Print
Category: Յուշատետր

Յուշատետրի Ապրիլ 14ի էջը իր ծննդեան տարեդարձով իմաստաւորող շնորհազարդ բանաստեղծն է Յովհաննէս Յովհաննիսեան, որ իր քնարերգութեամբ «ոսկեայ կամուրջ մը հանդիսացաւ» - Աւետիք Իսահակեանի բնութագրումով - արեւելահայ բանաստեղծներու երկու՝ Զարթօնքի եւ Գեղապաշտ սերունդներուն միջեւ։


Մինչեւ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի հայ գրականութեան անդաստան մուտքը, արեւելահայ քերթողութիւնը կլանուած էր Գամառ-Քաթիպայի Զարթօնքի սերունդին ազգային-հայրենասիրական եւ հռետորական-խրատական շունչով։
Իսկ Յ. Յովհաննիսեանի բերած նորաշունչ քնարերգութեամբ բացուեցաւ արդի դարաշրջանը արեւելահայ գրողներու գեղապաշտ սերունդին՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Վահան Տէրեանի տարողութեամբ գեղարուեստական մեծ թռիչքի տէր բանաստեղծներու յայտնութեան։
Իր առաջին բանաստեղծութիւններէն իսկ, Յովհաննիսեան ուշադրութիւն գրաւեց ե՛ւ քնարական իր նորարար հնչեղութեամբ, ե՛ւ արդի հայու յուզաշխարհը երգի վերածող թարմ շունչով։ Այդպիսին է, ահա՛, 1884ին լոյս տեսած քսանամեայ բանաստեղծին «Աւերակ» քերթուածը.

Որպէս վաղեմի մի աւանդութիւն
Կամ շքեղ երազ անմեղ մանկութեան,
Կենդանանում է այսօր իմ մտքում
Խրոխտ աւերակն նախնեաց մեծութեան.
Այստեղ բեկորներ վսեմ արուեստի,
Այնտեղ յիշատակն արքունի փառաց,
Եւ վկայարան սրբազան ուխտի,
Եւ տխուր հետքը մեծաշուք կենաց...

Օ՜հ, այսպէս ողջ մեր կեանքն է վաղանցիկ,
Ողջը լոկ ծաղր է անսիրտ բնութեան,
Եւ սէր, եւ հրճուանք համայն գեղեցիկ
Զոհ է աւերի եւ մոռացութեան,
Ինչպէս պատրանքը հեշտասիրութեան,
Ինչպէս գրգիռը պատանու արեան,
Խաբուսիկ ժպիտն աշնան արեւոյ.-
Բոլո՛րը վաղն է անհետանալու։

