Print
Category: Յուշատետր

alt14 ­Նո­յեմ­բե­րը տխուր էջ մը կը բա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի տա­րեգ­րու­թեանց մէջ։
1918ի ­Նո­յեմ­բեր 14ին, նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ՝ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով, խնա­մա­

տա­րու­թեան նա­խա­րա­րի իր ա­ռանձ­նա­սե­նեա­կին մէջ աշ­խա­տե­լու պա­հուն, եղ­բայ­րաս­պան փամ­փուշ­տի զոհ գնաց դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րար ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան։
­Կար­ճի­կեա­նի ա­ռանձ­նա­սե­նեա­կը ա­նակն­կա­լօ­րէն մտաւ իր մտե­րիմ­նե­րէն՝ նոյն­պէս դաշ­նակ­ցա­կան ծա­նօթ գոր­ծիչ սպայ Ե­գոր ­Տէր-­Մի­նա­սեան, որ ատրճա­նա­կը հա­նե­լով սկսաւ կրա­կել եւ տեղն ու տե­ղը սպան­նել ըն­կե­րո­ջը։

Ող­բեր­գա­կան այդ պա­հը ամ­փոփ նկա­րագ­րող ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան («­Յու­շա­պա­տում Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, 1890-1950», էջ 506) կ’ա­ւելց­նէ, որ «- Ե­գո՜ր, ի՞նչ ես ա­նում,- լի­նում է ­Խա­չի­կի վեր­ջին խօս­քը»։
Այդ­պի­սի՛ դառն վախ­ճան ու­նե­ցաւ, 36 տա­րե­կա­նին, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ակ­նա­ռու դէմ­քե­րէն ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան, որ իր կեան­քով ու գոր­ծով մարմ­նա­ւո­րեց ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ ­Պե­տա­կան ­Գոր­ծի­չի դաշ­նակ­ցա­կան ինք­նու­րոյն հա­մադ­րում մը։

­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի իսկ վկա­յու­թեամբ՝ «­Կար­ճի­կեա­նի մա­հով ոչ միայն ­Հա­յաս­տանն էր զրկւում իր ա­մե­նա­խո­շոր պե­տա­կան մի գործ­չից, այ­լեւ՝ բո­վան­դակ ­Կով­կա­սը… Ա­րա­մից յե­տոյ, նա ա­ռա­ջինն էր՝ կո­չո­ւած կեր­տե­լու ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան շէն­քը»։
­Կով­կա­սա­հա­յու ամ­բող­ջա­կան կեր­պա­րի մարմ­նա­ւո­րում­նե­րէն ե­ղաւ ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան, որ իր վար­քա­գի­ծով եւ գոր­ծով միա­ձու­լեց ժա­մա­նա­կաշրջա­նի կով­կա­սա­հա­յը բնո­րո­շող հիմ­նա­կան ստո­րո­գե­լի­նե­րը՝ թէ՛ ռու­սա­կան ի­րա­կա­նու­թեան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան խմո­րում­նե­րուն եւ ձգտում­նե­րուն յա­ռա­ջա­դէմ ար­տա­յայ­տիչ­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լու, թէ՛ ա­րե­ւե­լա­հա­յոց ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն ան­նա­հանջ պաշտ­պան կանգ­նե­լու, թէ՛ Անդր­կով­կա­սը ազ­գա­մի­ջեան հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դե­լու եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­թեան ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւե­լու յանձ­նա­ռու­թեան տէր կանգ­նե­լու ա­ռում­նե­րով։

­Յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ ­Պե­տա­կան ­Գոր­ծի­չի այ­սօ­րի­նակ դժո­ւա­րին հա­մադ­րում մը ի­րա­պէ՛ս հնա­րա­ւոր դարձ­նե­լու անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ­նե­րը ու­նէր ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան։ ­Մէկ կող­մէ՝ օժ­տո­ւած էր ըն­կե­րա­կան, դիւ­րա­հա­ղորդ եւ կեն­ցա­ղա­վար ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ։ Իսկ միւս կող­մէ՝ կը յատ­կան­շո­ւէր գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու, սկզբուն­քա­յին կե­ցո­ւածք­նե­րու եւ գործ­նա­կան լու­ծում­նե­րու կառ­չած հան­րա­յին ու մտա­ւո­րա­կան գոր­ծի­չի ան­զի­ջող հե­ տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ եւ հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ պա­շա­րով։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ, ինչ­պէս որ շատ ա­րագ ե­ղաւ իր մագլ­ցու­մը հան­րա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց աս­տի­ճան­նե­րէն, այն­պէս ալ սխալ հասկ­ցո­ւե­լու եւ ան­հաշտ հա­կա­ռա­կորդ­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու ու­ղի մը բա­ժին հա­նո­ւե­ցաւ ­Կար­ճի­կեա­նին։

