Print
Category: Յուշատետր

Յունուար 3ի այս օրը, 88 տարի առաջ, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ Ստեփան Ալաջաջեան անունով մանուկ մը, որ ի վերուստ օժտուած էր գրելու ձիրքով եւ որ, իր տաղանդով ու գործով, արժանաւորապէս նուաճեց մեծարժէք արձակագիրի պատուանդան մը հայ նոր գրականութեան մէջ։


Հայրենադարձ Սերունդի ակնառու ներկայացուցիչներէն եղաւ Ստեփան Ալաջաջեան։ Արդէն գրական ասպարէզ մուտք գործած երիտասարդ հեղինակ էր, երբ 1946ին ներգաղթեց Հայաստան։ Հայրենի հողը օրհնաբեր ներգործութիւն ունեցաւ իր ստեղծագործական տաղանդի մշակման մէջ։ Ծաւալեց նաեւ ազգային¬հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն եւ երբ 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով, հնչեց ժամը Հայկական Բողոքի հայրենական պոռթկումին, Ս. Ալաջաջեան մեր սերունդներուն ընծայաբերեց «Եղէգները չխոնարհուեցին» խորագրով իր մեծարժէք վէպը, որ նաեւ անմահութեան արժանացուց իր հեղինակին։
Տարաբախտ կեանք մը ունեցաւ Ս. Ալաջաջեան։ Կոկորդի քաղցկեղ յայտնուեցաւ մօտը եւ ստոյգ մահէ փրկուեցաւ 1980ականներու սկզբնաւորութեան, երբ վիրահատեցին ու ձայնային լարերը հեռացուցին։ Մնաց առանց ձայնի, կեանքին մնացեալ ժամանակը արուեստական խօսափող օգտագործեց, բայց գրիչը բնաւ ձեռքէն վար չդրաւ եւ անդուլ իր սիրտն ու միտքը բաց պահեց ընթերցողին առջեւ։
Եւ տասնամեակներու մաքառումէ ետք, 23 Դեկտեմբեր 2010ին, Լոս Անճելըսի մէջ, շիջեցաւ աստղը հայ արձակի ու հայ մտքի տաղանդաշատ այս ներկայացուցիչին։
Այսպէ՛ս, յաւերժութեան սահմանուած Պատգամի տէր գրագէտը եղաւ Ս. Ալաջաջեան։
19րդ դարավերջին թափ առած եւ 20րդ դարասկիզբին պատմական դարձակէտ նուաճած հայ ազգային¬ազատագրական շարժումին խորախորհուրդ Պատգամը, Ալաջաջեանի գրչին տակ, սերունդներուն մատուցուեցաւ «Չխոնարհող Եղէգներ»ու սրտառուչ պատկերով։ Թրքական լուծին եւ եաթաղանին դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական ծառացումը, մանաւա՛նդ գերագոյն զոհաբերութեան գնով պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը շրջելու եւ ազատութիւն նուաճելու հայկական մարտունակութիւնը իրենց յաղթահասակ մարմնաւորումը գտան Ալաջաջեանի ապրեցուցած մարդկային «Եղէգներ»ով, որոնք ահաւոր ճնշումներու եւ հարուածներու ենթարկուելով հանդերձ՝ բնաւ «չխոնարհուեցին»...
Նաեւ հայրենադարձի իր խառն ու հակասական կենսագրութեամբ՝ Սերունդի մը իւրայատուկ պատգամաբերը դարձաւ Ս. Ալաջաջեան։ 1946ին ներգաղթեց Հայաստան, խորհրդային կարգերուն «յարմարուելու» տիրական հոսանքին հետ քայլ պահողներէն եղաւ, կոմունիստական ամբողջատիրութեան աստիճաններէն բարձրացաւ, բայց իր մտքին ու հոգիին խորերէն միշտ ալ ուրիշ «Աստուծոյ» երկրպագեց Ալաջաջեան, որ 1991ին արտագաղթեց Հայաստանէն եւ մինչեւ իր վախճանը մնայուն բնակութիւն հաստատեց Լոս Անճելըսի մէջ։ Յատկանշականօրէն իր «հայրենաթողութիւնը» թիրախ չդարձաւ քարկոծումի, ոչ ալ 1991էն ետք իր ունեցած հակախորհրդային սուր քննադատութիւնները վերապահութեամբ ընկալուեցան։ Աւելի՛ն. Հայու Հայրենասիրութեան նոր որակ եւ բովանդակութիւն ներարկող պատգամաբեր մը եղաւ իր թէ՛ հայրենադարձութեամբ, թէ՛ հայրենիքէն ֆիզիքական հեռացումով...
