alt22 ­Նո­յեմ­բե­րին կ­՚ո­գե­կո­չենք յի­շա­տա­կը հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ եր­գի­ծա­գիր­նե­րէն ­Լեռ ­Կամ­սա­րի, ո­րուն կեանքն ու գոր­ծը խօ­սուն, այ­լեւ դառն վկա­յու­թիւն մը ե­ղան ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին-ամ­բող­ջա­տի­րա­կան լու­ծի ա­ղէ­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րուն եւ

ող­բեր­գա­կան տա­րո­ղու­թեան մա­սին։

22 ­Նո­յեմ­բեր 1965ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ առ յա­ւէտ աչ­քե­րը փա­կեց հայ­կա­կան եր­գի­ծագ­րու­թեան հայ­րե­նի վեր­ջին վար­պե­տը, որ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան թէ­քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան ա­րատ­նե­րու իր սուր քննա­դա­տու­թեան եւ տա­ղան­դա­ւոր մեր­կաց­ման հա­մար հա­լա­ծո­ւե­ցաւ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ՝ քսան տա­րի ցմրուր ճա­շա­կե­լով բան­տար­կու­թեան եւ աք­սո­րի ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը։

Ար­դէն կազ­մա­ւո­րո­ւած ու լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած եր­գի­ծա­գիր էր ­Լեռ ­Կամ­սար 1920ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, երբ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պար­տադ­րո­ւե­ցաւ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան լու­ծը։ ­Հա­կա­ռակ որ իր աշ­խար­հա­յեաց­քով ու գա­ղա­փա­րա­կան հա­կում­նե­րով ըն­չա­զուր­կին պաշտ­պա­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րու քննա­դա­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած հե­ղի­նակ էր ­Լեռ ­Կամ­սար, ո՛չ խորհր­դա­յին կար­գե­րը մար­սե­ցին ա­նոր գրա­կա­նու­թեան ու եր­գի­ծան­քին ազ­գա­յին ջի­ղը, ոչ ալ ­Լեռ ­Կամ­սար ինք կրցաւ հաշ­տո­ւիլ ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի կեանքն ու ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­մի եր­թը այդ­պէս՝ ան­փոյթ եւ ան­խիղճ հա­րո­ւա­ծե­լու ե­կած խորհր­դա­յին մո­լեգ­նու­թեան հետ։

­Խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գին նկատ­մամբ տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ կողմ­նո­րո­շու­մը ­Լեռ ­Կամ­սա­րի՝ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ա­րամ ­Թով­մա­սեա­նի, որ 1888ին ծնած էր ­Վան, ու­սա­նած ու ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան իր կազ­մա­ւո­րու­մը ստա­ցած էր Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի ա­տե­նի յե­ղա­փո­խա­շունչ մթնո­լոր­տին մէջ եւ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած էր ­Վա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հե­րո­սա­մար­տին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։

1915ին ըն­տա­նեօք Ե­րե­ւան հաս­տա­տո­ւած հայ եր­գի­ծա­գի­րը ա­կա­նա­տես դար­ձաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ ռու­սա­կան՝ հա­ւա­սա­րա­պէս ցա­րա­կան թէ խորհր­դա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կոր­ծա­նա­րար հե­տե­ւանք­նե­րուն։ ­Տե­սաւ մին­չեւ ­Վան ու ­Մուշ յաղ­թա­կան մուտ­քը, ռու­սա­կան զօր­քին հետ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րուն, ո­րոնց սա­կայն պար­տադ­րո­ւե­ցաւ նա­հան­ջել՝ ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ... երբ ­Լե­նի­նի ղե­կա­վա­րած պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղաշր­ջու­մը «­Տուն ­Դարձ»ի հրա­հանգ տո­ւաւ ռազ­մա­ճա­կա­տի ռու­սա­կան զօր­քին։

