altՀայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թիւ­նը մէ­կէ ա­ւե­լի հո­գե­ւո­րա­կան ճա­ռա­գայ­թող մե­ծու­թիւն­ներ ու­նի Ներ­սէս ա­նու­նով, ո­րոնք հո­գեմ­տա­ւոր մեր կեան­քը ա­ռաջ­նոր­դած ու լու­սա­ւո­րած են ի­րենց ազ­գա­յին պայ­ծա­ռամ­տու­թեամբ, շնոր­հա­լի վաս­տա­կով եւ ա­ռինք­նող ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ։

Ներ­սէս ա­նու­նով հա­յոց մե­ծա­մեծ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ, Մեծն Ներ­սէ­սի, Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լիի եւ Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցիի կող­քին, ան­պայ­ման իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեա­նը, ո­րուն վախ­ճան­ման 132րդ տա­րե­լի­ցը կ­՚ո­գե­կո­չենք Հոկ­տեմ­բեր 26ի այս օ­րը։

Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան Պատ­րիարք ան­մա­հա­ցաւ ոչ միայն Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու Հայ­կա­կան Հար­ցի քա­ղա­քա­կան լուծ­ման դժո­ւա­րին ու փշոտ ճա­նա­պար­հին իր կա­տա­րած Գոր­ծով, այ­լեւ՝ հա­յոց ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ղե­կա­վար­ման իր բա­ցա­ռիկ ձեռն­հա­սու­թեամբ եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան օ­րի­նա­կե­լի վար­քագ­ծով։

Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ծայր աս­տի­ճան վտան­գա­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ ամ­բող­ջա­կան փլուզ­ման ան­խու­սա­փե­լիու­թեան դէմ յան­դի­ման՝ թրքա­կան ներ­քին «ամ­րոց»ը ա­մէն գնով փրկե­լու ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան փա­րած էր սուլ­թան­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րը հա­յու­թե­նէ պար­պե­լու ու թրքաց­նե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մով, Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան ստանձ­նեց Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը եւ քա­ջա­բար բարձ­րա­ցուց հայ­կա­կան լայն ինք­նա­վա­րու­թեան դրօ­շը։

Իր պատ­րիար­քու­թիւ­նը նաեւ զու­գա­դի­պե­ցաւ հա­յոց ազ­գա­յին զար­թօն­քի ծայր աս­տի­ճան զգա­յուն, այ­լեւ՝ օրհ­նա­բեր այն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան մեր կեան­քի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ղե­կա­վար­ման մեծ շար­ժու­մը իր սկզբնա­կան փու­լը կը բո­լո­րէր եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման եր­թը ար­գե­լա­կող կաշ­կան­դում­ներն ու խա­ւա­րամ­տու­թեան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նը կը դի­մագ­րա­ւէր։
Յա­նուն ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նաց­ման՝ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու, վէ­ճե­րու եւ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու ա­ռօ­րեայ մը ստեղ­ծո­ւած էր Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս եւ ա­նոր շուրջ. ազ­գա­յին ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան կեան­քը թա­տե­րա­բեմ դար­ձած էր ե­կե­ղե­ցա­կան թէ աշ­խար­հա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ մրցա­պայ­քա­րին. ա­նընդ­հատ Պատ­րիարք կը հրա­ժա­րե­ցո­ւէր կամ կը փո­խո­ւէր՝ ընտ­րու­թեանց կի­րար­կու­մը ինք­նան­պա­տակ խա­ղի վե­րա­ծե­լով։