­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան ծնած էր 1882ին, ­Վա­ղար­շա­պատ (Էջ­միա­ծի­նի շրջան), հա­մեստ աշ­խա­տա­ւո­րի մը յար­կին տակ։ ­Գիւ­ղի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ տար­րա­կան ու­սու­մը ստա­նա­լէ ետք, ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը, ո­րուն դա­սա­րա­նա­կան բա­ժի­նը ա­ւար­տե­լէ ետք՝ ան­ցաւ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Գիմ­նա­զիո­նը եւ ա­ւար­տեց փայ­լուն նի­շե­րով։ Կր­թան­պաս­տի ար­ժա­նա­ցաւ եւ մեկ­նե­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ո­րուն հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նու­թեան բաժ­նին մէջ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ։

Ապ­րուս­տի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ նիւ­թա­կան սեղ­մում­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ ­Խա­չա­տուր ընդ­հա­տէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան իր ու­սու­մը, վե­րա­դառ­նայ ­Հա­յաս­տան եւ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն­ներ ստանձ­նէ նախ Ա­խալց­խա­յի եւ, ա­պա, Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։
Ք­սա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բի այդ տա­րի­նե­րուն Անդրկով­կա­սը հայ­կա­կան եւ հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռում­նե­րով ե­ռե­ւե­փու­մի մէջ կը գտնո­ւէր։

Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ ու­սա­նո­ղա­կան շար­ժում­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած եւ ար­դէն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան միա­ցած ­Կար­ճի­կեան, Ա­խալց­խա­յի եւ յատ­կա­պէս Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի դպրոց­նե­րէն ներս իր ծա­ւա­լած գա­ղա­փա­րա­կան լու­սա­ւո­րու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն կող­քին, ա­տե­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան, մա­նա­ւա՛նդ դաշ­նակ­ցա­կան ու­սա­նո­ղու­թեան սի­րե­լի՝ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ու­ղի բա­ցող «­Խա­չիկ վար­ժա­պե­տը» ե­ղաւ։ ­Գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րաւ­ման դէմ ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան բո­ղո­քի շար­ժու­մին, ինչ­պէս եւ ա­ւե­լի ուշ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեան հրահ­րած հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը մա­րե­լու ճի­գե­րուն՝ Անդր­կով­կա­սի մէջ ազ­գա­մի­ջեան հա­մե­րաշ­խու­թիւն քա­րո­զե­լով եւ բնա­բա­նի վե­րա­ծե­լով իր այն հա­մո­զու­մը, որ «երբ հրդեհ կայ, ո­ճիր է փո­թո­րիկ բարձ­րաց­նե­լը»...

­Նիւ­թա­կան իր խնա­յո­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ հիմ­նուե­լով՝ ո­րո­շեց վե­րա­դառ­նալ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար իր ի­րա­ւա­բա­նա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը։ 1900ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան դար­ձաւ ­Փե­թերս­պուր­կի հայ ու­սա­նո­ղու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մղիչ ու­ժե­րէն մէ­կը։ ­Թէեւ իր հետ ­Փե­թերս­պուրկ գա­ցած կնոջ ու զա­ւակ­նե­րուն ապ­րուս­տի հո­գը ծանր կը ճնշէր ­Կար­ճի­կեա­նի վրայ եւ, մաս­նա­ւոր դա­սեր տա­լով, կեն­ցա­ղա­յին կա­րիք­նե­րու ա­պա­հով­ման ճի­գե­րը շատ ժա­մա­նակ կը խլէին իր­մէ, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Կար­ճի­կեան ի վի­ճա­կի ե­ղաւ ոչ միայն ի­րա­ւա­բա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ուս­ման իր դա­սե­րուն հաս­նե­լու, այ­լեւ՝ հան­րա­յին-կու­սակ­ցա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու։ Այդ շրջա­նին էր, նաեւ, որ ­Կար­ճի­կեան սերտ կա­պեր հաս­տա­տեց հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան կրա­կը ար­ծար­ծած ռուս, վրա­ցի եւ թա­թար ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ՝ հա­մա­ռու­սա­կան «դե­մոկ­րա­տա­կան» շարժ­ման զար­գաց­ման մէջ իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը բե­րե­լով։

