Print
Category: Յուշատետր

70 տարի առաջ, ենթադրաբար 11 Յունիսի այս օրը (Ակադ. Բ. Առաքելեանի տուեալներուն համաձայն՝ Յունիս 2ին), Ռուսաստանի խորերը՝ Չելիաբինսկի քաղաքի մերձակայքը, աքսորի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք գիտնականը՝ հայկական հնագիտութեան հիմնադիրներէն վաստակաշատ հայագէտ Աշխարհբէկ Քալանթարը։


Խորհրդային չարիքին՝ ստալինեան «մաքրագործումներուն» մեծ զոհերէն եղաւ հայագիտութեան այս հսկան, որուն կենսագրութիւնը ըստ արժանւոյն եւ սպառիչ կերպով դեռ ներկայացուած չէ, իսկ կատարած տիտանական գործն ու ժառանգութիւնը, հայրենի երկնակամարին տակ, միայն վերջին տասնամեակին է, որ լուսարձակի տակ կը բերուի, կը վերարժեւորուի։
2005ի Դեկտեմբերին նոր մտածուեցաւ յուշատախտակ դնելու Երեւանի Տէրեան փողոցի թիւ 62 տան պատին՝ սերունդներուն վկայելու համար, որ «հայագէտ, հնագէտ, պատմաբան Աշխարհբէկ Քալանթարը 1935-38 թթ. ապրել է այս տանը»: Եւ միայն 2007ին Հ.Հ. Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի գիտական հրատարակութեան արժանացաւ Ա. Քալանթարի կոթողական գործերէն «Հայաստան Քարէ դարից Միջնադար» անունը կրող ստուարածաւալ աշխատասիրութիւնը։ Նոյն այս գործը, Քալանթարի «Վանստանի արձանագրութիւնները» եւ «Նիւթեր հայկական եւ Ուրարտական պատմութիւնից» անուն աշխատասիրութեանց հետ, անգլերէնով եւ երեք պատկառելի հատորներով, հրատարակուած էին արդէն Փարիզի մէջ՝ «Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքակրթութիւնները» հեղինակաւոր մատենաշարով, արժանանալով եւրոպական ու ամերիկեան մասնագէտներու բարձր գնահատանքին։
Հնագիտութեան եւ հայագիտութեան մէջ Աշխարհբէկ Քալանթարի ունեցած մեծ ներդրումին շատ ուշ իրազեկ դարձան հայրենի թէ միջազգային գիտական շրջանակները։ Մեծանուն հայ գիտնականին կոթողական գործերուն միայն մէկ մասին անգլերէնով հրատարակումն ու տարածումը բաւարար եղան, որ Հռոմի համալսարանի փրոֆեսոր, նշանաւոր ուրարտագէտ Սալվինին գրէ, թէ «Քալանթարի գիրքին հրատարակութեամբ գիտութեան համար լիակատար ոչնչացումէ փաստօրէն կը փրկուին Վանի ուրարտական արձանագրութեանց մէկ հատուածը»: Շիկաքոյի համալսարանի պրոֆեսոր, հնագէտ Ադամ Սմիթը գրեց, թէ «Քալանթարի կեանքն ու գործը կը բացայայտեն այն մնայուն կարեւորութիւնը, որ Հայկական լեռնաշխարհը ունի համաշխարհային պատմութեան մէջ»: Իսկ «Ամերիկեան Հնագիտական Հանդէս»ը, Ա. Քալանթարի փարիզեան հրատարակութեան առաջին հատորին նուիրուած իր գրախօսականին մէջ գրեց.- «Եթէ մինչեւ հիմա Լեման-Հաուպտն ու Մառը կը համարուէին Հարաւային Անդրկովկասի վաղ պատմութեան հետազօտութիւններուն նախաձեռնողները, ապա այս հատորը համոզիչ կերպով ցոյց կու տայ, որ ոչ այլ ոք, քան Աշխարհբէկ Քալանթարն է եղած Հայկական Բարձրաւանդակի հնագիտութեան մանրակրկիտ կերտողը»:
Ահա՛ այսպիսի տարողութեամբ մեծավաստակ արժէք է Աշխարհբէկ Քալանթարը, որ ծնած էր 1884ի Փետրուար 11ին, Լոռիի Արդուին գիւղը։ Սերած էր Լոռիս-մելիքների նշանաւոր գերդաստանէն: Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ իր ստացած նախնական կրթութիւնը շարունակած եւ ամբողջացուցած էր Սան Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ:
Հնագիտական ուսումնասիրութիւններու ձեռնարկած է կանուխէն՝ ուսանողական շրջանէն, 1907ին մասնակցելով իր ուսուցիչին՝ Նիկողայոս Մառի ղեկավարած Անիի պեղումներուն: Աւելի ուշ, Լոռիի հարուստ վիմագրական եւ հնագիտական՝ իր հետազօտած նիթերուն մասին զեկուցումով հանդէս եկած է Սան Փեթերսպուրկի մէջ։ Իսկ 1914ին, Անիի 13րդ հնագիտական արշաւախումբի ղեկավարումը Մառը վստահած է, իր բացակայութեան, Աշխարհբէկ Քալանթարի: Այդ աշխատանքներու արդիւնքով՝ Անիէն 6000 հնագիտական իրեր տեղափոխուած են Արեւելեան Հայաստան ու փրկուած ոչնչացման այն ստոյգ վտանգէն, որ թրքական հայաջինջ ձեռամբ հետագային բաժին հանուեցաւ Անիին։
