­altՆո­յեմ­բեր 8ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն հո­գե­հա­րա­զատ, սրտա­մօտ եւ ժո­ղովր­դա­յին դէմ­քե­րէն ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեա­նի, որ ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա գրչա­նու­նով ան­մա­հա­ցած է հա­յոց սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

 

 

Դ­ժո­ւար է պատ­կե­րաց­նել ազ­գա­յին շուն­չով թրծո­ւած հայ մը, որ խոր յու­զու­մով չյի­շէ ման­կու­թեան իր տա­րի­նե­րուն սոր­ված եւ, այ­նու­հե­տեւ, անջն­ջե­լիօ­րէն իր նե­րաշ­խար­հին մէջ պահ­պա­նած պար­զու­նակ, բայց այն­քան սրտա­ռուչ եւ ի­մաս­տա­լի պատ­գա­մը ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի «Ա­րաք­սի Ար­տա­սուն­քը» քեր­թո­ւա­ծին։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ­նե­րէն «­Մայր Ա­րաքս» գե­տը, ի­րեն հետ զրու­ցող եւ իր մռայ­լու­թեան, դառ­նու­թեան եւ խռո­վեալ ա­լիք­նե­րուն պատ­ճա­ռը հասկ­նա­լու հա­մար հարց տո­ւող հայ պա­տա­նիին, ա­հա թէ ի՛նչ կը պա­տաս­խա­նէ ա­մե­նայն սրտբա­ցու­թեամբ՝

- ­Խի­զա՜խ, ան­մի՛տ պա­տա­նի, նիր­հըս ին­չո՞ւ դա­րե­ւոր
Վր­դո­վում ես, նո­րո­գում իմ ցա­ւե­րը բիւ­րա­ւոր:

­Սի­րե­լիի մա­հից յետ ե՞րբ ես տե­սել, որ այ­րին
Ո­տից գը­լուխ պըճ­նո­ւի իր զար­դե­րով թան­կա­գին:

Ո­րի՞ հա­մար զար­դա­րո­ւիմ, ո­րի՞ աչքն հրա­պու­րեմ,
­Շա­տերն ինձ են ա­տե­լի, շա­տե­րին՝ ես օ­տար եմ...

­Կար ժա­մա­նակ, որ ես էլ, շը­քե­ղա­զարդ հար­սի պէս,
­Հա­զար ու բիւր պըչ­րան­քով փախ­չում էի ա­փե­րէս:

­Յա­տա­կըս պարզ ու վը­ճիտ, կո­հակ­նե­րըս ո­լո­րուն,
­Լու­սա­բե­րը մին­չեւ այգ ջը­րիս մի­ջին էր լո­ղում:

Ի՞ն­չըս մը­նաց էն օ­րից, ո՞ր ջը­րա­մօտ գե­ղե­րըս,
Ո՞­րը իմ շէն քա­ղա­քից, ո՞ր բերկ­րա­լի տե­ղե­րըս:

­Տուր­քը ջը­րի ա­մէն օր իր սուրբ ծո­ցէն Ա­րա­րատ
­Մայ­րա­խը­նամ ինձ սը­նունդ պար­գե­ւում է լիա­ռատ:

­Բայց ես այն սուրբ ջը­րե­րով, ­Սուրբ Ա­կո­բի աղ­բիւ­րին,
­Պի­տի ցօ­ղեմ ար­տո­րա՞յք իմ ա­տե­լի օ­տա­րին...

­Մինչ իմ որ­դիք - ո՞վ գի­տէ - ծա­րաւ, նօ­թի, ան­տե­րունչ
Օ­տար աշ­խարհ յա­ծում են թոյլ ոտ­քե­րով կի­սա­շունչ...

­Հե­ռո՜ւ, հե­ռո՜ւ քը­շե­ցին բը­նիկ ազ­գըն իմ ­Հայ­կեան,
­Նո­րա տե­ղը ինձ տը­ւին ազգ ան­կը­րօն, մո­լե­կան:

­Դո­ցա՞ հա­մար զար­դա­րեմ իմ հիւ­րըն­կալ ա­փե­րը,
Եւ կամ՝ դո­ցա՞ հրա­պու­րեմ ճըպ­ռոտ, պըլ­շած ա­չե­րը:

­Քա­նի որ իմ զա­կա­կունք այս­պէս կու մը­նան պան­դուխտ՝
Ինձ միշտ սը­գո­ւոր կը տես­նէք.- Ա՛յս է ան­խաբ իմ սուրբ ուխտ...

Ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ող­բեր­գու­թիւ­նը այս­պէ՛ս՝ Ա­րաք­սի Ար­տա­սու­քով ար­տա­յայ­տող ­Գա­մառ ­Քա­թի­պան իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ գրա­ւեց սիրտն ու միտ­քը հա­յոց բազ­մու­թիւն­նե­րուն՝ ե՛ւ ա­րե­ւե­լա­հայ, ե՛ւ ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան ար­դա­րօ­րէն նա­խա­կա­րա­պե­տը հան­դի­սա­ցաւ «ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ»ի ա­ւան­դոյ­թին, որ իր հան­ճա­րեղ մարմ­նա­ւո­րու­մը պի­տի գտնէր հե­տա­գա­յին ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ։
Իսկ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան ի­մաս­տա­սէր գրո­ղը՝ Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան փաս­տօ­րէն թարգ­մա­նը կը հան­դի­սա­նայ ամ­բողջ հա­յու­թեան, երբ օ­րին Ռ. ­Պատ­կա­նեա­նին ուղ­ղո­ւած իր մէկ նա­մա­կին մէջ, «Ա­րաք­սի Ար­տա­սունք»ին անդ­րա­դառ­նա­լով, կը գրէ.- «Ե­թէ օ­տար ազ­գի պատ­կա­նէի, «­Մայր Ա­րաքս»իդ լսե­լով՝ հայ ծնած ըլ­լալ պի­տի ցան­կա­յի»։
­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան ծնած է ­Նո­յեմ­բեր 8ին, 1830 թո­ւա­կա­նին, ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի (­Ռոս­տով-­Տո­նի շրջան) մէջ։ ­Զա­ւակն է հռչա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան, գրող եւ քա­հա­նայ ­Գաբ­րիէլ ­Պատ­կա­նեա­նի, որ հայ­կա­կան վար­ժա­րան հիմ­նած էր ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ։ Սկզբ­նա­կան իր կրթու­թիւ­նը հօր դպրո­ցին մէջ ստա­նա­լէ ետք, ­Ռա­փա­յէլ 1843ին կը ղրկո­ւի ­Մոս­կո­ւա եւ վեց տա­րի, մին­չեւ 1849, կ­՚ու­սա­նի նո­րա­հաս­տատ ­Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նին մէջ: Ու­սու­ցիչ կ­՚ու­նե­նայ մե­ծա­նուն մտա­ւո­րա­կան, ման­կա­վարժ եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ Մկր­տիչ Է­մի­նը։
­Լա­զա­րեա­նէն շրջա­նա­ւարտ՝ ­Ռա­փա­յէլ կը վե­րա­դառ­նայ ­Թիֆ­լիս, ուր հայ­րը՝ ­Գաբ­րիէլ ­Քա­հա­նան ստանձ­նած էր ­Ներ­սի­սեան նո­րա­բաց վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։ ­Ռա­փա­յէլ ու­սու­ցի­չի պաշ­տօն կը ստանձ­նէ ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նի մէջ եւ, միա­ժա­մա­նակ, կը սկսի իր գրած ա­ռա­ջին ո­տա­նա­ւոր­նե­րը լոյս ըն­ծա­յե­լու այդ շրջա­նին հօր խմբագ­րած «Ա­րա­րատ» շա­բա­թա­թեր­թին մէջ։
Ու­սու­մի տեն­չը հան­գիստ չի տար Ռ. ­Պատ­կա­նեա­նին։ Եր­կու տա­րի ետք, 1851ին, ան կը մեկ­նի ­Դոր­պա­տի հա­մալ­սա­րա­նը՝ պատ­մա­գի­տա­կան եւ լե­զո­ւա­գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թեան մէջ մաս­նա­գի­տա­նա­լու նպա­տա­կով։ ­Բայց նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով, ան միայն մէկ տա­րի կը կա­րո­ղա­նայ մնալ ­Դոր­պա­տի մէջ եւ, ստի­պո­ւած, կ­՚անց­նի ­Մոս­կո­ւա։
Ըն­դու­նո­ւե­լով ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նը՝ Ռ. ­Պատ­կա­նեան մէկ կող­մէ կը խո­րաց­նէ իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը պատ­մա­գի­տու­թեան եւ լե­զո­ւա­գի­տու­թեան մէջ, իսկ միւս կող­մէ՝ ե­ռան­դով կը նո­ւի­րո­ւի հայ գրա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին։ Այդ շրջա­նին է, որ իր եր­կու մտե­րիմ ըն­կեր­նե­րուն՝ ­Գէորգ ­Քա­նա­նեա­նի եւ Մ­նա­ցա­կան ­Թի­մու­րեա­նի հետ, ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան հի­մը կը դնէ գրա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան մը՝ ի­րենց ե­րե­քին ա­նուն-մա­կա­նու­նին տա­ռե­րէն կազ­մո­ւած «­Գա­մառ ­Քա­թի­պա» ա­նու­նով։
