
Աշխարհամարտի բռնկումէն առաջ արդէն Փարիզի մէջ կազմուած էր եւ, ի նպաստ Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներու ինքնավարութեան, աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը՝ նախագահութեամբ Պօղոս¬Նուպար փաշայի, որ անձնապէս մեծ ներդրում ունեցաւ Հայկական Լեգէոնի կազմութեան գաղափարը Դաշնակիցներու ռազմավարութեան մէջ մտցնելու եւ իրագործելու աշխատանքին մէջ։
Սայքս-Փիքոյի համաձայնութեամբ, Հայկական Լեգէոնը պիտի գործէր ֆրանսական համազգեստով եւ հրամանատարութեամբ, որովհետեւ քաղաքական գետնի վրայ անգլիացիք ու ֆրանսացիք յանգած էին գաղթատիրական այն համախոհութեան, թէ Օսմանեան Կայսրութեան ջախջախման եւ կազմալուծման պարագային՝ Կիլիկիան պիտի հռչակուէր հայկական ինքնավար պետութիւն եւ պիտի դրուէր ֆրանսական հոգատարութեան տակ (Անգլիա իր հոգատարութեան տակ պիտի առնէր Պաղեստինը)։
Դաշնակիցները լրիւ անկեղծ չէին, անշուշտ, Հայկական Լեգէոնի կազմութեան ատեն իրենց տուած խոստումին մէջ։ Մեծապետական ու գաղթատիրական ախորժակներով, իւրաքանչիւրը տարբեր բեմագրութիւններ կը մշակէր պատերազմի աւարտին համար։ Արեւելեան ճակատի ամրապնդման մէջ համախոհ շարժելով հանդերձ, գլխաւոր երեք Դաշնակիցները (Ռուսաստանն ալ հաշուի առնելով) ներքին մրցապայքարի մէջ էին՝ պատերազմի աւարէն սեփական առաւելագոյն օգուտը քաղելու մարզին մէջ։
Անգլիացիք ամէն գնով, թրքական ազգայնականութեան եւ համաթրքական ծրագիրներուն շունչ տալու գնով, հետամուտ էին ցարական Ռուսաստանի դէպի տաք ջուրեր էջքը արգելակելու, որպէսզի անգլիական կայսրութեան առջեւ միշտ բաց մնայ դէպի կեդրոնական Ասիա եւ Ծայրագոյն Արեւելք հասնելու Մետաքսի Ճանապարհը... Հետեւաբար, այնքան ալ անհիմն չէ մատնանշումը բոլոր այն պատմաբաններուն, որոնք Անգլիոյ գաղթատիրական հակառուս հաշիւներով կը բացատրեն, Սեպտեմբեր 1918ի գրեթէ նոյն օրերուն մղուող Պաքուի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, անգլիական ռազմական օգնութիւնը ուշացնելու Դաշնակիցներու մարտավարութիւնը։
Դատմութեան դաժան փաստը ա՛յն է, որ Հայաստանի անկախութիւնն ու Կիլիկիոյ հայկական ինքնավարութիւնը սոսկ իբրեւ խաղաթուղթ ծառայեցին Մեծերուն ձեռքը՝ յօգուտ Թուրքիան «դարպասելու» իրենց քաղաքականութեան նուաճումին, մոռացու- թեան մատնելով հայ «փոքր» դաշնակիցին իրենց շռայլած խոստումները։
Դաշնակից մեծերու այդ հայավնաս եւ ըստ ամենայնի հայակործան ռազմախաղերը, միաժամանակ, կը ծառայեն աւելիով շեշտելու նշանակութիւնը Արարայի յաղթական ճակատամարտին մէջ հայ ռազմական ուժին ունեցած վճռորոշ դերին։
Ինչպէս Կովկասեան ճակատին վրայ հայ կամաւորականները, այնպէս ալ Արեւելեան ճակատին վրայ հայ լեգէոնականները յառաջապահները եղան հայ ժողովուրդին մղած կենաց¬մահու պայքարին։ Կովկասեան ճակատին վրայ այդ պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ Մայիս 1918 եւ պսակուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթանակներով նուաճուած Հայաստանի անկախութեամբ ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով։ Իսկ Արեւելեան ճակատի վրայ այդ պայքարը պսակուեցաւ, թէեւ ժամանակաւորապէս միայն, տեղահանուած հայութեան Կիլիկիա վերադարձով եւ հայկական ինքնավարութեան հաստատումով։
Այս բոլոր առումներով մեր ժողովուրդը ազգային իր յիշողութեան մէջ անջնջելի տեղ վերապահած է 19 Սեպտեմբեր 1918ի Արարայի ճակատամարտին, որ քսան ժամ տեւողութեամբ՝ անհաւասար ուժերով ճակատում մը եղաւ Արարայի բարձունքին ամրակայուած թուրքեւգերման զօրքին եւ դէպի լեռը գրոհող հայ լեգէոնականներուն միջեւ։
Թուրքեւգերման զինակից ուժերը, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Յորդանանէն նահանջելով, Պաղեստինի մէջ կեդրոնացած էին. յատկապէս Արարայի բարձունքին հաստատուած գերմանական 701 եւ 702 գումարտակներն ու հրետանին՝ զօրավար Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերսի հրամանատարութեամբ, վայելելով թրքական 8րդ, 7րդ (Մուսթաֆա Քեմալի հրամանատարութեամբ) եւ 4րդ զօրաբանակներու աջակցութիւնը, կատաղի դիմադրութիւն ցոյց կու տար Դաշնակից ուժերու յառաջխաղացքին։
