Յունուար 16ի այս օրը կը նշենք ծննդեան 120ամեակը հայ գրականութեան շնորհալի եւ ինքնուրոյն դէմքերէն Հրաչ Զարդարեանի։
Փարիզեան Սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն եղաւ մեծարժէք նահատակ գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի այս որդին։
Թէեւ չունեցաւ Շահան Շահնուրի հեղեղատիպ յորձանքը կամ Վազգէն Շուշանեանի բոցաշունչ պոռթկումը, բայց Հրաչ Զարդարեան խոհուն մտաւորականի իր ներաշխարհով եւ արեւմտահայերէն պարզ ու գեղեցիկ իր գրիչով ստեղծեց սեփական անկիւնը հայ ընթերցողին մօտ՝ հայրենի հողէն արմատախիլ պոկուած եւ Լոյսի Քաղաքն ու նոր աշխարհ ցիրուցան նետուած վերապրող հայութեան յուզաշխարհը բանալով մեր սերունդներուն առջեւ։
Երկա՜ր՝ 94 տարի ապրեցաւ ասպարէզով ատամնաբոյժ այս արձակագիրը։ Արգասաբեր գրիչ չունեցաւ եւ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ կը համրուին իր ստեղծած պատմուածքները, նորավէպերն ու իմաստասիրական էջերը մէկտեղող հատորները։ Բայց այդքանով իսկ Հրաչ Զարդարեան իր Պատգամը կտակեց հայ գրականութեան՝ յետ¬Եղեռնեան սփիւռքահայ առաջին սերունդին ողբերգական ճակատագիրը լուսարձակի տակ առնելով, յատկապէս ձաղկելով հայրենական հարազատ աւանդոյթէն ձեռք քաշելու եւ գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ ու մակերեսայնութեան նոր աշխարհի բարքերն ու արժէքները կապկելու տարագիր հայ մարդոց... ինքնալքումը։
Հրաչ Զարդարեան չեղաւ այս իմաստով ահազանգ հնչեցնող շեփորահար մը։ Պարզապէս հայու նոր՝ սփիւռքեան կերպարները դիպուկ ուրուագծող եւ անոնց ներաշխարհը համով¬հոտով վերծանող գրականութիւն մը ժառանգ ձգեց հայ նոր գրականութեան։
Ծնած էր Խարբերդ՝ 16 Յունուար 1892ին։ Մանուկ հասակէն հետեւած էր իր հօր՝ արեւմտահայերէնի անզուգական վարպետ, մեծատաղանդ հրապարակագիր եւ շնորհալի արձակագիր Ռուբէն Զարդարեանի աստանդական կեանքին՝ ընտանեօք շարունակ տեղափոխուելով եւ քանի մը տարուան համար ապրելով Զմիւռնիա, Մանիսա, Ֆիլիպէ եւ Պոլիս։
Նախնական կրթութիւնը Պոլսոյ Եսայեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, իբրեւ գիշերօթիկ աշակերտ Հրաչ Զարդարեան ուղարկուեցաւ Կարնոյ հեղինակաւոր Սանասարեան վարժարանը, ուր երեք տարի ուսանեցաւ։ Բայց երբ Սանասարեանը տեղափոխուեցաւ Սեբաստիա, Հրաչ նախընտրեց վերադառնալ Պոլիս, ուր բախտաւորութիւնը ունեցաւ հետեւելու Կեդրոնական վարժարանի դասաւանդութեանց այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Եղիշէ Դուրեան Սրբազան, Հրանդ, Ինտրա, նոյնինքն հայրը՝ Ռ. Զարդարեան, Կոմիտաս Վարդապետ, Գարեգին Խաժակ, Ե. Տէր¬Անդրէասեան եւ Լեւոն Շանթ ուսուցիչներ էին։ Հրաչ Զարդարեանի իմացական եւ գրական կազմաւորման վրայ մեծապէս բարեբեր եղաւ նման տարողութեամբ ուսուցիչներու ազդեցութիւնը։