Աշխարհբէկ Քալանթարը Սան Փեթերսպուրկի Հնագիտութեան Կաճառի անդամ էր, Ռուսաստանի Կայսերական Հնագիտական Ընկերութեան անդամ: Եւ երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, Ա. Քալանթար առաջին արձագանգողներէն եղաւ հայոց Պետական Համալսարանը հիմնելու Նիկոլ Աղբալեանի նախաձեռնութեան։ Եկաւ ու հաստատուեցաւ Երեւան՝ Պետական Համալսարանի հնագիտութեան բաժնի հիմնադիրը դառնալով եւ այդ նիւթով հայերէն առաջին դասագիրքը պատրաստելով։
Ինչպէս որ մշակութաբան եւ պատմաբան Գրիգոր Կարախանեան կը վկայէ, «Ա. Քալանթարի կեանքին ու գործունէութեան ամէնէն առանձնայատուկ կողմը, որ աւելի ուշ թերեւս ճակատագրական եղաւ, անոր մասնակցութիւնն է հայ ազգային ազատագրական շարժման: 1915ին ան մտաւ զօրավար Անդրանիկի կամաւորական գունդին մէջ‘ մասնակցելով ռազմական գործողութիւններուն եւ դարձաւ Անդրանիկի թարգմանիչ-խորհրդականը»:
Ա. Քալանթարի վաստակը վճռորոշ եղաւ հայ հնագիտական դպրոցի հիմնադրութեան մէջ: Ան դասախօսական աշխատանքներ կատարեց, սկիզբը, Թիֆլիսի Անդրկովկասեան համալսարանին մէջ: Ապա՝ Երեւանի մէջ, շուրջ երկու տասնամեակ։ Խորհրդային կարգերը ալան¬թալանով եւ հինը փոշիացնելու մոլուցքով պարտադրելու խուժանային տարիներուն, Քալանթար եղաւ նաեւ հայ ազգային այն քաջարի հեղինակութիւնը, որ ամբողջ հասակով ծառացաւ եւ պայքարեցաւ հայ մշակոյթի եւ հայկական քաղաքակրթութեան նիւթեղէն ժառանգութիւնը քանդելու, աւերելու եւ փոշիացնելու պոլշեւիկեան բարբարոսութեան դէմ։ Ա. Քալանթար՝ Ալեքսանդր Թամանեանի եւ Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեանի հետ՝ դրօշակիրը հանդիսացաւ «Հնութիւնների Պահպանութեան Կոմիտէ»ի ստեղծման։ Այդ կեդրոնին շուրջ համախմբուեցան Մարտիրոս Սարեան, Ալեքսանդր Թամանեան, Գարեգին Յովսէփեան եւ Թորոս Թորամանեան. իսկ Քալանթար եղաւ կեդրոնի գիտնական քարտուղարը:
Նոյն Կոմիտէի գիտնական քարտուղարի իր գործունէութեամբ, Քալանթար անգնահատելի ծառայութիւն մատուցեց հայ նիւթական, յուշարձանային մշակոյթի ոչ միայն ուսումնասիրութեան, այլեւ պահպանումին: Յայտնի են անոր ջանքերը, Ալեքսանդր Թամանեանի հետ միասին, Երեւանի միջնադարեան հոգեւոր երկու հրաշալի յուշարձաններուն‘ Սբ. Պօղոս-Պետրոս եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու պոլշեւիկեան քանդումը կանխելու եւ կասեցնելու ուղղութեամբ։ Բայց անոնց բազմաթիւ դիմումներն ու յորդորները‘ այդ կառոյցները որպէս ճարտարապետական բացառիկ արժէքներու պահպանելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, ապարդիւն անցան. հայ մշակոյթի այդ նիւթեղէն հարստութիւնները կարելի չեղաւ քանդումէ փրկել, բացառութեամբ Կաթողիկէէն մնացած ներկայ հատուածին։
Հայ մշակոյթի պահպանման ի խնդիր իր մղած այդ բուռն պայքարին համար, Աշխարհբէկ Քալանթար... վճարեց շատ ծանր գին։ 1938ին բանտարկուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Ռուսաստանի Ուրալեան շրջանը, ուր չորս տարի տառապեցաւ եւ 1942ի յունիսեան այսպիսի օր մը առյաւէտ փակեց՝ Քարէ դարէն մինչեւ Միջնադար հայկական քաղաքակրթութեան նիւթեղէն նուաճումներով հմայուած իր խորաթափանց եւ հմուտ գիտնականի աչքերը։
Հայ ժողովուրդի ծագման ու պատմութեան, մանաւա՛նդ բովանդակ մարդկութեան տուած քաղաքակրթական հարուստ ժառանգութեան գիտական հետազօտման եւ պահպանման գործին ամբողջապէս նուիրեալ այս մեծ հայուն մահուան 70ամեակին առիթով, կþարժէ ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ տեղեկանք¬վկայութիւնը «Ազգ»ի 26 Յունուար 2008ի համարով լոյս տեսած Մելանիա Բադալեանի յօդուածէն, որ Ա. Քալանթարի գործերուն ակադեմական առաջին հրատարակութեան (2007) կը վերաբերի՝ «Երախտիքի տուրք հայագէտ Աշխարհբէկ Քալանթարին» վերնագրին տակ.
«Բնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Հիմնարկին Գիտական Խորհուրդին որոշումով՝ Գ.Ա.Ա. «Գիտութիւն» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է հնագէտ, պատմաբան Աշխարհբէկ Քալանթարի գիտական ուսումնասիրութիւններու «Հայաստան Քարէ դարէն Միջնադար» ստուարածաւալ հատորը‘ ակադեմիայի թղթակից անդամ Արամ Քալանթարեանի խմբագրութեամբ («Տիգրան Մեծ» հրատարակչատուն, 2007 թ. 408 էջ): Գիրքը մեծավաստակ գիտնականի‘ հայագիտութեան ասպարէզին մէջ ունեցած ներդրումին, անբասիր կեցուածքով մտաւորականին հանդէպ երախտիքի տուրք է: Հնագիտութեան ոլորտին մէջ անոր կատարած եզակի ուսումնասիրութիւն¬հետազօտութիւնները հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի ճանաչողութիւնը նախեւառաջ սկզբնաղբիւրային նշանակութեամբ կը հարստացնեն: Անոր 80է աւելի աշխատութեանց ցանկէն, Փարիզի մէջ, տարիներ առաջ անգլերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է եռհատորեակ‘ «Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքակրթութիւնները» մատենաշարով: Ակադեմիայի հայերէն հրատարակութեան մէջ զետեղուած են արժէքաւոր գիտահետազօտական այնպիսի՛ ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս միջնադարեան վանական համալիր Վանստանի մէջ 1912ին Ա. Քալանթարի հաւաքած վիմական արձանագրութիւնները, 1917ին Վանի գիտարշաւի ժամանակ հաւաքուած ուրարտական արձանագրութիւնները, 1920ին Կարսի նահանգին մէջ անոր ղեկավարած խմբարշաւի ընթացքին հաշուառուած բոլոր յուշարձանները, հաւաքուած վիմագիր արձանագրութիւնները, գիտնականի օրագիրներուն մէջ ամփոփուած տեղեկութիւնները տուեալ տարածքի հայկական յուշարձաններուն մասին, որոնք ըստ էութեան վերջին ներկայացումներն են‘ անոնց թուրքերու կողմէ հետագային բարբարոսաբար ոչնչացուելու պատճառով:
 Առանձին գիտական հետաքրքրութեան արժանի նիւթեր են 1920-30ականներուն Ա. Քալանթարի կատարած դաշտային աշխատանքներու արդիւնք‘ հին եւ միջնադարեան Հայաստանի նիւթեղէն մշակոյթի ուսումնասիրութեան վերաբերեալ գործերը‘ «Քարէ դարը Հայաստանում», «Հին Վաղարշապատի պեղումները», «Մի հնագոյն ջրաբաշխական համակարգ Խորհրդային Հայաստանում», «Արագածը պատմութեան մէջ», «Երեւանի Կաթողիկէի պատմահնագիտական արժէքը» եւ այլն: «Հատորը կþամփոփէ Աշխարհբէկ Քալանթարի կեանքին եւ գործին տարեգրութեան, տպագիր եւ անտիպ յօդուածներու ցանկը, անոր գործունէութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր, բազմաթիւ լուսանկարներ, գծապատկերներ, մտաւորականի կեանքին եւ գիտական գործունէութեան‘ Գրիգոր Կարախանեանի անդրադարձը: Հատորին հրատարակութիւնը իրականացուած է Ա. Քալանթարի ժառանգորդներուն‘ կրտսեր Աշխարհբէկ, Միրա Քալանթարներու եւ Վահագն, Գագիկ Գուրզադեաններու անմիջական աջակցութեամբ»:

Ն.