154 տարի առաջ, 13 Յունուար 1858ին, Մոսկուայի մէջ իր առաջին համարը լոյս ընծայեց «Հիւսիսափայլ» անունով հայերէն թերթ մը, որ կոչուած էր դառնալու 19րդ դարու մեր Ազգային Զարթօնքին արեւելահայ յառաջամարտիկը եւ հայ մտքի ու գրականութեան լուսաբաշխ փարոսներէն մէկը։
Ո՛չ պատահականօրէն ըսուած խօսք է, ոչ ալ այդպէս՝ շռայլանքով տրուած գնահատական է շարունակ շեշտուող այն հաստատումը, որուն համաձայն հայ մամուլը հիմնական դեր խաղացած է մեր ժողովուրդին լեզուամտածողութեան արդիականացումը, քաղաքակրթական ինքնահաստատումը եւ մշակութային կենսագործումը յառաջ մղելու, մշտանորոգ պահելու եւ նպատակասլաց հունով առաջնորդելու մեծ գործին մէջ։
«Հիւսիսափայլ»ի անունին կցուած «Օրագիր ընդհանուր ազգային լուսաւորութեան եւ դաստիարակութեան» տիտղոսը ինքնին կը խտացնէ բնաբանը, առաջադրանքն ու առաքելութիւնը Մոսկուայի մէջ հրատարակուած այս ամսաթերթին։ 1858էն մինչեւ 1862 անխափան հրատարակուելէ ետք, «Հիւսիսափայլ» երկու տարի լոյս չէ տեսած, 1864ին մէկ տարի վերահրատարակուած է եւ այնուհետեւ վերջնականապէս դադրած է։
Բայց հինգ տարուան իր հրատարակութիւնը բաւարար եղաւ, որպէսզի «Հիւսիսափայլ»ը առաջացնէր այնքա՜ն վարար ստեղծագործական շարժում եւ այնպիսի՛ գաղափարական երկունք, որ բառին ե՛ւ փոխաբերական, ե՛ւ քաղաքական իմաստներով հիւսիսէն փայլող լոյսը դարձաւ արեւելահայ գրականութեան եւ, ընդհանրապէս, քաղաքական լեզուամտածողութեան համար։
«Հիւսիսափայլ»ի հրատարակութեան նախաձեռնեց Ստեփանոս Նազարեանց, որ փայլուն հրապարակագիր էր եւ հանդիսացաւ ոչ միայն արեւելահայ աշխարհաբարի մշակման եւ կատարելագործման դրօշակիրը, այլեւ՝ անվեհեր պաշտպանը հայ ժողովուրդին մէջ «հոգեղէն շարժողութիւն» առաջացնելու առաջադրանքին՝ իր հիմնած թերթին գլխաւոր առաքելութիւնը հռչակելով «իւրացնել եւրոպական մշակոյթը եւ զայն տարածել Ասիոյ մէջ, լինել Ասիայի համար մի լուսաւոր ճրագ»։
Ս. Նազարեանց առանձին չէր, իր կողքին ունէր յառաջդիմական մտածողութեան եւ տեսլականի տէր երիտասարդ մտաւորականներու կենսունակ խումբ մը, յատկապէս Միքայէլ Նալբանդեանի օրինակով նորանուն հեղինակութիւններ, որոնք «Հիւսիսափայլ»ը վերածեցին գրական¬ստեղծագործական եւ ազգային¬գաղափարախօսական իրաւ դարբնոցի։ Գրական ու իմաստասիրական այդ դարբնոցը, միաժամանակ, շատ արագ հանրային լուսաւորութեան եւ ազգային զարթօնքի դպրոց դարձաւ 19րդ դարու երկրորդ կիսու արեւելահայ իրականութեան մէջ։
Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ «Հիւսիսափայլ»ը ունէր իր հոգեմտաւոր ծնողը, որ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանն էր, հիմնուած 1814ին։ Արեւելահայ իրականութեան մէջ պատմական մեծ դեր խաղացած հանրային լուսաւորութեան եւ ազգային զարթօնքի այդ անկրկնելի ուսումնարանը սերունդ հասցուց եւ Ս. Նազարեանց, Միքայէլ Նալբանդեան, Րաֆֆի ու Ռ. Պատկանեան, «Հիւսիսափայլ»ի իրենց ճառագայթող շողերով, Լազարեան Ճեմարանով սկսած արեւելահայոց զարթօնքի շարժումը յաղթական իր աւարտին առանորդեցին։
«Հիւսիսափայլ»ի առաքելութիւնը երեք նշանակէտերով առաջնորդուեցաւ։
Առաջի՛ն. ամէն կարգի իշխանութեան աղբիւր դարձնել նոյնինքն մեր ժողովուրդը՝ ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ արեւմուտքի եւ հիւսիսի մէջ ծաւալած գաղափարական խմորումներուն եւ հասարակական զարգացումներուն հաղորդ պահելով ժողովրդային բազմութիւնները, լուսաւորելով հայութեան միտքն ու հոգին եւ թափ տալով անոր ինքնահաստատման կռուաններուն ու ինքնազարգացման զէնքերուն։ Այդ առումով՝ հայ ազգային մտածողութեան մէջ շեշտուած յառաջդիմական ու ընկերային զգացողութիւնը շատ բան կը պարտի «Հիւսիսափայլ»ին։
Երկրո՛րդ. պայքարիլ հայ հոգեւորականութեան խաւարամիտ տարրին եւ անոր նախապաշարումներուն, ընդհանրապէս նաեւ հայ պահպանողականութեան ու ստրկամտութեան դէմ՝ յանուն ազատ մտածողութեան ժողովրդականացման, առաջին հերթին, աշխարհաբար լեզուն գրական եւ հրապարակախօսական մշակումի ու գործածութեան բարձր մակարդակի հասցնելով, ապա եւ այդ հունով հայ դպրոցը իրա՛ւ լուսաւորութեան հնոցի վերածելով։
Երրո՛րդ. հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին եւ աւանդոյթին հաւատարիմ՝ եւրոպական քաղաքակրթութեան վերածնունդի նուաճումներով պատուաստել հայկականութեան հաստաբուն կաղնին, իւրացման եւ ազգայնացման երկունքով արարել յառաջդիական արժէքներ եւ սկզբունքներ, որպէսզի նորահաս սերունդները՝իբրեւ հայեցիութեան ժառանգորդի՝ հպարտութեամբ քալեն համաշխարհային քաղաքակրթութեան մեծ քառուղիներէն։
Հայ ժողովուրդի երկնակամարին վրայ, իրաւամբ, հիւսիսէն փայլող լուսաւոր աստղը եղաւ 154 տարի առաջ, Յունուար 13ի այս օրը իր առաջին համարը լոյս ընծայած «Հիւսիսափայլ»ը։
Ն.