1910ին, ար­դէն ի­րա­ւա­բան վկա­յո­ւած, ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան վե­րա­դար­ձաւ Անդր­կով­կաս, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս եւ իբ­րեւ օգ­նա­կան աշ­խա­տե­ցաւ ծա­նօթ եր­դո­ւեալ հա­ւա­տար­մա­տար Եա­կու­լեա­նի մօտ։ Ոչ միայն բա­րե­լա­ւեց նիւ­թա­կան իր վի­ճա­կը, այ­լեւ՝ աչ­քի զար­կաւ իբ­րեւ կա­րող փաս­տա­բան։ Իր առ­ջեւ բա­ցո­ւե­ցան հան­րա­յին եւ ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց դռնե­րը եւ ­Կար­ճի­կեան պա­տուով դուրս ե­կաւ ի­րեն վստա­հո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րէն։

Իր այդ վար­կով ալ ստանձ­նեց 1912ին սկսած «­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Դատ»ին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ռուս ա­կա­նա­ւոր փաս­տա­բան­նե­րու կող­քին, իբ­րեւ հա­յե­րէն փաս­տա­թուղ­թե­րու հա­ւաք­ման, մշակ­ման եւ պաշտ­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն։ ­Պե­տա­կան գոր­ծի­չի եւ յե­ղա­փո­խա­կա­նի դաշ­նակ­ցա­կան հա­մադ­րու­մին ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր փոր­ձա­քա­րը հան­դի­սա­ցաւ այդ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ւար­տէն ետք, Օ­գոս­տոս 1913ին ­Կար­նոյ մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ­Կար­ճի­կեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան ­Բիւ­րո­յի ան­դամ։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէէն մին­չեւ 1918ի իր ող­բեր­գա­կան մա­հը եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեա­նի հա­մար, ե­ղաւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով ամ­բողջ կեանք մը լեց­նող ու ար­ժե­ւո­րող ԳՈՐ­Ծի հանգ­րո­ւան։

Գլ­խա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն էր ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման ծրագ­րու­մին ու կազ­մա­կեր­պու­մին։ ­Յատ­կա­պէս իր պնդում­նե­րով՝ հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը ռու­սա­կան զօր­քե­րու յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րը գրա­ւե­ցին ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ, որ­պէս­զի ա­ռա­ջի­նը ի­րենք հաս­նին նա­հան­ջող թրքա­կան զօր­քե­րու կող­մէ կո­տո­րա­ծի մատ­նո­ւած հա­յու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան։ ­Նաեւ՝ Ե­ղեռ­նէն փրկո­ւած հայ որ­բե­րու եւ տե­ղա­հան գաղ­թա­կա­նու­թեան խնա­մա­տա­րա­կան գոր­ծին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը շալ­կեց իր ու­սե­րուն՝ 1916-1917 տա­րի­նե­րուն։

Իսկ երբ 1917ի ­Փետ­րո­ւա­րին պայ­թե­ցաւ ­Ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը, ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան ա­ռա­ջին­նե­րէն էր, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թեանց անդր­կով­կա­սեան մար­մին­նե­րուն մէջ։ ­Նոյ­նիսկ ­Լե­նի­նի ­Հոկ­տեմ­բե­րեան յե­ղաշր­ջու­մէն ետք, երբ Անդր­կով­կա­սի մէջ քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ո­րո­նում­նե­րու եւ բուռն հա­կադ­րու­թեանց իս­կա­կան խառ­նի­ճա­ղանճ մը ա­ռա­ջա­ցած էր՝ ազ­գա­մի­ջեան խուլ, այ­լեւ սուր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով ու բա­խում­նե­րով ծան­րա­բեռ­նո­ւած, ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան ա­ռանց­քա­յին դեր ստանձ­նեց հայ­կա­կան շա­հե­րու ան­զի­ջող պաշտ­պա­նու­թեան մէջ՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ա­մէն ճիգ թա­փե­լով, որ Անդր­կով­կա­սը դառ­նայ բո­լոր ազ­գու­թեանց ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու­ժե­րու հա­մե­րաշ­խու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քը։