­Լեռ ­Կամ­սար ապ­րե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խոր­տակ­ման դա­րա­կազ­միկ վե­րի­վայ­րում­նե­րը՝ շա­րու­նա­կա­բար դէմ յան­դի­ման գա­լով ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­յավ­նաս խո­տո­րում­նե­րուն՝ ոչ միայն ­Լե­նին-­Քե­մալ հա­կա­հայ սադ­րանք­նե­րուն, այ­լեւ՝ յա­նուն աշ­խա­տա­ւո­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան հա­յա­նուն պոլ­շե­ւիկ­նե­րու նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նին հաս­ցու­ցած ծանր վնաս­նե­րուն։

1921ի ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապստամ­բու­թեան կողմ­նա­կի­ցը ե­ղաւ ­Լեռ ­Կամ­սար, որ իր կար­գին ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ՝ ­Պարս­կաս­տան, երբ կար­միր բա­նա­կի սո­ւին­նե­րուն տակ ճզմո­ւե­ցաւ հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը։ Եւ ո­րով­հե­տեւ հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու կեանք չէր պատ­կե­րաց­ներ, ­Լեռ ­Կամ­սար եր­կար չմնաց ­Թաւ­րի­զի մէջ եւ ա­ռա­ջին ա­ռի­թին իսկ վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան։

­Խորհր­դա­հայ գրա­կա­նու­թեան սկզբնա­կան եւ ա­ռա­ջին թռիչք­նե­րուն հետ քայլ պա­հող եր­գի­ծա­գի­րը դար­ձաւ ­Լեռ ­Կամ­սար, որ եր­գի­ծա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով իր կա­րե­ւոր նպաս­տը բե­րաւ ­Չա­րեն­ցի, ­Բա­կուն­ցի, ­Նո­րեն­ցի, ­Մա­հա­րիի եւ ե­րի­տա­սարդ միւս տա­ղանդ­նե­րու ինք­նա­հաս­տատ­ման եր­թը ազ­գա­յին ներշն­չու­մով հու­նա­ւո­րե­լու գրա­կան շար­ժում­նե­րուն։ Այդ բո­լո­րը թշնա­ման­քով ըն­կա­լո­ւե­ցան խորհր­դա­յին «գա­ղա­փա­րա­խօս­նե­րուն» կող­մէ, ո­րոնք 1937ին ձեռ­նար­կե­ցին հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը գլխա­տե­լու՝ մշա­կու­թաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր ո­ճի­րին։

­Լեռ ­Կամ­սար իր կար­գին աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Ռու­սաս­տա­նի խո­րե­րը եւ շուրջ քսա­նա­մեայ տա­ժա­նա­կիր կեան­քէ ետք միայն, Խ­րուշ­չո­վեան ձիւն­հա­լէն օգ­տո­ւե­լով, կրցաւ հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նալ, բայց այ­լեւս ամ­բող­ջա­պէս քէն­ցած «խորհր­դա­հայ» ի­րա­կա­նու­թեան հետ։ ­Թէեւ ­Հայ Գ­րող­նե­րու ­Միու­թիւ­նը ի­րեն բնա­կա­րան յատ­կա­ցուց, բայց ­Լեռ ­Կամ­սար իր ըն­տա­նի­քին ձգեց այդ բնա­կա­րա­նը, իսկ ինք քա­շո­ւե­ցաւ նախ­քան աք­սո­րը իր ապ­րած խրճի­թը, ուր եւ աշ­խար­հէն կտրո­ւած ան­ցուց իր կեան­քին վեր­ջին տա­րի­նե­րը։

