Print
Category: Յուշատետր

alt16 ­Նո­յեմ­բե­րին, 161 տա­րի ա­ռաջ, հայ­կա­կան հո­ղի վրայ մղո­ւած ռուս-թրքա­կան հեր­թա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, ցա­րա­կան զօր­քը պատ­մու­թեան մէջ երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ­Կարս քա­ղա­քը, բայց... կրկին ան­գամ թուր­քե­րուն վե­

րա­դար­ձուց հա­յա­պատ­կան հի­նա­ւուրց ա­ւա­նը։

­Պատ­մա­կան այդ դրո­ւա­գը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի յատ­կա­պէս մեր օ­րե­րուն, երբ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան քար­տէ­սը վե­րա­ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­պայ­քա­րին մէջ, վերս­տին օ­րա­կար­գի վրայ բե­րո­ւած է՝ ­Ռու­սաս­տա­նի ակ­նե­րեւ ջա­նադ­րու­թեամբ, ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա սահ­ման­նե­րու ճշդո­րոշ­ման խնդի­րը, 1921ին հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած ­Կար­սի ­Դաշ­նա­գի­րը վե­րա­ճա­նաչ­ման կամ վե­րա­հաս­տատ­ման են­թար­կե­լու ճնշու­մով։

­Ցա­րա­կան զօր­քը ­Կարս մուտք գոր­ծած է ա­ռա­ջին ան­գամ 1828ի ­Յու­նիս 23ին, երբ ընդ­հան­րա­պէս Անդր­կով­կա­սի եւ յատ­կա­պէս Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի վրայ պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թեան վերջ տա­լով՝ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց ի­րեն կցել ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նը։ Ա­ռա­ջին այդ գրա­ւու­մը քա­նի մը ա­միս տե­ւեց միայն եւ, պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց ա­ւար­տին, ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը օս­մա­նեան կայս­րու­թեան զի­ջե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­յին ամ­րոց քա­ղա­քը, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ցա­րա­կան բա­նա­կին կա­մա­ւոր միա­ցած հայ զօ­րա­յին­նե­րուն հա­մար ­Կար­սի ա­զա­տագ­րու­մը կա­րե­ւոր քայլ մը կը հան­դի­սա­նար՝ ընդ­հան­րա­պէս Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը օս­մա­նեան լու­ծէն ձեր­բա­զա­տե­լու ճամ­բուն վրայ։

­Փաս­տօ­րէն 19րդ ­դա­րուն ­Կար­սը շա­րու­նակ կռուախն­ձոր մնաց Օս­մա­նեան եւ ­Ռու­սա­կան կայս­րու­թեանց մի­ջեւ։ 1828-1829ի եւ 1853-1856ի ­Ռուս-թուր­քա­կան պա­տե­րազմ­նե­րու ժա­մա­նակ, ռու­սա­կան բա­նա­կը տի­րա­ցաւ ­Կար­սին, սա­կայն ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան իղ­ձե­րու հաշ­ւոյն միշտ ալ զի­ջում­ներ կա­տա­րեց թուր­քե­րուն, փո­խա­րէ­նը՝ իր դիր­քե­րը ամ­րապն­դե­լով ­Պալ­քան­նե­րու մէջ։

­Ռուս մե­ծա­պե­տա­կան այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մա­սամբ փո­փո­խու­թիւն կրեց միայն 1877-1878ի ­Ռուս-թուր­քա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, երբ ցա­րա­կան զօր­քե­րը հա­յազ­գի կոմս ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քո­վի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ՝ փայ­լուն գրո­հով գրա­ւե­ցին ­Կար­սը, որ այ­նու­հե­տեւ միա­ցո­ւե­ցաւ ­Ռու­սա­կան ­Կայս­րու­թեան։ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թիւ­նը հաս­տա­տա­կա­մօ­րէն դէմ կե­ցաւ, պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք ­Պեր­լի­նի մէջ գու­մա­րո­ւած հա­մեւ­րո­պա­կան ­Վե­հա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, ­Սուլ­թա­նի եւ ա­նոր հա­մա­խոհ­նե­րու բա­նե­ցու­ցած ճնշում­նե­րուն՝ մեր­ժե­լով տե­ղի տալ ­Կար­սը վե­րա­դարձ­նե­լու պա­հանջ­նե­րուն առ­ջեւ։
Այդ­պէ՛ս, 1878էն սկսեալ, ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի կազ­մին մէջ առ­նո­ւած՝ ար­դի դա­րաշր­ջան մուտք գոր­ծեց հի­նա­ւուրց հայ­կա­կան ­Կար­սը, ո­րուն ա­նա­ռիկ բեր­դին պա­րիսպ­նե­րուն վրայ հա­յոց ձեռ­քով կա­ռու­ցո­ւած ըլ­լա­լու եւ հայ իշ­խան­նե­րու պատ­կա­նե­լու հա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թեանց մա­սին վկա­յու­թիւն­ներ ու­նին ոչ միայն հայ մա­տե­նա­գիր­ներն ու եւ­րո­պա­ցի ճա­նա­պար­հորդ­նե­րը, այ­լեւ թուրք հե­ղի­նակ­ներ՝ ինչ­պէս, օ­րի­նակ, 17րդ ­դա­րու թուրք ու­ղեգ­րող Էվ­լիա ­Չե­չե­րին։

