Print
Category: Յուշատետր

Հայ ազգային գիտակցութեան մէջ կարմիր արեամբ յաւերժացած պահ է 1905 թուականի այս օրը՝ 17 Մարտը, երբ Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, Հայ ազգային-ազատագրական շարժման անզուգական ղեկավարը՝ Քրիստափոր Միքայէլեան եւ իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեանը զոհուեցան, Սուլթան Համիտի ահաբեկման համար պատրաստուած ռումբի փորձարկման ընթացքին։

Վիտոշի Խորհուրդը ինչպէս իր օրին եւ այնուհետեւ ամբողջ տասնամեակներ, նոյնպէս եւ այսօր կը շարունակէ լուսաւորել ու առաջնորդել ուղին ոչ միայն հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին, այլեւ՝ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայութեան ազգային վերածնունդին եւ դէպի նոր հորիզոններ յանդուգն թռիչքին։
Այդպէս է, որովհետեւ Մեծ Մարդասպանը ահաբեկելու իր քաղաքական յանդգնութեամբ, ահաբեկման կազմակերպումը անձամբ ղեկավարելու իր յեղափոխական կամքով եւ, մանաւա՛նդ, յանուն Սուրբ Գործին գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի օրինակով՝ Քրիստափոր հայոց սերունդներուն կտակեց բոլոր ժամանակներուն համար ուղի լուսաւորող Գաղափարի Փարոսը։
Ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով Քրիստափոր մարմնաւորեց  անսակարկ անձնուիրումը՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին։ Գերագոյն զոհաբերութեամբ եկաւ հաստատելու, որ երբ կայ մարտունակութիւնը եւ երբ աներեր է ի հարկին անհաւասար ուժերով կռուի դաշտ նետուելու կամքը՝ յեղափոխականը ի վիճակի է վերահաստատելու Դաւիթի եւ Գողիաթի առասպելին օրինաչափութիւնը, հայրենի մեր հողը բռնագրաւած ու հայու արեամբ ներկած բռնակալ մեծ կայսրութեան գերագոյն խորհրդանիշ «Մարդասպան Սուլթան»ն իսկ ահաբեկելու իր անկասելի յանդգնութեամբ։
Հայոց Պատմութեան այդ անմահ պահը կը խորհրդանշէ 17 Մարտ 1905ը եւ, իբրեւ գերագոյն յանդգնութեան մարմնաւորումը, յաւերժութեան կþարժանացնէ դէմքը հայկական յեղափոխութեան առաքեալին՝ Քրիստափորի, որուն մասին օտարն անգամ, «Պրօ Արմենիա»յի խմբագիր պելճիքացի Բիյէր Քիյեարի բառերով, կը վկայէ.
- «Այդ փոքրիկ, թուլամորթ մարդը, շփոթ քայլուածքով, որ՝ հակառական իր ալեխառն մազերին՝ դեռ տարիքաւոր չէր եւ պահպանել էր մանկական աչքերի յստակութիւնը, խօսում էր մի ձայնով՝ միաժամանակ մեղմ ու խռպոտ, համոզիչ եւ հրամայական։ Նրա տժգոյն կերպարանքը, հիւծուած՝ երկար անանձնական տառապանքից, ցաւագնօրէն յայտնում էր, որ նա զգացել ու կրել է իր հալածական եւ մարտիրոսացած բոլոր եղբայրների տանջանքները եւ որ նա արիւն էր թորել բոլոր նրաց վէրքերով եւ լացել նրանց արցունքով։ Սակայն այդ դէմքը ասում էր եւ այն, որ ինքը նրանցից չէ, որոնք ընկճւում են տանջանքի առջեւ, եւ իւրայինների դէմ գործուած ամէն մի ոճիր արծարծում էր նրա մէջ հաստատուն վճիռ՝ բնաւ չենթարկուելու դառն ճակատագրին եւ պատրաստել աւելի լաւ օրեր՝ տրամադրելի բոլոր միջոցներով, սկսած ամենախաղաղամիտ եւ խորաթափանց բանականութիւնից մինչեւ անխուսափելի բռնադատումը, երբ այլեւս չկայ ուրիշ»։
Այդ իմաստով է, որ Վիտոշի խորհուրդը իր մէջ կը խտացնէ Քրիստափորի օրինակով մարմնաւորուած եւ շնչաւորուած դասերը հայկական յեղափոխութեան.
