Print
Category: Յուշատետր

Յուլիս 11ը, Մ.Ա.Կ.ի որոշումով, 22 տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ «Աշխարհի Բնակչութեան Օր»ը։
11 Յուլիս 1987ին, երբ երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցաւ 5.000.000.000ը, աւելի լաւ ու բարօր աշխարհի մը պահանջով թափ առած միջազգային շարժումները սկսան ճնշում բանեցնել Մ.Ա.Կ.ի վրայ,
որպէսզի կայացնէ աշխարհի բնակչութեան միջազգային Օր մը հաստատելու որոշումը, զայն նուիրելով մարդկութեան ժողովրդագրական ապագան բարելաւելու առաջադրանքին։


Երկբեւեռ աշխարհակարգի փլուզման նախօրէն էր։ Երկու տարուան ճամբայ կտրած էր Խորհրդային Միութեան «կորպաչեւեան վերակառուցման» յուսահատական փորձը։ Ամբողջ մարդկութիւնը կը տեսնէր ու կը գիտակցէր, որ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը լրիւ սնանկացած էր՝ թէ՛ քաղաքական-գաղափարական, թէ՛ տնտեսական-ընկերային առումներով։ Այսուհանդերձ՝ 1987ին դեռ ոչ ոք վստահ էր, որ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ համրուող տարիներ միայն մնացած էին «Չարիքի Կայսրութեան» վերջնական փլուզումին համար։
Նախ 1989ին փուլ պիտի գար Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհը երկփեղկող Պերլինի պատը, որուն պիտի հետեւէր, 1991ի Դեկտեմբերին, Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումը։
1987ին նոյնպէս տեսանելի էին նախանշանները Ամերիկեան Կայսերապետութեան ելեւմտական ճգնաժամին, բայց դարձեալ ոչ ոք ստուգապէս կը նախատեսէր, որ տնտեսական-ելեւմտական ինչպիսի՛ ահաւոր անկումի մը նախօրէին կանգնած էր ողջ մարդկութիւնը։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ, ի տես արագօրէն աճող աշխարհի բնակչութեան թուաքանակին, յատկապէս անդրադառնալով աշխարհի բնակչութեան մեծ մասին սպառնացող ամէն կարգի առողջապահական եւ տնտեսական մահացու վտանգներուն, համաշխարհային տարողութեամբ թափ առած ընկերային շարժումները արդէն ի վիճակի դարձած էին իրենց օրակարգը պարտադրելու երկրագունդի ճակատագիրը ղեկավարող ուժերուն, որպէսզի այս վերջինները արմատական վերանայման ենթարկեն իրենց եսասիրութիւնը եւ անմարդկային անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը մարդկութեան լքեալ, անսնունդ, վատառողջ եւ մեծաքանակ մահացող մեծամասնութեան նկատմամբ։
Այդ ճնշումները արդիւնաւորուեցան 1989ին, երբ Մ.Ա.Կ.ի Զարգացման Ծրագրի Ղեկավար Խորհուրդը իր թիւ 89/46 որոշումով Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին յանձնարարեց Յուլիս 11ը հռչակել «Աշխարհի Բնակչութեան Օր»։
Այդպէս ալ եղաւ։
Այդ որոշումին արդիւնքը անմիջապէս զգալի դարձաւ նախ ժողովրդագրական հարցերուն ստացած առաջնահերթ նշանակութեամբ՝ ամբողջ միջազգային ընտանիքը տագնապեցնող ընկերային ու տնտեսական խնդիրներու օրակարգին վրայ։ Նորածիններու մահացութեան արագընթաց յաղթահարումէն մինչեւ սովահարներու փրկութեան ուղղուած միջազգային օգնութեանց կազմակերպումը, անցնելով կենսոլորտի պաշտպանութենէն եւ յետամնացութեան մատնուած լքեալներուն համար զարգացման հնարաւորութիւններու ապահովումէն, միջազգային հանրութիւնը արագօրէն լծուեցաւ երկրագունդը ամբողջ մարդկութեան համար աւելի բարօր եւ արդար աշխարհի մը վերածելու հաւաքական ճիգին։
Նոյն այդ որոշումին արգասիքը եղաւ Համազարմեակի Ծրագրին որդեգրումը, որ ահա երկու տասնամեակէ ի վեր հետեւողականօրէն կþաշխատի ի սպաս ոչ միայն երկրագունդի բարիքներուն աւելի արդար վերաբաշխումին, այլեւ մարդկային քաղաքակրթութեան ձեռքբերումները հաւասարապէս բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակին։
