Print
Category: Յուշատետր

Յունիս 27ի այս օրը, 186 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան կեդրոնական հրապարակներէն Էթ Մէյտանի կամ Սուլթանահմէտ Մէյտանի վրայ, օրուան սուլթան Մահմուտ Բ.ի հրահանգով՝ մինչ այդ Թրքական Բանակի ընտրանին ու փառքը հռչակուած Ենիչերիները հազարներով սպաննուեցան...


Այդպիսով վերջ գտաւ համաշխարհային առումով զօրքերու պատմութեան մէջ իր բացառիկ վայրագ ու անգութ առասպելը ստեղծած Ենիչերիներու... տխրահռչակ «աւանդութիւն»ը։
Ընդհանրապէս օսմանեան լուծի տակ ապրած քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան անիծեալ պատուհասն էին Ենիչերիները, որոնք նոյնինքն քրիստոնեաներէ եւ մանաւանդ հայերէ խլուած ու բռնի իսլամացուած մանուկներէ կամ պատանիներէ սերած ըլլալով հանդերձ՝ թրքական իսլամութեան ամէնէն մոլեռանդ ու կատաղի «յառաջապահները» եղան։
Ենիչերիներու ձեռքերն ու եաթաղանները միշտ ներկուած մնացին անմեղ հայերու արեամբ...
Անոնք «Ենիչերի»՝ թրքերէնով «նոր զինուոր» կոչուեցան, որովհետեւ պատմութեան թատերաբեմին յայտնուեցան 14րդ դարու երկրորդ կիսուն եւ նոր սերունդը դարձան օսմանցի թուրք այն զինեալ ասպատակներուն, որոնք Ասիոյ տափաստաններէն Փոքր Ասիա ներխուժած էին եւ մինչեւ Եւրոպա հասած՝ արիւնահեղութեան եւ աւերումի բարբարոսութեամբ հիմերը դնելով Օսմանեան Կայսրութեան։
1360ին օսմանցի թուրքերու արքայական գահին բազմեցաւ Մուրատ Ա.ը, որ կոչուած էր դառնալու առաջին սուլթանը նոր կազմաւորուող Օսմանեան Կայսրութեան։ Օսմանցի թուրքերու զօրքերը մինչ այդ ցեղախմբային ասպատակող ուժերէ՝ «Ղազի»ներէ (թրքերէնով՝ «յաղթականներ») կը բաղկանային։ «Ղազի»ներու հաւատարմութիւնը առաջին հերթին կ'երթար իրենց ցեղապետին եւ, այդ ճամբով միայն, օսմանցի ցեղախումբերու ուժեղագոյնի ցեղապետին, որ այս պարագային սուլթանն էր։ Սուլթան Մուրատ Ա. նոր ստանձնած էր գահը եւ արշաւանքներու մէջ էր Պալքանեան թերակղզիի տարածքին, յատկապէս Սերպերու դէմ, երբ իր բացակայութենէն օգտուելով իր սեփական երկու զաւակները պալատական յեղաշրջում փորձեցին կատարել իրենց հօր դէմ։ Մուրատ Ա. անմիջապէս վերադարձաւ եւ մահուամբ պատժեց իր ապստամբ զաւակները, որոնք արքունի զօրքին վրայ յենած էին։ Այդ ժամանակներէն իսկ սուլթան Մուրատ Ա. յղացաւ «Նոր Զինուորներ»՝ Ենիչերիներ զօրակոչելու գաղափարը։