­Թէեւ կար­ճա­տեւ կ­՚ըլ­լայ ըն­կե­րակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ կը լու­ծա­րո­ւի, բայց ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան կը շա­րու­նա­կէ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ստո­րագ­րել ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա, ինչ որ իր գրչա­նու­նը կը դառ­նայ հե­տա­գա­յին։
­Մոս­կո­ւա­յէն, 1866ին, ան կ­՚անց­նի Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ո­րու հա­մալ­սա­րա­նին լե­զո­ւա­բա­նու­թեան ճիւ­ղը կ­՚ա­ւար­տէ 1869ին եւ ամ­բող­ջա­պէս կը նո­ւի­րո­ւի գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ «­Գա­մառ ­Քա­թի­պա» ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ լոյս կ­՚ըն­ծա­յէ գրա­կան պար­բե­րա­գիրք­նե­րու շարք մը, ուր լոյս կը տես­նեն ա­տե­նի ե­րի­տա­սարդ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րը, յատ­կա­պէս իր սե­փա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։
­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դի եւ Աշ­խար­հա­բա­րի ­Շարժ­ման տա­րի­ներն էին եւ «­Գա­մառ ­Քա­թի­պա» ըն­կե­րակ­ցու­թեան մէջ հա­մախմ­բո­ւած ե­րի­տա­սարդ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը կը պար­զեն դրօ­շը նո­րա­րա­կան շար­ժու­մի մը, ո­րուն նշա­նա­բանն էր՝ «Գ­րէ՛ այն­պէս, ինչ­պէս որ խօ­սում ես. խօ­սէ՛ այն­պէս, ինչ­պէս որ գրում ես»։ Այդ հան­գա­նա­կով ալ շար­ժու­մը մեծ ներդ­րում կ­՚ու­նե­նայ ա­րե­ւե­լա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի մշակ­ման ու տա­րած­ման մէջ։
Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ իր ապ­րած տա­րի­նե­րուն ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա կ­՚ա­մուս­նա­նայ օ­տա­րու­հիի մը՝ Օլ­կա­յի հետ, որ սա­կայն հա­յե­րէն կը սոր­վի եւ, ա­մուս­նոյն կող­քին, թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քի կը լծո­ւի։
Ռ. ­Պատ­կա­նեան 36 տա­րե­կան էր, երբ կնոջ հետ կը վե­րա­դառ­նայ իր ծննդա­վայ­րը՝ ­Նոր նա­խի­ջե­ւան, ուր կը նո­ւի­րո­ւի ու­սուց­չու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան։ Ո­րոշ ժա­մա­նակ քա­ղա­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ դա­սա­ւան­դե­լէ ետք, կը հիմ­նէ իր սե­փա­կան ման­կա­պար­տէ­զը եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կը ստեղ­ծէ իր ժա­մա­նա­կին մեծ մա­սը յատ­կաց­նե­լու գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։
Ար­դէն ազ­գա­յին մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը յու­զող վէր­քերն ու ցա­ւե­րը դար­ձած էին ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի գրա­կա­նու­թեան ա­ռանց­քը։ ­Հայ գեղ­ջու­կին թշո­ւա­ռու­թիւնն ու հայ պան­դուխ­տին տա­ռա­պան­քը, ինչ­պէս նաեւ օ­տար լու­ծի տակ հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­նո­ւած հարս­տա­հա­րում­ներն ու բռնու­թիւն­նե­րը եր­գի կը վե­րա­ծո­ւին ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի գրչին տակ՝ զինք դարձ­նե­լով Ազ­գա­յին ­Բա­նաս­տեղծ։
Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հայ ազ­գա­յին ո­գին խտա­ցած է Ռ. ­Պատ­կա­նեա­նի «­Հի­մի է՞լ լռենք» ան­մահ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ.

