17 Նոյեմբերի այս օրը, 176 տարի առաջ ծնած է եւ նոյնպէս Նոյեմբեր 17ի օրը, 124 տարի առաջ, վախճանած է հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներու համաստեղութեան մէջ իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճած երախտաշատ այս հոգեւորականը՝ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցը։
Բանասէր ու բանահաւաք՝ Սրուանձտեանց կորուստէ փրկած է հայ հոգեմտաւոր հարստութեան անփոխարինելի գոհարներ՝ ողջ Հայաստան աշխարհը շրջելով եւ մեր ժողովուրդի շրթներէն լսելով ու արձանագրելով սերունդէ սերունդ փոխանցուած ու բանաւոր պահպանուած ստեղծագործութիւնները։
Արձակագիր ու շնորհալի գրող՝ Սրուանձտեանց իր բանաստեղծական շունչով եւ Վանի բարբառով համեմուած գեղեցկագոյն աշխարհաբարով՝ 1870ականներուն եւ 1880ականներուն գրաւեց հայոց գրական անդաստանը։ Հայրենի հողն ու ջուրը, իրենց հարազատ ջերմութեամբ, ինչպէս եւ հայ շինականն ու աշխատաւորը, իրենց տոհմական կենցաղով ու արժէքներով, ուրախութիւններով ու տառապանքով, հպարտութեամբ ու ազատութեան տենչով լեզու առին եւ գիր ու գրականութիւն դարձան Սրուանձտեանցի գործերով։
Անձնդիր հասարակական գործիչ՝ Սրուանձտեանց ոչ միայն հոգեւորականի իր բոլորանուէր ու անբասիր ծառայութեամբ, այլեւ՝ իբրեւ ուսուցիչի եւ ազգային գաղափարախօսութեան տարածիչի հանդիսացաւ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատին առաջին դրօշակիրներէն մէկը։
Ծնած է Վան եւ հազիւ պատանի՝ մտած է Վարագայ վանք, Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ աշակերտելով Խրիմեան Հայրիկին, որուն արժանաւոր գործակիցն ու գաղափարակիցը եղաւ հետագային, իր ամբողջ կեանքի եւ ծառայութեան ընթացքին։
Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի գրական եւ հրապարակախօսական առաջին գործերն ու յօդուածները լոյս տեսան Խրիմեանի «Արծուի Վասպուրականի» հանդէսին մէջ, որուն խմբագրի տեղակալի պաշտօնը վարեց իր ուսուցիչի կողքին։ Իսկ երբ 1860ականներուն Խրիմեան անցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, Գարեգին Սրուանձտեանց դարձեալ կանգնեցաւ անոր կողքին՝ «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթի խմբագրութեան եւ վանքի մէջ ուսուցչութեան նուիրուելով։
Նոյն տարիներուն, երբ Խրիմեան Հայրիկ իբրեւ նուիրակ շրջեցաւ Հայաստան Աշխարհի ողջ տարածքին, Սրուանձտեանց անոր անբաժան ընկերակիցը եղաւ եւ մեծ պաշտամունքով հաւաքեց մեր ժողովուրդին պահպանած բանաւոր ստեղծագործութիւնները, նաեւ՝ մօտէն ծանօթացաւ հայրենի բնաշխարհին եւ պարզ ու մեծ մեր ժողովուրդի կենցաղին, աւանդութիւններուն եւ հաւատամքին։
Այդ շրջանի իր գրառումներով՝ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանց հանդէս եկաւ ժամանակի Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Զմիւռնիայի հայ մամուլի էջերուն («Մասիս», «Արեւելեան Մամուլ», «Կռունկ Հայոց Աշխարհին», «Մեղու Հայաստանի» եւայլն)։
Սրուանձտեանց, դեռ կուսակրօն չդարձած, կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայկական գաւառներուն մէջ ազգային վարժարաններու հիմնումին մէջ։ 1866ին լոյս ընծայեց հայերէնի «Նոր Ընթերցարան» դասագիրքը, որ մինչեւ 1880ականներու վերջերը օգտագործուեցաւ ազգային վարժարաններու կողմէ։
1867ին, Կարնոյ մէջ, վարդապետ ձեռնադրուեցաւ եւ իբրեւ ազգային-յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած ու մտաւորական հարուստ պաշարի տէր երիտասարդ հոգեւորական՝ քարոզիչի առաքելութեամբ շրջեցաւ ու գործեց Վանի, Մուշի եւ Կարնոյ մէջ։ 1872ին, Վանի մէջ իր ծառայութեան շրջանին, Սրուանձտեանց հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ «Միութիւն ի փրկութիւն» անունով ազգային-ազատագրական պայքարի նախաձեռնած յեղափոխական խմբակի ստեղծման մէջ։
Գարեգին Սրուանձտեանցի ազգային-հասարակական եւ գրական-բանահաւաքման գործունէութիւնը մեծ ոստում արձանագրեց 1878ի Պերլինի Վեհաժողովէն յետոյ, երբ իբրեւ յատուկ նուիրակ շրջեցաւ հայկական նահանգները՝ ազգաբնակչութեան վիճակագրական ճշգրիտ պատկերը կազմելու եւ հայոց ինքնավարութեան պահանջը հիմնաւորելու պատասխանատու առաքելութեամբ։