Մուրատ Ա.ի մտայղացումը պարզ էր, բայց խորապէս սադայէլական։ Ենիչերիները պէտք է կազմուէին ոչ¬իսլամ՝ առաւելաբար քրիստոնեայ եւ, այդ շարքին ու մանաւանդ, հայազգի մանուկներու եւ պատանիներու բռնի հաւաքագրումով եւ յատուկ զօրանոցներու մէջ, մոլլաներու շունչին տակ, իսլամաթրքական դաստիարակութեան ջամբումով։ Ենիչերին բռնի իսլամացման պիտի ենթարկուէր, յատկապէս ստեղծուած զօրանոցներու մէջ իսլամական եւ ռազմական բարձրագոյն կրթութիւն պիտի ստանար, ընտանիք ունենալու իրաւունք պիտի չունենար եւ նորակազմ զօրքը պիտի դառնար անոր միակ ընտանիքը՝ որդիական հաւատարմութեամբ կապուելով ուղղակի Սուլթանին։
1360¬70ականներուն այսպէ՛ս կեանքի կոչուեցան Ենիչերիները, որոնք աւելի քան 450 տարի ողնաշարը եղան թուրք¬օսմանական պետութեան։ Ենիչերիները կազմեցին Օսմանեան Բանակի յառաջապահ գունդերը եւ, թրքական ներխուժումներու ժամանակ, թէ՛ ամէն կարգի դիմադրութիւն ճեղքող ու վայրագ հարուածներով ճզմողները դարձան, թէ՛ խաղաղութեան շրջանին կայսրութեան ներքին կարգուկանոնին հսկող «ոստիկանութեան», յատկապէս Սուլթանի մենատիրութիւնը պարտադրող ու պահպանող «հաւատարիմ շուներ»ու դերը ստանձնեցին։
Հանրագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ Ենիչերիները 1570ականներուն 20 հազար հաշուող օսմանեան զօրքի ընտրանին էին, իսկ 1826ին, երբ կոտորուեցան ու լուծարուեցան, կը հաշուէին աւելի քան 135 հազար զինուոր։ Այդ հինգ դարերու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ Ենիչերիներու կեանքին մէջ։ Սկզբնական Սուլթանին հաւատարիմ «կուսակրօն իսլամ զօրական»ի կերպարէն՝ Ենիչերին վերածուեցաւ օսմանցի թուրքերու իշխանաւոր վերնախաւին, որ իբրեւ սեփական հարստութեան կը վարուէր Օսմանեան Կայսրութեան հետ. թէ՛ Սուլթանի հրամանները մոլեռանդութեամբ ու արիւնահեղութեամբ գործադրողն էր, թէ՛ ըստ կարիքի Սուլթաններուն քաղաքականութիւն եւ հրաման պարտադրողն էր։ Սուլթանի «հաւատարիմ շուն»ը հռչակուած Ենիչերին քայլ առ քայլ վերածուեցաւ «պալատական յեղաշրջումներ»ու որջի՝ նոյնինքն սուլթաններու գլխուն ալ պատուհաս դառնալով։
Ի վերջոյ, 1820ականներուն, երբ սուլթան Մահմուտ Բ.ի օրով թրքական պետութիւնը թեւակոխած էր կայսերական իր ուժն ու հարստութիւնը կորսնցնելու փուլը, Ենիչերիները ստանձնեցին «աւանդապահ» փաղանգի դերը Օսմանեան փլուզուող Կայսրութեան մէջ. ուժգնօրէն ընդդիմացան Մահմուտ Բ.ի ձեռնարկած վարչական բարեկարգումներուն։ Հետեւանքը եղաւ 1826ի ենիչերիական մեծ ապստամբութիւնը Սուլթանի իշխանութեան դէմ։
