Print
Category: Յուշատետր

Դեկտեմբեր 18ին կը լրանայ մահուան 39րդ տարելիցը հայ գրականութեան մեծատաղանդ դէմքերէն Նիկողոս Սարաֆեանի։
Պատանի տարիքին Հայասպանութեան արհաւիրքը տեսած, յետ-Եղեռնեան Պոլսոյ մէջ ազգային կազմաւորումը ստացած ու երիտասարդութեան Փարիզ յայտնուած Սերունդին ամէնէն խոհուն եւ գեղագէտ ներկայացուցիչը եղաւ Նիկողոս Սարաֆեան։


Եթէ «Փարիզի Տղաքը» - Վազգէն Շուշանեան, Շահան Շահնուր, Բիւզանդ Թոփալեան, Շաւարշ Նարդունի, Զարեհ Որբունի, Նշան Պէշիկթաշլեան եւ ընկերներ - իրաւամբ հիմնադիրը հանդիսացան սփիւռքահայ գրականութեան, անոնց փաղանգին մէջ որոշապէս Նիկողոս Սարաֆեանի վիճակուեցաւ «Նոր Ժամանակներ»ու խորաթափանց երգիչը դառնալու արժանաւոր յառաջապահի դիրքը։
Ինչպէս որ առիթով մը Սարաֆեան խոստովանած է՝ «Լաւագոյն բանաստեղծութիւնը այն է ինծի համար, որ արտայայտութիւնն է ներքին մարդկային ողբերգական լինելութեան մը՝ յաւիտենական մարդուն մէջ»։ Այդ զգայնութեամբ եւ խոհականութեամբ՝ բանաստեղծ ու արձակագիր Նիկողոս Սարաֆեանը ապրեցաւ իր ժամանակաշրջանը, խորասուզուեցաւ ու պեղեց մարդկային կեցութեան նոր ժամանակներու ընդերքին զարգացող խմորումները եւ, գեղեցկագոյն հայերէնի ճարտարութեամբ, մեր սերունդներուն կտակեց բարձրարուեստ գրականութիւն։
Շահնուրի յուզական պոռթկումներու հեղեղէն կամ Շուշանեանի մարտունակ ու կրքոտ զեղումներէն հեռու մնաց Սարաֆեան։ Ստեղծեց իրա՛ւ ապրումներու գրականութիւն մը, որ ընթերցողին առջեւ բացաւ Սփիւռքահայու ուրոյն ներաշխարհը՝ անոր իւրայատուկ յոյզերուն եւ խոհերուն գեղարուեստական վերծանումովը յագեցած։ Այդ պատճառով ալ շատ ընթերցող չունեցաւ թերեւս, բայց անվիճելիօրէն ստեղծեց սփիւռքահայ ընթերցողը, որ Սարաֆեանի ուղիով քալեց եւ յառաջ մղեց հայ գրականութեան սփիւռքեան որոնումները։
1939ին լոյս տեսած «Հայ Գրագէտներու Բարեկամներ Մատենաշար»ի 11րդ հատորով՝ հետեւեալ սեղմ, այլեւ խօսուն ամփոփումով ներկայացուած է Սարաֆեանի կենսագրութիւնը եւ ստեղծագործական վաստակը.
«Լճեցի ծնողքի մը վերջին զաւակը, ծնած է 14 Ապրիլ 1902ին, նաւու մը մէջ, Պոլիս-Վառնա գծին վրայ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ նախ Վառնայի Ճիէրճեան, յետոյ Ազգային Վարժարանին մէջ, շուտով կþանցնի Ֆրէրներու վարժարանը։ Ընդհանուր Պատերազմին՝ մեծ եղբօր հետ կը մեկնի Ռումանիա, այնուհետեւ կը սկսի թափառական կեանք մը։ Պուքրէշէն Կալաց, յետոյ Օտեսա, Ռոստով, Նովորոսիսկ, երբ կը պայթի ռուսական յեղափոխութիւնը։ Քալելով կը կտրէ Ռումանիան։ Ծնողքը կը գտնէ Վառնայի մէջ, բայց շուտով կþանցնի Պոլիս, կը մտնէ Կեդրոնական Վարժարանը, զոպ կþաւարտէ 1922ին եւ դարձեալ կþանցնի Պուլկարիա, յետոյ Ռումանիա։ 1923ին՝ Փարիզ։
«Գրած է արձակ եւ ոտանաւոր։ Աշխատակցած՝ «Հայրենիք», «Մենք», «Զուարթնոց», «Անահիտ» պարբերաթերթերուն։
«Իր առաջին գործն է բանաստեղծութեան հատոր մը՝ «Անջրպետի մը գրաւումը» (Փարիզ, 1928), յետոյ «14»ը՝ քերթուած (Փարիզ, 1933), «Իշխանուհին»՝ վիպակ (Փարիզ, 1934)։ Հրատարակելի ունի «Խարիսխէն հեռու» (վէպ), բանաստեղծութեանց երկու հատորներ՝ «Տեղատուութիւն», «Մակընթացութիւն», եւ պարբերաթերթերու մէջ տպագրուած վիպակներէն կազմուելիք հատոր մը։ Պատրաստ ունի նաեւ ուսումնասիրութիւն մը՝ «Զառիթափին վրայ»։ Ծածկանուն չէ գործածած»։
«Տեղատուութիւն եւ Մակընթացութիւն»ը, գրուած 1931-1938, մէկ հատորով հրատարակուեցաւ 1939ին (200 օրինակով)։ Յաջորդեց «Միջնաբերդ»ը, գրուած 1940-46, որ հրատարակուեցաւ 1946ին (500 օրինակով)։ Բանաստեղծական արձակի իր լաւագոյն գործը՝ «Վենսէնի անտառը», որ հրատարակուած էր Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի»ի ամսագրի (Հալէպ) 1947ի համարներով, առանձին հատորով (խմբագրութեամբ Գ. Պըլտեանի) լոյս տեսաւ Փարիզ, 1988ին։ Իր ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ՝ «Միջերկրական»ը, հրատարակուած 1971ին Գրիգոր Շահինեանի խմբագրած «Ահեկան» հանդէսի էջերուն, Պէյրութ (առաջին տարբերակ մը 1962ին տպուած էր «Բագին»ի մէջ)։ «Տեսարանները, մարդիկ եւ ես» (խմբ. Գ. Պըլտեան», Երեւան, 1994), «Խարիսխէն հեռու» («Հայրենիք» ամսագիր), «Մանուկ Դուինեան» («Նայիրի» ամսագիր), «Ղուկաս այպանելին» («Զուարթնոց» հանդէսի էջերուն) եւ «Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ Ամլութեան Սատանան («Ակօս» հանդէս, Պէյրութ)։
Սարաֆեանի գրական կազմաւորման վրայ իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցան Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի իր զոյգ ուսուցիչները՝ Յակոբ Օշականն ու Վահան Թէքէյեանը։ Յատկապէս Օշական միշտ մօտէն հետեւեցաւ իր նախկին աշակերտին գրական յառաջխաղացքին եւ հաւատքով սպասեց անոր նուաճումներուն, որոնք ըստ արժանւոյն իրականացան։
Սարաֆեան ամբողջ կեանք մը գրաշարութեամբ ապրեցաւ, նոյնիսկ իր գիրքերէն ոմանք, որոնց տպաքանակը 500ը չանցաւ ընդհանրապէս, անձնապէս ինք շարեց։ Բայց համեստ ու ժուժկալ իր կեանքը հարստացուց ժամանակի մաշումին դիմացող բարձրարուեստ գրականութեան մը ստեղծումով, որուն համար հայոց սերունդները միշտ վառ պիտի պահեն անոր անմեռ յիշատակը։