­Հա­յա­կերտ «­Կա­րուց քա­ղաք»ի մա­սին հայ­կա­կան ա­ռա­ջին յի­շա­տա­կու­թեանց կա­րե­լի է հան­դի­պիլ 9րդ ­դա­րէն սկսեալ՝ մա­տե­նա­գիր­ներ Ս­տե­փա­նոս ­Տա­րօ­նե­ցիի, ­Թով­մաս Արծ­րու­նիի, Ա­րես­տա­կէս ­Լաս­տի­վեր­ցիի, ­Մատ­թէոս Ուռ­հա­յե­ցիի եւ այ­լոց գրու­թեանց մէջ։
«­Կա­րուց բերդ», «Ամ­րոցն ­Կա­րուց» եւ «Ա­մուրն ­Կա­րուց» ա­նո­ւա­նում­նե­րով յի­շա­տա­կո­ւած ­Կար­սը կը գտնո­ւի Ա­խու­րեան գե­տի վտակ­նե­րէն ­Կարս գե­տա­կի աջ ա­փին։ ­Հին ժա­մա­նակ­նե­րէն ե­ղած է ­Մեծ ­Հայ­քի Այ­րա­րատ նա­հան­գի ­Վա­նանդ գա­ւա­ռի ա­նա­ռիկ ամ­րոց­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն ռազ­մա­կան եւ տնտե­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մե­ծա­պէս շեշ­տո­ւած էր 9րդ ­դա­րուն՝ ­Բագ­րա­տու­նեաց հարս­տու­թեան ինք­նա­հաս­տատ­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ 888 թո­ւա­կա­նին, ­Վա­նան­դի ­Սա­հակ Մ­լեհն իշ­խա­նը ապստամ­բե­ցաւ ­Բագ­րա­տու­նեաց Ա­շոտ Ա­ռա­ջին թա­գա­ւո­րին դէմ, որ ճզմե­լով ապս­տամ­բու­թիւ­նը՝ ար­քու­նա­կան կա­լո­ւա­ծի վե­րա­ծեց ամ­բողջ ­Վա­նան­դը՝ իր ամ­րոց ­Կար­սով։

929 թո­ւին Ա­շոտ Երկ­րորդ ­Բագ­րա­տու­նին ար­քա­յա­նիստ կեդ­րո­նի վե­րա­ծեց ­Կար­սը՝ ամ­րաց­նե­լով ա­նոր միջ­նա­բեր­դը, կա­ռու­ցե­լով Ս. Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղե­ցին եւ շէ­նաց­նե­լով քա­ղա­քը։
961ին Ա­շոտ Գ. Ո­ղոր­մած ­Բագ­րա­տու­նի թա­գա­ւո­րը ար­քու­նի կեդ­րո­նը ­Կար­սէն փո­խադ­րեց Ա­նի, բայց եր­կու տա­րի ետք ա­նոր եղ­բայ­րը՝ հա­յոց սպա­րա­պետ ­Մու­շեղ ­Բագ­րա­տու­նի իշ­խա­նը ամ­րա­ցաւ ­Կար­սի մէջ եւ ա­ռան­ձին թա­գա­ւո­րու­թիւն հռչա­կեց։
­Մու­շե­ղի եւ ա­նոր որ­դի՝ Ա­բա­սի օ­րով, 11րդ ­դա­րուն, ­Կար­սի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը մե­ծա­պէս հզօ­րա­ցաւ եւ տնտե­սա­պէս ծաղ­կում ապ­րե­ցաւ եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, իր վրայ կեդ­րո­նա­ցուց ա­խոր­ժակ­նե­րը ա­րե­ւել­քէն ներ­խու­ժող ­Սել­ճուք ար­շա­ւող­նե­րուն՝ յա­ջոր­դա­բար ­Տուղ­րիլ բէ­կի եւ Ալփ-Արս­լա­նի։

