Print
Category: Յուշատետր

Մարտի առաջին օրը, 4 տարի առաջ, աշխար- հասփիւռ հայ ժողովուրդին հետ՝ քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհը սարսափահար ու շնչահեղձ ականատեսը դարձաւ անօրինակ ողբերգութեան մը։


2008 Փետրուարի վերջին գիշերուան ուշ ժամերէն սկսեալ, քաղաքացիական խռովարարութեան եւ եղբայրասպան պատերազմի չարաբաստիկ ուրուական մը պատեց քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակն ու շրջակայքը, յատկապէս հարաւակողմը՝ Ալ. Միասնիկեանի արձանին մերձաւորութեամբ։
Հայ ժողովուրդին հետ նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը ցնցուեցաւ՝ ի տես ոչ միայն նոյն ազգի զաւակներուն՝ ցուցարարներու եւ զինուորականներու միջեւ արիւնալի բախումներու, այլեւ Երեւանի կեդրոնէն ներս վաճառատուներու եւ պատահական ինքնաշարժներու ջախջախման ու կողոպուտի տեսարաններուն, որոնք վայրկեանը վայրկեանին հեռարձակուեցան աշխարհի չորս ծագերուն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդ ժողովրդավարութեան ճակտին ամօթի խարան մը եղան 1 Մարտ 2008ի խռովութիւնները՝ խորհրդանշելով քաղաքական բրտութեան ցաւով հիւանդագին գալարումը հայոց պետականութեան, ժողովրդավարական կարգերու կայացման դժուարին ճանապարհին։
Այսօր եւս, երբ չորս տարուան հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Մարտ 1ի հայրենիքի քաղաքացիական ողբերգութեան վրայ, ի վիճակի չենք ամբողջական եւ սպառիչ պատասխանը գտնելու այն մեծ հարցադրումին, թէ՝ ինչո՞ւ պատահեցաւ այդպիսի գահավիժում մը մեր երկրի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ, Հայաստանի առաջին նախագահին շուրջ խմբուած ուժերը ինչո՞ւ բիրտ ուժով իշխանութեան տիրանալու փորձ կատարեցին եւ, մանաւա՛նդ, ի՞նչ էր պատասխանատուութեան բաժինը Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն շուրջ խմբուած                     ուժերուն, այսինքն՝ օրուան իշխանութեանց եւ պե- տական կառոյցներուն, Մարտ 1ի խռովութեանց եւ զինեալ բախումներու հրահրումին մէջ։
Փաստօրէն դեռ մինչեւ այսօր թափանցիկ ու սպառիչ հաշուետուութեամբ կատարուած չէ Մարտ 1ի խռովութեանց քաղաքական անկողմնակալ գնահատականը։ Յատկապէս այդ նպատակով կազմուած խորհրդարանական խառն յանձնաժողովն անգամ, քանի մը անգամ երկարաձգելէ ետք իր աշխատանքի ամբողջացման ժամկէտը, ի վերջոյ սուսուփուս ձեռքերը լուաց եւ մէկ կողմ քաշուեցաւ, երբ չկրցաւ հիմնական հարցադրումին պատասխանը գտնել կամ... տալ։
Անշուշտ դժուար չէր պարզել եւ դիւրին եղաւ ճշդել պատասխանատուութեան բաժինը բողոքի հաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման ձեռնամուխ եղած քաղաքական ճամբարին, որ կը գլխաւորուէր Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի կողմէ։ Բայց Նոյնքան պարզ չէր եւ մինչեւ վերջ ալ դժուար եղաւ ստուգապէս ճշդել, թէ պաշտօնաւարտ նախագահ Ռ. Քոչարեանի եւ նորընտիր նախագահ Ս. Սարգսեանի իշխանաւոր ճամբարն ու ղեկավարած ուժային կառոյցները, իրե՛նք, որքանո՞վ պատասխանատուութեան բաժին ունէին քա- ղաքացիական հակադրութեան եւ լարուածութեան այդ աստիճան սրումին մէջ։
Մանաւանդ որ Մարտ 1ի եղբայրասպան ընդհարումները յանկարծակի չպատահեցան։ 19 Փետրուարի նախագահական ընտրութեանց աւարտին հետ, անմիջապէս, ծայր առին նախագահական թեկնածու Սերժ Սարգսեանի օգտին տրուած քուէներու 52 տո- կոսի մեծամասնութան արդիւնքը վիճարկող, մերժող եւ բողոքարկող տէր¬պետրոսեանական ճամբարի հաւաքներն ու ցոյցերը։ Շուրջ տասը օր շարունակուելով՝ այդ հաւաքներն ու ցոյցերը աստիճանաբար թափ ստացան եւ աւելի կարծր առճակատման հունի մէջ մտան՝ քաղաքացիական ընդհարման վտանգը անխուսափելի դարձնելով։ Տարբեր զարգացում չէր կրնար ունենալ 2008ի նախագահական ընտրապայքարին ողջ ընթացքը բնորոշած թշնամական բեւեռացումը թեկնածուներ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի միջեւ։ Ժողովրդավարական արժէքները հիմնովին ոտնակոխող բեւեռացում մը, որ պետական                   թէ ստուերային իշխանաւոր ուժերու նիւթական խայծերով եւ սպառնական ճնշումներով՝ զոյգ մրցակիցներու հակակշռին տակ դրաւ քուէները ընտրազանգուածին։