1864ին Վաղարշապատ (Էջմիածին) ծնած՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեան նախնական իր կրթութիւնը ստացաւ նախ գիւղի ծխական վարժարանին, ապա՝ Երեւանի պետական բարձրագոյն նախակրթարանին մէջ։ 13 տարեկանին ծնողքը զինք ուղարկեց Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը, ուր աշակերտեց Սմբատ Շահազիզի, որուն խրախուսանքով պատանի տարիքէն Յովհաննիսեան սկսաւ ոտանաւորներ գրել եւ լոյս ընծայել Ճեմարանի ուսանողական պարբերաթերթին մէջ։ Այնուհետեւ Յ. Յովհաննիսեան հետեւեցաւ ու աւարտեց Մոսկուայի Համալսարանի պատմութեան եւ լեզուագիտութեան ճիւղը, ուր հմտացաւ ոչ միայն ռուսերէնի, այլեւ անգլերէնի, լատիներէնի ու հին յունարէնի իմացութեան մէջ։ Միաժամանակ դասաւանդեց Լազարեան Ճեմարանի մէջ։
Մոսկուայի մէջ ապրած տասնըմէկ տարիները (1877-1888) Յովհաննէս Յովհաննիսեանի համար եղան ոչ միայն գեղարուեստական մշակումի առումով, այլեւ՝ ժամանակի ռուս յայտնի գրողներու հետ սերտ ծանօթացումի ուղղութեամբ բախտորոշ շրջան մը։ Կազմաւորման այդ շրջանը մինչեւ մահ հունաւորեց արեւելահայ արդի քնարերգութեան շնորհազարդ նահապետին գրական¬ստեղծագործական քայլերը։
Յովհաննէս Յովհաննիսեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Մոսկուայի հայ ուսանողութեան Գրական Ընկերութեան ծաւալած ինքնազարգացման եւ ստեղծագործական եռուն կեանքին։ Այդ ընկերութեան նախաձեռնութեամբ ալ, 1887ին, երբ Յ. Յովհաննիսեան համալսարանական իր ուսման վերջին տարին կը լրացնէր, լոյս տեսաւ Յովհաննիսեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը, որ լայնատարած հռչակ ապահովեց հազիւ 24 տարեկան բանաստեղծին։ Ղեւոնդ Ալիշան փութաց ողջունելու արեւելահայ քնարերգութեան այս նոր շունչին յայտնութիւնը։
Մոսկուայի համալսարանէն 1888ին վկայուելով, Յ. Յովհաննիսեան 1889ին ձեռնարկեց դէպի Եւրոպա շրջապտոյտի մը. եղաւ Կ.Պոլիս, Վիեննա, Փարիզ եւ Լոնտոն՝ գրական իր հետաքրքրութիւններուն յագուրդ տալով եւ մօտէն ծանօթանալով իր ժամանակի եւրոպական գրական շարժումներուն։
վերադարձաւ հայրենի ծննդավայր եւ ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին եւ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, ռուսական գրականութիւն եւ յունարէն դասաւանդելով ամբողջ տասնամեակներ։
1908ին լոյս տեսաւ իր բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորը, որ պատուանդանը հանդիսացաւ անոր արժէքին ու տեղին արեւելահայ արդի գրականութեան քնարերգակ բանաստեղծներու փաղանգին մէջ։ 1912ին արժանաւորապէս տօնուեցաւ գրական եւ կրթական իր գործունէութեան երեսնամեայ յոբելեանը։ Ի տարբերութիւն իր սերնդակիցներու մեծ մասին, Յ. Յովհաննիսեան կուսակցական¬յանձնառու գործունէութիւն չունեցաւ հայ ազգային-հասարակական կեանքի մէջ, այլ կեդրոնացաւ իր ուսուցչական ու գրական-ստեղծագործական աշխատանքներուն վրայ։ Այսուհանդերձ՝ իր յուզաշխարհը ան երբեք չփակեց հայ կեանքը փոթորկող մեծ ցնցումներուն առջեւ։ Ընդհակառակն՝ 1894-1896ի համիտեան կոտորածներէն սկսեալ, հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած թուրքեւթաթար ջարդարար հարուածները խոր արձագանգ գտան եւ Յովհաննիսեանի ներաշխարհին մէջ, ներշնչման աղբիւր դառնալով անոր ազգային-քնարական գործերուն, ինչպիսին եղաւ 1897ին գրուած «Նոր Գարուն» բանաստեղծութիւնը.

Քեզ ըսպասող չըմընաց,
Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն.
Գովքդ ասող չըմնաց,
Զուր ես գալի, ա՛յ գարուն։

Սեւ¬մութ պատեց աշխարհին,
Սար ու ձոր դառան արին,
Մեզ վայ բերեց էս տարին.-
 Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն։

Բիւլբիւլը գայ՝ թող ձէն տայ,
էյ ո՞վ պիտի քեզ խնդայ,
էլ ո՞ր սիրտը կը թնդայ.-
Զուր ես գալի, ա՛յ գարուն։

Բիւլբիւլն եկաւ՝ վարդ չունի,
Ծաղկոցը կայ՝ վարդ չունի.
Էլ ո՛վ ա որ դարդ չունի.-
Ո՞ւր ես գալի ա՛յ գարուն։

Դու ետ բերիր հաւքերին,
Ո՞նց տէր ըլնեն բըներին.
Էլ տեղ չկայ մեր երկրին.-
Զուր ես գալի, ա՛յ գարուն։

Աշուղի բերանը փակ,
Սազ-քեամանչէն փակի տակ,
Սիրտն ա էրւում անկրակ.-
Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն։
Քես ըսպասող չըմընաց,
Զուր ես գալի, ա՛յ գարուն.
Գովքըդ ասող չըմընաց.-
Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն։

