11 Սեպտեմբեր 2001ի Նիւ Եորքի աննախընթաց ահաբեկչութեան 11րդ տարելիցն է այսօր։
Դժուար թէ գտնուի ընթերցող մը, որ յիշեցման կարիքը զգայ‘ Համաշխարհային Առեւտուրի Կազմակերպութեան կեդրոնատեղի, երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ 8 տարի առաջ գործուած ահաբեկչական յարձակման մանրասնութիւններուն վերաբերեալ։
Ոչ միայն անմոռանալի ըլլալու աստիճան ցնցիչ էին ահաբեկչական գործողութեան ահաւորութիւնը, վայրկեանը վայրկեանին, արար աշխարհին փոխանցող լուսանկարներն ու տեսաժապաւէնները, այլեւ‘ անոնց պատեհ թէ անպատեհ առիթներով պարբերական վերյիշեցումը, փաստօրէն, ողջ մարդկութեան առօրեայ մղձաւանջներուն մէջ մնայուն տեղ տուած է 11 Սեպտեմբեր 2001ի... սահմռկեցուցիչ ուրուականին.
- Դրամատիրական աշխարհի ելեւմտական հզօրութիւնը խորհրդանշող զոյգ աշտարակներուն մէջ բառացիօրէն մխրճուող օդանաւեր։
- Երկնակամարը քերող շէնքերու բարձունքին բռնկած հրդեհներ եւ ամբողջ հորիզոնին վրայ տա- րածուած ծխածածկոյթ։
- Խաւաքարթէ տուփերու պէս փլուզուող շէնքեր եւ օգնութեան փութացող հրշէջներ։
- Եւ վայնասուն ու զարհուրանք՝ փողոցի խուճապահար մարդոց շրթներուն եւ դէմքերուն...
Նաեւ՝ ահաբեկչութեան խլած հազարաւոր զոհերուն եւ գործած քանդումին ու հասցուցած նիւթական մեծ կորուստին վերաբերեալ տեղեկութիւնները, իրենց կարգին ցնցիչ, անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնան մարդոց յիշողութեան մէջ։
Բայց 11 Սեպտեմբեր 2001էն 11 տարի ետք ալ, երբ կը վերյիշենք այդ բոլորը, արդէն միայն 11 Սեպտեմբերի ողբերգութեամբ չեն սահմանափակուիր մեր մտածումներն ու ապրումները։
11 Սեպտեմբերի խլած զոհերուն ու պատճառած կորուստներուն համար ցաւելու եւ կատարուած յանցագործութիւնը դատապարտելու համընդհանուր տրամադրութիւնը առաջին երեսն է 21րդ դարը բացող ծանրագոյն այս ողբերգութեան։
Կրօնամոլ՝ մահմետական արմատականութեան ահաբեկչական հրաբուխի ժայթքումին չափ ահաւոր եղաւ անոր հետեւող, իբրեւ հակազդեցութիւն շղթայազերծուած քաղաքակիրթ աշխարհը ոստիկանական պաշարման տակ առնելու մեծապետական յորձանքը։
11 Սեպտեմբերէն սկսեալ, փաստօրէն, յանուն միջազգային կարգապահութեան սանձազերծուեցաւ, այլեւ հակա¬ահաբեկչական միացեալ գրոհի անունով մերօրեայ համաշխարհային կարգուսարքը խորապէս թունաւորեց պետական ահաբեկչութեան խելայեղ արշաւը։ Ատենի Մ. Նահանգներու նախագահ Պուշի վարչակազմին կոյր մոլուցքի հասնող քաղաքացիական իրաւանց ու ազատութեանց կապտումի քաղաքականութիւնը ծանր հարուած հասցուց ոչ միայն նոյնինքն ամերիկացիներուն, այլեւ ամբողջ մարդկութեան։
Անշուշտ այս օրը‘ Սեպտեմբեր 11ը պատշաճ պահը չէ խօսելու հակա¬ահաբեկչութեան այդ ալիքով մո- լեգնած ծայրայեղութիւններուն մասին։ Այսօր զոհերն ու կորուստները ոգեկոչելու պահ է‘ ցաւակցելու եւ գործուած խելայեղ յարձակումը դատապարտելու օր է։
Բայց նաեւ 11 Սեպտեմբեր 2001ի ողբերգութենէն, ներկային եւ ապագային հաշւոյն, անհրաժեշտ դասերը քաղելու պահ է այս օրը, որպէսզի 21րդ դար հասած ողջ մարդկութիւնը կարենայ քաղաքակիրթ միջոցներով լուծել իր կեանքն ու համերաշխ զարգացումը խանգարող բոլոր դժուարութիւններն ու հակադրութիւնները, ըլլան անոնք հասարակական, կրօնական, ազգային թէ աշխահաքաղաքական։
Այդ առումով ոսկի առիթ մը կորսնցուց ողջ մարդկութիւնը, երբ 11 Սեպտեմբեր 2001ի յանցագործութիւնը միահամուռ դատապարտանքի արժանացնելէ ետք‘ չկրցաւ իր միասնականութիւնը տարածել չարիքը դիմագրաւելու համընդհանուր զօրաշարժին վրայ։
