Յուլիս 11ը, Մ.Ա.Կ.ի որոշումով, 23 տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ «Աշխարհի Բնակչութեան Օր»ը։
11 Յուլիս 1987ին, երբ երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցաւ 5.000.000.000ը, աւելի լաւ ու բարօր աշխարհի մը պահանջով թափ առած միջազգային շարժումները սկսան ճնշում բանեցնել Մ.Ա.Կ.ի վրայ, որպէսզի կայացնէ աշխարհի բնակչութեան միջազգային Օր մը հաստատելու որոշումը, զայն նուիրելով մարդկութեան ժողովրդագրական ապագան բարելաւելու առաջադրանքին։
Ի տես արագօրէն աճող աշխարհի բնակչութեան թուաքանակին, յատկապէս անդրադառնալով աշխարհի բնակչութեան մեծ մասին սպառնացող ամէն կարգի առողջապահական եւ տնտեսական մահացու վտանգներուն, համաշխարհային տարողութեամբ թափ առած ընկերային շարժումները յաջողեցան իրենց օրակարգը պարտադրել երկրագունդի ճակատագիրը ղեկավարող ուժերուն, որպէսզի այս վերջինները արմատական վերանայման ենթարկեն իրենց եսասիրութիւնը եւ սրբագրեն իրենց անմարդկային անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը մարդկութեան լքեալ, անսնունդ, վատառողջ եւ մահացութեան բարձր ցուցանիշ ունեցող մեծամասնութեան նկատմամբ։
Այդ ճնշումները արդիւնաւորուեցան 1989ին, երբ Մ.Ա.Կ.ի Զարգացման Ծրագրի Ղեկավար Խորհուրդը իր թիւ 89/46 որոշումով Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին յանձնարարեց Յուլիս 11ը հռչակել «Աշխարհի Բնակչութեան Օր»։
Այդպէս ալ եղաւ։
Այդ որոշումին արդիւնքը անմիջապէս զգալի դարձաւ նախ ժողովրդագրական հարցերուն ստացած առաջնահերթ նշանակութեամբ՝ ամբողջ միջազգային ընտանիքը տագնապեցնող ընկերային ու տնտեսական խնդիրներու օրակարգին վրայ։ Նորածիններու մահացութեան արագընթաց յաղթահարումէն մինչեւ սովահարներու փրկութեան ուղղուած միջազգային օգնութեանց կազմակերպումը, անցնելով կենսոլորտի պաշտպանութենէն եւ յետամնացութեան մատնուած լքեալներուն համար զարգացման հնարաւորութիւններու ապահովումէն, միջազգային հանրութիւնը արագօրէն լծուեցաւ երկրագունդը ամբողջ մարդկութեան համար աւելի բարօր եւ արդար աշխարհի մը վերածելու հաւաքական ճիգին։
Նոյն այդ որոշումին արգասիքը եղաւ Հազարամեակի Ծրագրին որդեգրումը, որ ահա երկու տասնամեակէ ի վեր հետեւողականօրէն կþաշխատի ի սպաս ոչ միայն երկրագունդի բարիքներուն աւելի արդար վերաբաշխումին, այլեւ մարդկային քաղաքակրթութեան ձեռքբերումները հաւասարապէս բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակին։
Կասկածէ վեր է, որ միայն ճամբուն սկզբնաւորութեան կը գտնուի մարդկութիւնը։ Գաղթատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան դարաշրջաններուն պատճառած չարիքները՝ իրաւազրկումները, կեղեքումները, անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները այնքան խոր արմատներ նետած են երկրագունդի ողջ տարածքին, որ նոյնիսկ բարեացակամութեան լիարժէք առկայութեան պայմաններուն մէջ, միջազգային ընտանիքը երկար ժամանակի եւ արմատական բարեկարգումներու կարիքը ունի, որպէսզի կարենայ շօշափելի նուաճումներ արձանագրել Աշխարհի Բնակչութեան Օրուան առաջադրանքները իրականացնելու ճամբուն վրայ։
Այդ առումով՝ Աշխարհի բնակչութեան արձանագրած նուաճումներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն պերճախօս խտացումը կատարեց, տարի մը առաջ, Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի¬Մունը, որ 11 Յուլիս 2011ի իր ուղերձով պատգամեց՝
«Աշխարհի Բնակչութեան Օրը առիթ մըն է տօնելու մեր հասարակաց մարդկայնութիւնը եւ բազմազանութիւնը։ Նաեւ յիշեցում մըն է մեր ընդհանուր պատասխանատուութեան՝ իրարու հանդէպ եւ մեր մոլորակին նկատմամբ հոգատար ըլլալու։
