114 տարի առաջ. 1898ի Փետրուար 13ին, հայրենի Արմաշի մէջ աչքերը բացաւ տաղանդաւոր հայ մանուկ մը։ Աւազանի անունն էր՝ Այվազեան Ասքանազ։ Կենսագիրները կը վկայեն, որ ծնողքը առաջին իսկ օրէն Շաւարշ կանչեց նորածինը։ Իսկ ի վերուստ գրելու բնատուր տաղանդով օժտուած այդ մանուկը, երբ մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, իբրեւ գրչանուն ընտրեց Նարդունի մականունը՝ ծաղիկի անունէն ներշնչուած։
Եւ այդ մանուկը դարձաւ հայ ժողովուրդի միտքն ու հոգին ազնուացնող Շաւարշ Նարդունին։
Սփիւռքեան ափերու վրայ եւ յատկապէս համայնակալ Փարիզի մէջ իր երիտասարդութիւնը կենսագործող յետ-եղեռնեան հայութեան առաջին սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն եղաւ Նարդունի։ Իր Սերունդը համակած ազգային վիշտն ու հայրենի կարօտը, խոր մարդկայնութիւնն ու յորդ հայեցիութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, սփիւռքահայու բարդ հոգեկերտուածքը իր ՊԱՐԶՈՒԹԵԱՆ մէջ յաւերժացնող շնորհալի գրողը եղաւ Նարդունի։
Ապրեցաւ մինչեւ 1968 եւ բնաւ հանգիստ չտուաւ իր գրչին։ Տասնամեակներ ամբողջ եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի փարիզեան «Յառաջ»ին կանոնաւոր աշխատակիցն ու ընթերցող լայն հասարակութեան կողմէ փնտռուած մնայուն իր սիւնակը ունեցող հեղինակութիւնը։
Մասնագիտութեամբ վկայեալ բժիշկ էր եւ տասնամեակներ հրատարակեց «Հայ Բոյժ» ամսագիրը։
Բազմութիւնները գրաւող հռետոր էր միաժամանակ եւ, իբրեւ այդպիսին, Սփիւռքի ողջ տարածքին իր առինքնող խօսքն ու շունչը բաշխած բանախօս։
Շաւարշ Նարդունիի մեծութեան եւ ժողովրդականութեան գաղտնիքը կը գտնուի բուխ սիրտն ու գիտական միտքը համատեղելու՝ միաձուլելու իր արժանիքին մէջ։ Բուխ սիրտ՝ որ միշտ յորդեցաւ հայրենի հողի, հայ գեղջուկի ազնուութեան, հայ լեզուի հարստութեան եւ ազգային արժէքներու վարար պաշտամունքով։ Գիտական միտք՝ որ Լոյսի Քաղաքէն բացուած էր ողջ աշխարհն ու մարդկութիւնը յուզող մեծ ու ծանր բոլոր խնդիրներուն վրայ՝ Հայաստանէն պոկուած հայ բեկորի անխարդախ պրիսմակով։
Հայերէն արձակը միայն բացառիկներու մօտ հասած է Նարդունիի նուաճած գեղարուեստական մաքրութեան, բանաստեղծական շունչի, խոհական ներհայեցողութեան եւ անկեղծ յուզականութեան այդքան բարձր աստիճանի։ Բայց մանաւանդ ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆը եղաւ առանձնայատուկ նուաճումը Նարդունիի արձակին, որ թէեւ չունեցաւ սերնդակից Շահան Շահնուրի կամ Վազգէն Շուշանեանի արձակը յատկորոշող բռնկուն ուժականութիւնը եւ պոռթկումի թափը, բայց ոչ մէկ առումով զիջեցաւ ապրումի եւ խոհականութեան վաւերական կրակէն։
Առանձին հատորով լոյս տեսած իր «Մեղեդինե՜ր, մեղեդինե՜ր», «Բանե՜ր, բանե՜ր... ի՜նչ բաներ», «Երուսաղէ՜մ... Երուսաղէ՜մ», «Կանանչ բաժակով», «Ջրվէժ» եւ միւս գործերը ոչ միայն գրական ընթերցումի վայելքը փոխանցեցին՝ ճաշակը մշակեցին եւ հոգին ազնուացուցին տարագրութեան փշոտ ու վհատեցնող ճանապարհը հարթող հայ բազմութիւններուն, այլեւ՝ հունաւորեցաին սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներու մտածելակերպն ու հոգեկերտուածքը։
Հայու սրտէն բխած «Բարի լոյս»ը, հայու հպարտութիւնը պատուանդանի բարձրացնող «Հայաստանը ամէն բանէ վե՜ր»ը, «Աշխարհի չորս ծագերուն խաղաղութեան եւ արեւշատութեան Անդաստանի մաղթանք»ը, Նարդունիի գրչին տակ, սոսկ բանաստեղծութիւն չէին ու չեղան միայն գրական ապրում, այլեւ վերածուեցան ազգային¬գաղափարական հանգանակի ու յանձնառութեան։
Պատահական չէ, որ հայ ժողովուրդի մեծութեան եւ հմայքին, ազգային արժանաւորութեան ու ստեղծագործական հունձքին մասին վաւերական վկայութիւն փնտռող յետադարձ որեւէ հայեացք անպայման կանգ պիտի առնէ Շաւարշ Նարդունիի վաստակին վրայ՝ հայօրէն ներշնչումի իր ակունքներով վերանորոգուելու համար։
Սերունդներ ամբողջ Հայաստանն ու Հայը պաշտամունքի աստիճան սիրելու կրակը ստացան Նարդունիներէն։
Ցեղասպանին մարմնաւորած քաղաքակրթական պատուհասը պատկերացուցին Նարդունիական պարզ, բայց հաստատ ախտաճանաչումով։
Եռագոյնն ու անոր խորհրդանշած հայկականութեան փառքն ու ողբերգութիւնը նոյնպէս ողջ էութեամբ ընկալեցին Նարդունիի յուզաշխարհով։
Նարդունիի յիշատակին որքա՜ն տեղին է, Մեծն Վարուժանի հետեւողութեամբ, խոնարհիլ Նորին Վսեմութիւն Պարզութեան առջեւ։
Ճշմարիտն ու Իրաւը մեծ են իրենց Պարզութեան մէջ։
Ն.