Կեդրոնականը աւարտելէ ետք, Առաջին Աշխարահամարտի սկզբնաւորութեան, ուսումը շարունակելու համար Հրաչ Զարդարեան անցաւ Թիֆլիս, ուր կարճ շրջան մը Ներսիսեան վարժարան յաճախելէ ետք, արձանագրուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, ապա՝ հետեւեցաւ, աւարտեց եւ վկայուեցաւ Երեւանի Թեմական վարժարանէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացման շրջանին մեկնեցաւ Ֆրանսա եւ Փարիզի մէջ հետեւեցաւ ու աւարտեց, յաջորդաբար, Լիսէ Սէն Լուիի եւ Սորպոնի գրականութեան դասընթացքները, Քաղաքական եւ Բարոյական Գիտութեանց Համալսարանը եւ, յետոյ, մտնելով Բժշկական Վարժարանը, աւարտեց եւ վկայուեցաւ ատամնաբուժութեան ճիւղին մէջ։
Թէ՛ բարձրագոյն ուսման հետեւելու շրջանին եւ թէ իբրեւ ատամնաբոյժ աշխատելու ժամանակ, Հրաչ Զարդարեան նուիրումով փարեցաւ գրական¬ստեղծագործական իր կոչումին։ 1920ականներուն կանոնաւոր աշխատակցութիւն ունեցաւ նորաստեղծ «Հայրենիք» Ամսագիրին, որու էջերուն լոյս տեսան իր առաջին պատմուածքներն ու նորավէպերը։ Միաժամանակ յօդուածագրութեամբ աշխատակցեցաւ Փարիզի մէջ նոր հիմնուած Շաւարշ Միսաքեանի «Յառաջ»ին։ Իբրեւ նահատակ իր հօր՝ Ռուբէն Զարդարեանի մտերիմն ու գործակիցը, Շաւարշ Միսաքեանի հետ Հրաչ Զարդարեան ունեցաւ յատուկ կապուածութիւն եւ ամբողջ տասնամեակներ կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Յառաջ»ին՝ նաեւ պատմուածքներ ու իմաստասիրական էջեր լոյս ընծայելով։ Հրաչ Զարդարեան աշխակցեցաւ նաեւ փարիզեան «Կեանք եւ Արուեստ» ու «Զուարթնոց» ամսագիրներուն։
Հրաչ Զարդարեանի առաջին վէպը՝ «Մեր կեանքը» լոյս տեսաւ 1934ին, Փարիզ։ Հետեւեցաւ երկրորդը՝ «Որբացող մարդիկ» վէպը 1954ին, դարձեալ Փարիզի մէջ։ Նոյն տարին հրատարակուեցաւ «Ժամանակ եւ խորհուրդք իւր» խորագրով խորհրդածութիւններու իր գիրքը։
Հակառակ անոր, որ Հրաչ Զարդարեան պաշտամունքի հասնող աստիճան սէր ու գուրգուրանք ունէր Հայաստանի նկատմամբ, բայց խորհրդային կարգերը վերապահութեամբ ընկալելու եւ գաղափարական քննադատութեան ենթարկելու Հրաչ Զարդարեանի վարքագիծը պատճառ ծառայեց, որ հայրենի ընթերցողը ուշ ծանօթանայ շնորհալի այս արձակագրի գրական վաստակին։ Միայն 1983ին պաշտօնապէս արտօնութիւն տրուեցաւ, որ Հրաչ Զարդարեան ներկայացուի հայրենի ընթերցողին։ Այդպէ՛ս, 1983ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Հ. Զարդարեանի ստեղծագործութեանց ժողովածուն՝ «Մեր կեանքը» վէպին խորագրով։
Սփիւռքահայ գրողներու Փարիզեան Սերունդին արժանաւոր այս դէմքը վախճանեցաւ 1986ին, Փարիզ։
Ն.