Print
Category: Յուշատետր

13 Սեպտեմբերի այս օրը կը լրանայ մահուան 99րդ տարելիցը արեւմտահայ գրականութեան վաղաժամ կորուստներէն Առանձարի։
Աւազանի անունով Միսաք Գույումճեան հայ գրականութեան անդաստանին մէջ իր համեստ անկիւնը ստեղծեց՝ Առանձար գրչանունով, որ վերցուած էր հայոց պատմութենէն, Ամատունի նախարարական տոհմէն, Զարեւանդի ճակատամարտին հռչակուած Առանձար Ամատունիէն։


Առանձար երգիծագիր էր ու իրապաշտ դպրոցին հետեւող վիպակներու հեղինակ, որ ուշադրութիւն գրաւեց թրքական լուծի տակ կեղեքուող եւ հիւծող հայ ժողովուրդի զաւակներուն ազգային իրաւազրկումներն ու ընկերային տառապանքները պատկերացնող իր յուզիչ գործերով։
Ծնած էր 8 Սեպտեմբեր 1877ին Թալաս, Կեսարիա, Քերովփէ Գույումճեանի ընտանեկան յարկին տակ։ Ընդունակ եւ ուսումնատենչ մանուկ էր, որ նախնական իր ուսումը ստացաւ ժամանակի հայ կրթական կարեւոր կեդրոններէն Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ։
Խանասարեանը աւարտելէ ետք հնարաւորութիւնը ունեցաւ բարձրագոյն ուսման համար երթալու Եւրոպա, ուր նախ ուսանեցաւ Միւնիխի համալսարանին մէջ, ապա՝ անցաւ Զուիցերիա, յաճախեց Ցիւրիխի համալսարանը եւ յաջողութեամբ աւարտեց զայն։
Ուսանողական տարիներէն նուիրուեցաւ գրական-ստեղծագործական կեանքի՝ երգիծական պատմուածքներով ներկայացնելով Երկրի հայութեան կեանքը օսմանեան բռնատիրութեան տակ։ Ուսանողական տարիներու այդ պատմուածքներն ու վիպակները ի մի բերելով, 1905ին, լոյս ընծայեց Առանձար գրչանունով եւ «Վշտի ծիծաղներ» խօսուն խորագիրը կրող իր արձակ գործերու ժողովածուն։
1907ին հրաւիրուեցաւ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ստանձնելու համար տեղւոյն Ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը՝ միաժամանակ ուսուցչութիւն կատարելով։ Նոյն տարին լոյս ընծայեց իր միակ թատերախաղը՝ «Փրկիչները»։
Առանձար միայն մէկ տարի մնաց Աղեքսանդրիա։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին հետ, 1908ին, ան տեղափոխուեցաւ Ատանա եւ ստանձնեց տեղւոյն Ազգային վարժարաններուն մէջ ուսուցչական պաշտօններ, ապա եւ նշանակուեցաւ տնօրէն։
Մինչեւ իր վաղաժամ մահը՝ 13 Սեպտեմբեր 1913ին, Առանձար մնաց դպրոցի տնօրէն եւ շարունակեց ստեղծագործել։ Յայտնապէս ծանր տարաւ Ատանայի կոտորածը եւ իր տառապանքին յուզիչ թարգմանը դարձան պարզ ու մատչելի արեւմտահայերէնով գրուած եւ իրապաշտ շունչով բաբախուն վիպակները՝ «Կախաղանէն... ամուսնութիւն», «Բուրդի վաճառականութիւն», «Մօրուքի սանտրը» եւ «երկու պատկեր» հանրածանօթ եւ սիրուած գործերը։
Միայն 36 տարի ապրեցաւ արեւմտահայ գրականութեան իրապաշտ դպրոցին իր ձայնը միացուցած Առանձար, որ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ վերահրատարակութեան արժանացած առաջին արեւմտահայ հեղինակներէն մէկը հանդիսացաւ։ 1961ին Երեւանի մէջ վերահրատակուեցաւ անոր «Վշտի ծիծաղներ» հատորը, իսկ 1972ին Ա. Յակոբջանեան տարաբախտ երգիծագիր-արձակագրին նուիրեց «Առանձար» խորագրով մենագրութիւն մը։
Խորհրդային իշխանութեանց ցուցաբերած դրական վերաբերումին մէջ իր դերը ունեցաւ Առանձարի ազգային-քաղաքական աշխարհայեացքը։ Օսմանեան լուծը թօթափելու հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքին ու զարթօնքին ջերմ պաշտպաններէն ըլլալով հանդերձ՝ Առանձար չընդունեց «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» պատգամող հայ յեղափոխական շարժումը։

Ն.