altՀոկ­տեմ­բեր 31ի այս օ­րը, 142 տա­րի ա­ռաջ, Աւստրիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Վիեն­նա­յի մէջ, հայ­կա­կան հա­մեստ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ լոյս աշ­խարհ ե­կաւ ի վե­րուստ տա­ղան­դով օժ­տո­ւած հայ մա­նուկ մը, որ Էտ­կար ­Շա­հին ա­նու­նով եւ հայ մշա­կոյ­թէն ներշն­չո­ւած իր ա­րո­ւես­տով՝ կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու

գծագ­րա­կան ու փո­րագ­րա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ մը։

Էտ­կար ­Շա­հին մաս կը կազ­մէ փա­ղան­գին 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հայ ե­րի­տա­սարդ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու փա­րի­զեան սե­րուն­դին (­Տիգ­րան ­Փօ­լատ, ­Վար­դան ­Մա­խո­խեան, ­Յա­կոբ ­Կիւր­ճեան, Ե­րո­ւանդ ­Քո­չար), բարձ­րո­րակ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու այդ շար­ժու­մին ճա­ռա­գայ­թող դէմ­քե­րէն մէկն է, որ ոչ միայն հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը բա­ցաւ նոր հո­րի­զոն­նե­րու, այ­լեւ՝ հայ ա­նու­նը եւ հայ­կա­կան հան­ճա­րը պան­ծաց­նող բար­ձունք մը նո­ւա­ճեց ֆրան­սա­կան գե­ղա­րո­ւես­տի աշ­խար­հին մէջ։

Էտ­կար ­Շա­հի­նի ա­րո­ւես­տին եւ հզօր տա­ղան­դին մա­սին ֆրան­սա­ցի ա­րո­ւես­տա­բան ­Մաքս ­Ռո­ժէ գրած է՝ «Այն հարս­տու­թիւ­նը, որ մեզ պար­գե­ւեց ­Շա­հի­նը, կը պար­տա­ւո­րեց­նէ ա­ւե­լիով գնա­հա­տե­լու ա­նոր տա­ղան­դին հզօ­րու­թիւնն ու հմայ­քը»:

­Նոյն­պէս ֆրան­սա­ցի ա­րո­ւես­տա­բան ­Շառլ ­Շէ­նեոլ իր կար­գին վկա­յած է՝ «Էտ­կար ­Շա­հին. ա­հա՛ մեր կեր­պա­րո­ւես­տին նո­րա­յայտ փառ­քե­րէն մէ­կը: ­Դի­տե­ցէք իր օ­ֆորթ­նե­րը (մե­տա­ղի վրայ փո­րագ­րու­թիւն­նե­րը). օր մը պի­տի նա­խընտ­րէք ա­նոր «­Պա­ռաւ»ը, յա­ջորդ օ­րը՝ «­Շա­թօ ­Ռուժ»ը եւ այս­պէս շա­րու­նակ: Այս ա­մէ­նուն հա­մար միայն մէկ բառ կայ՝ «ապ­շե­ցու­ցիչ»:

Իսկ ի­տա­լա­ցի ա­րո­ւես­տա­բան Փ. Օք­քի­նի ա­ւել­ցու­ցած է՝ գնա­հա­տա­կան­նե­րու այդ շար­քին՝ «­Շա­հի­նը ոչ միայն նրբա­ճա­շակ ա­րո­ւես­տա­գէտ է, այ­լեւ՝ նրբազ­գաց հո­գե­բան, պատ­մա­գէտ»:
Այս­պի­սի՛ տա­ղան­դի եւ հռչա­կի տէր է Էտ­կար ­Շա­հին, որ կը հա­մա­րո­ւի 20րդ ­դա­րու փո­րագ­րա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան նշա­նա­ւոր վար­պե­տը, ո­րուն ազ­գա­յին ինք­նա­տիպ ա­րո­ւես­տը կը նկա­տո­ւի հայ եւ եւ­րո­պա­կան կեր­պա­րո­ւես­տի նշա­նա­կա­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէ­կը։ ­Հայ­կա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րա­նը ամ­փոփ, այ­լեւ դի­պուկ բնու­թագ­րու­մը տո­ւած է հայ նկար­չա­կան ա­րո­ւես­տի մե­ծա­տա­ղանդ այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին.-