Կասկածէ վեր է, որ միայն ճամբուն սկզբնաւորութեան կը գտնուի մարդկութիւնը։ Գաղթատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան դարաշրջաններուն պատճառած չարիքները՝ իրաւազրկումները, կեղեքումները, անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները այնքան խոր արմատներ նետած են երկրագունդի ողջ տարածքին, որ նոյնիսկ բարեացակամութեան լիարժէք առկայութեան պայմաններուն մէջ, միջազգային ընտանիքը երկար ժամանակի եւ արմատական բարեկարգումներու կարիքը ունի, որպէսզի կարենայ շօշափելի նուաճումներ արձանագրել Աշխարհի Բնակչութեան Օրուան առաջադրանքները իրականացնելու ճամբուն վրայ։
Այդ առումով պերճախօս է Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Քարտուղարին 11 Յուլիս 2011ի ուղերձը, որ կը խտացնէ ոչ միայն Օրուան խորհուրդը, այլեւ՝ միջազգային ընտանիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Իբրեւ այդպիսին՝ կ՛արժէ յուշատետրի այսօրուան սիւնակը յատկացնել Պան Քի¬Մունի պատգամին.
«Այս տարուան Աշխարհի Բնակչութեան Օրը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը սպասենք երկրագունդի 7.000.000.000րդ բնակիչի ծնունդին։ Ասիկա առիթ մըն է տօնելու մեր հասարակաց մարդկայնութիւնը եւ բազմազանութիւնը։ Նաեւ յիշեցում մըն է մեր ընդհանուր պատասխանատուութեան՝ իրարու հանդէպ եւ մեր մոլորակին նկատմամբ հոգատար ըլլալու։
«Աշխարհի բնակչութեան եօթը միլիառի հասնիլը թուաբանական ուղենիշ մըն է, որ կու գայ շեշտելու, թէ մեր ուշադրութիւնը միշտ պէտք է կեդրոնանայ մարդոց վրայ։ Այդ պատճառով ալ ես ուրախ եմ, որ Միացեալ Ազգերու Բնակչութեան Հիմնադրամը թուաբանական այդ ուղենիշին իմաստ կու տայ՝ հռչակե, որ այս օր ճամբայ կը հանէ աւելի լաւ աշխարհի մը կերտման համար «7 Միլիառ Քայլեր»ու իր ծրագիրը։
«Աւելի քան երբեք, անհատ մարդիկ այսօր ի վիճակի են տարբերութիւն իրագործելու՝ համացանցի ճամբով իրարու հետ միանալով եւ բարեփոխման համար գործելով։ Այս տարի մենք ականատես եղանք բազում օրինակներու, որոնց ընդմէջէն ի յայտ եկաւ ահագին ուժը ժողովուրդներու, որոնք յուալքութեան փոխարէն ընդգրկեցին յոյսը եւ հետամուտ եղան արդար վերաբերումի արժանանալու իրենց իրաւունքին նուաճման՝ հոն, ուր խտրականութեան հետեւանքով կը տառապէին, պահանջելով արդարութիւնը՝ ընդդէմ բռնակալութեան։
«Այսօր ժողովուրդներ ոգեւորուած են հասնելու եւ անխոնջ աշխատանքով նուաճելու տիեզերական այն իրաւունքներ, որոնցմով կը հպարտանայ Մ.Ա.Կ.ը։
«Երբ կը գործենք ի խնդիր մեր ընդհանուր արժէքներուն՝ սատարած կըլլանք մեր հաւաքական ապագայի կերտումին։ Աղքատութեան եւ անարդարութեան յաղթահարումը կþօգնէ մարդկային անսպառ ներուժի շղթայազերծումին։ Հազարամեակի Զարգացման Նպատակներուն յառաջ մղումը կը նպաստէ բարեկեցութեան եւ խաղաղութեան ծաղկումին։ Եւ մեր մոլորակի բնապաշտպանութիւնը կþապահովէ այն բնական պաշարները, որոնք կը պահեն մեզ բոլորս։
«Այս տարուան վերջերուն, եօթը միլիառերորդ մանուկը պիտի ծնի բարդութեան եւ հակասութեան մեր աշխարհին մէջ։ Մենք բաւարար սննդանիւթ ունինք ամէնուն համար, այսուհանդերձ՝ մօտաւորապէս մէկ միլիառ հոգի անօթի կը մնան։ Մենք միջոցները ունինք ջնջելու շատ մը հիւանդութիւններ, այսուհանդերձ՝ անոնք կը շարունակեն տարածում գտնել։ Մենք ունինք պարգեւը հարուստ բնական միջավայրի մը, այսուհանդերձ՝ անիկա ենթակայ կը մնայ ամէնօրեայ յարձակման եւ չարաշահումի։ Խղճի տէր բոլոր մարդիկ կþերազեն խաղաղութիւն, այսուհանդերձ՝ աշխարհի շատ մեծ մասը բախումի մէջ է եւ շատ խոր մխրճուած զինարշաւի մէջ։
«Նման տարողութեամբ մարտահրաւէրներու նուաճումը պիտի պահանջէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ գտնուող լաւագոյնը։ Եկէք օգտագործենք այս Աշխարհի Բնակչութեան Օրը՝ վճռական քայլեր նետելու, որպէսզի աւելի լաւ ապագայ մը կերտենք մեր աշխարհի եօթը միլիառերորդ բնակիչին եւ գալիք սերունդներուն համար»։

Ն.