Ն.

Առաւօտ մը

Անտառին մէջ ամայի, ձմրան առտու մը պայծառ,
Ստեղնաշար մը լոյսի
Ու շուքերու շարժելով, խօլ՝ ծառէ ծառ դուն անցար,
Սէգ քայլերովըդ կոյսի։

Խորհրդաւոր բիւր լարեր կը հնչէին։
Քու արագ
Սրունքներդ ռիթմ մը ներքին
Կը մատնէին ու շարժուն
շրթունքներուդ վրայ կըրակ,
Կար տենդոտ սէրը կեանքին։

Արկածալից ու երկար ճամբաներու ուղեւոր,
Դուն թուեցար ինձ տարբեր՝
Այն բոլորէն, որ պզտիկ սէրեր, յոյզեր,
մէն օր
Կ՛երազեն խեղճ հաճոյքներ։

Մենք քալեցինք ծառերուն տակէն փղոսկրէ, վրայէն
Տերեւներուն թաց, ոսկի,
Որ շողալով ոտքիդ տակ,
կը հանէին ձայն մը շէն
Մետաքսահիւս քղանցքի։

Քաղաքն հեռու էր մենէ.
ժխորն հազիւ կը լսուէր
Ու երկնքէն էր կարծես,
Որ կ՛երթայինք, հողմավար՝
երկուքս մէյմէկ լուր ստուեր։
Կ՛ողողէր մեծ լոյս մը մեզ։

Հոգիս իր բերքը տուած, մերկ էր,
հատդարտ՝ հողին պէս
Ու լի, յղի՝ նոր կեանքով։
Ու թուեցաւ ինձ կեանքի դուն այն մաքուր ոգին ես
Որ կը ծաղկի մահուան քով։

Նիկողոս Սարաֆեան
ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու),
Ա. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ,
ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ
Մատենաշար 11, Փարիզ 1939.