­Կար­ճի­կեան ո­գի ի բռին պայ­քա­րե­ցաւ, որ­պէս­զի Անդր­կով­կա­սի հայ եւ ռուս, վրա­ցի եւ թա­թար «դե­մոկ­րատ»նե­րը միա­ցեալ ճա­կա­տով եւ հա­մե­րաշխ ու­ժե­րով դի­մագ­րա­ւեն թրքա­կան վտան­գը։ ­Բայց ռու­սը ար­դէն տա­րո­ւած էր պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան միջ­նա­բեր­դը պաշտ­պա­նե­լու հո­գե­րով եւ ժա­մա­նակ չու­նէր ­Հա­յաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած օր­հա­սին մա­սին մտա­ծե­լու, ուր մնաց օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու։ Իսկ վրա­ցի եւ թա­թար «դե­մոկ­րատ»նե­րու ազ­գայ­նա­մոլ ա­խոր­ժակ­նե­րը ծա­նօթ պատ­մու­թիւն են. Անդրկով­կա­սի թա­թար բնակ­չու­թիւ­նը, «դե­մոկ­րատ» իր ա­ռաջ­նորդ­նե­րով հան­դերձ, անձ­կու­թեամբ կը սպա­սէր թրքա­կան յաղ­թա­նա­կին. մինչ վրա­ցի­նե­րը, սե­փա­կան գլու­խը հո­ղին մէջ թա­ղե­լով պաշտ­պա­նո­ւիլ ու­զող ջայ­լա­մի օ­րի­նա­կով, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հաշ­ւոյն զի­ջում­նե­րու գնով կը փոր­ձէին ա­պա­հո­վել թրքա­կան ներ­խու­ժող բա­նա­կին «նե­րո­ղամ­տու­թիւն»ը...

­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան ի զուր պայ­քա­րե­ցաւ դէպ­քե­րու այդ թա­ւալգ­լոր գա­հա­վի­ժու­մին դէմ։ Երզնկա­յի եւ ­Կար­նոյ ան­կու­մէն ետք կար­գը հա­սաւ ­Կար­սին, ուր հայ­կա­կան զօր­քը ծան­րա­գոյն գին վճա­րեց հա­մա­ռու­սա­կան «դե­մոկ­րա­տիա»յի ա­նու­նով ծայր տո­ւած դա­սալ­քու­թեան։ Եւ ­Կար­սի անկ­ման մեծ ող­բեր­գու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք՝ բո­լո­րի՛ն - դաշ­նակ­ցա­կան թէ ընդ­դի­մա­դիր - մատ­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեա­նը, իբ­րեւ ­Սէյ­մի եւ Անդր­կով­կա­սեան ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քը, ա­նոր վրայ բար­դե­լով վրա­ցա­կան եւ թա­թա­րա­կան սադ­րանք­նե­րուն դէմ հա­տու պա­տաս­խան տո­ւած չըլ­լա­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Ա­հա ծան­րա­գոյն մե­ղադ­րանք­նե­րու այդ մթնո­լոր­տին մէջ, երբ ­Հա­յաս­տան ար­դէն տի­րա­ցած էր իր ան­կա­խու­թեան եւ ­Կար­ճի­կեան իր ա­ռա­ւե­լա­գոյն ներդ­րու­մը կը բե­րէր հա­յոց նո­րա­հաս­տատ պե­տա­կա­նու­թեան հի­մե­րու ամ­րապն­դու­մին՝ յա­ռա­ջա­դէմ օ­րէնք­նե­րու մշա­կու­մով եւ հաս­տա­տու­մով, ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի սպայ եւ ­Կար­ճի­կեա­նի տա­րի­նե­րու մտե­րիմ Ե­գոր ­Տէր-­Մի­նա­սեան գոր­ծեց եղ­բայ­րաս­պան իր ծան­րա­գոյն յան­ցան­քը՝ ­Կար­սի ան­կու­մին բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու ինք­նագ­լուխ ո­րո­շու­մը կա­յաց­նե­լով եւ, վրա­ցի­նե­րէն ա­ռաջ, դաշ­նակ­ցա­կան իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին վրայ կրակ բա­նա­լով։

Այդ­պէս ան­հիմ­նօ­րէն ու ա­նար­դա­րօ­րէն ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ հա­մակ նո­ւի­րում եւ սկզբուն­քա­յին հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն շնչա­ւո­րած կեան­քը ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեա­նի, որ իս­կա­պէս քա­ւու­թեան նո­խա­զը դար­ձաւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կերտ­ման տա­ժա­նա­գին եր­կուն­քին։

14 ­Նո­յեմ­բեր 1918ին, Հ.Հ. խնա­մա­տա­րու­թեան նա­խա­րա­րի իր աշ­խա­տա­սե­նեա­կին մէջ, եղ­բայ­րաս­պան փամ­փուշ­տով վերջ գտաւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի եւ քա­ղա­քա­կան անձ­նո­ւի­րու­մի վաս­տա­կա­շատ կեան­քը ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեա­նի՝ պե­տա­կան գոր­ծի­չի եւ յե­ղա­փո­խա­կան նո­ւի­րեա­լի դաշ­նակ­ցա­կան օ­րի­նա­կե­լի հա­մադ­րու­մին։

Ն.