­Հայ­կա­կան եր­գի­ծան­քի հան­ճա­րեղ վար­պե­տին՝ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի եւ մե­ծա­նուն տա­ղան­դա­ւո­րին՝ Ե­րո­ւանդ Օ­տեա­նի կող­քին, ­Լեռ ­Կամ­սար գրա­ւեց իր ու­րոյն տե­ղը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։ ­Լեռ ­Կամ­սար (լեռ կամ սար) գրչա­նու­նով ա­նոր եր­գի­ծա­կան ա­ռա­ջին գոր­ծե­րը լոյս տե­սան ­Վա­նի «Աշ­խա­տանք» թեր­թին մէջ 1910ին, երբ իբ­րեւ ու­սու­ցիչ կը պաշ­տօ­նա­վա­րէր։ 1915ին Ե­րե­ւան հաս­տա­տո­ւե­լէ ետք եւս, ու­սուց­չա­կան իր աս­պա­րէ­զի կող­քին, ­Լեռ ­Կամ­սար շա­րու­նա­կեց եր­գի­ծա­կան քրո­նիկ­ներ գրել ու կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցիլ ­Թիֆ­լի­սի «­Հո­րի­զոն»ին, ­Բա­գո­ւի «Ա­րեւ»ին եւ Ե­րե­ւա­նի «Աշ­խա­տանք»ին։

­Յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի նո­րան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան կար­ճա­տեւ կեան­քի ըն­թաց­քին, ­Լեռ ­Կամ­սա­րի գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ քրո­նիկ­նե­րը լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցան։ ­Մեծ պաս­տա­ռի վրայ նկա­րող հե­ղի­նակ մը չե­ղաւ, այլ՝ սրա­տես եւ ծի­ծա­ղա­շարժ գրչա­խա­ղե­րով ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւող եր­գի­ծա­բա­նը դար­ձաւ, որ քա­նի մը տո­ղե­րու մէջ կամ կարճ ման­րա­պա­տում­նե­րով՝ կրցաւ թէ՛ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեծ խնդիր­ներ, թէ՛ ըն­կե­րա­յին-հան­րա­յին ցա­ւոտ վէր­քեր եր­գի­ծա­կան լու­սար­ձա­կի տակ բե­րել։

­Լեռ ­Կամ­սա­րի ա­ռա­ջին հա­տո­րը լոյս տե­սաւ 1924ին՝ «Ան­վա­ւեր մե­ռել­ներ» ա­նու­նով։ ­Յա­ջոր­դա­բար լոյս ըն­ծա­յեց «Ազ­գա­յին Այբ­բե­նա­րան» եւ «Վ­րի­պած ար­ցունք­ներ» գոր­ծե­րը, 1926ին եւ 1934ին։ Այ­նու­հե­տեւ, աք­սո­րի ա­ւար­տէն ու Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձէն ետք,1959ին, լոյս տե­սաւ «Գ­րա­բար մար­դիկ» հա­տո­րը, իսկ 1965ին, մա­հո­ւան ա­ռի­թով եւ Գ. ­Մա­հա­րիի խմբագ­րու­թեամբ, հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ ­Լեռ ­Կամ­սա­րի «­Մար­դը տա­նու շո­րե­րով» ժո­ղո­վա­ծուն։

­Թէեւ իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն լրիւ քա­շուած էր գրա­կան հրա­պա­րա­կէն, բայց ­Լեռ ­Կամ­սար վար դրած չէր գրի­չը եւ փաս­տօ­րէն, խորհր­դա­յին կար­գե­րու փլուզ­ման նա­խօ­րէին ու այ­նու­հե­տեւ, հայ գրա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն լոյս տե­սան ա­նոր ան­տիպ գոր­ծե­րը, ո­րոնք ա­ռա­ւել սրու­թեամբ քննա­դա­տու­թեան կ­’են­թար­կեն խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րու բար­քերն ու հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան միտ­քը յու­զող խնդիր­նե­րը։

