Print
Category: Յուշատետր

Ամէն ազգ ալ ունի յատուկ անուններ, որոնք առանձինն բաւարար են ամբողջ ազգային յիշողութիւն մը արթնցնելու, տուեալ ազգի ապրող սերունդները ներկայէն վեր բարձրացնելու եւ անխտիր բոլորին համակելու ազգային ինքնաճանաչումի ու ազգային սրբազան պարտքը կատարելու հպարտութեան անմար, այլեւ յաւերժական խորհուրդով։

Հայ ժողովուրդին համար այդպիսի՛ հնչեղութիւն ունի անունը Սողոմոն Թեհլիրեանի։
Հայ Ազգի եւ Հայաստան Հայրենիքի արդարադատ՝ վրիժառու բազուկը կը խորհրդանշէ Սողոմոն Թեհլիրեան, որ մեր ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին արդար, քաղաքական եւ ամբողջական հատուցումը պահանջելու ազգային մեր իրաւատիրութեան անմահ մարմնաւորումը եղաւ։
Սողոմոն Թեհլիրեան միակ արդարադատ ու վրիժառու բազուկը չեղաւ Հայկական Նիւրեմպերկին։ Արամ Երկանեան, Արշաւիր Շիրակեան, Միսաք Թոռլաքեան եւ անմահութեան արժանի հերոսական անուններու ամբողջ փաղանգ մը գաղափարականօրէն միաձուլուեցաւ՝ միս ու ոսկոր տալով Դաշնակցութեան որոշած «Նեմեսիս» գործողութեան, որուն առաքելութիւնն էր գործադրել անհնար թուացող մահապատիժը Թուրքիայէն փախուստ տուած եւ թագստոց մտած Երիտթուրքերու հայասպան պարագլուխներուն։
Հաւասարապէս պանծալի հայ ազգային հերոսներու եւ դաշնակցական ահաբեկիչներու այդ փաղանգին ներկայացուցչական անունը դառնալու բախտը վիճակուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի, որուն մահուան 52րդ տարելիցն է այսօր։
Մայիս 23ին, 52 տարի առաջ, հեռաւոր Մ.Նահանգներու արեւմտեան ափին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 64 տարեկանին այս կեանքէն բաժնուելով՝ յաւիտենական իր անդորրը գտաւ եւ անմահութեան իր պատուանդանին բարձրացաւ Սողոմոն Թեհլիրեան։
Յաւերժացաւ իբրեւ հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառու բազուկը։
Եւ եթէ թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան պատասխանատուները կը ներկայացուին Թալէաթ անուն եղեռնագործով, ապա՝ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն արդար դատաստանի եւ մահապատիժի ենթարկող արդարագոյն ահաբեկիչը եղաւ Սողոմոն Թեհլիրեան։
Ազգային Հերոսի դափնեպսակին արժանաւորապէս տիրացած դաշնակցական ահաբեկիչը ծնած էր 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը։ Հօր՝ Խաչատուրի եւ մօր՝ Հնազանդի հինգ մանչ զաւակներուն կրտսերն էր։ Հազիւ երկու տարեկան էր Սողոմոն, երբ հայրը պանդխտութեան մեկնեցաւ Սերպիա։ 1905ին, հայրենի տուն վերադարձին, Տրապիզոնի մէջ Խաչատուր Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ՝ 1898ին Երզնկայէն ռուսական նաւով մեկնած ըլլալու մեղադրանքով։ Վեց ամիս բանտ մնաց, բայց երբ ազատ արձակուեցաւ՝ անոր արգիլուեցաւ ծննդավայր վերադառնալ եւ աքսորուեցաւ Սերպիա։
Հօր ճակատագրին կապուած այս դրուագը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ Սողոմոնի կեանքին վրայ, որովհետեւ Թեհլիրեաններու բազմանդամ տոհմէն ակամայ հեռացուած Խաչատուր Սերպիայէն դասաւորեց այնպէս, որ կինն ու զաւակները տեղափոխուին Երզնկա, ուր Սողոմոն իր ուսումը ստացաւ նախ Բողոքականաց, ապա՝ Եզնիկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ 1912ին աւարտեց տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանը, ուր իր առաջին ծանօթութիւնը ունեցաւ դաշնակցական գործիչներու հետ եւ հազիւ երիտասարդ դարձած՝ փարեցաւ Դաշնակցութեան։
1913ին Սողոմոն գնաց իր հօր մօտ, Սերպիա, որպէսզի տարի մը ետք անցնի Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց 1914ին պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը եւ 18ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին լրիւ փոխուեցաւ։ 1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, ան անցաւ Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չտրուեցաւ Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան յաջողեցաւ, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը իր կամաւոր արձանագրուելուն։ Այդպէս է, որ Հոկտեմբեր 1914ին, իբրեւ կամաւորական, Սողոմոն հասաւ Թիֆլիս եւ միացաւ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։
Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս թրծեց Սողոմոն Թեհլիրեանին դաշնակցական մարտիկի կերպարը։ Իսկ երբ Արեւմտահայաստանը ժամանակաւորապէս ազատագրուեցաւ ռուսական զօրքին եւ Հայ Կամաւորական Գունդերուն կողմէ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը ունեցաւ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս ցնցեցին զինք այնքան ծանրօրէն, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ Թեհլիրեան «ուշաթափ կþիյնայ գետին։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները ¬ մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները ¬ սպաննուած էին 1915ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։
Սեփական ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ համակեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի ողջ էութիւնը։ Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը հետագային հիմք ծառայեց, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտան Քըրթ Նայմէյըրի (Քոլոնեը համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս) կառուցած պաշտպանողականին։
1917ին, Կովկասեան ճակատի փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Թեհլիրեան անցաւ Կովկաս։ Շրջեցաւ հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին։ Ժամանակի թաւալումին հետ, փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով բորբոքեցան։ Արդէն դաշնակցական գործիչ՝ Թեհլիրեան ուղարկուեցաւ Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով 1920ի Ապրիլին կատարեց ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ գործադրելով Դաշնակցութեան վճռած մահապատիժը Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ Յարութիւն Մկրտիչեանի դէմ, որ գլխաւոր մատնիչն ու մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։
Ահաբեկումէն ետք Թեհլիրեան պարտաւորուեցաւ անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն սորվեցաւ։ Բայց քանի մը ամիս ետք կանչուեցաւ Ուաշինկթըն, Մ. Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որուն վստահուած էր պատասխանատուութիւնը Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհ. Ժողովի որոշած ցեղասպան թուրք ջարդարարներու ահաբեկման «Նեմեսիս գործողութեան» ծրագրումին եւ կազմակերպումին։ Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած էր վիճակաձգութեամբ եւ, այդպէս է, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին վիճակուեցաւ Թալէաթի ահաբեկումին գործադրութիւնը։ Պատահական չէ, հետեւաբար, որ «Թեհլիրեանի բախտը բացուեց» նշումը կը կատարուի Թալէաթի ահաբեկման նուիրուած ու «Գինի լից» յանկերգով յատկանշուող յեղափոխական ծանօթ երգին մէջ։
Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան 1920ի Դեկտեմբերին ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման ծրագիրը։ Ջարդարար պարագլուխը Ալի Սալէհ Պէյ անցագրով ու ծպտուած կþապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը վարձեց Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։
Եւ 15 Մարտ 1921ի առաւօտեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօտեցաւ ջարդարարին եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին փռեց զայն։ Անցորդները յարձակեցան Թեհլիրեանի վրայ, խոշտանգեցին զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ օր¬ցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռուած էր անծանօթ... անցորդ մը։
Սողոմոն Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ, աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ, դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ, իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։
