Print
Category: Յուշատետր

alt«Անհ­րա­ժեշտ է ճանչ­նալ թուր­քի հո­գին, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր ըլ­լայ բա­ցատ­րե­լու մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ան­նա­խա­դէպ ա­րիւ­նոտ ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը՝ հա­յե­րու 1915ի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

Ա­հա ա՛յս հա­մո­զու­մով եւ պատ­գա­մով՝ գա­ղա­փա­րի մար­տի­կի իր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րեց եւ ­Հայ­կա­կան ­Նե­մե­սի­սի ար­դա­րա­դատ, այ­լեւ հա­րո­ւա­ծո՛ղ բա­զու­կի իր ան­մահ պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճեց ­Մի­սաք ­Թոր­լա­քեան, ո­րուն մա­հո­ւան 46րդ ­տա­րե­լիցն է այ­սօր։
1968ի ­Նո­յեմ­բեր 12ի օ­րը, ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ, ութ­սուն տա­րե­կան հա­սա­կին, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան ցա­ւա­տանջ աչ­քե­րը Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սին։

­Ցա­ւա­տանջ աչ­քեր՝ ո­րոնք մա­նուկ տա­րի­քէն զար­հու­րան­քով տե­սած էին ե՛ւ ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րը, ե՛ւ 1915ին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րը, ե՛ւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի վե­րապ­րած վեր­ջին բե­կոր­նե­րուն դէմ թրքա­կան բա­նա­կի 1918ի ար­շա­ւանք­նե­րուն ա­մէն ինչ հու­րէ եւ սու­րէ ան­ցը­նե­լու ա­հա­ւոր վայ­րա­գու­թիւ­նը։

­Ցա­ւա­տանջ աչ­քեր՝ ո­րոնք նաեւ բո­ցա­վառ էին ընդվ­զու­մի, ցա­սու­մի եւ վրէ­ժի կայ­ծե­րով եւ ո­րոնք, նոյ­նիսկ ա­նոր ա­ռա­ջին ար­դա­րա­հա­տոյց գոր­ծո­ղու­թե­նէն՝ ­Բա­գո­ւի ջար­դա­րար ­Պէյ­պուտ խան ­Ճի­վան­շի­րի ա­հա­բե­կու­մը ի­րա­գոր­ծե­լէ ետք, մին­չեւ մահ մշտար­ծարծ մնա­ցին ­Մի­սաք ­Թոր­լա­քեա­նի մօտ, ո­րով­հե­տեւ ան­ճի­տո­ւած Ազ­գին եւ բռնագ­րա­ւեալ ­Հայ­րե­նի­քին ար­դար հա­տուց­ման ­Մեծ Օ­րը... չտե­սան։

­Թոր­լա­քեան ծնած է 1888ին ­Կիւ­շա­նա (Տ­րա­պի­զո­նի շրջան)։ 8 տա­րե­կան էր 1896ին, երբ Տ­րա­պի­զո­նի հա­յու­թեան դէմ ­Հա­միտ շարժ­ման մէջ դրաւ թուրք եւ քիւրտ խու­ժա­նը՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը պատ­ժե­լու պատ­րո­ւա­կով հա­զա­րա­ւոր ան­զէն հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը հրա­հան­գե­լով։ ­Մա­նուկ տա­րի­քի ընդվ­զու­մը ­Թոր­լա­քեա­նի մէջ յան­գե­ցաւ ծա­ռա­ցու­մի եւ ըմ­բոս­տաց­ման 1904ին, երբ ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան ա­ռի­թով ­Հա­միտ վերս­տին փոր­ձեց ա­րեան մէջ խեղ­դել ողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը։ ­Քաջ ու խի­զախ պա­տա­նին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ Տ­րա­պի­զո­նի հայ ապս­տամբ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հրո­սա­կա­խում­բե­րուն, գիւ­ղէ գիւղ շրջե­լով եւ ան­պաշտ­պան հա­յու­թեան տէր կանգ­նե­լով։

1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն եւ հա­յե­րու բա­նակ մուտ­քի ար­տօ­նու­թե­նէն ետք, ­Թոր­լա­քեան կարճ ժա­մա­նա­կով զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէջ մտաւ, բայց տես­նե­լով իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ շա­րու­նա­կո­ւող հա­յա­տեաց խտրա­կա­նու­թիւնն ու ի­րա­ւազր­կում­նե­րը՝ հե­ռա­ցաւ բա­նա­կէն, միա­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ, ­Ռոս­տո­մի ան­մի­ջա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան տակ ծա­ւա­լած ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նա­կից դառ­նա­լով, լծո­ւե­ցաւ Տ­րա­պի­զո­նի եւ ­Կով­կա­սի մի­ջեւ զէն­քի փո­խադ­րու­թեան ու թրքա­կան ա­նօ­րի­նու­թիւն­նե­րը զի­նու զօ­րու­թեամբ սան­ձե­լու գոր­ծին։

1915ին, ­Թոր­լա­քեան միա­ցաւ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շար­ժու­մին եւ ե­ղաւ ա­ռա­ջին­նե­րէն, ո­րոնք ռու­սա­կան զօր­քին հետ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան մուտք գոր­ծե­ցին եւ ան­մի­ջա­պէս լծո­ւե­ցան թրքա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը հա­ւա­քե­լու, պատս­պա­րե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու փրկա­րար աշ­խա­տան­քին։