­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն, ­Լեռ ­Կամ­սար մին­չեւ մահ հա­ւա­տա­րիմ մնաց ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով գրե­լու իր ա­րեան կան­չին, նոյ­նիսկ երբ բա­ցա­ռա­պէս խորհրդա­յին ի­րա­կա­նու­թե­նէն վեր­ցո­ւած բար­քե­րու կը վե­րա­բե­րէին եր­գի­ծա­կան իր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը։
­Հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լը պար­բե­րա­բար լոյս կ’ըն­ծա­յէ ­Լեռ ­Կամ­սա­րէն ան­տիպ կամ ոչ-հան­րա­ծա­նօթ ան­մահ է­ջեր, ո­րոնց­մէ քա­նի մը նմոյշ ա­հա­ւա­սիկ՝ «Ազգ» օ­րա­թեր­թի 19 Օ­գոս­տոս 2006ի հա­մա­րէն.

Եր­կար նա­մակ ­Լեռ ­Կամ­սա­րից
(պա­րապ ժա­մա­նակ կար­դա­լու հա­մար)

Ես շատ վա­ղուց է ու­զում եմ Աստ­ծուն մի դի­մում գրել, բայց յար­մար տիտ­ղոս չգտնե­լու հա­մար յե­տաձ­գում եմ ան­վերջ:
Չ­գի­տեմ ինչ­պէս դի­մեմ: Ապ­րում եմ մի սո­ցիա­լիս­տա­կան երկ­րում, ուր «պա­րոն» չի թոյ­լատ­րո­ւած, իսկ «ըն­կեր» չեմ ու­զում ա­սել:
Ես իս­կի Ս­տա­լի­նին էլ «ըն­կեր» չեմ ա­սել: ­Բան­տում ե­ղած ժա­մա­նակ բո­լո­րը Ս­տա­լի­նին դի­մում տուին՝ ա­զա­տո­ւե­ցին, ես որ­պէս­զի «ըն­կեր» չա­նո­ւա­նեմ նրան, դի­մում չտո­ւի ու 20 տա­րի տա­ռա­պե­ցի:
Ին­չո՞ւ: Ո­րով­հե­տեւ Ս­տա­լի­նի նման հա­մաշ­խար­հա­յին ոճ­րա­գոր­ծի «ըն­կեր» ա­սել նշա­նա­կում է նրա կա­տա­րած ո­ճիր­նե­րի կէ­սը վերց­նել իմ վրայ:

Այդ բա­նը ա­նել չէի կա­րող՝ ես ան­մեղ բան­տար­կեալ էի:
Ըն­թեր­ցող­նե­րին սի­րով ներ­կա­յաց­նում եմ եւս մէկ ան­պա­տաս­խան դի­մում.-
­Հա­յաս­տա­նի կո­մու­նիս­տա­կան պար­տիա­յի կենտ­կո­մի Ա. քար­տու­ղար ըն­կեր ­Զա­րո­բեա­նին
Ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւն
­Յար­գե­լի ըն­կե՛ր ­Զա­րո­բեան, որ­պէս նո­րըն­տիր քար­տու­ղար, ձեր մա­սին լաւ են խօ­սում՝ թո­ւե­լով ձեր բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը:
Ու ես էլ ո­րով­հե­տեւ մի լաւ մար­դու էի ման գա­լիս, որ հե­տը մի քիչ խօ­սեմ՝ շտա­պում եմ գրել ձեզ, քա­նի չէք «վա­տա­ցել»...
Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, նոր ընտ­րո­ւե­լիս քար­տու­ղար­նե­րը միշտ «լաւ» են լի­նում՝ յե­տոյ «վա­տա­նում»:
- Ին­չո՞ւ:

- Ո­րով­հե­տեւ նրան այն­քան շատ պա­հանջ­ներ են ներ­կա­յաց­նում, ո­րոնց ի վի­ճա­կի չլի­նե­լով բա­ւա­րա­րե­լու, ա­ռաջ է գա­լիս մաս­սա­յա­կան դժգո­հու­թիւն եւ մէկ էլ տե­սաք հե­ռա­խօ­սը վերց­նե­լով ձեր ընտ­րող­նե­րը ձայ­նե­ցին.
- Ատ­բոյ տո­ւէք, դուք մեր ու­զած մար­դը չէք...
Ես, օ­րի­նակ, բնաւ չէի ցան­կա­նայ ձեր տե­ղը լի­նել:
­Դաշ­նակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ ինձ կա­մե­ցան մտցնել պառ­լա­մենտ, որ­պէս չէ­զոք պատ­գա­մա­ւոր­նե­րի լի­դեր, ես մեր­ժե­ցի՝ գրա­կա­նու­թիւ­նը վեր դա­սե­լով պառ­լա­մեն­տից:
... Ի՞նչ գործս է, ին­չո՞ւ բարձ­րա­նամ՝ ին­չո՞ւ իջ­նեմ:
Ըն­կե՛ր ­Զա­րո­բեան, թէեւ վար­չա­կան տե­սա­կէ­տից դուք բարձր էք ին­ձա­նից, բայց ես կա­մե­նում եմ ձեզ հետ խօ­սել ինչ­պէս մար­դը՝ մար­դու հետ:

­Չե­կա­յում իմ քննի­չը ինձ հետ խօ­սում էր շատ մեղմ, քա­ղա­քա­վա­րի ու շատ սի­րա­լիր, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ չէր մո­ռա­նում մէկ-մէկ աչք ա­ծել իր կող­քից կա­պած ատր­ճա­նա­կի վրայ...
Խնդ­րում եմ ձեզ, մեր յա­րա­բե­րու­թեան մէջ այդ չպա­տա­հի:
­Մենք բո­լորս հա­ւա­սար մար­դիկ ենք, միեւ­նոյն ճի­չով ծնւում ենք մեր մայ­րե­րից, միեւ­նոյն հա­ռա­չան­քով գե­րեզ­ման մտնում: Ար­ժէ՞ ար­դեօք, որ մեր կարճ կեան­քում մար­դիկ ի­րա­րից ան­սահ­ման հե­ռա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան:
Ո՛չ:

­Նա­րե­կա­ցի

­Մենք այ­սօր ­Նա­րե­կա­ցի չէինք ու­նե­նայ, ե­թէ Աս­տո­ւած լսե­լով նրա պա­ղա­տանք­նե­րը՝ սրբէր նրա մեղ­քե­րը եւ ան­մի­ջա­պէս նրա հո­գին առ­նե­լով՝ ար­քա­յու­թիւն տա­նէր:

­Մենք հի­մա ­Նա­րե­կա­ցի ու­նենք նրա հա­մար, որ Աս­տո­ւած չու­զեց լսել նրա ա­ղա­չանք­նե­րը, ո­րի հե­տե­ւան­քով իր ամ­բողջ կեան­քում ա­ղա­չեց, պա­ղա­տեց Աստ­ծուն եւ այդ ա­ղա­չանք­նե­րը հա­տոր­ներ կազ­մե­լով մեզ հա­սան, որ այ­սօր մենք հպար­տա­նանք նրան­ցով:
Ե­թե ­Թով­մա­սեա­նը (Խ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Կոմ­կու­սի Ա. քար­տու­ղար­նե­րէն մէ­կը - Ն.) մի քիչ էլ յա­րա­տե­ւէր իր պոս­տում (պաշ­տօն)՝ ես հի­մա երկ­րորդ ­Նա­րե­կա­ցին էի դար­ձել:

­Թով­մա­սեանն էլ Աստ­ծու նման իմ բազ­մա­թիւ դի­մում­նե­րից ոչ մէ­կին չպա­տաս­խա­նեց:
­Միայն, հե­տե­ւե­լով Աստ­ծուն, ­Մով­սէ­սի նման ինձ մի ան­գամ «­Սի­նա լե­ռը» կան­չեց իր «կրուն­կը» ցոյց տա­լու հա­մար...
Եւ սա աշ­խար­հա­բար լե­զո­ւով կոչ­ւում է «դե­մոկ­րա­տիզմ»:

Ն.