Print
Category: Յուշատետր

Մայիս 17ի այս օրը, 161 տարի առաջ, Կ. Պոլսոյ հայահոծ Սկիւտար թաղամասին մէջ, 18 տարիքը հազիւ թեւակոխած հայ երիտասարդ մը հիմնեց «Բաժանորդական Ընկերութիւն» անունով բարեսիրական միութիւն մը։


Գրիգոր Օտեանն էր այդ երիտասարդը եւ, ինչպէս որ կը վկայէ Գասպար Իփէկեան 1952ին իր հրատարակած Համազգայինի «Օրացոյց-Տարեգիրք»ին մէջ, «Բաժանորդական Ընկերութեան» նպատակն էր կեանքի կոչել հասարակական շարժում մը, որ ազգի լուսաւոր յառաջդիմութեան սրբազան գործը յառաջ պիտի մղէր։
Գրիգոր Օտեանի անձին ու գործին բազմիցս անդրադարձած է այս «Յուշատետր»ը։ Զարթօնքի Սերունդին գլխաւոր ռահվիրաներէն է Գ. Օտեան, նաեւ՝ հօրեղբայրը հայ մեծատաղանդ երգիծաբան Երուանդ Օտեանի, որ իր հօրեղբօր մէջ գտաւ ոչ միայն ներշնչման օրինակելի աղբիւր մը, այլեւ բառին առաջնորդող իմաստով հոգեմտաւոր հայր մը։
«Բաժանորդական Ընկերութեան» հիմնումին վերաբերեալ իր հակիրճ վկայութեան մէջ Գ. Իփէկեան կþընդգծէ, որ «Գ. Օտեան «Արշալոյս Արարատեան» ամսաթերթի յաւելուածին մէջ կոչ մը կ՛ընէ ժողովուրդին, «որուն փոքրիկ լուման հանք մըն է անսպառ», հիմնելու համար գիշերօթիկ վարժարան մը, որ աղքատիկ 25 մանչ եւ 25 աղջիկ երեխաներ ձրիապէս դաստիարակէ»։
1851ին Գրիգոր Օտեան նոր վերադարձած էր Փարիզէն, ուր իրաւաբանական ուսումը աւարտած էր եւ իր փրոֆեսորներուն կողմէ մեծապէս գնահատուած էր՝ իբրեւ խոհուն ճարտասան ու արդարամիտ դատապաշտպան։ Համալսարանական իր ուսման տարիներուն, Փարիզ կþապրէր 1848ի յեղափոխութեան բուռն տարերքին մէջ, իսկ երիտասարդ հայ իրաւաբանը ամբողջապէս կլանուած էր ազատախոհ շարժումի առաջադրանքներով։
Օտեաններու տոհմը արեւմտահայ իրականութեան մէջ մեծ ներդրում կատարող ընտանիք մը եղած էր։ Գրիգոր ամէնէն փայլուն ներկայացուցիչը եղաւ Օտեաններու երկրորդ սերունդին։ Այդքան երիտասարդ տարիքին, Փարիզէն Սկիւտար վերադարձած, ան ամբողջապէս նուիրուեցաւ ազգային ու պետական բուռն գործունէութեան։ Հայերէնի կողքին կատարելապէս կը տիրապետէր օսմանեան թրքերէնին, ֆրանսերէնին եւ անգլերէնին։
Իր ազատախոհ արեւելումին ներշնչումով էր, որ Գրիգոր Օտեան առաջնահերթաբար ձեռնարկեց «Բաժանորդական Ընկերութեան» հիմնումին։ Հասարակական այդ շարժումը նախատիպը եղաւ հետագայ տասնամեակներուն պոլսահայ եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ սունկի պէս բուսնող բարեսիրական միութեանց, որոնք ժողովրդային նուիրատուութեանց խթանումով՝ դպրոցաշինութեան գործը վերածեցին Ազգային Զարթօնքի իր տարերքը ապրող հայ ժողովուրդին յառաջատար ուժին։
Ուշագրաւ է, նաեւ, որ Գրիգոր Օտեան իր նախաձեռնութիւնը հունաւորեց՝ ազգային¬կրթական լուսաւորութեան գործին առջեւ բանալով երեք հիմնական ուղղութիւններ.
