Print
Category: Յուշատետր

Հայ ժողովուրդը առանձնայատուկ պատճառներ ունի, որպէսզի իր բանակին հիմնադրութեան օրուան տօնակատարութիւնը վերածէ ազգային հպարտութեամբ, ինքնավստահութեամբ ու մարտունակութեամբ վերանորոգուելու խորախորհուրդ առիթի մը։


Եւ պատահական չէր, որ ամիսներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման քսանամեակին առիթով, ազգային մեր պետականութեան վերականգնման, արդիականացման ու հզօրացման երթը արժեւորելու ատեն, հայ քաղաքական միտքը առանձնայատուկ կարեւորութեամբ շեշտը դրաւ Հայոց Ազգային Բանակի կազմութեան, ըստ արժանւոյն կայացման եւ կատարելագործման մեծագոյն նուաճումին վրայ։
28 Յունուար է դարձեալ եւ մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ կը տօնէ ոչ միայն իր բանակին հիմնադրութեան օրը, այլեւ քսանամեակը ազգային մեր պետականութեան ապահովութիւնն ու պաշտպանութիւնը երաշխաւորող մարտական ողնասիւնին։
20 տարի առաջ՝ 28 Յունուար 1992ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի որոշումով, կեանքի կոչուեցաւ Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ զայն գլխաւորելու պաշտօնը յանձնուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի։
Բառին քաղաքական իմաստով դժուարին, այլեւ ցաւատանջ երկունք մը ունեցաւ Հայոց Ազգային Բանակը։ Պետական ու քաղաքական իշխանութիւններու որոշումէն առաջ արդէն, մեր ժողովուրդը ի՛նք իր ծոցէն ծնունդ տուաւ Հայկական Բանակի կամաւորական յառաջամարտիկներուն։ Արցախեան Ազատամարտի առաջին բռնկումներուն հետ, Մահ կամ Ազատութիւն մեր հինաւուրց ռազմերգը հնչեցնելով եւ Հայրենիք կամ Մահ ուխտելով՝ հայ ժողովուրդի նորօրեայ ֆետայիները հարթեցին Հայկական Բանակի ստեղծման ուղին։
Նոյնինքն Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վկայութեամբ, 1988ին թափ առած Արցախեան շարժման առաջին իսկ քայլերէն սկսաւ Հայոց Ազգային Բանակին սաղմնաւորումը։ Հայկական բանակի երկունքին մէջ իրենց վճռորոշ ներդրումը ունեցան Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմուած ժողովրդային առաջին զինեալ խմբաւորումները, անոնց կազմակերպման եւ ձեւաւորման առաջադրանքով կեանք առած հայկական նորանուն կուսակցութեանց ֆետայական ջոկատները, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ խորհրդային բանակի հայ սպաներու յայտնութիւնը Արցախեան Շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։
Քաղաքական խիթեր ու գաղափարական ցաւագին գալարումներ շատ ունեցաւ Հայոց Բանակին երկունքը. նոյնինքն Արցախեան Շարժման յառաջատար ուժերուն միջեւ ներքին հակասութիւններն ու հակադրութիւնները շատ ծանր ճնշեցին։ Մինչեւ իսկ 23 Օգոստոս 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի որդեգրումէն ետք, երբ 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հիմերը վերականգնելու միահամուռ յանձնառութիւնը օրէնսդրականօրէն ամրագրուած էր, Հայոց Ազգային Բանակի կազմութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան հիմնադրման քաղաքական քայլը դիւրին չառնուեցաւ։ Ներ¬քաղաքական բուռն հակադրութեանց պատճառ դարձաւ օրին։ Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի իշխանութեանց ղեկին հասած Հայոց Համազգային Շարժման ղեկավարութիւնը, յանձին խորհրդարանի նախագահ Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի, յամառօրէն պնդեց ՀՀՇական այն ռազմավարական դաւանանքին վրայ, թէ «Մեր պաշտպանութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է»՝ ձգձգելով իրաւական ու պաշտօնական ամրագրումը մինչ այդ իրողապէս արդէն կազմուած Հայոց Ազգային Բանակին ու Պաշտպանութեան նախարարութեան...
Դեկտեմբեր 1991ի Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումէն ետք միայն ընթացքի մէջ դրուեցաւ օրէնսդրական նուիրագործումը Հայկական Բանակի կազմութեան եւ, այդ առումով ալ, 28 Յունուար 1992ին Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնակոչման օրը հետագային հռչակուեցաւ ազգային¬պետական տօն։