- Անարդարութեան դէմ ծառացումը անբռնաբարելի իրաւունքն է ամէն մարդու, այդ շարքին եւ մանաւանդ Հայուն, որ օր ցերեկով եւ աշխարհի անտարբեր հայեացքին տակ բառացիօրէն կը կոտորուէր թրքական բռնակալութեան կողմէ։
- Արդարութեան ու Իրաւունքի համար պայքարը անպայման չեն ենթադրեր բիրտ ուժի գործածութիւն եւ յեղափոխականը զէնք կը վերցնէ միայն այն ատեն, երբ բռնակալ ու կամակոր թշնամին կը փորձէ արեան մէջ խեղդել Ազատագրումի յանդգնութիւնը։
- Քրիստափոր հաւատացողն էր Մարդու բարութեան եւ իր աշխարհայեացքով քարոզիչն էր իտէալապաշտ ընկերվարութեան այն դաւանանքին, թէ հարկաւոր է քաղաքակրթական բարեշրջման ճամբով մարդու մէջ բարին մշակել եւ չարը անցեալին մէջ թաղել։ Մարդկայնապաշտ իր այդ աշխարհայեացքով իսկ, ի տես անմեղ ու անզէն Հայու արեամբ ներկուած հայրենի հողին եւ հայ կեանքի դաժան իրականութեան, Քրիստափոր ոչ միայն պարզեց դրօշը յեղափոխական յանդուգն պայքարին, այլեւ հունաւորեց ուսմունքը յարատեւ կռուին եւ սեփական Ոյժի կուտակումով Իրաւունքն ու Արդարութիւնը նուաճելու մարտունակութեան։
- Քրիստափոր զէնքի գործածութեան հմուտ մարդ չէր, բայց երբ հայ իրականութիւնը նաեւ զէնքի հմտութեան պահանջը դրաւ իր առջեւ՝ հայկական յեղափոխութեան «Մարդագործ» առաջնորդը անվարան, անձամբ ձեռնարկեց Կարմիր Սուլթանը ահաբեկելու կոչուած ռումբին պատրաստութեան ու փորձարկումին։
Վիտոշի խորհուրդը այս ամէնը իբրեւ ազգային¬գաղափարական կտակ յանձնեց մեր սերունդներուն։
1859ին Գողթն գաւառի Ագուլիս գիւղը ծնած Քրիստափոր Միքայէլեան կոչումով ուսուցիչ էր։ 1880ին աւարտած էր Թիֆլիսի Ուսուցչանոցը եւ 1885ին մեկնած էր Մոսկուա՝ իր ուսումը կատարելագործելու համար։ Բայց Երկրի կանչը՝ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան պայքարին մեծ խարոյկը վառելու կոչումը, 1887ին, Մոսկուայի յեղափոխաշունչ միջավայրէն տուն դարձուց ուսումը կիսատ թողած Քրիստափորին։ Իր ծննդավայր Ագուլիսի մէջ ուսուցչութեամբ պարապող Քիստափորը ժամանակ չկորսնցուց եւ աշխոյժ լծուեցաւ Կովկասի հայութեան ծոցին մէջ խմորուող յեղափոխական տրամադրութիւններու եւ շարժումներու միաւորման աշխատանքին։
Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները, յաջորդաբար 1885ին եւ 1887ին, արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց մեծ էր պահանջը հայ յեղափոխականներու կազմակերպական միաւորումին, որպէսզի հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը կարենար Օսմանեան բռնատիրութեան անողոք հարուածներուն դէմ ազդու Ոյժ կուտակել, նաեւ՝ դիմադրել ցարական Ռուսաստանի կաշկանդումներուն ու հալածանքներուն։
Քրիստափոր լծուեցաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կազմութեան եւ գաղափարական լայնախոհութեամբ ու, միաժամանակ, յեղափոխական մարտունակութեամբ օժտուած իր հզօր անհատականութեան շնորհիւ՝ յաջողեցաւ իրագործել միութիւնը, եթէ ոչ մէկ ու միեւնոյն կուսակցութեան առաջացումով, բայց անպայման հայ ժողովուրդի Հաւաքական Ուժը երկաթեայ կազմակերպութեամբ օժտող եւ Համազգային Պատասխանատուութեան Ոգիով յեղափոխական պայքարը ղեկավարող Դաշնակցութեան յաղթարշաւով։