Ա­հա ա՛յդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­կա­ռակ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին Պատ­րիար­քի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կո­չո­ւե­լով՝ Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան յա­ջո­ղե­ցաւ իր ջա­նա­սի­րու­թեամբ եւ հա­ղոր­դա­կա­նու­թեամբ, լայ­նա­խո­հու­թեամբ եւ հե­ղի­նա­կու­թեամբ, թէ՛ Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ թէ ազ­գա­յին-ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան կեան­քը կա­յուն եւ հա­մե­րաշխ հու­նի մէջ մտցնել եւ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քի մղել։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ Վար­ժա­պե­տեան Ներ­սէս ե­ղաւ 1860ա­կան­նե­րու Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մէն ետք ընտ­րո­ւած Պոլ­սոյ Հա­յոց ա­ռա­ջին Պատ­րիար­քը, որ ան­փո­փոխ մնաց պաշ­տօ­նի վրայ մին­չեւ իր վախ­ճա­նու­մը։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Պօ­ղոս՝ ան իր ա­նունն ու մա­կա­նու­նը ժա­ռան­գած է մեծ հօր­մէն, որ ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ ու վար­ժա­պետ ե­ղած է։ Ծ­նած՝ 28 Յու­նո­ւար 1837ին Խաս­քէօյ, Պո­լիս, ան ու­շիմ եւ փայ­լուն ա­շա­կերտ ե­ղած է իր թա­ղի Ս. Ներ­սէ­սեան դպրո­ցին մէջ։ 15 տա­րե­կա­նին դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցած է կորսնց­նե­լու հայ­րը՝ Ս­տե­փա­նը։ Իբ­րեւ տան անդ­րա­նիկ զա­ւա­կը, հօր մա­հէն ետք, ա­նոր ու­սե­րուն վրայ կը ծան­րա­նայ որ­բե­ւայ­րի մօր, փոքր քրո­ջը եւ եր­կու ման­կա­հա­սակ եղ­բայր­նե­րուն ապ­րուս­տի հո­գը։

1853ին, 16 տա­րե­կա­նին, ու­սուց­չու­թեան կը կո­չո­ւի իր թա­ղի դպրո­ցին մէջ եւ կ­’ար­դա­րաց­նէ իր նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւած վստա­հու­թիւ­նը։ 1855ին, ու­սուց­չա­կան պաշ­տօ­նով կը տե­ղա­փո­խո­ւի Ադ­րիա­նու­պո­լիս, ուր ար­ժա­նա­նա­լով ա­ռաջ­նոր­դին՝ Ա­րիս­տա­կէս Ե­պիս­կո­պոս Ռա­փա­յէ­լեա­նի ու­շադ­րու­թեան եւ հո­գա­ծու­թեան, 1858ին ա­բե­ղայ կը ձեռ­նադ­րո­ւի եւ այդ­պէս կը սկսի հո­գե­ւո­րա­կան իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը, որ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ յա­րա­ճուն ու ա­րա­գա­քայլ վե­րել­քով։

1859ին իբ­րեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ ան վե­րա­դար­ձաւ Խաս­քէօյ։ Ոչ միայն իր ծննդա­վայր թա­ղին հո­գեմտա­ւոր զար­թօն­քին դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ, այ­լեւ՝ մտեր­մա­ցաւ եւ սերտ գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ բարձ­րա­գոյն ու­սում ստա­ցած եւ Պո­լիս վե­րա­դար­ձած ա­զա­տա­խոհ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու սե­րուն­դին, որ ձեռ­նար­կած էր Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշա­կու­մին։ Ներ­սէս Վար­դա­պետ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգր­ման հա­մար մղո­ւած պայ­քա­րին մէջ եւ, այ­նու­հե­տեւ, ի­րեն վստա­հո­ւած ազ­գա­յին-հո­գե­ւո­րա­կան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս ի կա­տար ա­ծեց։

Հե­տե­ւա­բար, ար­դէն կը վա­յե­լէր ընդ­հա­նուր յար­գանք եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն, երբ 26 Ապ­րիլ 1874ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Պատ­րիարք, հա­զիւ 37 տա­րե­կան հա­սա­կին։
Մին­չեւ 1884, Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս վա­րեց պատ­րիար­քա­կան պաշ­տօ­նը։ Բայց ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը փա­յուն չէր, շա­քա­րախտ ու­նէր եւ, Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի վկա­յու­թեամբ, կա­նո­նա­ւոր չէր հե­տե­ւեր ի­րեն յան­ձա­րա­րո­ւած դե­ղե­րու օգ­տա­գործ­ման։