- Առաջին՝ հայ դպրոցը ձերբազատել կղերի դաստիարակչական մենաշնորհէն եւ տէր¬թոդիկեան փակ մթնոլորտէն։
- Երկրորդ՝ երկսեռ ուսուցումը մատչելի դարձնել հայոց նորահաս սերունդին։
- Երրորդ՝ յատուկ հոգածութեան արժանացնել Հայաստանի ներքին գաւառներու հայ մանուկները, անոնց առջեւ բանալով եւրոպական մակարդակով ուսման հորիզոնները։
Վաղ երիտասարդութեան նախաձեռնած իր այդ գործը Գրիգոր Օտեան դարձուց իր կեանքին գաղափարական զսպանակը։ Աշխոյժ աշխատակցութիւն բերաւ իր ժամանակի ազատախոհ մամուլին՝ լուսաւոր իր գաղափարները լայն հանրութեան հասցնելու նպատակով։ Նախակարապետ մը եղաւ թէ՛ աշխարհաբարի զարգացման շարժումին, թէ՛ հայ կեանքը յեղաշրջելու կոչուած Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին։ Նաեւ նոր հորիզոնի բացաւ բարեսիրական գործը հասարակական կուռ կազմակերպութեամբ յառաջ մղելու շարժումին առջեւ, երբ Ազգային զարթօնքի Սերունդի իր համախոհներուն հետ 1860ին հիմը դրաւ «Բարեգործական Ընկերութեան», որ արձագանգ գտաւ նաեւ արեւելահայութեան մէջ։
Գրիգոր Օտեան ազգային¬հասարակական լուսաւորութեան իր առաքելութիւնը բարձրակէտի հասցուց 1870ականներուն, երբ ամբողջ Օսմանեան Կայսրութեան տարողութեամբ արքունի վստահութիւնը վայելեց եւ գլխաւոր մշակողը եղաւ Օսմանեան ազատական Սահմանադրութեան, որ սակայն հազիւ կեանքի  կոչ- ւած՝ արգիլուեցաւ Ապտիւլ Համիտ Բ.ի սուլթանական գահին տիրանալով։
Գրիգոր Օտեանի ներդրումը յատկապէս անզուգական եղաւ հայկական նահանգներու ինքնավարութեան պահանջի իրաւաբանական եւ քաղաքական հիմնաւորման ու միջազգային արծարծման մէջ։
«Բաժանորդական Ընկերութեան» հիմնադրութեան 161ամեակին նուիրուած յուշատետրի այս ամփոփ ակնարկը կþարժէ պսակել ազգային ու հանրային գործիչի առաքելութեան եւ օրինակելի տիպարին մասին Գ. Օտեանի բանաձեւած հետեւեալ պատգամով.¬
Գ. Օտեանի համոզումով՝ ազգային գործիչը իրաւունք չունի ներկայի անյաջողություններէն յուսահատելու, որովհետեւ յաղթանակները հեշտութեամբ չեն նուաճուիր։ Ինչպէս որ ինք կը գրէ՝ «Օ՜հ, եթէ մարդս ներկային մէջ միայն ընկղմած ըլլար, եթէ անհուն ապագային հաւատը չունենար իր ներսէն, եթէ վերջապէս սահմանաւոր եւ ժամանակաւոր ըլլային մարդուս ակնկալությունները, ինչո՞ւ առաքինի մարդը այս աստիճան նահատակութեան յանձնատար ըլլար, մինչեւ զոհ ընելու չափ իր անձը հայրենեաց սիրոյն ու ազգին ապագային համար, զոր եւ ոչ իսկ աչքովը տեսնելու եւ մխիթարուելու յոյսն ունի։ ...Հայրենիք մը որ կայ, հայրենիք մը որ իր փառքին մէջ կը փայլի, սիրելը դիւրին է, բայց առաւել սիրով պէտք է սիրել հայրենիքը, երբ անիկա ինկած է, անփառունակ։
Իր կեանքով ու գործով՝ Գրիգոր Օտեան տուաւ Ազգին եւ Հայրենիքին անմնացորդ նուիրուելու նախանձելի օրինակը։

Ն.