Բայց այդ մէկը արդէն առանձին քննարկման նիւթ է։
Տաղանդաւոր գրողը ծնած էր Հալէպ, Սուրիա, զէյթունցի Եղիա Ալաջաջեանի յարկին տակ։ Կրթական ու գրական իր կազմաւորումը ստացած երիտասարդ էր, երբ 1946ին ընտանեօք տեղափոխուեցան Հայաստան ու հաստատուեցան Զէյթուն թաղամասը։ 1951ին աւարտեց Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժնի հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան հիմնարկը, իսկ 1957ին Խ.Ս.Հ.Մ. Գրողների Միութեանն առընթեր գրական բարձրագոյն դասընթացները (Մոսկուա): 1957-1963ին մաս կազմեց «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի խմբագրութեան, իբրեւ արձակի բաժնի վարիչ: 1966-1967ին ստանձնեց «Հայաստան» հրատարակչութեան գեղարուեստական գրականութեան խմբագրութեան վարիչի պատասխանատուութիւնը։ 1967էն 1975, եղաւ Հայաստանի Սովետական Գրողների Միութեան վարչութեան քարտուղար։ Իսկ 1980-էն ետք ստանձնեց Հ.Խ.Ս.Հ. Մշակոյթի նախարարութեան Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին տնօրէնութիւնը։
1991 թուին Ս. Ալաջաջեան արտագաղթեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս, ուր հիմնեց եւ հրատարակեց «Համայնապատկեր» ամսագիրը։ Իր կեանքին վերջին 19 տարիները Հայաստանէն հեռու ապրելով հանդերձ՝ Ալաջաջեան ոչ մէկ պարագայի խզուեցաւ հայրենի իրականութենէն։ Թափով շարունակեց գրել ինչպէս գեղարուեստական նոր երկեր, նոյնպէս եւ յուշագրական գործեր։ 2008ին արժանացաւ Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալին՝ առ ի գնահատանք տասնամեակներու իր ստեղծագործական վաստակին եւ ազգային¬հասարակական ծառայութեան։
Ս. Ալաջաջեանի գրական առաջին գործը՝ «Ծովուն երգը» ոտանաւորը լոյս տեսած է 1939ին, 15 տարեկանին, Պէյրութ հրատարակուող «Պատանեկան Արձագանգ» պարբերաթերթի էջերուն։ Իսկ 1942ին, Հալէպի «Տիգրիս» տպարանը լոյս ընծայած է 18ամեայ հեղինակին քերթուածներու երեխայրիքը՝ «Վշտի ծաղիկներ» գրքոյկը, 47 էջով։
Հայաստան ներգաղթէն ետք, Ս. Ալաջաջեան նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ 1953էն սկսեալ, յաջորդաբար, լոյս ընծայեց «Անապատում», «Պարտութիւն», «Փիւնիկ» ու «Առանց հայրենիքի» վիպակները, նաեւ՝ «Եռաթեւ ծիածան», «Մադլէնն ապրում է Փարիզում» ու «Արծիւն ու հովիւը» պատմուածքներու ժողովածուները, ինչպէս նաեւ՝ «Այգիների աշխարհում» ակնարկը։
Բայց Ալաջաջեանի տաղանդին լիարժէք դրսեւորումը կապուեցաւ «Եղէգները չխոնարհուեցին» երկհատոր վէպի հրատարակութեան՝ 1966ին եւ 1967ին։ Հայ ազգային¬ազատագրական շարժումէն վերցուած կերպարներով ու դրուագներով՝
