Print
Category: Յուշատետր

Մեր սերունդներուն այնքան ալ ծանօթ չէ անունը Տիգրան Արփիարեանի, որուն մահուան 97րդ տարելիցը կ'ոգեկոչենք Դեկտեմբեր 15ին։
Հայ մամուլի երախտաւոր նուիրեալներէն եղաւ բեղուն քրոնիկագիր, խմբագիր եւ արձակագիր Տիգրան Արփիարեան, որ կրտսեր եղբայրն էր հայ գրականութեան անմահ դէմքերէն Արփիար Արփիարեանի։


Պոլսահայ հրապարակագրութեան մէջ իր մնայուն տեղը նուաճած այս մտաւորականը շուրջ երեսուն տարի ամէնօրեայ խօսակիցը եղաւ 19րդ դարավերջի եւ քսաներորդ դարասկիզբի հայ մարդուն, նախ՝ «Արեւելք»ի եւ ապա «Մասիս»ի էջերէն կանոնաւորաբար լոյս տեսած իր ազգային-հասարակական քրոնիկներով։
Գաղափարական հայեացքներով ու ազգային-քաղաքական կողմնորոշումներով՝ Տիգրան Արփիարեան հետեւորդն ու գործակիցը եղաւ իր աւագ եղբօր։ Թէեւ չունեցաւ «Կարմիր Ժամուց»ի յեղափոխաշունչ հեղինակ իր եղբօր գաղափարական թռիչքը, բայց ազգային մեր ցաւերուն, թերութիւններուն եւ այլասերումներուն հետեւողական քննարկողն ու անոնց սրբագրումին նուիրուած ճակատաբաց քննադատը դարձաւ։ Պոլսահայ կեանքի ազգային ու հասարակական շաղախի ինքնամաքրման դրօշակիր մը եղաւ, որ իր պարզ լեզուով, անպաճոյճ ոճով եւ դիպուկ ախտորոշումներով՝ ստեղծեց հաւատարիմ ընթերցողներու իր շրջանակը, դարձաւ ամէնօրեայ փնտռուած քրոնիկագիր մը։
Ծնած էր 1854ին Օրթագիւղ, Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած էր «Մաքրուհեան» վարժարանին մէջ, ուր աշակերտած էր նաեւ հայ նորավէպի իշխան Գրիգոր Զօհրապը, որուն հետ հաստատուած Տ. Արփիարեանի սերտ մտերմութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ վերջ (Գ. Զօհրապի նախաձեռնած «Մասիս»ի հրատարակութեան մէջ Տիգրան Արփիարեան ունեցաւ հիմնական ներդրում՝ իբրեւ խմբագիր եւ ամէնօրեայ սիւնակագիր)։
Աւարտելով «Թարգմանչաց» վարժարանը՝ Տ. Արփիարեան քանի մը տարի պաշտօնավարեց Պատրիարքարանի մէջ։ Բայց հրապարակագրի ջիղը շուտով զինք հեռացուց Պատրիարքարանի դիւանատունէն եւ 1885էն սկսեալ ան աշխոյժ աշխատակցութեամբ միացաւ «Արեւելք» թերթին՝ հայ կեանքի լուսաւորման հետամուտ ազատական իր հայեացքներուն ժողովրդականացման համար ամէնօրեայ ասպարէզ փնտռելով։
«Արեւելք»ը նաեւ խմբագրական իր ընդունակութեանց ծաղկումի դաշտը հանդիսացաւ։ Աշխատակիցներ իր շուրջ համախմբելու եւ «Արեւելք»ը նկարագիր ունեցող թերթ դարձնելու Տ. Արփիարեանի յաջողութիւնը օգնեց, որ ան սիրուած ու յարգուած հեղինակութիւն դառնայ պոլսահայ մտաւորական կեանքին մէջ։ Այդ հիման վրայ ալ, 1890ականներու սկզբնաւորութեան, երբ Գրիգոր Զօհրապ ստանձնեց «Մասիս» թերթի հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը, Տիգրան Արփիարեան անվարան ընդառաջեց Զօհրապի հրաւէրին եւ լծուեցաւ «Մասիս»ի ազգային-գաղափարական դիմագծի վերանորոգումին՝ իբրեւ խմբագիր եւ քրոնիկագիր։
Հրապարակագրական եւ խմբագրական իր հեւքոտ աշխատանքին կողքին, Տիգրան Արփիարեան նուիրուեցաւ նաեւ գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեան։ Թէեւ արձակագրի իր տաղանդը մնաց համեստ, բայց մեր գրականութեան իրապաշտ ժառանգութեան մէջ իրենց յիշարժան տեղը գտան Տիգրան Արփիարեանէն քանի մը գործեր։ Այս առումով կþարժէ խօսքը տալ մեծն Յակոբ Օշական քննադատին, որ իր «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» կոթողական ու բազմահատոր գործին հինգերորդ հատորի վերջաւորութեան հետեւեալ հակիրճ վկայութեան արժանացուցած է Տիգրան Արփիարեանը.
«Մեր դպրութեան պատմութեան մէջ գէթ իր «ծառայութեամբ»ը արժանաւոր դէմք մըն է։ Սրամիտ, խելացի, դիւրահաղորդ իր ոճը զինքը ըրած է իրապաշտութեան վերջին տարիներուն ու մանաւանդ աւելի ետքը մէկը մեր փնտռուած գրողներէն։ Իր քրոնիկները անարժան չեն իրապաշտ հանգանակին։ «Արեւելք»ի, «Հայրենիք»ի եւ «Մասիս»ի (զոր 1900էն վերջ խմբագրած ալ է) մէջ անիկա ոչ միայն այն օրերու ընթացիկ քրոնիկը մշակած է մեծ ճարտարութեամբ, այլեւ գրած է գրական քրոնիկի թեթեւ, հաճելի, անվնաս կաղապար մը։ 1900ի շրջաններուն, գրական կեանքին շուրջ ան ունի համով, յաճախ ճիշդ խօսքեր, առանց ծանր դատումներուն ընկերացող յաւակնութեան։ Ի պաշտօնէ քննադատի մը քրոնիկները չեն անշուշտ անոնք, ինչպիսին է պարագան, օրինակի համար, Արշակ Չօպանեանին։ Բայց շրջանը, իր հարազատ գոյնին մէջ տեսնելու համար, չափազանց շահեկան։
«Իրմէն կþազատի սակայն պատմուածք մը՝ «Աւազներուն մէջ», գրուած իրապաշտ ոգիէն վեր ջերմութեամբ մը, գրեթէ Տոտէի մը զգայնութեամբը եւ տիպարային ժուժկալ իրականութեամբ մը։ Իրապաշտ նորավէպի սեռին զգացական, մարդօրէն քաղցր յաջողուածքը ապահովաբար պէտք է նկատել «Աւազներուն մէջ»ը։ Մարդեր, բնութիւն, յուզումի ոլորտ, տեսողութիւն, զգայնութիւն, բարքեր։ Ու ասոնց քովն ի վեր, շրջանի մը յատկանշական ձգտումը, կեանքի ճամբով բարոյականին դարպասը։ Կա՛ն ասոնք այդ նորավէպին մէջ»։

Ն.