Print
Category: Յուշատետր


Երէկ՝ 21 Փետրուարին, քաղաքակիրթ մարդկութեան հետ հայաշխարհը եւս տօնեց «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը։
21րդ դարու նորամուծութիւններէն է մայրենի լեզուներուն յատուկ Օր նուիրելու համաշխարհային նախանձախնդրութիւնը։
21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։

Որոշումը տրուեցաւ 2009ի Նոյեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդհանուր Ժողովի 30րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով։
Եւ 21 Փետրուար 2000էն սկսեալ, ամէն տարի, Փետրուար 21ին կը նշուի քաղաքակիրթ մարդկութեան մեծագոյն հարստութեան՝ Մայրենիին նուիրական այս տօնը։
Պէտք չկայ զարմանալու եւ հարց տալու, թէ ինչո՞ւ մինչեւ 2000 թուականը միջազգային հանրութիւնը չունէր եւ տօնած չէր Մայրենիի Օրը։
Պատասխանը պարզ ու միակն է. խտրականութեանց եւ հալածանքներու ամէնէն ահաւորը մայրենի լեզուներու դէմ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնն ու այլամերժութիւնն էին, որոնք քաղաքակրթութեանց պատմութեան բոլոր մատեաններուն մէջ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, իբրեւ մեղսագործութեան մուր եւ ամօթի խարան արձանագրուած են...
Յատկապէս քսաներորդ դարու ամբողջ երկայնքին, գաղութատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան կապանքներէն ազատագրուելու քաղաքակրթական դժուարին պայքարին հետ, միջազգային հանրութիւնը բաղկացնող միջակ ու փոքր ազգերն ու ազգային փոքրամասնութիւնները օրհասական կռիւ մղեցին ի խնդիր իրենց մայրենի լեզուին պաշտպանութեան՝ անհետ կորսուելու վտանգին դէմ մաքառելով իրենց բոլոր ուժերով։
Ահա այդ պայքարին արգասիքը եղաւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ուան աշխարհով մէկ հռչակումն ու նուիրագործումը։
Որոշապէս հայ ժողովուրդին համար տարուան տօնական օրերուն ամէնէն նուիրականը կը հանդիսանայ Մայրենիին Օրը։
Եւ ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, ուր ամէն վայրկեան զգալի են եւ տագնապեցնող՝ Մայրենիի նահանջն ու տեղատուութիւնը, որոնց յաղթահարման զօրաշարժի կոչ է, ըստ ամենայնի, 2012ը Հայ Գրքի տարի հռչակելու Արամ Ա. Կաթողիկոսի որոշումը։ Ի վերջոյ հայերէն ընթերցանութեամբ է, որ մեր Մայրենին աւիշ կը հասցնէ հայոց սերունդներու ինքնաճանաչման ու ինքնազրահման՝ օտար ափերու վրայ մոլեգնած օտարացման, ձուլման եւ ինքնալքութեան փոթորիկներուն դէմ։
Նոյնպէս եւ հայրենի հողի վրայ հայութիւնը կը դիմագրաւէ Մայրենիի պաշտպանութեան մեծ խնդիրը, որովհետեւ խորհրդային կարգերու տակ ոչ-պետական լեզու հռչակուելու վտանգին դէմ մղուած տասնամեակներու պայքարէն ետք, Մայրենիի պահպանումն ու լիարժէք զարգացումը վերջին քսանամեակին կը դիմագրաւեն ծանրակշիռ գրոհը համաշխարհայնացման հարթիչ գլանին։
Հպարտութեամբ կþարժէ արձանագրել, որ հայրենիքի մէջ երէկ արժանի կարեւորութեամբ նշուեցաւ Մայրենիի Օրը։ Օրակարգի առաջնահերթ խնդիր հռչակուեցան Հայ Լեզուի անաղարտ պահպանումն ու ժամանակի ոգիով վերաթարմացումը։ Պաշտօնական եւ անպաշտօն բեմերէն միաձայն հնչեց մեծագոյն իմաստութիւնը հայոց՝ մեսրոպեան տառերով բանաձեւուած «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» պատգամով։
Հայրենական կողմն հայաշխարհի բարձրաձայն արձագանգ գտաւ, այս առիթով, նոյնքան անփոխարինելի իմաստութիւնը հայոց մեծերուն, որոնք հետեւողականօրէն պատգամած են սերունդներուն, թէ երբ հայրենին՝ հո՛ղը կ'երերայ հայ ազգի ոտքին տակ, մայրենի՛ն է միակ ու կենարար ապաստանը հայուն։
Ինչպէս որ երէկ, Մայրենիի Օրուան առիթով, կլոր սեղանի զրոյցի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ա. Մակարեանի կողմէ՝ «Խօսքն այսօր մայրենիի անաղարտութիւնը պահպանելու մասին է: Չժխտելով փոխառութիւնների‘ մի լեզուից միւսին անցնող բառերի ու քերականական իրողութիւնների կամ բառապատճէնումների բնական փաստը, ինչպես նաեւ օտար կամ հայրենի հեղինակների կողմից հրամցուող նորաբանութիւնների բարերար ազդեցութիւնը, ինչու չէ նաեւ բարբառների, անգամ ժարգոնների (ռամկաբանութիւններո՞ւ -Ն.) անհրաժեշտ առկայութիւնը՝ այսօր ականատեսն ենք մի ցաւալի իրողութեան. ժամանակակից հայոց լեզուի արտասովոր հարուստ՝ շուրջ 250.000 բառ պարունակող բառապաշարի առկայութեան պայմաններում Հայաստանում մարդիկ սկսել են խօսել տգեղ, սոսկ մի քանի տասնեակի հասնող բառերի չափազանց աղքատիկ բառապաշարով, խեղճուկրակ հայերէնով, անգամ բառիմաստային խայտառակ աղաւաղումներով (այսօր շատերն են միամտաբար կարծում, թէ  անպաճոյճն՝ անպայմանն է, մեղանչելը‘ զղջալը…): Իսկ ո ՞վ է մեղաւորը: Մեղաւոր ենք բոլորս: Այստեղ ակամայ յիշեցի հայոց երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Հ
այրապետի մի ուշագրաւ միտքը՝ ասուած տեսանելի ու անտես թշնամիների մասին.- «Ի՞նչ է աներեւոյթ թշնամին: Այն թշնամին, որ մէջէն կը գործէ... այդ թշնամին է, որ ամէնէն վտանգաւորն է, որովհետեւ այդ թշնամին կը նմանի ծառի մէջէն գործող որդին, որ կþուտէ աւիշը, կը չորցնէ ծառը»։
Ներքին այդ ցեցերուն դէմ պայքարը խորհրդանշող օր է նաեւ Փետրուար 21ը՝ առանձնապէս հայ ժողովուրդին համար։
Հայ Լեզուի պահպանման եւ անկաշկանդ զարգացման անփոխարինելի կռուաններուն՝ հայախօս ընտանիքի, հայաշունչ ազգային վարժարանի, հայախորհուրդ եկեղեցւոյ եւ հայաթռիչ ակումբի օրն է նոյնպէս Փետրուար 21ը որոշապէս մեր գաղութիւն համար, որ կþապրի ծանրագոյն ճգնաժամի ժամանակներ, պետական սնանկութեան մատնուած յունական իր բնօրրանին մէջ։
Մայրենիին մեր աչքի լոյսին չափ գուրգուրալու հրաւէրն է, վերջապէս, Փետրուար 21ի տօնը, որովհետեւ՝ ինչպէս բանաստեղծը կը պատգամէ՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն»։


Ն.