Print
Category: Յուշատետր

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ջերմեռանդ առաջնորդներէն Աւետիք Եւդոկիացի Պատրիարքի վախճանման 300ամեակը կը լրանայ այս Յուլիս 10ին։
Գրիչ եւ տաղերգու էր 7 Ապրիլ 1657ին Եւդոկիա ծնած հայ եկեղեցական մեծահամբաւ այս գործիչը, որ 35 տարեկանին Կարնոյ Առաջնորդ կարգուեցաւ, իսկ 1702էն մինչեւ 1706ին Ֆրանսա իր աքսորումը՝ ստանձնեց գահակալութիւնը միաժամանակ Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեանց։


«Հայադաւանութեան» հաւատաւոր ու մարտունակ պաշտպաններէն եղաւ Աւետիք Եւդոկիացի՝ յատկապէս լատինականութեան եւ կաթոլիկութեան դէմ իր մղած բուռն ու հետեւողական պայքարով։ Միաժամանակ հեռու մնաց մոլեռանդութենէ եւ առաջին գնահատողներէն եղաւ Մխիթար Սեբաստացու սկզբնական շրջանի ծառայութեան ու գաղափարներուն՝ անոնց մէջ արժեւորելով հայոց հոգեմտաւոր ժառանգութեան հոգեհարազատ ու թարմ շունչը։
Բայց որովհետեւ ապրեցաւ դաւանաբանական բուռն պայքարներու ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Լատին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու միջեւ հակադրութիւնը քաղաքական սուր առճակատման յանգած էր, Աւետիք Եւդոկիացի իր եկեղեցական ծառայութեան ընթացքին երկու անգամ քաղաքական աքսորի ենթարկուեցաւ, երկրորդին եւ վերջինին՝ դէպի Ֆրանսա, ուր ամբողջ չորս տարի բանտային ծանրագոյն չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, որպէսզի դաւանափոխ դառնայ եւ ընդունի ծառայել Հռովմի Պապին։ Աւետիք Պատրիարք մինչեւ իր առողջութեան ամբողջական քայքայումը դիմադրեց ամէն կարգի՝ ֆիզիքական թէ հոգեկան չարչարանքի եւ կառչած մնաց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ իր հաւատարմութեան, կոչումին եւ նուիրումին։ Դաւանափոխ դարձաւ միայն այն ատեն, երբ մահուան սեմին կանգնած էր լրիւ խորտակուած մարմնով ու հոգեպէս ուժասպառ։
1710ի Դեկտեմբերին ընդունեց լատինականութիւնը եւ նշանակուեցաւ Փարիզի լքեալ մէկ անկիւնը գտնուող եկեղեցիի մը քահանայ։ Հազիւ ամիսներու կեանք ունեցաւ իբրեւ այդպիսին եւ աչքերը առյաւէտ փակեց 1711ի Յուլիս 10ին...
Աւետիք Եւդոկիացի սերած էր քահանաներու ընտանիքէ։ Մինչեւ 15 տարեկանը, հօրենական յարկի տակ, աշակերտած էր հարիւրամեայ իր մեծ հօր՝ Սարգիս Քահանային, ինչպէս եւ զինք մկրտած Պօղոս Քահանային, որոնք երկուքն ալ կը նկատուէին իրենց ժամանակի ուսեալ մարդիկ։
1672ին, Եւդոկիոյ մէջ Յակոբ Պէլէնկցի Եպիսկոպոսի նուիրակութեան շրջանին, պատանի Աւետիքին մէջ կը զարթնի «կուսակրօն եկեղեցականութեան փափաքը», ինչպէս որ կը պատմէ Օրմանեան իր «Ազգապատում»ին մէջ։ Աւետիք երեք տարի կþաշակերտէ Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին եւ կþընկերանայ անոր նուիրակական շրջագայութեանց ընթացքին։ 1675ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի եւ անբաժան ուղեկիցն ու գործակիցը կը դառնայ Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին, անոր հետ շրջելով հայկական գաւառները։ 1689ին, անոնց Սեբաստիա գտնուած միջոցին, հոնկէ կþանցնի Ամենայն Հայոց Յակոբ Կաթողիկոսը, որ իր հետ Կ. Պոլիս կը տանի Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին, իսկ Աւետիք սարկաւագ Կաթողիկոսի ընկերակիցներէն երուսաղիմացի Սահակ Եպիսկոպոսին հետ կþերթայ Ս. Էջմիածին։ Սահակ Եպիսկոպոսին ընկերակից դառնալով՝ անոր հետ կը վերադառնայ Երզնկա, ուր Կապոսու կամ Կայիփոսի Ս. Յակոբայ վանքին մէջ Աբեղայ եւ, ապա, Վարդապետ կը ձեռնադրուի։ Նաեւ կը նշանակուի նոյն վանքին առաջնորդը եւ կը ձեռնարկէ շրջանէն ներս եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան եռուն գործունէութեան։