Այդ­պէ՛ս, շա­քա­րախ­տը կտրեց բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեամբ յատ­կան­շո­ւած կեան­քի թե­լը Ներ­սէս Պատ­րիարք Վար­ժա­պե­տեա­նի, որ տա­կա­ւին շատ տա­լիք ու­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Կի­սա­ւարտ մնաց Գոր­ծը մե­ծա­նուն հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նին եւ ազ­գա­յին գոր­ծի­չին, որ լիո­վին ար­ժա­նի էր ժլատ գնա­հա­տա­կան­նե­րով ու խստա­պա­հան­ջու­թեամբ հռչա­կա­ւոր Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի հե­տե­ւեալ ար­ժե­ւո­րու­մին.

«­Ներ­սէս, կրնանք ը­սել, հա­մար­ձակ, ժա­մա­նա­կի ե­կե­ղե­ցա­կա­նու­թեան ցայ­տուն դէմքն էր, կեր­պա­րա­նով եւ բնա­ւո­րու­թեամբ հա­մակ­րե­լի, դաս­տիա­րա­կու­թեամբ եւ ուս­մամբ իր կար­գա­կից­նե­րէն գե­րա­զանց, աշ­խա­տու­թեան մէջ ան­խոնջ, գա­ղա­փար­նե­րով լայ­նա­խոհ եւ օ­րի­նա­ւոր սահ­մա­նի մէջ ա­զա­տա­միտ, ազ­գա­սի­րա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով նշա­նա­ւոր, խօ­սակ­ցու­թեամբ հա­մեղ, ա­տե­նա­բա­նու­թեամբ ազ­դու, դժո­ւա­րու­թեանց դէմ ա­րի, հնա­րի­մա­ցու­թեանց մէջ ճար­տար, մէկ խօս­քով կա­տա­րեալ անձ­նա­ւո­րու­թեան մը տի­պար»։

Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան Պատրիտար­քի ա­նու­նը անջն­ջե­լիօ­րէն կա­պո­ւած է Հայ­կա­կան Հար­ցի մի­ջազ­գա­յին ար­ծարծ­ման եւ Հայ Դա­տի քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն՝ իբ­րեւ ջա­հա­կի­րը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ու Հա­յաս­տա­նի վե­րած­նուն­դի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան։

Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեա­նի պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նին զու­գա­դի­պե­ցաւ 1877-78ի Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մը, որ ա­ւար­տե­ցաւ Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի յաղ­թա­նա­կով ու Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի եւ Պեր­լի­նի ի­րե­րա­յա­ջորդ, նաեւ հա­կա­սա­կան դաշ­նա­գիր­նե­րու կնքու­մով։ Դաշ­նա­գիր­ներ, ո­րոնք Մի­ջազ­գա­յին Օ­րէն­քի շրջա­գի­ծին մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, նո­ւի­րա­գոր­ծե­ցին ի­րա­ւա­կա­նու­թիւ­նը Հայ­կա­կան Հար­ցին՝ մինչ այդ մե­ծա­պե­տա­կան մրցակ­ցու­թեանց սե­ղա­նին վրայ դրո­ւած Ա­րե­ւե­լեան Հար­ցի մեծ օ­րա­կար­գին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ, ար­ժէք եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւն շնոր­հե­լով Հայ­կա­կան Հար­ցին։

Ներ­սէս Պատ­րիարք մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ Հայ­կա­կան Հար­ցը մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թակ բարձ­րաց­նե­լու գոր­ծին մէջ՝ թէ՛ դի­ւա­նա­գի­տա­կան լայն շփում­նե­րով նա­խա­պատ­րաս­տա­կան ծա­ւա­լուն աշ­խա­տանք կա­տա­րե­լով, թէ՛ զոյգ դաշ­նա­գիր­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին հայ­կա­կան պա­հանջ­նե­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս բա­նա­ձե­ւե­լու ճիգ թա­փե­լով եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, Պեր­լի­նի Դաշ­նագ­րի նա­հան­ջէն ետք հայ ժո­ղո­վուր­դը յա­րա­տեւ պայ­քա­րի մղե­լով։
Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէ, հե­տե­ւա­բար, որ Խ­րի­մեան Հայ­րի­կի հետ Ներ­սէս Պատ­րիարք Վար­ժա­պե­տեան դար­ձաւ նա­խա­կա­րա­պե­տը Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տին։