Ֆրանսացի զօրավար Է. Ալենպէ, որ հրամանատարն էր Պաղեստինի ամբողջ ճակատով յառաջացող Դաշնակից զօրքերուն, Արարայի բարձունքը նուաճելու դժուարին գործողութիւնը վստահեցաւ Հայկական Լեգէոնին, որ քսան ժամ տեւողութեամբ բուռն մարտերէ ետք ջախջախիչ պարտութեան մատնեց գերմանեւթուրք զօրքը եւ տիրացաւ Արարայի անառիկ բարձունքին։
Արարայի յաղթանակը վճռորոշ եղաւ Առաջին Աշխարհամարտի վախճանը արագացնելուն մէջ։ Գերմանեւթուրք զօրքերը արագընթաց նահանջի դիմեցին եւ, քանի մը շաբաթ ետք, արդէն ստիպուեցան պարտութեան զինադադար կնքելու յունական Լիմնոս կղզիի բացերը գտնուող Ակամեմնոն ռազմանաւուն վրայ։ Պարտութեան այդ համաձայնագիրը պատմութեան անցաւ իբրեւ Մուտրոսի զինադադարի պայմանագիր։
Ճակատամարտին Հայկական Լեգէոնը տուաւ 23 զոհ եւ 76 վիրաւոր, իսկ թուրքեւգերման կողմը, անկախ իր զոհերէն, տուաւ 218 ռազմագերիներ, որոնց 6ը՝ սպաներ։
Արարայի ճակատամարտին հերոսական յաղթանակը արժանացած է ինչպէս պատերազմին մասնակից զօրականներու, այնպէս ալ պատմաբաններու միահամուռ սքանչացումին։
Օրինակ՝ Լիտըլ Հարթի գնահատումով, Արարայի գործողութիւնը «ամէնէն արագ ու վճռական գրոհներէն էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի պատմութեան ամենակատարեալ վճռական ճակատամարտն էր: Քանի մը օրերու ընթացքին թրքական բանակը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ Պաղեստինի մէջ»։
Իր կարգին ֆրանսացի զօրավար Ռընէ Թուռնես կը գրէ, թէ թուրքեւգերման դիմադրութեան «ճեղքումը շանթասլաց էր եւ ամբողջական»:
Իսկ հայ լեգէականներու ձեռքը գերի ինկած թուրք հազարապետ մը չէր կրցած հաւատալ աչքերուն, որ հայեր տակաւին կþապրին եւ յայտարարած էր, որ Արարայի յաղթանակը նուաճող հայը չի մեռնիր...
Բայց յատկապէս պատմական հնչեղութիւն ունի ռազմաճակատի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Է. Ալենպիի վկայութիւնը. «Արեւելեան Լեգէոնը կամ Հայկական լեգէոնը կարեւոր բաժին ունեցաւ 19 Սեպտեմբեր 1918 թուականին, Պաղեստինի ճակատին վրայ, տեղի ունեցած մեծ ճակատամարտի ընթացքին: Ես ասով հպարտ եմ»։
Այդ հպարտութիւնը բոլորէն առաջ եւ վեր հայ ժողովուրդին կը պատկանի։
Հայ ռազմական տաղանդին եւ ուժին փառքի խորհըրդանիշն է Արարայի ճակատամարտը Արարայի յաղթանակէն ետք, հայ լեգէոնականները շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը դէպի Կիլիկիա՝ թրքական զօրքի նահանջին կրնկակոխ հետեւելով։ 18օրեայ արշաւանքէ ետք, Հոկտեմբեր 12ին, հասան Պէյրութ, ուր Դաշնակիցները ողջունող ժողովուրդի շարքին էին նաեւ Մեծ Եղեռնէն վերապրող հայ գաղթականներ՝ ցնցոտիներով ու ոտաբոպիկ, որոնք լսելով ֆրանսական համազգեստով զինուորներու հայերէն խօսակցութիւնը՝ «Հայ են, հայ են» գոչելով փաթթուեցան իրենց արիւնակիցներուն, անոնց ձեռքերն ու զէնքերը համբուրելով։
Արարայի հերոսական ճակատամարտի առիթով կþարժէ նշել, որ Հայ Լեգէոնականներու կորիզը կազմուած էր Մուսա Լերան հերոսամարտը նուաճած քաջարի հայորդիներէն, որոնք արժանացան ֆրանսական սպայակոյտի յատուկ գնահատանքին՝ իրենց կատարած քաջագործութեանց համար։
Ֆրանսական զօրքին հետ Հայ Լեգէոնականները ազատագրեցին Ալեքսանտրէթը եւ հոնկէ մտան Կիլիկիա, ուր կեդրոնացան Ատանայի եւ Այնթապի մէջ։ «Արեւելեան Լեգէոն»ը վերանուանուեցաւ «Հայկական Լեգէոն» եւ դարձաւ հիմքը Կիլիկիոյ ինքնավարութեան պաշտպան բանակին։ Բայց պատմութեան շարունակութիւնը դառն է, որովհետեւ Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան շուտով քաղաքականութիւն փոխեցին՝ Լենին-Քեմալ զինակցութեան դէմ յանդիման իրենց կարգին սիրաշահիլ փորձելով թրքական ազգայնամոլութեան փայլող «Աստղ» Աթաթուրքը։
Բայց ատիկա արդէն առանձին քննարկման նիւթ է։
Օգոստոս 1920ին Դաշնակիցները պաշտօնապէս լուծարեցին «Հայկական Լեգէոն»ը, որ 19 Սեպտեմբեր 1918ին իր նուաճած Արարայի յաղթապանծ ճակատամարտով՝ հիմք ծառայեց հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներ ինքնավստահ մուտքին։
Ն.