1054 թո­ւին ­Կար­սի ­Գա­գիկ Արծ­րու­նի թա­գա­ւո­րը կրցաւ դի­մադ­րել եւ ետ մղել ­Տուղ­րի­լին, իսկ Ալփ-Աս­լա­նի հետ խա­ղա­ղու­թեան դա­շինք կնքել 1064ին։
­Բայց ա­րե­ւել­քէն ե­կող նո­րա­նոր ար­շա­ւա­խում­բե­րուն դի­մադ­րե­լու իր ու­ժը հետզ­հե­տէ կորսնց­նե­լով՝ ­Գա­գիկ Արծ­րու­նի ամ­բողջ ­Վա­նանդն ու ­Կար­սը յանձ­նեց ­Բիւ­զան­դիո­նի ­Կոնս­տան­դին ­Ղու­կաս կայ­սեր՝ փո­խա­րէ­նը ստա­նա­լով ­Կա­պա­դով­կիան, ուր հաս­տա­տեց իր թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը։ Իսկ 1071ին, ­Մա­նազ­կեր­տի պա­տե­րազ­մին, երբ բիւ­զան­դա­կան զօր­քե­րը ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւն կրե­ցին, ­Վա­նանդն ու ­Կար­սը ին­կան սել­ճու­քեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ, մին­չեւ որ 1206ին, ­Զա­քա­րեան եղ­բայր­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ հայ եւ վրա­ցա­կան զօր­քե­րը սել­ճուք­նե­րէն ա­զա­տագ­րե­ցին ամ­բողջ շրջա­նը եւ միա­ցու­ցին ­Զա­քա­րեան­նե­րու թա­գա­ւո­րու­թեան։

­Միայն ե­րե­սուն տա­րի ­Զա­քա­րեան­նե­րը կրցան պա­հել ­Կար­սը, որ 1236ին ին­կաւ մոն­կո­լա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ։
­Բայց 1284 թո­ւա­կա­նին ­Սա­դուն Արծ­րու­նին կրցաւ դուրս մղել մոն­կոլ­նե­րը եւ իր իշ­խա­նու­թեան են­թար­կել ­Կար­սը, որ հայ­կա­կան հարս­տու­թիւն մնաց այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ 1394, երբ մոն­կոլ-թա­թար ար­շա­ւա­խում­բով ­Լենկ ­Թի­մուր ներ­խու­ժեց, գրա­ւեց եւ հիմ­նա­յա­տակ կոր­ծա­նեց ­Կար­սը։
Այդ­պէ՛ս հայ­կա­կան ­Կար­սը ին­կաւ մոն­կոլ, թա­թար եւ օս­ման­ցի թուրք աս­պա­տա­կող­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ տի­րա­պե­տու­թեանց տակ, վե­րա­նո­ւա­նուե­ցաւ թրքե­րէն ­Ղարս եւ դա­րեր շա­րու­նակ, մին­չեւ 19րդ ­դա­րու սկիզբ­նե­րը, կռո­ւախն­ձոր դար­ձաւ օս­ման­ցի բէ­կե­րու եւ պար­սիկ խա­նե­րու մի­ջեւ։

­Պատ­մա­կան զար­գա­ցում­նե­րու այս պաս­տա­ռին վրայ, թուր­քեւ­պարս­կա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ տի­րա­պե­տու­թեանց դէմ՝ գե­րա­զան­ցա­պէս հա­յաբ­նակ ­Կար­սի ժո­ղո­վուր­դին պար­բե­րա­կան ըմ­բոս­տա­ցում­նե­րու լոյ­սին տակ, ա­ռանձ­նա­յա­տուկ իր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը ստա­նայ 16 ­Նո­յեմ­բեր 1855ին ռու­սա­կան զօր­քին երկ­րորդ ան­գամ ­Կարս մուտ­քը եւ կրկին ան­գամ քա­ղա­քին ետ յանձ­նու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան։