Կարճատեւ կեանք վիճակուեցաւ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցին։ 52 տարեկանին բաբախելէ առյաւէտ դադրեցաւ սիրտը Մեծ Հայուն, որ իր ջանասիրութեամբ եւ անձնուիրումով՝ կեանքի այդ կարճ ժամանակը բազմապատիկ աւելիով իմաստաւորեց ու արդիւնաւորեց։
Գրական-բանասիրական իր վաստակը հաւաքուած է «Մանանա», «Համով-Հոտով», «Գրոց-Բրոց», «Թորոս Աղբար», «Հնոց-Նորոց» եւ այլ անուններով տասնեակաւոր հատորներու մէջ։
Սրուանձտեանց մեծարժէք ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի բանաւոր պահպանած ազգային մեծ դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթը» գրի առնելու եւ կորուստէ փրկելու գործին մէջ։
Իրեն կը պատկանի դիւցազնավէպի առաջին գրաւոր տարբերակին մշակումը՝ «Մհերի Դուռ» խորագրով, որ հետագայ 170է աւելի գրառումներու շարքին աչքի կը զարնէ իր հայերէնի հարազատ մշակուածութեամբ ու մեր ժողովուրդի սրտէն բխող բանաստեղծական շունչով։
Թէ՛ իր ժամանակակիցներուն եւ թէ հետագայ քննադատներու վկայութեամբ, Գարեգին Սրուանձտեանց իր անունին կապեց կոթողական ժառանգութիւն, որ ներշնչման աղբիւր դարձաւ 19րդ դարավերջի հայ գրողներուն համար։
Իրմով նոր դարաշրջան բացուեցաւ աշխարհաբարի եւ գրական աշխարհայեացքի հայացման առումով։ Եթէ մինչ այդ եւրոպականացման ճիգը տիրական էր թէ՛ հայերէնի մշակման եւ թէ ազգային-հայրենասիրական ապրումներու գեղարուեստականացման մէջ, Սրուանձտեանցով սկսաւ հայրենի հողին ու մարդուն հարազատութեամբ առաջնորդուելու մօտեցումը, որուն արգասիքը եղան հայ գեղապաշտ գրականութեան հետագայ նուաճումները։
Այսօր՝ Նոյեմբեր 17ին հայ ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ իր հոգեմտաւոր ժառանգութեան շնչաւոր «հանրագիտարան»ին՝ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց օրհնեալ անունով անմահ հայու ծննդեան տարեդարձն ու վախճանման տարելիցը։ Յուշատետրի սիւնակը նեղ կու գայ Մեծ Հայու վաստակին նոյնիսկ սոսկ թւումը ամբողջականօրէն կատարելու համար։
Հայկական առակներն ու առածները, հեքիաթներն ու դիւցազնապատումները, ազգային-հայրենասիրական երգերն ու տենչերը Սրուանձտեանց քաղեց իր ժողովուրդին շրթներէն, իր սրտին ու մտքին հնոցով մշակեց եւ յղկեց զանոնք եւ, ամէնէն կարեւորը, հարազատօրէն ժառանգ յանձնեց մեր սերունդներուն։
Կ՚արժէ այս հակիրճ անդրադարձը եզրափակել «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների» հանդէսի 1970ի թիւ 1 համարով լոյս տեսած Է.Ա.Կոնստանդեանի հետեւեալ վկայութեամբ՝ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցի ազգային-քաղաքական հանգանակին վերաբերեալ.-
«1862ի Զէյթունի հերոսամարտներից քիչ անց Վարագայ բարձունքից հնչում է ողջ հայութեանը պայքարի հրաւիրող, չյուսահատուելու յորդորող եւ գալիք մարտերին պատրաստ լինելու [Սրուանձտեանցի] կոչը. «Սկսենք մեր գործը, նորէն սկսենք։ Էն դեհ մի կռիւ կայ. կը լսէ՞ք նախանձաւոր, ահաւոր ձայներ, ձայն արեւմուտքից, ձայն հիւսիսից, ձայն եւ ամէն կողմից. մի՛, մի՛ սարսափիք, նոքա մեզ քաջութիւն թող տան»։
«Վարագայ վանքի ուխտի «մարտադիր զինուորը գիտէ, որ նման գործերում միանգամից յաջողութեան հասնել հնարաւոր չէ եւ որպէսզի չվհատուեն մարտնչող սրտերը, նա շարունակում է իր յորդոր-կոչը՝ կռուելու, զարկուելու եւ անպայման յաղթելու վճռականութիւն ներշնչելով ժողովրդին. «Ինկար, վեր կանգնիր, անշուշտ կը յաղթես, մեռնիս էլ կը յաղթես, վերջապէս կը յաղթես, վասնզի նոր ես ու լուսաւոր ես, բարի ես, ճշմարիտ ես»։
«Ըստ Սրուանձտեանցի՝ հայ ժողովրդի ազատագրութեան համար պայքարողը պէտք է լինի հայ երիտասարդութիւնը։ Նա յորդորում է հայ երիտասարդներին խորտակել բոլոր որոգայթները, թռչել եւ անցնել։ Իբրեւ պատգամ՝ նա կոչ է անում. «միաբան լինել, միաբան խորհել, միաբան մեռնել, միաբան ապրել։ Միանամք ուրեմն, եղբարք, զօրութիւն ի միութիւն եւ յաղթութիւն ի զօրութիւն»։
Սրուանձտեանցի պատգամով՝
«Մարդ պէտք է առիւծ լինի, գայլերէն չյաղթուելու համար, գառ լինի՝ իւր երամի հետ վարուելու համար»...
Ն.