Մեր Զատիկը


Տխրութեամբ ու պատրալիր համակերպութեամբ է, որ կը տօնենք Զատիկը հիմա, բայց զայն տօնելն իսկ իրական գեղեցկութիւն մըն է: Ծնունդին պէս, հեթանոսական էր Զատիկին ալ: Ան կը նշանակէր յարութիւնը բնութեան: Քրիստոնէութիւնը նուիրագործեց զայն, տուաւ անոր վերացական մեծութիւն մը: Ան գեղեցկացաւ տակաւին յուշերով, յոյսերով եւ աւանդութիւններով: Անհուն էր զօրութիւնը անոր: Խորհրդանշանն էր մեր տառապանքին եւ ազգային ազատագրութեան: Խաւարման գիշերը գիշերն էր նաեւ մեր խաւարած բախտին: Կը հոսէին արցունքները: Հոգիները կը վառէին հալող մոմերու պէս: Հալելով՝ կը դառնային լոյս: Կը լուսաւորէին տաճարները: Մեր զանգերը կþարձագանգէին, յաղթական ու թաւ՝ մեր լեռներուն, լիճերուն, գետերուն եւ անտառներուն վրայ: Կը պայթէին հրազէնները‘ ժամուն բակին մէջ՝ խաչքարերէն վեր՝ որոնց շուրջ կը դառնար թափօրը կարմրազգեստ դպիրներուն, քահանաներուն եւ ոսկեփայլ վարդապետներուն: Կը լողային արծաթ խաչերն ու բուրվառները: Կը բուրէին ծաղիկներն ու խունկերը:
Հոյակապ էր Զատիկը նոր ծաղկած ճիւղերով:
Այս բոլորին տեղ‘ պզտիկ աղօթատեղի մը միայն, հիմա, ազնուական բայց անհաղորդ՝ նոյնքան ազնուական եւ պաղ փողոցի մը մէջ: Երգեհոն մը՝ խորթ, անհարազատ դարձեալ՝ հակառակ իր փարթամ երաժշտութեան, որ կþորոտայ երբեմն քաղաքակրթութեան վիհին պէս՝ ուր ինկած է կարծէք մեր ցեղին ոգին, այն որ սիրտ եւ զգայնութիւն է, ինչպէս կը վկայեն մեր խռով շարականներն ու հերոսներուն պատմութիւնները, մեր մատեաններն ու մեր շիրմաքարերը, ելեկտրական մոմեր, սառ‘ մեր երբեմնի մոմերուն մնացորդներուն տաք, ծփուն ու բաբախուն բոցերուն քով:
Եւ սակայն սրտի բաբախումով է, որ կը մօտենանք այս բոլորին: Կը խռնուինք այս պզտիկ ժամուն դրան առջեւ: Չենք սիրեր մէկզմէկ: Կը բերենք մեզի հետ մինչեւ հոս մեր յաւակնութիւններն ու նախանձները, մեր թշնամութիւններն ու վէճերը: Բայց կարօտով կը մօտենանք իրարու, բամբասելով, ցուցադրելով հանդերձ մեր սնամտութիւններն ու զարդերը, նորաձեւ հագուստներն ու այլասերումները, պոռալով եւ կոպտօրէն աղմկելով շուկայի բազմութեան մը պէս: Կը խանդավառուինք մեր հաւաքականութեամբ եւ մեր ատելութիւններուն ետին կþերեւայ իրարու հաւասարելու, իրարմէ վեր բարձրանալու կամք մը: Կը ցրուինք թաղէ թաղ, արուարձանէ արուարձան՝ մխիթարուած, տանելով մեր հետ մեծ մխիթարութիւն մը:
Կը մտնենք եկեղեցիէն ներս, կը կենանք խորանին դէմ իրարու սեղմուած ու կը տխրինք, վասնզի ըսելիք չունինք այլեւս կամ մոռցած ենք մեր Հայր Մերը: Բանի մը չենք սպասեր: Գիտենք, թէ մեր բոլոր աղօթքներն ու հեծեծանքները անցան անօգուտ, կոտորուեցանք, նետուեցանք մինչեւ հոս: Լքուած կը զգանք մեզ: Գիտենք, թէ մեծ ոստաններ կը կերտուին, մեքենաներ կը հնարուին, հրաշքներ կը գործուին, կը բացուին կոյրերուն աչքերը, մեծ գիւտեր կþըլլան, բայց կը բացակային արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը մեր աշխարհէն: Ըսելիք մը չունինք եւ սակայն պատմութիւն մըն ենք ամէն մէկս: Հայր Մեր մըն է ամէն հայ: Հայր Մեր մը‘ ինչ որ կը մտածէ: Հայր Մեր մը՝ հայրենիքին կարօտն ու մանկութեան յուշերուն յուզումը: Աղօթքի մէջ է ան ամէն վայրկեան, երբ իր շրթներն իսկ կը մնան փակ: Ան կեցած է շրջապատուած քանի մը մեռելներով, իր պատռած երազներով եւ տրտունջներով: Հայր Մեր մըն է իմացականութենէն եկող յուսախաբութիւնը, այն որ հասած ու տեսած է վերջապէս, թէ նոյնքան անկայուն է բռնականութիւնը, որքան կեանքը: Բան մը չենք սպասեր աշխարհի եկեղեցիներէն: Անոնց սպասաւորները եղան փերեզակ, նախանձոտ ու մաղձոտ իրարու հանդէպ, պահելով հանդերձ հոգիները առաջնորդելու յաւակնութիւնը: Եւ սակայն կը սիրենք մեր եկեղեցին, կը յարգենք մեր վարդապետներն ու տէրտէրները՝ դարերու խորէն եկած յարգանքով մը, առատաձեռնութեամբ մը՝ որոնց չարժանացան մեր տաղանդները:
Կը նայինք խորանին տարտամ ու անորոշ մտքով, յիշելով մերթ երբեմնի մեր գունաւոր հաւկիթներն ու լարախաղաց Մշեցին, տաւուլն ու զուռնան, ուռենիի ոստէ շինուած սուլոցներն ու մայիւնները գառներուն, կանչը տռփավառ ցուլին, կարմիր ու խրոխտ երգը աքլորին: Խորունկ կարօտներ են այս բոլորը:
Եւ ահա կþառնէ, կը բարձրացնէ մեզ երգեցողութիւն մը: Մեր երակներէն կը հոսի մեզի անծանօթ յուզում մը, մեր նախնիքներէն ու թերեւս անյայտէն մեզի հասնող պատգամներու նման: Մեր շունչը կեանք կու տայ պատերուն, եւ դար մը վերջ, հոս եկողները պիտի լսեն մեզ, եւ յուզիչ ու զարմանալի պիտի գտնեն մեզ‘ մեր տոկունութեան, հայրենասիրութեան եւ մեր կորովի մաքառումներուն համար: Անոնք պիտի տեսնեն մեզ գունաւոր‘ մեր հաւկիթներուն պէս, կապոյտ Աստուածամօր հագուստին նման, կանաչներ՝ ծաղկած ծառերուն պէս, կարմիր խաչելութեան արիւնով, ոսկի եւ դեղին՝ մեր մագաղաթներուն համաձայն: Այն բոլոր գոյները որ կը նշանակեն յոյս, սէր, բարեպաշտութիւն, ողորմածութիւն: Գոյներու խաղ մը անշուշտ, բայց որքան հոյակապ՝ երբ այդ գոյները կը խօսին տառապող եւ յուսացող հոգիներէն:
Պատրանք‘ եւ խորունկ իրականութիւն:
Կը սպասենք բանի մը: Կը հասնինք քիչ¬քիչ իմացականութենէն վեր ճշմարտութեան մը: Կարելի չէ արդարեւ աւելի մեծ ուժ մը գտնել քան գութը անոր‘ որ կարեկցութեամբ նայեցաւ իր խաչին շուրջ դարձող զրահակիր ու յաղթիրան ձիաւորներուն, իրենք զիրենք իմաստուն ու քաջ կարծող քահանայապետներուն, եւ դատաւորներուն, որ քար մը կը կրէին միայն սրտի տեղ: Քար մը, որ սակայն շուտով կը փշրի: Կարելի չէ աւելի զօրաւոր բան մը գտնել մարդուն մէջ քան ազնուական այդ եսասիրութիւնը, որ կը մերժէ գռեհիկ անձնամոլութիւնն ու անարդարութիւնը, նախանձն ու մախանքը, բռնակալութիւնն ու դատողութիւնը, մեծամտութիւնն ու վայրագութիւնը:
Հայը ունի այս բոլորը զգալու կարող սիրտը՝ թէեւ այդ սիրտը խոնջ է դարերով քարերուն զարնուելով, թախծոտ է եւ թափառական: Կը սպասէ այս բոլորին: Գիտենք, թէ չենք կրնար այլեւս բարութեամբ պատասխանել չարութեանց: Բայց այս բոլորը մեր երիկամունքները այրող կարօտներն են: Գիտենք, թէ կþանցնին բոլոր գեղեցիկ խօսքերը: Բայց կը սիրենք բոլոր գեղեցկութիւնները: Գարուն է դուրսը, ի հարկէ: Ծաղկած են ծառերը օտար եւ հիւրընկալ երկրին: Գեղեցիկ են կիները: Կառքով պտոյտ մը պիտի լեցնէր մեր թոքերը դաշտերուն օդով, արեւով եւ ծաղիկներուն բոյրերով: Կը զգանք Զատիկը: Կը զգանք զայն նոյնիսկ մեծ ոստանին հազար զանգերը լսելով: Կրնանք ի հարկին մտնել տեղական եկեղեցիէ մը ներս: Զատիկ՝ ամէն կողմ: Կրնանք ի հարկին Զատիկ ընել սեղանի մը շուրջ: Անշուշտ, բայց հարազատ Զատիկը հայրենականն է եւ զրկուած ենք անկէ: Համաշխարհային է Զատիկը անշուշտ: Ան ամբողջ մարդկութեան հոգիին խտացումն է, իրապաշտ եւ վերացական, մարդկային եւ աստուածային, այնպէս ինչպէս արուեստագէտը կþըմբռնէ՝ բնականին ու գերբնականին միջեւ: Դրժում է, ուրացում եւ մատնութիւն: Կը վերջանայ յոյսով եւ խաղաղութեան խոստումով, ուրախութեամբ: Ամբողջ կեանքն է եւ մեր ուզածն այդ է արդէն եւ ուրիշ ոչինչ:
Օ՜ մարդկային ոգեկանութիւնը: Մեր դարաւոր ձգտումն ալ այդ է:
Բայց Զատիկը ազգային է նաեւ: Մեր Զատիկը՝ մեր հողին վրայ: Կը սպասենք, որ բացուին հայրենիքին դռները: Եւ երբ կը յորդին շարականները, երբ մեր սրբազան երգերը կը բանան իրենց ոսկեղէն թեւերը, երբ՝ ալիք առ ալիք կը թաւալին մեր սրտաբուխ եւ անկեղծ աղօթքները, երբ կը շողայ մեր գրաբարը առնական նիզակներով‘ մեր կարմիր ճակատագրին վերջալուսային երակներուն տակ եւ մեր բացուող մագաղաթներուն հետ կը թրթռան մեր քնարները‘ աչքերուս առջեւ կը բարձրանայ, կը մեծնայ, կþազնուանանայ ժամուն բազմութիւնը, գերեզմաններէն վեր եկող հոգիներու պէս, սրտառուչ եւ խռովիչ, հզօր, կերպարանափոխուած: Անմահութիուն կը տեսնեմ ամէնուն ճակտին վրայ:
Կը նայիմ եւ յուզում մը կþանցնի մէջէս: Տխրութեամբ եւ պատրալիր համակերպութեամբ է, որ կը տօնենք Զատիկը, բայց զայն տօնելն իսկ ուրախութիւն է ու գեղեցկութիւն:


Նիկողոս Սարաֆեան
«Յառաջ», 1949թ. 17 Ապրիլ