Իսկ երբ ­Լե­նի­նեան յե­ղաշրջ­ման հե­տե­ւան­քով ռու­սա­կան զօր­քե­րը ա­րա­գօ­րէն լքե­ցին ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րը եւ «տուն» շտա­պե­ցին, ­Թոր­լա­քեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ վե­րապ­րող ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը թրքա­կան զօր­քի ներ­խուժ­ման դէմ պաշտ­պա­նե­լու 1918ի կռիւ­նե­րուն - յատ­կա­պէս ­Կար­սի ճա­կա­տին վրայ - եւ հայ­կա­կան ան­խու­սա­փե­լի նա­հան­ջի կազ­մա­կեր­պու­մին։

Այ­նու­հե­տեւ, երբ ար­դէն նա­հան­ջի ճա­նա­պարհ չկար եւ ողջ հա­յու­թիւ­նը մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­ցաւ ցե­ղաս­պա­նա­կան իր ծրա­գի­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու ե­կող թրքա­կան բա­նա­կին դէմ, ­Թոր­լա­քեան ­Պաշ Ա­բա­րա­նի ճա­կա­տին վրայ կռո­ւե­ցաւ Դ­րո­յի յաղ­թա­կան գուն­դին մէջ։

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին ­Թոր­լա­քեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան պատս­պար­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին թուրք ջար­դա­րար­նե­րը պատ­ժե­լու ­Նե­մե­սիս ­Գոր­ծո­ղու­թեան որ­դեգ­րու­մէն ետք, ­Թոր­լա­քեան կու­սա­կցա­կան ո­րո­շու­մով 1920ին ան­ցաւ ­Պո­լիս։ Լ­ծո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու՝ յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դ. մար­տա­կան կա­ռոյ­ցի վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մին։

Այդ շրջա­նին էր, 1921ին, որ ­Նեմ­եսիս ­Գոր­ծո­ղու­թեան ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մարմ­նին կող­մէ ­Թոր­լա­քեա­նի յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս հաս­տա­տո­ւած, մու­սա­ւա­թա­կան Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ե­ղած եւ 1918ին ­Բա­գո­ւի հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու ժա­մա­նակ ան­զէն հա­յու­թեան կո­տո­րա­ծը կազ­մա­կեր­պած ­Պէյ­պուտ խան ­Ճի­վան­շի­րի ա­հա­բե­կու­մը։ Ե­րո­ւանդ Ֆնտ­քեան եւ ­Յա­րու­թիւ­նեան նշա­նա­կո­ւած էին ­Թոր­լա­քեա­նի օգ­նա­կան­նե­րը։

Թոր­լա­քեան ­Ճի­վան­շի­րի ա­հա­բեկ­ման դաշ­նակ­ցա­կան ո­րո­շու­մը գոր­ծադ­րեց 18 ­Յու­լիս 1921ին, օր ցե­րե­կով գե­տին փռե­լով ­Բա­գո­ւի ա­րիւ­նար­բու հրէ­շը։ Ա­հա­բեկ­ման ա­կա­նա­տես ֆրան­սա­ցի զի­նո­ւոր­ներ յար­ձա­կե­ցան ­Թոր­լա­քեա­նի վրայ եւ, ծե­ծի տակ ձեր­բա­կա­լե­լով զինք, յանձ­նե­ցին ­Պոլ­սոյ մէջ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ անգ­լիա­կան հո­գա­տար իշ­խա­նու­թեան։

Անգ­լիա­կան զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­րան մը կազ­մո­ւե­ցաւ։ ­Թոր­լա­քեա­նի դա­տին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Խոս­րով ­Ներ­սէ­սեան, որ կուռ եւ հիմ­նա­ւոր փաս­տար­կում­նե­րով դա­տա­րա­նին առ­ջեւ մեր­կա­ցուց ­Ճի­վան­շի­րի ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը։ ­Դա­տա­րա­նը թէեւ յան­ցանք նկա­տեց գոր­ծո­ւած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, բայց ար­դա­րա­ցուց ­Թոր­լա­քեա­նը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոր հո­գե­կան եւ մտա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան հաս­ցո­ւած հա­րո­ւա­ծը ­Ճի­վան­շի­րի կող­մէ։

­Մի­սաք ­Թոր­լա­քեան ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ 22 ­Նո­յեմ­բե­րին, ան­ցաւ ­Յու­նաս­տան եւ հոն­կէ ալ Մ. ­Նա­հանգ­ներ, ուր մնա­յուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ։
Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, ­Թոր­լա­քեան գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Դ­րո­յի նա­խա­ձեռ­նած խորհր­դա­յին բա­նա­կի զի­նո­ւոր հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու փրկա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

­Թոր­լա­քեան կու­սակ­ցա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց մին­չեւ իր վեր­ջին տա­րի­նե­րը, երբ հի­ւան­դու­թիւ­նը ան­կող­նին գա­մեց ան­խոնջ մար­տի­կին։
Այդ ժա­մա­նակ էր, 1968ին, որ Մ. ­Նա­հանգ­ներ կա­տա­րած իր շրջապ­տոյ­տի ըն­թաց­քին, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Վազ­գէն Ա­ռա­ջին եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Հայ­րա­պե­տը հի­ւան­դա­նոց այ­ցի գնաց մա­հա­մերձ ­Թոր­լա­քեա­նին եւ դաշ­նակ­ցա­կան անն­կուն ա­հա­բե­կի­չին ար­ժա­նա­ցուց Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի օրհ­նու­թեան։

Այդ օրհ­նու­թեամբ՝ առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան, 12 ­Նո­յեմ­բեր 1968ին, ցա­ւա­տանջ եւ ցաս­կոտ աչ­քե­րը ան­մահ ­Մի­սաք ­Թոր­լա­քեա­նի՝ ­Հայ­կա­կան ­Նե­մե­սի­սի ար­դա­րա­դատ՝ հա­րո­ւա­ծո՛ղ բա­զու­կին։

Ն.