«Աւելի քան երբեք, անհատ մարդիկ այսօր ի վիճակի են տարբերութիւն իրագործելու՝ համացանցի ճամբով իրարու հետ միանալով եւ բարեփոխման համար գործելով։ Այս տարի մենք ականատես եղանք բազում օրինակներու, որոնց ընդմէջէն ի յայտ եկաւ ահագին ուժը ժողովուրդներու, որոնք յուալքութեան փոխարէն ընդգրկեցին յոյսը եւ հետամուտ եղան արդար վերաբերումի արժանանալու իրենց իրաւունքին նուաճման՝ հոն, ուր խտրականութեան հետեւանքով կը տառապէին, պահանջելով արդարութիւնը՝ ընդդէմ բռնակալութեան։
«Այսօր ժողովուրդներ ոգեւորուած են հասնելու եւ անխոնջ աշխատանքով նուաճելու տիեզերական այն իրաւունքները, որոնցմով կը հպարտանայ Մ.Ա.Կ.ը։
«Երբ կը գործենք ի խնդիր մեր ընդհանուր արժէքներուն՝ սատարած կþըլլանք մեր հաւաքական ապագայի կերտումին։ Աղքատութեան եւ անարդարութեան յաղթահարումը կþօգնէ մարդկային անսպառ ներուժի շղթայազերծումին։ Հազարամեակի Զարգացման Նպատակներուն յառաջ մղումը կը նպաստէ բարեկեցութեան եւ խաղաղութեան ծաղկումին։ Եւ մեր մոլորակի բնապաշտպանութիւնը կþապահովէ այն բնական պաշարները, որոնք կը պահեն մեզ բոլորս։
«... Մենք բաւարար սննդանիւթ ունինք ամէնուն համար, այսուհանդերձ՝ մօտաւորապէս մէկ միլիառ հոգի անօթի կը մնան։ Մենք միջոցները ունինք ջնջելու շատ մը հիւանդութիւններ, այսուհանդերձ՝ անոնք կը շարունակեն տարածում գտնել։ Մենք ունինք պարգեւը հարուստ բնական միջավայրի մը, այսուհանդերձ՝ անիկա ենթակայ կը մնայ ամէնօրեայ յարձակման եւ չարաշահումի։ Խղճի տէր բոլոր մարդիկ կþերազեն խաղաղութիւն, այսուհանդերձ՝ աշխարհի շատ մեծ մասը բախումի մէջ է եւ շատ խոր մխրճուած զինարշաւի մէջ։
«Նման տարողութեամբ մարտահրաւէրներու նուաճումը պիտի պահանջէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ գտնուող լաւագոյնը։ Եկէք օգտագործենք այս Աշխարհի Բնակչութեան Օրը՝ վճռական քայլեր նետելու, որպէսզի աւելի լաւ ապագայ մը կերտենք... գալիք սերունդներուն համար»։
Իսկ Հայաստանն ու հայութիւնը իւրայատուկ հակասութիւններով ու դժուարութիւններով ենթակայ են Աշխարհի Բնակչութեան ընդհանուր այս ճակատագրին։
Վիճակագրական վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ հակառակ առողջապահական միջոցներու բարելաւման եւ կենսակերպի զարգացման, Հայաստանի բնակչութեան մահացութեան եւ ծերացման ցուցանիշները մագլցում կþարձանագրեն։ Նոյնպէս մտահոգիչ է, որ արտագաղթի ալիքը կը շարունակուի եւ Հայաստան վերադարձողներուն համեմատ բարձր է Հայաստանէն մեկնողներուն համրանքը։ Հայաստանի բնակչութեան աճին վրայ բացասաբար կþանդրադառնայ նաեւ ծնելիութեան ցուցանիշին 13 տոկոսով նուազումը։
Հետեւաբար, լաւատես նախատեսութեանց՝ ներկայ ցուցանիշներու պահպանման պարագային իսկ, Հայաստանի մնայուն բնակիչներուն թիւը 2035 թուականին նոր կը մօտենայ երեք միլիոնին։
Մինչդեռ, Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն փոխանցած տուեալներուն համաձայն, այդ երկրի բնակչութեան համրանքը ներկայիս արդէն հասած է 9,3 միլիոնի։ Միայն այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն, Ատրպէյճանի բնակչութիւնը աւելցած է 59,300ով:
Աշխարհի Բնակչութեան Օրուան նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձը կþարժէ եզրափակել Հայաստանի ժողովրդագրական հիմնական ուղղութիւններուն վերաբերեալ վիճակագրական հետեւեալ պատկերով.
Հ.Հ. հիմնական ժողովրդագրական ցուցանիշներ (2012 թ. Յունուարի 1ի դրութեամբ)
- Մշտական բնակչութիւն.- 3.285.767 (51,4%ը՝ կանայք, 48,6%ը՝ տղամարդիկ)։
- Կեանքի սպասուող տեւողութիւն.- 74,1 տարի (77,2ը՝ կանայք, 70,6ը՝ տղամարդիկ)։
- Մայրական մահացութիւն.- 9,2ը՝ 100.000 կենդանի ծնուածի հաշուով (4 դէպք - 2011 թ.)։
- Ծնելիութիւն.- 1,4 երեխայ՝ մէկ կնոջ հաշուարկով։
- Ծնունդների թիւը.- 43.447 (2011 թ.ին: 2010 թին՝ 44.825)
- Մահացութիւն.- 28.030 (2011 թ.ին): 2010 թ.ին՝ 27.921։
- Հայաստան ժամանողներ եւ մեկնողներ. Համապատասխանաբար՝ 1.945.118 եւ 1.988.938։ Տարբերութիւնը՝ - 43.820։
Ն.