Ահաբեկչութեան հակա-ահաբեկչութեամբ պատասխանելու նախագահ Պուշի կամակորութիւնը փաստօրէն լուսանցքային դերակատարութեան մղեց չարիքը իր արմատէն դիմագրաւելու եւ բուժելու ողջմտութիւնը։
Մ. Նահանգներու վարչակազմը աշխարհը ուզեց բաժնել ահաբեկիչներու եւ հակա¬ահաբեկիչներու ու, փաստօրէն, պարտադրեց իր կամքը անխտիր բոլորին‘ պայթունավտանգ պատերազմի հրդեհներ վառելով աշխարհի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ։
Մինչդեռ Քահիտա անունով հռչակուած չարիքը արմատախիլ ընելու ողջմիտ ճամբան չէր անցներ ամէնուր թշնամիներ փնտռելու ծայրայեղականութենէն։
Արմատականութեան եւ մոլեռանդութեան չարիքին դէմ պայքարը, յատկապէս 21րդ դարուն, կը պահանջէ ամէն կարգի անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները, քաղաքակրթական համընդհանուր գործակցութեամբ, մերձեցման առաջնորդելու եւ հարթելու ողջմտութիւն՝ բառին ամէնէն ընդգրկուն եւ բարեացակամ իմաստով։
Իսկ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան միջեւ անհաշտ պատերազմի շղթայազերծումը փաստօրէն պատճառ դարձաւ, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը աւելի ու աւելի հեռանայ երկրագունդը իբրեւ իր ընդհանուր տունը ընկալելու եւ բարեկարգելու փրկարար ուղիէն։
Եւ այդպէ՛ս՝ 11 Սեպտեմբեր 2001ին սկսաւ, բայց դեռ վերջ գտած չէ միջազգային ահաբեկչութեան եւ հակա-ահաբեկչութեան խելայեղ ոլորապտոյտը, որուն մէջ այսօր կը գալարուի ողջ մարդկութիւնը։
Քաղաքակիրթ աշխարհի ինքնակոչ «ոստիկան»ը դարձած Սպիտակ Տունը, անկախաբար Մ. Նահանգներու պետական ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժի բնոյթէն, մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ ըստ կամս հրդեհներ վառել աշխարհի չորս ծագերուն, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր կեդրոնացած է ինչպէս մահմետական աշխարհի ծանրութեան կեդրոնը, այնպէս ալ համաշխարհային տնտեսութեան քարիւղի ու կազի պաշարներուն առիւծի բաժինը...
Սուրիոյ վիճակուած նորօրեայ տագնապը՝ քաղաքացիական անհակակշռելի պատերազմին հրահրումը վերջին ապացոյցն է 11 Սեպտեմբեր 2001էն սկսեալ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը խոր անձկութեան մատնած նոր աշխարհամարտի մը անխուսափելիութեան։
Ահաւորը այն է, որ նոյնինքն ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը փութայ զէնք ու նիւթական կռուաններ տրամադրելու կրօնամոլ արմատականութեան դիրքերէ իբր թէ «գարուն»ներ խոստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու։
Արդէն անարդարանալիօրէն սերտաճման մէջ են, մէկ կողմէ, մոլեռանդ գաղափարախօսութեամբ հոս ու հոն սունկի պէս բուսնող ահաբեկչութեան բոյները, իսկ միւս կողմէ պետական ահաբեկչութեան վտանգը նոր հորիզոններու բացող երկիրներն ու կառավարութիւնները։
Իսկ աւելի ահաւորը այն է, որ ամերիկեան հովանաւորութեամբ թափ առած հակա¬ահաբեկչական միջազգային գրոհի յառաջապահ դիրքերուն յայտնուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի օրինակով պետութիւններ եւս, որոնց գործած ցեղասպանական ոճիրներն ու ազգային հողի վրայ «մաքրազտման» յանցագործութիւնները դեռ չեն ստացած քաղաքական անհրաժեշտ պատասխանն ու իրաւական արդար պատիժը։
11 Սեպտեմբեր 2001ի11րդ տարելիցը այս աստիճան դառն ու տխուր յիշողութիւններով, ինչպէս եւ դաժան ու մղձաւանջային ապրումներով կը համակէ քաղաքակիրթ ողջ մարդկութիւնը։
Ն.