Օրմանեան Պատրիարք լայնօրէն կը ներկայացնէ կեանքն ու գործունէութիւնը Աւետիք Եւդոկիացիի՝ իբրեւ իր ժամանակի հայոց քաջարի հովիւներէն մէկը, որ իր հօտի կեանքին ու ինչքին պաշտպանութեան համար ծառացաւ մինչեւ անգամ Ենիչէրիներու դէմ, որոնք քրիստոնեաներու հանդէպ ամէն կարգի խըժ- դըժութիւններ կը գործադրէին։ Կը խոշտանգուի Ենիչէրիներու ձեռամբ, քառասուն օր անկողնոյ կը ծառայէ, բայց հազիւ ապաքինած կþերթայ մինչեւ Կ. Պոլիս, որպէսզի արքունի իշխանութիւններէն անհրաժեշտ հովանաւորութիւնը ձեռք ձգէ եւ Երզնկա վերադառնալով շարունակէ իր հօտին պաշտպանութիւնը։ Այս անգամ իր դէմ կը գտնէ Կարնոյ կուսակալը, որ զինք բանտարկել կու տայ եւ երեք օր կոճղի կը կապէ՝ անսնունդ ձգելով։ Բայց այս հարուածէն ալ կը յաջողի վերականգնիլ եւ յատուկ ատեանի առջեւ արդեարանալ իբրեւ իր հօտին նուիրեալ հովիւը։
Իր այդ վարքին համար Երզնկայի Սահակ Կիւմիշխանացի Եպիսկոպոսէն Ծայրագոյն Վարդապետի Գաւազան կþընդունի, իսկ Ս. Էջմիածին երթալով Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 35 տարեկանին։ Բայց Երզնկա վերադարձին ուղղակի իր կեանքին կը սպառնան։ Կը ըս- տիպուի ապաստանիլ Էջմիածին, ուր չորս ամիս  մնալէ ետք՝ 1691ին, Ամենայն Հայոց Նահապետ Կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի Կարնոյ հայոց Առաջնորդ եւ կը ղրկուի Կարին։ Այս շրջանին կը զուգադիպի Մխիթար Սեբաստացիի Բասէնի Վանքին մէջ հաստատուելու գործունէութիւնը, որուն մօտենալու եւ ներգրաւելու յիշատակելի ճիգ կը թափէ Աւետիք Եպիսկոպոս։
Կարնոյ Առաջնորդութեան շրջանը տասը տարի տեւեց, որմէ ետք ընտրուեցաւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք, 1702ին։ Պատրիարք ընտրուեցաւ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Սուլթանին եւ Ֆրանսայի թագաւորին միջեւ Երուսաղէմի սրբավայրերուն վրայ հակակշռի հարցով լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր։ Հռոմի Պապը իր ազդեցութեան տարածման լծակի վերածած էր Ֆրանսայի դեսպանը, որ ի սպաս լատինականութեան ձեռնարկած էր հայ թէ յոյն եկեղեցականներու դաւանափոխութեան արշաւին։ Հետեւանքը եղաւ Երուսաղէմի միաբանութենէն շարք մը եկեղեցականներու ըմբոստացումը օրուան Երուսաղէմի Մատթէոս Պատրիարքին դէմ։ Այդ ծանրագոյն պահուն Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուելով եւ իբրեւ նստավայր նախընտրելով հաստատուիլ ու գործել Եւրոպայի մերձաւոր Ատրիանուպոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ, Աւետիք Եւդոկիացի օսմանեան արքունիքէն ձեռք ձգեց սուլթանական հրովարտակ մը (Օրմանեանի համաձայն՝ 13 Յուլիս 1702ի թուակիր), որուն վրայ հիմնուելով պաշտօնապէս հռչակուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք։ Երկար ժամանակ, այնուհետեւ, Կ. Պոլսոյ հայոց իրերայաջորդ Պատրիարքները նշուեցան իբրեւ միաժամանակ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք։ Արտաքին¬քաղաքական պատճառներով առաջացած այդ իրաւախախտումին սրբագրումը երկար ճիգ ու մաշումի պայքար պահանջեց...
