Print
Category: Յուշատետր

Ապրիլ 10ի այս օրը, քսան տարի առաջ, բարբարոսական ահաւորութեամբ հայասպանական ոճիր մը գործուեցաւ ատրպէյճանեան զօրքին կողմէ։
Արցախի Մարտակերտ շրջանի հայաբնակ Մարաղա գիւղը օր ցերեկով ենթարկուեցաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած սպանդի։

Սեպտեմբեր 1991ին Արցախի հայութիւնը հռչակած էր իր անկախութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ մնալով եւ խորհրդային սահմանադրական օրէնքներուն վրայ հիմնուելով։ Ինքնապաշտպանական եւ ազգային-ազատագրական պայքարի դաշտ նետուած Արցախահայութիւնը տենդագին լծուած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական հիմերու եւ կառոյցներու հաստատման ու ամրապնդման։ Իսկ Դեկտեմբերին տեղի ունեցած էր փլուզուած Խորհրդային Միութեան պաշտօնական կազմալուծումը՝ ազատ արձակելով եւ անտառի օրէնքի քմայքին յանձնելով Չարիքի Կայսրութեան մականին տակ 70 տարի գերեվարուած ազգերն ու ժողովուրդները։
Ահա՛ աշխարհաքաղաքական այդ շրջադարձային բախտորոշ պահուն նորանկախ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը ի գործ դրաւ հայոց հինաւուրց հողին եւ շէներուն հայաթափումն ու թրքացումը ամբողջացնելու «ազգային մաքրազտման» իր ցեղասպանական ծրագիրը։
Շուշին դեռ ազատագրուած չէր եւ ամբողջ Արցախը, ինչպէս եւ մայր Հայաստանին հետ կապի բոլոր անցքերը ենթակայ էին ատրպէյճանեան  զօրքերու հակակշռին։ Հայակեր թշնամիին դէմ                   ապստամբած Արցախի ազատամարտիկ հայութիւնը ամէնուր եւ ամէն օր կը կրէր մահասփիւռ հետեւանքները անդադրում հրետանակոծութեան։
Համատարած ռմբակոծումներու եւ զրահամեքենաներով ու ծանր զէնքերով յարձակումներու այդ օրհասական պատերազմին մէջ տեղի ունեցաւ Մարաղայի Կոտորածը։
Մարաղան հայաբնակ գիւղ էր Մարտակերտի շրջանին մէջ, հայկական բարգաւաճ աւան էր Գանձակ-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ եւ կը հանդիսանար Լեռնային Ղարաբաղի դարպասը: Մարաղացիները աւանդապահ, հիւրասէր եւ հայրենի բնութեան կառչած հայեր էին, որոնք հիմնականին մէջ բրինձ կը մշակէին, ունէին թուզի ու նուռի այգիներ, պարտէզներ: Մարաղան հայութեան տուած է ծանօթ գիտնականներ, երաժիշտներ, գրողներ: 1989ի մարդահամարով՝ Մարաղան կը հաշուէր 4660 շունչ մարդ։
Մարաղան անցեալ դարասկիզբին երկու անգամ՝ 1918ին եւ 1920-21ին գրաւած, սպանդի ենթարկած ու աւերած են թուրքերը: Այնուհետեւ մարաղացիները միշտ ալ ապրած են զգուշաւոր՝ իրենց թուրք¬ազերի դրացիներուն նկատմամբ։ Իսկ 1988 թուին, Ղարաբաղեան շարժման առաջին իսկ օրերէն, Մարաղան եղաւ վտանգի առջեւ կանգնած Արցախի առաջին ամրոցներէն մէկը։ Մարաղան յայտնուեցաւ կրակի մէջ: Թուրքերը գիւղն աւերելու սկզբնական փորձ մը կատարած էին 1991ի Մայիսին, բայց գիւղի ֆետայի ազատամարտիկները կրցած էին քաջաբար ետ շպրտել նախայարձակները:
1992 թուականի Ապրիլ 10ի առաւօտեան ժամը 5ին Մարաղա յանկարծ թիրախ դարձաւ աննախընթացօրէն լայն ծաւալի հրետակոծութեան:  Կէսօրուան մօտ, ատրպէյճանական «Գուրթուլուշ» զօրամասը (1000 զինուոր), 20 զրահամեքենայի հետ, մտաւ գիւղ։ Հայոց Պաշտպանական ուժերը (60 ազատամարտիկ) տեսնելով, որ ի վիճակի պիտի չըլլան դիմադրելու թշնամիի անհաւասար գերազանց ուժին, նահանջեցին՝ զգուշացնելով գիւղի բնակիչներուն, որ միասին նահանջեն կամ թաքստոցները ապաստանին: Հիմնական բնակչութիւնը հեռացաւ գիւղէն: Իսկ ծերունիները եւ հաշմանդամները պատսպարուեցան նկուղները։ Յաջորդ օրը ազատամարտիկները գիւղը ետ գրաւեցին, բայց գտան 57 խաղաղ բնակիչի դիակ.- ոմանք գլխատուած էին, ուրիշներ հրկիզուած, մորթուած կամ աչքերը հանուած...  Հոս ու հոն նետուած էին մարդկային մարմնի բառացիօրէն սղոցուած մասեր՝ ձեռք ու ոտք եւ...
Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին երեւելի անդամներէն Պարոնուհի Քարոլայն  Քոքս օրին անկաշառ եւ անլռելի վկան դարձաւ Մարաղայի կոտորածին։ Ըստ Լորտերու Պալատի նախկին փոխ-խօսնակին՝ սպաննուած էին ոչ¬պակաս քան 45 հայեր: Ըստ հայկական անուանական ցանկին՝ զոհուած է 57 եւ գերեվարուած 45 խաղաղ բնակիչ: Գերիներու շարքին էին՝ 9 երեխաներ,  18 կին, 3 տարեց եւ մէկ կոյր (այս տուեալները հաստատուած են Միջազգային «Helsinki Watch» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան եւ Քարոլայն  Քոքսի կողմէ): Մէկ շաբաթ յետոյ Մարաղան ենթարկուեցաւ նոր յարձակման, որուն հետեւանքով բնակչութիւնը վերջնականապէս հեռացաւ իր հայրենի օրրանէն։ Ընդհանուր առմամբ՝ ատրպէյճանեան բարբարոսական եղեռնագործութեան Մարաղան տուաւ 90 նահատակ, տարբեր աստիճանի ծանր վէրքեր ստացան 37 հոգիներ, որոնց շարքին 21 կին եւ 6 երեխայ։
Այդպէ՛ս հայաթափուեցաւ եւ վերջնականապէս ատրպէյճանական գրաւման տակ ինկաւ Մարաղան։ Իսկ Մարաղայի կոտորածը իրագործելու համար «Գուրթուլուշ» գումարտակի հրամանատար Շահին Թալիբ օղլի Թագիեւը ստացաւ «Ատըրպէյճանի Ազգային Հերոս»ի կոչում:
Արցախեան Ազատամարտի սեւ էջերուն մէջ իր անմոռանալի տեղը ունեցող Մարաղայի կոտորածին յատկացուած յուշատետրի ոգեկոչական այս էջը կ'արժէ փակել նոյնինքն Քարոլայն  Քոքսի կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին մէջ ներկայացուցած հետեւեալ վկայութեամբ.
«Այն, ինչ որ մենք տեսանք՝ նկարագրութեան ենթակայ չէ: Գիւղը ամբողջովին աւերուած էր: Մարդիկ թաղում էին զոհուածներին, աւելի ճիշդ՝ այն, ինչ հնարաւոր էր թաղել - տանջամահ արուած, կենդանի այրուած, կտրտուած կամ սղոցուած դիակի մասեր: Մի մասին թաղել էին նախորդ օրը՝ նկարահանելու համար նրանց հանեցինք, թէեւ հասկանում էինք, թէ ինչքա՜ն ծանր է հայերի համար: Այդ օրերին Մարաղայում նկարահանուածը փաստում է այդտեղ իրագործուած սոսկալի կոտորածի մասին՝ գլխատուած ու կտրտուած դիակներ, երեխաների դիակներ, արիւնոտ հող եւ մարմնի մասեր, որտեղ սղոցել էին նրանց: Մենք տեսանք արիւնոտուած մանգաղներ, որոնցով կատարել էին այդ եղերագործութիւնը, հաւանաբար դրանք պէտք էր վերցնել մեր հետ՝ որպէս վկայութիւն, բայց ես դա չկարողացայ: Բնակիչներին սպաննելուց յետոյ ադրբեջանցիները թալանել եւ այրել էին գիւղը: Զինուորներից յետոյ յայտնուել էին քաղաքացիներ եւ շարունակել թալանը: Մենք տեսանք մի քանի լիքը լցուած պայուսակներ, որ դիակապտիչները չէին հասցրել տանել»:
Այսպէ՛ս, ահա, հայասպան թուրքի ահաւոր ոճրագործութեան զոհ գնաց Արցախի հայոց հինաւուրց Մարաղան։

Ն.