Երիտասարդներու սնունդը՝ յոյսն է, խանդավառութիւնը, գերազանց զգայնութիւնը: Յոյսի այդ մղումն էր որ Լիզպոնի ճամբուն վրայ մղեց հինգ երիտասարդ հայորդիները՝ Վաչէն, Սարգիսը, Սիմոնը, Սեդրակն ու Արան, որոնք զօրաւոր պատգամ մը կ'ուզէին յղել մարդկութեան։
Պայքարի ու վճռակամութեան պատգամն էր, որ հինգ երիտասարդներու արարքին ընդմէջէն թնդանօթի պէս ցնցեց աշխարհը։ Անձնասպանական արարք մը՝ 18-20 տարեկան հինգ երիտասարդներու կողմէ ո՛չ այդ թուականին, ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ երբեք աննկատ կարելի չէր անցնիլ, կամ տժգունիլ՝ անցնող տարիներուն ընթացքին։
Լիզպոնի արարքը 29 տարի ետք կը շարունակէ վառ գոյներով խորհրդանշուիլ մեր բոլորի մտքերուն մէջ։ Այդ գոյները սեւն են ու կարմիրը. սեւ՝ թրքական դեսպանատան շէնքը պատած մութ ծուխէն, կարմիր՝ երիտասարդներու հոսած արիւնէն...
Լիզպոնի մէջ զոհուած տղոց արարքը իր կրած յեղափոխական բնոյթով, տասնամեակներու նոր էջեր կը բանար Հայ Դատի պահանջատիրութեան մէջ։ Թուրք հանրութիւնը, միջազգային հանրային կարծիքը, երբեք պիտի չկարողանային ըմբռնել գերագոյն զոհաբերութեան համոզիչ այս փաստը, որ անգերազանցելի կամք ու կորով կը հանդիսադրէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ պայքարող ուժերուն առջեւ նոր իրականութիւն մը կը ցցուէր՝ սփիւռքի մէջ կազմաւորուած, հայրենիքը մօտէն չտեսած բայց հայութեամբ գօտեպնդուած հայ երիտասարդութեան կողմէ։ Պարտուողականութեան եւ լուռ ցասումի զգացումը իր տեղը կուտար բարձրաձայն աղաղակի մը, որ բերնէ բերան կը փոխանցուէր եւ զօրաւոր կանչ կը դառնար համայն հայութեան մօտ։ Ըլլալ վճռակամ, ըլլալ կազմակերպուած, ըլլալ պահանջատէր։
Լիզպոնի «5»ի արարքը հոգեկան եւ գաղափարական հրթիռն էր, որ նոր ուժով օժտեց հայ երիտասարդ սերունդները, միս ու մարմին տալով այլեւս Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին։ Հետագային, այս նոյն հրթիռէն վառուեցաւ Արցախեան ազատագրութեան պայքարի բոցը, իրար միախառնելով Լիզպոնն ու Արցախը, փաստելով թէ մէկ է միայն Հայոց Մարտիկներուն անցած ուղին։
Պայքար ու վճռակամութիւն։
Երէկ եւ միշտ։