Իր կող­մէ պար­զո­ւած Հայ­կա­կան լայն ինք­նա­վա­րու­թեան դրօ­շը ա­ռաջ­նոր­դող ու­ղե­նիշ դար­ձաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման շղթա­յա­զեր­ծու­մին եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կան հու­նա­ւոր­ման հա­մար։ Թէեւ Խ­րի­մեան ու Վար­ժա­պե­տեան եր­կուքն ալ հե­ռու էին, քա­ղա­քա­կան ի­րենց ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն մէջ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցումն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թիւ­նը պա­հան­ջե­լէ, այ­սու­հան­դերձ՝ Հայ Դա­տի ի­րա­տես ու հե­ռա­տես ա­նոնց պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ու­ղե­ցոյց դար­ձաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք հա­մա­պա­տաս­խան պատ­շա­ճե­ցու­մի են­թար­կե­ցին ի­րենց ար­մա­տա­կան պա­հանջ­նե­րը՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն եւ նո­ւա­զա­գոյն ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու եւ ծրա­գիր­նե­րու մօ­տե­ցու­մը որ­դեգ­րե­լով։

Ա­ւե­լի՛ն. Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը յա­րա­տեւ պայ­քա­րի վե­րա­ծե­լու եւ բուն Եր­կի­րը՝ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րը սե­ւե­ռա­կէտ դարձ­նե­լու ա­ռու­մով՝ Խ­րի­մեա­նի հետ, Վար­ժա­պե­տեան ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձաւ հե­տա­գայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն։ Եւ այ­սօր, երբ Ներ­սէս Պատ­րիարք Վար­ժա­պե­տեա­նի մա­հո­ւան 132րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով կը խո­նար­հինք ա­նոր ան­մեռ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, կ­’ար­ժէ ա­ղօթ­քի մը ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ ար­ձա­գան­գել Ա­նոր պատ­գա­մին.

«­Դէ­պի Եր­կիր, դէ­պի ժո­ղո­վուրդ... Այս­պի­սի գոր­ծեր ո՛չ մէկ օ­րո­ւան մէջ, ո՛չ մէկ մար­դու ձեռ­քով կրնան կա­տա­րո­ւիլ... Պատ­րաս­տո­ւինք մեր ա­պա­գա­յին։ Նախ չկե­նանք հոս (կ­’ակ­նար­կէ Պո­լիս մնա­լուն - Ն.). Հա­յաս­տան եր­թանք։ Հա­յաս­տան ղրկենք ինչ որ ու­նինք ազ­գին մէջ՝ բա­նի­բուն, տա­ղան­դա­ւոր, ազ­գա­սէր, ե­կե­ղե­ցա­սէր։ Հա­յաս­տան եր­թան մեր դաս­տիա­րակ­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, մեր այն­քան վառվռուն ե­րի­տա­սարդ­ներ։

Հա­յաս­տան եր­թան մեր ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, վա­ճա­ռա­կան­ներ։ Հա­յաս­տան եր­թան այն­քան դժբախտ պան­դուխտ­ներ։ Ոչ եւս պի­տի ըլ­լայ հոն սով, սրա­ծու­թիւն, ոչ եւս հարս­տա­հա­րու­թիւն, ոչ եւս կե­նաց եւ ըն­չից եւ պա­տո­ւոյ ա­ռե­ւան­գու­թիւն, ոչ եւս աշ­խա­տու­թեան խա­փա­նում։ Ու­ղի­ներ պի­տի բա­ցո­ւին, ջրանցք­ներ պի­տի շի­նո­ւին, գոր­ծա­րան­ներ պի­տի կա­ռու­ցո­ւին»։

Ն.