Յուշատետրի սիւնակը հնարաւորութիւնը չի տար առանձնաբար ու անուն առ անուն յիշատակելու եւ արժեւորելու Հայոց Ազգային Բանակի կազմաւորման սկզբնական շրջանի, ինչպէս եւ իբրեւ պետական հաստատութիւն անոր կայացման ու արմատաւորման հետագայ հանգրուաններու գլխաւոր դերակատարները եւ երախտաւորները։ Բայց Վազգէն Սարգսեանի անուան կողքին անպայման իրենց արժանի տեղը ունին օրին Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ղեկավարած եւ տակաւին ապրող ու գործող քաղաքական¬իշխանաւոր դէմքեր, ինչպիսին են Վազգէն Մանուկեանն ու Սերժ Սարգսեանը։ Անուրանալիօրէն մեծ ու անփոխարինելի եղաւ ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ խորհրդային բանակի մէջ թրծուած հայ սպաներուն՝ ինչպիսին են Գուրգէն Ղալիպալթայեանն ու Միքայէլ Յարութիւնեանը, Արկատի Տէր¬Թադեւոսեանը, Սամուէլ Բաբայեանը եւ Սէյրան Օհանեանը, միայն քանի մը անուններ յիշատակելու համար։
Բայց անպայման պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, Հայոց Ազգային Բանակին տօնին առիթով, որ ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային¬ազատագրումի թէժ պայքարին ծնունդը եղաւ Հայկական Բանակը։ Իր մարտունակութիւնը ստացաւ հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութենէն ու հայոց ազգային¬ազատագրական դարաւոր պայքարի ռազմահայրենասիրական աւանդներէն։ Իբրեւ այդպիսին, եղաւ առնական ծնունդը Արցախեան Ազատամարտին, որմէ եւ ստացաւ ատրպէյճանական ու համաթրքական սպառնական վտանգի դիմագրաւման միշտ պատրաստ գտնուելու ներքին զօրութիւնը։
Ի վերջոյ Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի, Նժդեհի ու Դրոյի աւանդներով սնանեցաւ ու հասակ նետեց վերանկախացեալ Հայաստանի Ազգային Բանակը, որ վերածուեցաւ տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ զօրքերէն մէկուն՝ եւրոպական թէ միջազգային ռազմավարական կառոյցներու վկայութեամբ։
Ահա թէ ինչո՛ւ ազգային արդար հպարտութեան ու ինքնավստահութեան վերանորոգման տօնն է դարձած Հայոց Ազգային Բանակի ծննդեան տարեդարձը։ Յատկապէս՝ ազգային մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու ուխտի օր, որովհետեւ գերազանցապէս ազգային ինքնապաշտանութեան ու ազատագրումի պայքարին ծնունդը եղաւ Հայոց Բանակը եւ, իբրեւ այդպիսին, կը շարունակէ յոյսն ու ապաւէնը մնալ թուրքեւատրպէյճանական սպառնական վտանգը տակաւին դիմագրաւող հայ ժողովուրդին՝ մանաւանդ ի Հայաստան, բայց նաեւ ի սփիւռս աշխարհի։
Իբրեւ այդպիսին՝ Հայկական Բանակին հիմնադրութեան քսանամեակը առիթը ընծայեց նոյնինքն Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարին, որպէսզի լուսարձակի տակ առնէ ազգային մեր պետականութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորող կարեւորագոյն այս կռուանին շուրջ ազգովին՝ իբրեւ հասարակութիւն, քաղաքական ուժեր եւ մտաւորականութիւն համախմբուելու հրամայականը։
Պարզ է, որ ոչ միայն արտաքին սպառնալիքներն ու յատկապէս թուրքեւատրպէյճանեան թշնամութիւնը դիմագրաւելու համար, այլ նաեւ ազգային մեր ներքին ճակատը միաձոյլ պահելու եւ մարտունակութեան մեր պաշարները ամէն կարգի ցեցերու դէմ պահպանելու մեկնակէտով՝ առաւելագոյն սրութեամբ դրուած է անհրաժեշտութիւնը Հայկական Բանակին նկատմամբ համայն հայութեան վստահութեան խորացումին եւ ճառագայթումին։ Հայոց Ազգային Բանակը արժանի է վեր մնալու եւ անխոցելի պահուելու քաղաքական թէ գաղափարական ամէն կարգի վէճերէ, հակադրութիւններէ եւ քաշքշուկներէ։
Ինչպէս որ երկու օր առաջ Հայկական Բանակի հիմնադրութեան քսանամեակին նուիրուած գիտաժողովի բեմէն Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարը կը պատգամէր՝
«Բանակը որչափ մեծ ու հզօր, նոյնքան նուրբ ու զգայուն մարմին է: Չի կարելի բանակի մասին դատել ներ¬քաղաքական զարգացումներով պայմանաւորուած նեղ շահերի, միջ¬կուսակցական բախումների եւ, ի վերջոյ, տարբեր հանգամանքերի զուգորդման արդիւնքում տուեալ պահին ձեւաւորուած հասարակական տրամադրութիւնների լոյսի ներքոյ: Դրանք անընդհատ փոխւում են, յարմարւում այս¬րոպէական իրողութիւններին, իսկ բանակը լուռ շարունակում է կատարել նոյն գործառոյթները, եւ անհասկանալի է դառնում, թէ ինչո՛ւ էին երէկ գովաբանում զինուած ուժերին, այսօր անխնայ քննադատում, իսկ վաղը վերադառնալու են երէկ չէ առաջին օրուայ հայեացքներին»:
Արցախի իրողական ազատագրութեան եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումին համար իրենց արիւնն ու գերագոյնը նուիրաբերած մեր հերոսներուն եւ, մանաւա՛նդ, անոնց ծնունդ տուած անընկճելի մեր ժողովուրդին պարտական ենք աչքի լոյսի պէս պահպանումը, բարեկարգումը եւ հզօրացումը այնքան դժուարին երկունքով կեանք առած Հայկական Բանակին։

Ն.