Յովհաննէս Յովհաննիսեանի իւրայատուկ արժէքին եւ տեղին արժեւորումը կատարող հեղինակաւոր մեր գրողներն ու քննադատները միաձայնութեամբ կը նշեն, որ Յ. Յովհաննիսեան 1880-1890ականներու հայ իրականութեան հարազատ հայելին եղաւ գրական առումով։ Հայկական Հարցին բաժին հանուած համեւրոպական անտարբերութիւնը - Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներու օրինակով - ծանր հարուած հասցուց օսմանեան բռնատիրութեան դաժան լուծէն հանգիստ շունչ քաշելու համազգային մեր յոյսերուն։ Պանդխտութեան եւ ուսման համար Ռուսաստան եւ Եւրոպա թափած հայ երիտասարդութիւնը այլեւս չէր կրնար հոգեմտաւոր իր սնունդը բաւարարել Զարթօնքի սերունդին ազգային-հայրենասիրական հռետորաշունչ գրականութեամբ։ Ահա ա՛յդ մթնոլորտին մէջ յայտնուած Յովհաննէս Յովհաննիսեանի քնարերգութիւնը, իր մշակուած ու բիւրեղ աշխարհաբարով, բանաստեղծական յանգաւորումի եւ երաժշտաւորման նոր շունչով եւ ազգային-հայրենասիրական, ինչպէս եւ սիրային-ընկերային զգայնութիւններու իւրովի՝ ծայր աստիճան զգայուն ընկալումով, արագօրէն գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը։ Իր տրտմութեամբ եւ մեղմ զգացումներով հանդերձ՝ Յ. Յովհաննիսեանի բանաս
տեղծութիւնը սիրտէ բխող հարազատ երգ դարձաւ թէ՛ հայ պանդուխտին, թէ՛ ուսման ծարաւ եւ օտարացման ամէնօրեայ սպառնալիքին ենթակայ հայ երիտասարդին եւ թէ, վերջապէս, սեփական ժողովուրդին ցաւն ու վիշտը ապրող հայ հոգիներուն համար։
Յովհաննէս Յովհաննիսեան սրտի եւ յոյսի ջերմութիւն ներարկեց համատարած հիասթափութեան ցուրտ եղանակին մատնուած ամբողջ սերունդի մը՝ ուղի հարթելով հայ գրականութեան արդի բանաստեղծներու նորովի զարթնումին եւ յաղթ թռիչքին առջեւ։
Յովհաննէս Յովհաննիսեան մինչեւ 1929 ապրեցաւ՝ ինքնահաւատարմութեամբ, իր կրթական եւ գրական¬ստեղծագործական աշխատանքին վրայ կեդրոնացնելով իր ժամանակն ու շունչը։
Վախճանեցաւ 29 Սեպտեմբեր 1929ին, Երեւան, եւ իր յաւերժական հանգիստը գտաւ հայոց մայրաքաղաքի Պանթէոնին մէջ՝ հայոց մեծերու կողքին։
Իր յիշատակին նուիրուած վկայութեան այս էջը կ'արժէ փակել գաղափարական իր կտակը խտացնող՝ 1904ին գրուած «Արծիւն ու արտոյտը» քերթուածին փոխաբերական պատկերով.

Արծիւը կանգնած սեւ ժայռի գլխին
Հանգիստ ու հպարտ նայում է չորս դին.
Ցածն ամպեր ճերմակ յօդում են ձորում,
Վերեւում վճիտ եթերն է ծորում:
Եւ ձիւնագագաթ լեռների արքան
Չորս դին է նայում,
ասում ինքն իրան.-
«Ինձնից բարձր էլ
ո՞վ կարող է սլանալ,
Այս վեհ բարձունքին ինձ պէս
տԷր դառնալ»։

Յանկարծ երկնքի անհուն կապոյտից
Անուշ ճռւողիւն հնչեց բերկրալից։
Արծիւն ահաւոր նայեց դէպի վեր,
Տեսաւ՝ ուժը չէ աշխարհին միշտ տէր.

Արտոյտը փոքրիկ մինչ երկինք հասած,
Արեւի ոսկի փայլովն ողողուած,
Գովքն էր գեղգեղում
կենսաբեր գարնան,
Մահամերձ երկրի
օրհներգն յարութեան։


Ն.