Ծ­նած ­Վիեն­նա՝ 31 ­Հոկ­տեմ­բեր 1874ին, Էտ­կար ­Շա­հին ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րը ան­ցուց ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ, ուր յա­ճա­խեց ­Գա­տը­գիւ­ղի Մ­խի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը եւ կա­նուխ տա­րի­քէն ա­շա­կեր­տեց յայտ­նի նկա­րիչ ­Մել­քոն ­Տի­րա­ցո­ւեա­նին։ 1890-92ին ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց ­Վե­նե­տի­կի ­Մու­րատ-­Ռա­փա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նին մէջ, իսկ 1893ին հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր գե­ղան­կար­չա­կան իր տա­ղան­դը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց ա­տե­նի մե­ծահռ­չակ ­Ժիւ­լիէն Ա­կա­դե­միա­յին մէջ։

1896էն սկսեալ, «­Մարդ­կա­յին թշո­ւա­ռու­թիւն» ընդ­հա­նուր խո­րա­գի­րը կրող գե­ղան­կար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով («­Մու­րաց­կա­նը» - 1896, «­Փո­ղո­ցի ան­կիւն մը» - 1897, «Շն­չա­հեղ­ձը» - 1898, «Ա­նա­պաս­տա­նը» - 1899 եւ «­Փո­ղոց ­Մոն­մարթ­րի մէջ») մաս­նակ­ցե­ցաւ տար­բեր ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու: Իսկ 1899ին ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ փո­րագ­րա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան, որ ան­մի­ջա­պէս լայն ճա­նա­չում ա­պա­հո­վեց ե­րի­տա­սարդ ա­րո­ւես­տա­գէ­տին։ 1901ին մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Վե­նե­տի­կի ­Պիե­նա­լէին:

Սկզբ­նա­կան շրջա­նի իր փո­րագ­րու­թիւն­նե­րը («Աղ­բա­հան­ներ», «­Պետ­րոս ­Շա­հին», «Ա­նա­տոլ Ֆ­րանս», «­Լա­թա­հա­ւաք կի­նը», «Զ­բօ­սանք», «­Հայ­կա­կան ե­րե­կո­յի ծրա­գիր», «­Ճեմ­մա», «­Լի­լի», «­Լո­ւիզ Ֆ­րանս», «­Բեռ­նա­կառք», «­Գոր­ծա­զուր­կը», «Թ­խա­հերն ու շի­կա­հե­րը», «Ին­կած ձին») կը յատ­կան­շո­ւին մէկ կող­մէ մար­դոց գո­յու­թեան պայ­քարն ու թշո­ւա­ռու­թիւ­նը, իսկ միւս կող­մէ պեր­ճանքն ու շռայ­լան­քը խո­րու­թեամբ պատ­կե­րող ինք­նու­րոյն ա­րո­ւես­տով:
­Շա­հին իր գոր­ծե­րուն մէջ կի­րար­կեց փո­րագ­րու­թեան գրե­թէ բո­լոր ե­ղա­նակ­նե­րը (օ­ֆորթ, փա­փուկ լաք, ա­քո­ւա­թին­թա), սա­կայն իր նա­խընտ­րու­թիւ­նը միշտ ալ ե­ղաւ չոր ա­սե­ղով փո­րագ­րու­թիւ­նը, զորս հաս­ցուց կա­տա­րե­լու­թեան:

1905էն սկսեալ ­Շա­հին պար­բե­րա­բար ե­ղաւ ու ստեղ­ծա­գոր­ծեց նաեւ Ի­տա­լիոյ մէջ։ Հռ­չա­կա­ւոր են իր «Ի­տա­լա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ» շար­քի գոր­ծե­րը («­Կու­լո­նի աբ­բա­յա­րա­նը» - 1915, «­Սուրբ ­Պետ­րո­սի ջրանց­քը», «Ո­գի­նե­րու տու­նը», «­Սուրբ ­Մար­կո­սի հրա­պա­րա­կը», «Ի՜նչ գե­ղե­ցիկ հայ­կա­կան քիթ» - 1921, «Հ­մա­յիչ կի­նը», «Հ­րա­շա­լի ե­րե­խան», «Ֆ­րան­չես­կո­նի» - ե­րեքն ալ 1922¬25 տա­րի­նե­րուն ե­ւայլն): Այդ­պէ՛ս, ան ար­ժա­նա­ցաւ ­Վե­նե­տի­կի մեծ նկա­րի­չի եւ ­Պա­տո­ւոյ ­Քա­ղա­քա­ցիի տիտ­ղո­սին:
1930ա­կան­նե­րուն ­Շա­հին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քով ապ­րե­ցաւ Պ­րե­թան­յը եւ ­Լա ­Ման­շի ա­փե­րը, ստեղ­ծեց բա­ցա­ռիկ գե­ղեց­կու­թեամբ բնան­կար­նե­րու շարք («Ք­րաու­զիկ», «Ձկ­նոր­սա­կան նա­ւակ­ներ», «­Փոք­րիկ լո­ղափ» եւ այլն):

­Շա­հին ստե­ղեց նաեւ հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն վեր­ցո­ւած մե­ծար­ժէք գոր­ծեր, ո­րոնց շար­քին են «Ա­լե­ւոր հա­յը», ­Պո­ղոս ­Նու­պա­րի, ­Տի­կին ­Զար­մի­կեա­նի, օ­րիորդ Ե­րա­մի եւ ու­րիշ­նե­րու դի­ման­կար­նե­րը: Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պի ա­ռա­ջար­կու­թեամբ՝ ստեղ­ծեց մե­տա­ղի վրայ փո­րագ­րու­թիւն մը, ուր պատ­կե­րո­ւած են ջար­դէ փրկո­ւած հայ որ­բեր, իսկ խոր­քին՝ Ա­նիի հան­րա­ծա­նօթ ­Հո­վի­ւի ե­կե­ղե­ցին է:
­Շա­հի­նի ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն նաեւ գիր­քե­րու նկա­րա­զարդ­ման մե­ծար­ժէք գոր­ծեր։

­Ձե­ւա­ւո­րած ու նկա­րա­զար­դած է Ա­նա­թոլ Ֆ­րան­սի «­Կա­տա­կեր­գա­կան պատ­մու­թիւն»ը, ­Կիւս­տաւ Ֆ­լո­պէ­րի «­Նո­յեմ­բեր»ը, ­Կապ­րիէլ ­Մու­րէի «­Փա­րի­զի տօ­նա­վա­ճա­ռի մար­դիկ» (140 օ­ֆորթ), ­Մո­րիս ­Պա­րէ­սի «­Վե­նե­տի­կի մա­հը», ­Վեր­գի­լիո­սի «Մ­շա­կա­կանք»ը (­Տիգ­րան ­Փօ­լա­տի ու 15 այլ նկա­րիչ­նե­րու հետ) եւ այլ գիր­քեր: ­Շա­հին ընտ­րո­ւե­ցաւ բազ­մա­թիւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու (Հ­ռո­մի ի­տա­լա­կան գե­ղա­րո­ւես­տի ազ­գա­յին, ­Լոն­տո­նի գե­ղա­րո­ւես­տի թա­գա­ւո­րա­կան եւ այլն) եւ միու­թիւն­նե­րու (­Փո­րագ­րող­նե­րու եւ այլն) ան­դամ:

1928ին, հե­ռա­կայ կար­գով, Էտ­կար ­Շա­հին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի կեր­պա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու միու­թեան պա­տո­ւոյ ան­դամ: 1936ին Ե­րե­ւա­նի ու ­Թիֆ­լի­սի, իսկ 1940ին՝ ­Լե­նինկ­րա­տի Էր­մի­թաժ թան­գա­րան­նե­րուն մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան ­Շա­հի­նի փո­րագ­րու­թեանց ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը։ ­Շա­հին իր գոր­ծե­րէն շուրջ 160ը նո­ւի­րեց ­Հա­յաս­տա­նին եւ Ե­րե­ւա­նի Ազ­գա­յին ­Պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ ու­նե­ցաւ իր յա­տուկ բա­ժի­նը: 1974ին, 1994ին եւ 2004ին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան Էտ­կար ­Շա­հի­նի ծննդեան 100, 120 եւ 130ա­մեակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէս­ներ:

Է. ­Շա­հի­նի գոր­ծե­րը կը պա­հո­ւին ­Փա­րի­զի Ազ­գա­յին Գ­րա­դա­րա­նին, ­Վե­նե­տի­կի ­Քա­ղա­քա­յին ­Թան­գա­րա­նին, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Պատ­կե­րաս­րա­հին (300է ա­ւե­լի), Էր­մի­թա­ժի, ­Մոս­կո­ւա­յի ­Պուշ­կի­նի ա­նո­ւան կեր­պա­րո­ւես­տի կեդ­րո­նին ու եւ­րո­պա­կան բա­զում եր­կիր­նե­րու թան­գա­րան­նե­րուն մէջ:
Իր կեն­դա­նու­թեան Էտ­կար ­Շա­հին ար­ժա­նա­ցաւ Ոս­կէ Շ­քան­շա­նի (1900ին, ­Փա­րիզ) եւ Ոս­կէ ­Մեծ Մրցա­նա­կի (1903ին, ­Վե­նե­տիկ), Ֆ­րան­սա­յի ­Պա­տո­ւոյ ­Լե­գէո­նի Աս­պե­տի աս­տի­ճա­նին եւ շքան­շա­նին:

Էտ­կար ­Շա­հի­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն մօտ 450 օ­ֆօրթ, գիր­քե­րու 430 նկա­րա­զար­դում, 300 գե­ղան­կար, բազ­մա­թիւ գու­նա­մա­տի­տան­կար եւ գծան­կար­ներ:
Էտ­կար ­Շա­հի­նի ա­րո­ւես­տին ու ժա­ռան­գու­թեան բարձր գնա­հա­տա­կան­ներ նո­ւի­րած ֆրան­սա­ցի, եւ­րո­պա­ցի եւ այլ օ­տար հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­րո­ւես­տա­բան­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տած են ա­նոր ազ­գա­յին՝ հայ­կա­կա՛ն ար­մատ­նե­րուն շեշ­տա­կի ներ­գոր­ծու­թիւնն ու ար­ժէ­քը Է. ­Շա­հի­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ իբ­րեւ 20րդ ­դա­րու փո­րագ­րա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան նշա­նա­ւոր վար­պետ մը, ո­րուն ազ­գա­յին ինք­նա­տիպ ա­րո­ւես­տը կը նկա­տուի հայ եւ եւ­րո­պա­կան կեր­պա­րո­ւես­տի փոխ-պա­տուաստ­ման նշա­նա­կա­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէ­կը, Էտ­կար ­Շա­հին ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­ծան­քը՝ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան սահ­ման­նե­րէ վեր կանգ­նող ա­րո­ւես­տի աշ­խար­հէն ներս։
­Հայ մե­ծա­նուն գե­ղան­կա­րի­չը վախ­ճա­նե­ցաւ ­Փա­րիզ, 1947ի ­Մարտ 18ին։

Ն.