Դաշնակցութեան Գործին ղեկավարութիւնը Քրիստափորին կանուխէն տարաւ Ժընեւ, ուր ցարական հալածանքներէն ձերբազատուած՝ Հայկական Ազատամարտի մեծ առաջնորդը լծուեցաւ շարժման ազգային¬քաղաքական ուղղութիւնը հունաւորելու, եւրոպական ազատախոհ շրջանակներուն մօտ Հայկական Հարցին նկատմամբ համակրանքի նկատառելի ալիք բարձրացնելու, «Պրօ¬Արմենիա» ֆրանսերէն հրատարակութիւնը իրագործելու եւ մեծ պետութեանց մօտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակելու եւ ծաւալելու աշխատանքին։
Իսկ երբ 1898ին գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. 2րդ Ընդհանուր Ժողովը, որ հետեւեցաւ 1896ի համիտեան կոտորածներուն եւ գումարուեցաւ հակայեղափոխական տրամադրութիւններու սաստկացման մթնոլորտին մէջ, Քրիստափոր չէր կրնար այլեւս արտասահման մնալ։ Վերադարձաւ Կովկաս եւ բոլոր ուժերով լծուեցաւ Յեղափոխական Կռիւը նորովի յառաջ մղելու եւ ահագնացնելու պայքարին։ Այդ մղումով էր, նաեւ, որ իրագործեց Հայկական Ազատամարտի նիւթական կռուաններու ապահովման հետամուտ «Փոթորիկ»ի ծրագիրը, որ ունեւոր հայերէն նուիրահաւաքն էր յանուն Սուրբ Գործին, ի հարկին բռնի եղանակով։
Իսկ երբ 1904ին գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. 3րդ Ընդհանուր Ժողովը, ուր որոշուեցաւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի ահաբեկումը, Քրիստափոր բնականաբար պիտի ստանձնէր որոշումին գործադրութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը, եւ ստանձնե՛ց։
Դաշնակցութեան հիմնադիրը գերագոյն պարտքի զգացումով ձեռնամուխ եղաւ մեծ Բռնակալի ահաբեկման գործողութեան ծրագրումին եւ գործադրութեան։
Միեւնոյն մղումով ալ անձամբ ղեկավարեց ահաբեկման գործողութեան բոլոր հանգրուաններուն մանրամասն ծրագրումն ու նախապատրաստութիւնը։
Եւ այդ ճամբուն վրայ Քրիստափորի բաժին հանուեցաւ ճակատագրի դառն խաղը։
Վիտոշի լանջին, Բռնակալը ահաբեկելու կոչուած ռումբը վաղահաս պայթեցաւ փորձարկման պահուն՝ զգետնելով մեծ յեղափոխականն ու իր զինակիցը։
Քրիստափոր բախտը չունեցաւ իրագործելու Մեծ Մարդասպանի ահաբեկման իր ծարգիրը։ Բայց իր նահատակութեամբ վառեց հայոց Յեղափոխական Յանդգնութեան գաղափարական անմար խարոյկը, որ մինչեւ մեր օրերը կը կռանէ կամքերը եւ կ՛ոգեւորէ փաղանգը հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան համար իրենց գերագոյնը նուիրաբերելու պատրաստ հայոց Գաղափարի Մարտիկներուն։
Գերագոյն Յանդգնութեան ու Վճռականութեան խորհուրդը շնչաւորող օրն է 1905 թուականի 17 Մարտը, որ հայոց սերունդներու յիշողութեան եւ գիտակցութեան մէջ միշտ վառ կը պահէ Քրիստափորի պատգամը.
- «Պատռել է հարկաւոր քարտէսներու վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները. ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում։ Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ո՛չ մի սահման չէ կարող բաժանել մի ժողովուրդ, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան վճռողականութիւն եւ կապուած, միացած է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների ու զգացմունքների առողջ զարկերով»։
- «... Եթէ իրաւունքը իր պաշտպանութեան համար կռիւ է պահանջում, հապա կռիւը իր յաղթանակի համար նեցուկ պիտի ունենայ ոյժը։ Ոյժն է՝ որ կառավարում է աշխարհս, եւ մենք ձեռք կը բերենք մեր ուզածները՝ երբ ո՛յժ կ'ունենանք»։


Ն.