3 Յունիս 1921ին Սողոմոն Թեհլիրեան անպարտ հռչակուեցաւ եւ ազատ արձակուեցաւ ու մեկնեցաւ Մ.Նահանգներ։
Թեհլիրեան երկար չմնաց Մ.Նահանգներ։ Վերադարձաւ Եւրոպա՝ Սերպիա, Պելկրատ ապրող իր հօր եւ հօրեղբայրներուն միանալու համար։ Ամուսնացաւ երզընկացի Նշան Թաթիկեանի դստեր Անահիտի հետ, որուն ծանօթացած էր Կովկասի մէջ, որբահաւաքի իր գործունէութեան շրջանին։ Ունեցան երկու զաւակներ՝ Զաւէն ու Շահէն։ Թեհլիրեան Պելկրատի մէջ ապրեցաւ Սարօ Մելիքեան անցագրով։
Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1949¬1950ին, Թեհլիրեան որոշեց ընտանեօք հեռանալ Պելկրատէն։ Կարճ ժամանակ մը ապրեցաւ Քազապլանքա (Մարոք), ուրկէ անցաւ Փարիզ եւ ի վերջոյ հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր մնաց մինչեւ մահը՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով Հ.Յ.Դ. Մ.Նահանգներու արեւմտեան շըրջանի կազմակերպական կեանքին։ Տարիներով մաս կազմեց շրջանի՝ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Կ. Կոմիտէին։
Հայ ժողովուրդի վրիժառու բազուկը հազիւ 64 տարեկան էր, երբ ուղեղի արիւնախռնման հետեւանքով անկողին ինկաւ եւ, ամիս մը տառապելէ ետք, աւանդեց իր վերջին շունչը։
Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան գոյժը հեռարձակուեցաւ ատենի արեւմտեան զանգուածային բոլոր լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Լռութիւն պահեցին եւ Ազգային Հերոսին նկատմամբ ուրացումի իրենց վարքագիծը շարունակեցին միայն խորհրդային կողմն հայաշխարհի։ Հակադաշնակցական ջղագար պայքարի տխրահռչակ ժամանակներ էին 1960 թուին եւ Արարատի փէշերուն ծուարած հայ ժողովուրդին տակաւին արգիլուած էր արժանին մատուցել իր Վրիժառու Բազուկին։
Բայց միայն կարճ ժամանակի համար էր արգելքը, որովհետեւ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով շղթայազերծուած հայկական պահանջատիրութեան հայրենական պոռթկումի հուժկու ալիքին տակ, ընդհանրապէս Հայ Դատի պայքարին շուրջ հիւսուած լռութեան պատի քանդումին հետ, փուլ եկաւ նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան շուրջ հիւսուած ուրացման եւ լռութեան պատը՝ Ազգային Հերոսի եւ հայ ժողովուրդի արդարադատ ու վրիժառու բազուկի անմահ պատուանդանին արժանացնելով Դաշնակցական Ահաբեկիչին։
Ազգային մեր ինքնավստահութիւնն ու արժանաւորութիւնը ջրդեղած Մեծ Հերոսի յիշատակին կþարժէ անգամ մը եւս վերադառնալ իր գրած յուշերուն, որպէսզի հայոց պատմութեան յաւերժ օրհնաբեր օրուան՝ 15 Մարտ 1921ի Թալէաթի ահաբեկման խորհուրդը, Թեհլիրեանի իսկ բառերով, վերանորոգէ հայոց ազգային յիշողութեան մէջ սրբազան մեր պարտքը անձնուիրաբար ու աներեր վճռականութեամբ կատարելու յանձնառու ուխտը.-
«Առաւօտ սովորականից շուտ ելայ. արեւի շողերը արդէն հասել էին դիմացի շէնքի պատուհանին: Հազիւ էի աւարտել թէյս եւ ուզում էի բազկաթոռը մօտեցնել պատուհանի եզրին, երբ յանկարծ դիմացի շէնքի պատշգամում տեսայ Թալէաթին: Քարացայ. նա՞ էր արդեօք: Ա՜յ...
...«Դիմացի մայթով հաւասարուեցի նրան, արագ քայլերով բաւական յառաջացայ. անցայ նոյն մայթը, ուսկից գնում էր նա: Յետ դարձայ: Մօտենում էինք իրար: Նա գալիս էր ճեմելու ձեւով՝ ձեռնափայտը անփոյթ ճօճելով: Մի կարճ տարածութիւն մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն համակեց էութիւնս: Հաւասարուելու վրայ՝ Թալէաթը շեշտակի նայեց ինձ. աչքերի մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը: Վերջին քայլը բեկուեց. մի քիչ թեքուեց, որ խուսափի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխին պարպելս մէկ եղաւ...
Ահա՛ 15 Մարտ 1921ի պատմական Պահը Թալէաթի ահաբեկումին, նոյնինքն վրիժառու դաշնակցականին կողմէ պատմուած, որ յաւերժօրէն դրոշմուած պիտի մնայ հայոց ազգային յիշողութեան մէջ՝ անմահացնելով ոչ միայն անունը Սողոմոն Թեհլիրեան կոչուած հայ ազգային հերոսին, այլեւ խորհուրդը Հայկական Նեմեսիսին՝ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութեան պատասխանատու թուրք յանցագործներու արդարադատ ահաբեկումին։


Ն.