հեղինակը նորովի շունչով ընթերցողին հասցուց հայ ժողովուրդի հերոսական խոյանքին խորհուրդն ու պատգամը։ Ոչ միայն գաղափարական իր խորքով, այլեւ գեղարուեստական իր մշակումով՝ Ալաջաջեանի արձակը վերանորոգեց հայ գրականութիւնը։ Պատումի անմիջականութիւնը եւ հաղորդականութիւնը, պարզ ու գեղեցիկ ոճով կերպարներու եւ պահերու հոգեբանական շնչաւորումը կազմեցին հիմքը Ալաջաջեանի գեղարուեստական ոճին՝ «Եղէգները չխոնարհուեցին» գործը արժանացնելով հայ ժամանակակից գրականութեան գլուխ¬գործոցներու պատուանդանին։
Քաջալերուած իր վէպին գտած յաջողութենէն, Ալաջաջեան թափով շարունակեց ստեղծագործել։ 1977ին լոյս ընծայեց «Վերածնունդ» ժողովածուն, ուր տեղ գտաւ անոր «Զարմանալի Հայաստան» գործը։ Հետեւեցաւ «Անառագաստ նաւակներ» վիպակը, 1978ին, 128 էջով։ Իսկ 1980¬1981ին իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց «Ապառաժները արտասուել գիտեն» եւ «Ոսկեգոյն ծիրկաթին» վիպակները։
Ալաջաջեան փորձեց եւ յաջողեցաւ նաեւ շարժանկարի համար բեմագրութիւններու մշակումին մէջ։ Հենրիկ Մալեանի հետ համահեղինակ եղաւ, 1980ին, Հայֆիլմի գլուխ¬գործոցներէն համարուող՝ ժողովրդային մեծ ընդունելութեան արժանացած «Կտոր մը երկինք» ժապաւէնի բեմագրութեան։ Ալաջաջեանի հեղինակութիւնն է, նոյնպէս Հայֆիլմի կողմէ նկարահանուած, «Ճերմակ անուրջներ» ժապաւէնի բեմագրութիւնը։
Հայրենիքի մէջ Ալաջաջեանի ստեղծագործած վերջին գործը եղաւ «Չսպիացած վէրք» երկհատոր վէպը, 1989¬1990ին։
Իսկ 1991էն ետք, արդէն Լոս Անճելըս հաստատուած, Ալաջաջեան լոյս ընծայեց «Լուսաւորեալ խորաններ» յուշագրութիւնը, 1993ին. «...Եւ Ատրուշաններ» խորագրով դարձեալ յուշագրական գործը, 1995ին։ Յաջորդեց «Ճամփեզրի վրայ» ժողովածուն, 1998ին։ «Վաթսունականք»ը՝ 2002ին։ «Ձայն բազմաց»ը՝ 2008ին։ «Հայ մամուլի էջերում (1957-2005)»ը՝ 2008ին, ուր մէկտեղուած են բազմավաստակ գրողին ու խմբագրին յօդուածներու, ակնարկներու, քննական ուսումնասիրութեանց, գրախօսականներու, դիմանկարներու եւ հարցազրոյցներու ընտրանին։ «Յորձանուտը»՝ 2009ին, դարձեալ յուշեր: «Վերջին հունձքը»՝ 2010ին։
Ալաջաջեանի գործերը թարգմանուած են ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, չեխերէնի, պուլկարերէնի, էստոներէնի եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու՝ արժանանալով առանձին հրատարակութեանց։
Նաեւ ինք՝ Ս. Ալաջաջեան տաղանդաւոր թարգմանիչ էր։ Շէյքսփիրի եւ Ժան¬Փօլ Սարթրի կարեւոր գործերը հայացուցած է։
2009ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ Ս. Ալաջաջեանի ծննդեան 85ամեակը։
Ն.