­Հի­մի է՞լ լռենք, եղ­բայրք, հի­մի է՞լ,
Երբ մեր թշնա­մին իր սուրն է դրել,
Իր օր­հա­սա­կան սու­րը մեր կրծքին
Ա­կանջ չի դնում մեր լաց ու կո­ծին:
Ա­սա­ցէ՛ք, եղ­բայրք, հա­յեր, ի՞նչ ա­նենք,
­Հի­մի է՞լ լռենք։

­Հի­մի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնա­մին,
­Դա­ւով, հրա­պուր­քով տի­րեց մեր երկ­րին,
Ջն­ջեց աշ­խար­հից հայ­կայ ա­նու­նը,
­Հիմ­քից կոր­ծա­նեց ­Թոր­գո­մայ տու­նը,
Խ­լեց մե­զա­նից թագ, ե՛ւ խօսք, ե՛ւ զէնք,
­Հի­մի է՞լ լռենք:

­Հի­մի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնա­մին,
Խ­լեց մեր սու­րը - պաշտ­պան մեր ան­ձին,
­Մը­շա­կի ձեռ­քիցն էլ խո­փը խլեց,
Այդ սուր ու խո­փից մեր շղթան կռեց։
­Վա՜յ մեզ, շղթա­յով կա­պո­ւած գե­րի ենք,
­Հի­մի է՞լ լռենք։

Դժ­բախ­տա­բար թո­քախ­տը թոյլ չտո­ւաւ, որ Ռ. ­Պատ­կա­նեան շա­րու­նա­կէ ստեղ­ծա­գոր­ծել։ 62 տա­րե­կա­նին, 26 Օ­գոս­տոս 1892ին, մեր կեան­քէն վա­ղա­ժամ հե­ռա­ցաւ ա­տե­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան ապ­րում­նե­րուն եւ մղում­նե­րուն թռիչք տո­ւած հայ բա­նաս­տեղ­ծը։
Իր գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն ա­ռա­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը խմբող «­Պան­դուխտ հայ ի ­Փա­րէզ»ը, «Ա­ռա­ւօ­տեան երգ շի­նա­կաց»ը, «Ե­րե­կո­յեան երգ շի­նա­կաց»ը, «­Հա­յոց գի­նի»ն, «­Թիֆ­լի­սի քէֆ»ը ե­ւայլն։ «Ես նշա­նած էի», «­Տի­կինն ու ­Նա­ժիշ­տը», «­Փա­ռա­սէր»ը եւ այլ պատ­մո­ւածք­ներ ու վի­պակ­ներ։ ­Նաեւ՝ «Ա­նիի ա­ռու­մը» թա­տե­րա­կան եր­կը։
­Բայց յատ­կա­պէս «Ա­րաք­սի ար­տա­սուն­քը» եւ «­Քաջ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նի մա­հը» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մէջ ի յայտ կու գայ ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան յու­զաշ­խար­հը։
­Բա­ցի բազ­մա­թիւ իր պոէմ­նե­րէն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն եւ պատ­մո­ւածք­նե­րէն, ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան ու­նի նաեւ եր­գի­ծա­կան պատ­մո­ւածք­ներ, գրո­ւած ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յոց բար­բա­ռով։
Կ­՚ար­ժէ եզ­րա­փա­կել՝ ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի ազ­գա­յին պատ­գա­մով.

Եր­նէկ, թէ այս նոր տա­րին
­Վերջ տար հա­յի ցա­ւե­րին,
­Չա­րը կոր­չէր ու բա­րին
­Բուն դնէր մեր սրտե­րին:

Եր­նէկ, թէ այս նոր տա­րին
Ա­զատ շնչէր ­Հա­յաս­տան,
Եւ շուրջ ­Մա­սիս մեր սա­րին
­Փայ­լէին վարդ-ան­դաս­տան:

Եր­նէկ, թէ այս նոր տա­րին
­Հայ ազգ ի մի գու­մա­րո­ւէր,
Ի գլուխ ­Կար­նոյ հայ ամ­րին
­Հա­յի դրօ­շակ ծա­ծա­նէր:

Եր­նէկ, թէ այս նոր տա­րին
Ոտ­քի կանգ­նէր ­Հա­յաս­տան,
Եւ կի­սա­քանդ մեր ­Կա­րին
­Լի­նէր քա­ղաք մեր ոս­տան:

­Հա­յեր, եր­բեք չերկմ­տիք,
­Կը կա­տա­րո­ւի այդ ա­մէն,
Ե­թէ իս­պառ մենք հա­նենք
­Փոք­րո­գու­թիւն մեր սրտէն:

Ն.