Մահմուտ Բ. արեան մէջ խեղդեց Ենիչերիներու այդ վերջին ապստամբութիւնը եւ Յունիս 27ին, Էթ Մէյտանի հրապարակին վրայ, սուլթանին հաւատարիմ մնացած զօրքը ուղղակի ոչնչացուց Ենիչերիներու ղեկավարութիւնը... հազարաւորներ սպաննելով։
Հայկական աղբիւրները կարեւորութեամբ կը նշեն, որ Մահմուտ Բ.ի այդ վճռական քայլին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ այդ շրջանին Օսմանեան Գանձարկղին հայ պատասխանատուներէն Գազէզ Արթին Ամիրա Պէզճեան, որ արքունի ընտանիքին պատկանող եւ իր անձնական մտերիմ Հիւսէյին փաշային միջոցաւ՝ տնտեսապէս նեցուկ կանգնեցաւ Սուլթանի ձեռնարկած քայլին։
186 տարիներ անցած են Ենիչերիներու ոչնչացումէն ասդին, բայց Օսմանեան Կայսրութեան անկումի շրջանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան արդին շրջանի ուսումնասիրողները, պատմաբաններ թէ քաղաքագէտներ, կարեւորութեամբ կը շեշտեն, որ թրքական պետութեան պահապանի՝ «հաւատարիմ շան» ենիչերիական «աւանդութիւն»ը կը շարունակէ վերապրիլ՝ թէ՛ իբրեւ հոգեկերտուածք, թէ՛ իբրեւ ուղղակիօրէն պետական վերնախաւը առաջնորդող մտայնութիւն։ Թրքական Բանակը, իր հրամանատարական կազմով, Մուսթաֆա Քեմալի ժամանակներէն մինչեւ այսօր, պարբերաբար զգալի կը դարձնէ ենիչերիական «աւանդութեան» ապրող «ժառանգութիւն»ը, հանդիսադրելով անոր տէր կանգնելու իր «յանձնառութիւն»ը։
Ենիչերիական «աւանդութիւն»ը նաեւ յուշարարն է այն ողբերգական ու բարդ երեւոյթին, որ մանուկ տարիքէն բռնի հաւատափոխ դարձած՝ իսլամացած քրիսստոնեաներու եւ յատկապէս բռնի հաւատափոխ դարձած հայերու մօտ յամեցող «Պապէն աւելի պապական» ըլլալու մոլեռանդ հոգեկերտուածքն է։
Այն աստիճան, որ նաեւ մեր օրերուն, Ենիչերի անունը կու տանք այն մարդոց, յատկապէս հայու արիւնէ սերած այն թրքամոլներուն, որոնք կը դրսեւորեն Թուրքի աւանդական կերպարին մէջ արմատացած ամէնէն մոլեռանդ ու անգութ այլամերժութիւնը, այս պարագային ազգային ծագումի սեփական արմատները ուրանալու գնով մոլեգնող՝ հայատեաց թրքապաշտութիւնը։
Ենիչերիներու «պատուհաս»ին յատկացուած  յուշատետրի այս էջի աւարտին կþարժէ ընդգծել Համշէնի հայութեան բռնի թրքացման ու իսլամացման մէջ Ենիչերիներու ունեցած կործանարար դերը։ Վերջին տարիներուն մեծ թափ ստացած են ուսումնասիրական հետազօտութիւնները այդ ուղղութեամբ, որոնց կÿանդրադառնայ ստորեւ տրուած լրատուութիւնը, իսկ մեր վաղուան թիւով կը հրատարակենք  «Անկախ» կայքէջով 5 Մարտ 2011 լոյս տեսած Վահէ Անթանէսեանի «Համշէնի Հայերը» յօդուածը, նիւթի այժմէականութիւնը նկատի ունենալով:

Ն.

 


Թուրքիոյ  մէջ  տարեկան 60-70 իսլամացած հայ  կը  մկրտուի՝  վերականգնելով  իր  քրիստոնէական  ինքնութիւնը

Մ ինչեւ 1914թ. Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն  մէջ պատրիարքարանի  ենթակայութեան ներքեւ  գտնուած է  հայկական 2170 եկեղեցի եւ շուրջ 2000 դպրոց: Բայց  յետոյ` հանրապետական Թուրքիոյ  ժամանակաշրջանի ընթացքին  գործող եկեղեցիներու  թիւը նուազած  է  հասնելով 45-ի, դպրոցներունը` 13-ի: Այս մասին  «Ermenihaber.am»-ին յայտնած է Կ.Պոլսոյ  Հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ  Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը: Ըստ իր խօսքերուն, գործող կը համարուին  բոլոր այն հայկական եկեղեցիները, որոնք տարուայ մէջ թէկուզ մենք անգամ կը բանան իրենց դռները պատարագի համար:
«Հայ առաքելական եկեղեցուց դուրս ունենք նաեւ  հայ կաթողիկէ  համայնք (2000 մարդ), հայ բողոքական համայնք (500 հոգի): Իսկ առաքելական եկեղեցու հետեւորդների թիւը Թուքիայում հասնում է 70.000-ի: Մենք ակտիվ գործող համայնք ենք, Թուրքիայի միւս ազգային փոքրամասնութիւնների համեմատ շատ աւելի մեծ թիւ  ենք կազմում: Օրինակ՝  ասորական համայնքը հաշւում է շուրջ 25.000, հրէականը՝  20.000, միւսները շատ աւելի քիչ թիւ կը ներկայացնեն»,- պատմած  է արքեպիսկոպոս Աթեշեանը:
Անդրադառնալով այն դժգոհութեան, թէ ինչու թրքական իշխանութիւնները պատրիարքարանի իրաւասութեանն ու խնամքին չեն վերադարձներ  հայկական բոլոր պատմական եկեղեցիները, արքեպիսկոպոս Աթեշեանը դիտել տուած  է, որ իրենք չունին այն հսկայական ֆինանսական միջոցները, որոնց օգտագործմամբ  հնարաւոր պիտի ըլլար  բարեկարգել վնասուած եկեղեցիները: Բացի այդ ալ մարդուժի  պակաս կայ, հոգեւորականներու թիւը շատ քիչ է (22-23 հոգի):
«Մենք այսօր Տիգրանակերտի եկեղեցին չենք կարողանում նորոգել-վերջացնել: Մի եկեղեցու վերականգնման համար անհրաժեշտ է մօտաւորապէս 1միլիոնն տոլար: Եթէ  անգամ 500  եկեղեցի վերադարձնեն մեզ, այդ ամենի վերանորոգման համար կը պահանջուի մէկ միլիառ  տոլար: Բայց մենք ոչ միայն այդքան գումար չենք կարող ապահովել, այլեւ անգամ պահակ չենք կարող կարգել բոլոր այդ եկեղեցիներում: Թէեւ  պետութիւնը վերանորոգելուց յետոյ եկեղեցին օգտագործում է որպէս թանգարան կամ ասենք մշակոյթի տուն, այնուամենայնիւ, մենք համարում ենք, որ եկեղեցին փրկուեց  աւերակ մնալուց եւ վերջնական կործանուելուց:
«Ermenihamer.am»-ի այն հարցին, թէ  իսլամացուած հայերէն  կան այնպիսիք, որոնք  իրենց հայկական եւ  քրիստոնէական ինքնութիւնը վերականգնելու համար կը դիմեն Կ. Պոլսի պատրիարքարան, արքեպիսկիպոսը պատասխանեց. «Այն հայերը, որոնք կարողանում եմ փաստեր ներկայացնել, որ հայկական ծագում ունեն, որ իրենց արմատը հայկական է, ես անմիջապէս ընդունում եմ, նա 6 ամսուայ դասընթաց է անցնում քրիստոնէութեան, մկրտութեան եւ հայ լինելու մասին: Այնուհետեւ  անձնաթուղթը պաշտօնապէս փոխել եմ տալիս, որտեղ նշւում է որպէս քրիստոնեայ, ապա մկրտւում է եւ դառնում հայ եկեղեցու անդամ: Տարեկան մօտ 60-70 հոգի այդ կերպ վերականգնում են իրենց հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ  նուիրապետական աթոռներէն է  եւ հիմնուած  է 1461 թուականին: Աթոռանիստը Գումգափուի Սբ. Աստուածածին Մայր եկեղեցին է: Առաջին պատրիարքը եղած է  Յովակիմ եպիսկոպոսը (1461-78թթ): Մինչեւ օրս եղած է 84 պատրիարք: Սկզբնական շրջանին  սուլթանը կը նշանակէր պատրիարքին: Ներկայիս Պոլսոյ հայոց պատրիարքը կ'ընտրուի համայնքէն:


Panorama.am
http://ankakh.com/2012/06/221587/