Թուրքեւֆրանսական այդ մրցակցութեան ծանր գին վճարեց անձնապէս նաեւ ինք՝ Աւետիք Պատրիարք, որ Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Ֆրանսայի դեսպանին հետեւողական պահանջներուն եւ ճնշումներուն հետեւանքով, ի վերջոյ շնորհազուրկ դարձաւ յաչս Սուլթանին, պաշտօնանկ եղաւ եւ 1706ին աքսորուեցաւ Ֆրանսա։ Իսկ Ֆրանսայի մէջ Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորը հայոց Պատրիարքին շղթայակապ բանտարկել տուաւ նախ Ս. Միքայէլի Վանքէն ներս, ապա՝ նոյնինքն Պասթիյի մէջ։ Պապական Աթոռը Աւետիք Պատրիարքին բանադրեց իբրեւ հերետիկոս եւ հերձուածող ու Ֆրանսայի թագաւորին վրայ ամէն ճնշում գործադրեց, որպէսզի Աւետիք Եւդոկիացի «դարձ»ի բերուի՝ ի հարկին ֆիզիքական ծեծի, բանտային չարչարանքի եւ հաւատաքննչական ճնշումի տակ։
Դեկտեմբեր 1706 մինչեւ 1710ի տարեվերջը, Աւետիք Պատրիարք բանտային կալանքի տակ ապրեցաւ իր կեանքին վերջին տարիները։ Պատրիարքարանի շրջապատը եւ Ադրիանուպոլսոյ թէ Կ. Պոլսոյ ազդեցիկ հայերը եւ զինք սիրողները նիւթական եւ քաղաքական մեծ զոհողութեանց դիմեցին, որպէսզի կարենան իր կալանաւորման տեղը գտնել եւ օգնութեան ձեռք երկարել Եւդոկիացիին, բայց այդ բոլոր ճիգերը ապարդիւն... մնացին։
Աւետիք Պատրիարք Պասթիյէն ազատ արձակուեցաւ միայն դաւանափոխ դառնալէ ետք, 1711ի Յունուարին, երբ արդէն խորտակուած էր ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս, ինչպէս որ Օրմանեան կը վկայէ։ Բայց դաւանափոխութիւնն ալ բաւարար չնկատուեցաւ, որպէսզի Եւդոկիացի կարենար պահպանել Եպիսկոպոսական իր աստիճանն ու համապատասխան եկեղեցական ծառայութեան իրաւասութիւնը։ Ան նկատուեցաւ պարզ քահանայ մը, որ միայն պատարագելու իրաւունք ունէր։ Այդպէս ալ հիւծած ապրեցաւ իր կեանքի վերջին վեց ամիսները, բուսաբանական այգիներու մնայուն այցելուն դարձաւ, մինչեւ որ վախճանեցաւ Յուլիս 10ին, 1711ին։
Աւետիք Եւդոկիացի Պատրիարք հայ ժողովուրդին կտակեց բանտային կալանքի պայմաններուն մէջ գրուած ու 1709ին աւարտած իր «Ինքնակենսագրութիւն»ը, որ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերեալ պատմական հարուստ սկզբնաղբիւր մըն է՝ գրուած գրաբարի եւ խօսակցական աշխարհաբարի խառնուրդ հայերէնով մը։
Աւելի քան 170 տարի ձեռագրի վիճակով պահուելէ ետք, «Ինքնակենսագրութիւն»ը առաջին անգամ լոյս տեսաւ 1874ին, Պոլիս հրատարակուող «Մասիս» թերթի էջերուն։ «Ինքնակենսագրութիւն»ը նաեւ սրտաճմլիկ վկայութիւնն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իր պատկանելութեան համար Հայոց Պատրիարքի մը կրած ահաւոր չարչարանքներուն եւ ապրած հոգեկան անհուն տառապանքին։

Ն.