­Փաս­տօ­րէն ռու­սա­կան կայս­րու­թեան հա­մար միայն ռազ­մա­վա­րա­կան ար­ժէք ու­նէր ­Կար­սը՝ իբ­րեւ այ­լուր եւ յատ­կա­պէս ­Պալ­քան­նե­րու մէջ ցա­րա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու նպա­տա­կով գոր­ծա­ծուող կա­րե­ւոր խա­ղա­թուղթ մը եւ ճնշա­մի­ջոց։
­Նոյ­նիսկ 1878էն ետք, երբ ռու­սա­կան զօր­քը եր­րորդ ան­գամ գրա­ւեց ­Կար­սը եւ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան սահ­մա­նա­յին մար­զի վե­րա­ծեց զայն, բնաւ չու­նե­ցաւ ա­նոր հայ բնակ­չու­թեան ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու եւ ա­նոր հա­յա­պատ­կան հան­գա­ման­քը վե­րա­կանգ­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ «­Հա­յաս­տան ա­ռանց հա­յու» գաղ­թա­րա­րա­կան տրա­մա­բա­նու­թեամբ եւ երբ 1917ին, պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղաշրջ­ման հե­տե­ւան­քով, Ա­րեւ­մուտ­քին կող­մէ ­Ռու­սաս­տա­նի վրայ բա­նե­ցո­ւող ճնշում­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հար­կը զգաց, ան­վա­րան լքեց ­Կար­սը՝ ամ­բողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նով հան­դերձ։
­Ռուս կայ­սե­րա­կան մտա­ծո­ղու­թեան նոյն շեշ­տա­կի դրոշ­մը կայ, փաս­տօ­րէն, ­Հոկ­տեմ­բեր 1921ին կնքո­ւած ­Կար­սի դաշ­նագ­րին վրայ, որ նա­խա­պէս՝ ­Մարտ 1921ին կնքո­ւած ­Մոս­կո­ւա­յի դաշ­նագ­րին վե­րա­հաս­տա­տումն էր, 1923ին ար­դէն վերջ­նա­կա­նա­պէս ճնշո­ւած ու խորհր­դա­յին մա­կա­նին տակ ին­կած ­Հա­յաս­տա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ ու վա­ւե­րա­ցու­մով։

­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հին ցու­ցա­բե­րած ար­հա­մար­հա­կան վար­քա­գի­ծը ախ­տո­րո­շե­լու ա­ռու­մով, հե­տե­ւա­բար, պատ­մա­կան դա­ժան ու դառն դա­սե­րու շար­քին իր յա­տուկ տե­ղը ու­նի 16 ­Նո­յեմ­բեր 1855ին ­Կար­սի գրա­ւու­մը ռու­սա­կան զօր­քին կող­մէ ու, քա­նի մը ա­միս ետք, հայ­կա­կան հի­նա­ւուրց ամ­րո­ցին յանձ­նու­մը թուր­քե­րուն...
Այն­քան ա­տեն որ հա­յու­թիւ­նը, իր սե­փա­կան ու­ժե­րով, ի վի­ճա­կի չէ ե­ղած ա­զա­տագ­րե­լու կամ պահ­պա­նե­լու հայ­րե­նի հո­ղը, ոչ մէկ օ­տար ուժ, իր փո­խա­րէ­նը, ­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խիք հան­դի­սա­ցած է։

­Միա­ժա­մա­նակ ընդգ­ծե­լի է, որ ե­թէ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը այ­սօր չու­նին հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը սե­փա­կան ու­ժե­րով վե­րա­տի­րա­նա­լու հա­յա­պատ­կան ­Կար­սին եւ ամ­բողջ ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նին՝ ա­տի­կա չի նշա­նա­կեր, որ ­Թուր­քիոյ պար­տադ­րած շրջա­փա­կու­մին վերջ տա­լու հա­մար զի­ջում­ներ պէտք է կա­տա­րել ազ­գա­յին մեր անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւունք­նե­րէն՝ վե­րա­հաս­տա­տե­լով ­Կար­սի դաշ­նագ­րի օ­րի­նա­կով ինչ որ ­Հա­յեւթր­քա­կան Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք վեր­ջին հա­շո­ւով կը ծա­ռա­յեն հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը «օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լու» մե­ծա­պե­տա­կան հա­շիւ­նե­րուն։

Ն.