Հետեւանքը քաղաքական բացայայտ անզօրութիւնն էր նախագահական աթոռին տիրացած Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներու ճամբարին։ Նորընտիր նախագահը համաժողովրդային վստահութեան բարոյական յենարանը չունէր, որպէսզի կարենար քաղաքականապէս յաղթահարել ընտրութեանց ար-               դիւնքին դէմ ծաւալած ընդհանուր դժգոհութիւնը, որ միայն տէր¬պետրոսեանական հաւաքներու եւ ցոյցերու շրջանակով չէր սահանափակուած։
Այդ պայմաններուն մէջ, ինչպէս որ ընտրութիւններուն պարտուած կողմը քաղաքացիական հակադրութեանց լարումին մէջ կը փնտռէր ջուրին երեսը մնալու յուսահատական իր ելքը, այնպէս ալ յաղթական կողմը անելէն դուրս գալու ձեռնտու ելք նկատեց բիրտ ուժով ճնշումը խռովութեանց՝ բոլորին հասկցնելու համար, թէ իշխանութիւնը ի վիճակի է բիրտ ուժով պարտադրելու իր յաղթանակին «օրինականութիւն»ը։
Այդպէս ալ եղաւ։
Նախագահական իշխանութեան հաւատարիմ                զօրայինները բիրտ ուժով փորձեցին հաւաքներուն վերջ տալ եւ ցուցարարները ցրուել։ Իսկ այս վերջինները աւելիով բիրտ, նոյնիսկ գրգռիչ եղան իրենց հակադարձութեան մէջ... Տասը սպանեալ եւ բազմատասնեակ վիրաւորներ ինկան Երեւանի կեդրոնա-                 կան փողոցներուն վրայ։ Մարտ 1ի խռովութիւնները զսպելու եւ հասարակութեան մէջ ստեղծուած անիշխանական մթնոլորտը յաղթահարելու կարգախօսքով՝ իշխանութիւնը պաշարման վիճակ եւ գրաքննութիւն հաստատեց, հարիւրաւորներ բանտերը նետեցեւ, ոստիկանական պետութեան մը ամպհովանիին տակ, յառաջացաւ դէպի նախագահական նոր վարչակազմի  ձեւաւորումը։
Միջազգային ընտանիքը անշուշտ օգտագործեց առիթը։ Մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական ազատութեանց պաշտպանութեան կարգախօսքով՝ Հայաստանով եւ տարածաշրջանով շահագրգռուած մեծ տէրութիւնները յարմար պահը գտան պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու, համաժողովրդային վստահութեան կռուանէ զուրկ նախագահական նորահաստատ իշխանութեան իրենց պահանջներն ու հաշիւները             պարտադրելու համար։
Բայց այդ ամէնը մեր ետին է այսօր. արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան ճակատներուն վրայ, բախտորոշ եւ ծանրակշիռ վերիվայրումներով բեռնաւոր չորս տարիներ անցած են 1 Մարտ 2008էն ասդին։
Անշուշտ շատ ճիգեր թափուեցան քառամեայ այս ժամանակամիջոցին, որպէսզի Մարտ 1ին բացած վէրքերը դարմանուին եւ բնաւ չկրկնուին։ Այդուհանդերձ՝ արդէն իշխանափոխութեան նոր հնարաւորութեան մը սեմին կանգնած Հայաստանի եւ հայութեան համար, ոչ միայն ամօթի խարանը դեռ չէ ջնջուած հայոց պետականութեան ճակատէն, այլեւ՝ ամէն գնով հայրենիքի կառավարման ղեկին վրայ մնալու ներկայ իշխանութեանց վարքագիծը յուսադրիչ երաշխիք չþընծայեր՝ վաղուան պայծառ օրուան հասնելու առումով։
Եւ եթէ իրապէ՛ս կայ հաւաքական կամքը՝ երբեք չկրկնելու Մարտի Մէկը, այդ պարագային ամէն բանէ առաջ եւ վեր պէտք է ձեռք քաշել «ազատ եւ արդար ընտրութիւններ» խոստանալու յաւուր պատշաճի ու ամբոխավարական հռետորութենէն։
Հայ աստանի երիտասարդ ժողովրդավարութեան ճակտին յամեցող քաղաքական բրտութեան ամօթալի խարանը կը ջնջուի միայն այն ժամանակ, երբ հետեւողականօրէն կþամրապնդուին ժողովրդավարական մասնակցութեան կռուանները մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ, երբ կը յարգուի եւ ակնածանքով կþընկալուի իւրաքանչիւր քաղաքացիի քուէն, ազատօրէն ընտրութիւն կատարելու քաղաքացիական իրաւունքը, որպէսզի իշխանութեան ոչ մէկ յաւակնորդ փորձէ խաղալ քաղաքացիական բեւեռացման կրակին հետ այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ 1 Մարտ 2008ի նախօրէին, ընթացքին եւ... աւարտին։
Որպէսզի վաղուան մեր պայծառ օրը խարսխուի 1 Մարտ 2008ի ողբերգութեամբ ու արեամբ գրուած անմոռանալի այն պատգամին վրայ, թէ ժողովրդավարութեան հզօրութիւնը կը կայանայ քուէի ուժով իշխանափոխութիւն իրագործելու հնարաւորութեան մէջ, եւ թէ ժողովուրդի իշխանութեան հաստատումով պայմանաւորուած է ընտրութեանց ազատ ու արդար բնոյթը։


Ն.