altՀոկ­տեմ­բեր 22ի օ­րը, 41 տա­րի ա­ռաջ, մար­տա­կան յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւն մը ցնցեց խիղ­ճը քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին եւ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հայ­րե­նազր­կու­մին շուրջ

հաս­տա­տո­ւած մի­ջազ­գա­յին լռու­թեան պա­տը ճեղ­քե­լով եւ հա­տու ազ­դան­շա­նը տա­լով ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին ու­ժա­կան շղթա­յա­զեր­ծու­մին։

Այդ­պէ՛ս, 22 ­Հոկ­տեմ­բեր 1975ին, Աւստ­րիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Վիեն­նա­յի մէջ, օր-ցե­րե­կով կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­հա­բե­կու­մը Աւստ­րիա­կան պե­տու­թեան մօտ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող ա­տե­նի դես­պա­նին։

Ճշգ­րիտ՝ 22 ­Հոկ­տեմ­բե­րի կէ­սօ­րին, ե­րեք զի­նեալ ե­րի­տա­սարդ­ներ ինք­նա­ձիգ հրա­զէն­նե­րով յար­ձա­կե­ցան ­Վիեն­նա­յի թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քին վրայ, սպան­նե­ցին զէն­քի դի­մած շէն­քի պա­հա­կը եւ մտան դես­պան ­Հիւ­սէ­յին ­Տե­նիզ ­Թու­նէլ­ճի­լի գրա­սե­նեա­կը։ ­Յար­ձակ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցող մե­րօ­րեայ թրքա­կան կայ­քէ­ջե­րուն հա­մա­ձայն՝ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը թուրք դես­պա­նին հար­ցու­ցած են, թէ ի՞նքն է դես­պա­նը եւ, հաս­տա­տա­կան պա­տաս­խան ստա­նա­լէ ետք, բրի­տա­նա­կան ու իս­րա­յէ­լեան մակ­նի­շի ի­րենց գնդա­ցիր­նե­րով կրա­կած են դես­պա­նին վրայ։

­Թուրք դես­պա­նը ան­մի­ջա­պէս մա­հա­ցաւ, իսկ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նող հայ մար­տիկ­նե­րը ա­րա­գօ­րէն դուրս ե­կան դես­պա­նա­տու­նէն ու, ինք­նա­շարժ նստե­լով, ան­յայ­տա­ցան...

­Մի­ջազ­գա­յին զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը ան­մի­ջա­պէս ո­ղո­ղո­ւե­ցան իւ­րօ­րի­նակ այդ ա­հա­բեկ­չու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով՝ գոր­ծո­ղու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ինք­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան, բայց ա­պար­դիւն ճիգ թա­փե­լով։
­Մամ­լոյ գոր­ծա­կա­լու­թեանց հետ հե­ռա­ձայ­նա­յին կապ պա­հե­լով՝ ա­նա­նուն տար­բեր խօս­նակ­ներ, մինչ այդ հան­րա­յին կար­ծի­քին ան­ծա­նօթ ու ընդ­յա­տա­կեայ մէ­կէ ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պու­թեանց ա­նու­նով, ստանձ­նե­ցին Աւստ­րիոյ մօտ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նին ա­հա­բեկ­ման պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

­Քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը դեռ չէր մար­սած 22 ­Հոկ­տեմ­բեր 1975ի գոր­ծո­ղու­թեան պատ­ճա­ռած ցնցու­մը, երբ եր­կու օր ետք՝ 24 ­Հոկ­տեմ­բեր 1975ին, այս ան­գամ Ֆ­րան­սա­յի մայ­րա­քա­ղաք ­Փա­րի­զի բա­նուկ մէկ փո­ղո­ցին վրայ, Ֆ­րան­սա­յի մօտ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նը՝ Իս­մա­յիլ Է­րեզ, պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թե­նէ մը իր պե­տա­կան ինք­նա­շար­ժով դես­պա­նա­տուն վե­րա­դար­ձի պա­հուն, յան­կարծ ին­կաւ ան­ծա­նօթ զի­նեալ­նե­րու լա­րած... թա­կար­դին մէջ։ ­Թէ՛ թուրք դես­պա­նը եւ թէ իր վա­րոր­դը տեղ­ւոյն վրայ սպան­նո­ւե­ցան փամ­փուշտ­նե­րու տա­րա­փին տակ, իսկ մար­տիկ­նե­րը ինչ­պէս յայտ­նո­ւած էին, այն­պէս ալ կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ ան­յայ­տա­ցան...

­Թէեւ երկ­րորդ այդ գոր­ծո­ղու­թեան պա­րա­գա­յին եւս մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը ի վի­ճակ չե­ղան ճշգրտե­լու մար­տիկ­նե­րուն ինք­նու­թիւ­նը կամ յայտ­նա­գոր­ծե­լու ա­նոնց հետ­քե­րը, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ար­դա­րու­թեան ­Մար­տիկ­ներ ա­նու­նով մինչ այդ ան­յայտ եւ ընդ­յա­տա­կեայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, ո­րուն ա­նու­նով ստանձ­նում ե­ղած էր նաեւ ա­ռա­ջին՝ ­Վիեն­նա­յի ա­հա­բեկ­չու­թեան ա­ռի­թով եւս, պաշ­տօ­նա­կան եւ ծա­ւա­լուն յայ­տա­րա­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րով եւ ստանձ­նե­ցին զոյգ գոր­ծո­ղու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Ֆ­րան­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով հրա­պա­րա­կո­ւած այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը օ­րին, հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած, լոյս տե­սաւ նաեւ սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի՝ յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան թեր­թե­րու է­ջե­րուն։
«­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ար­դա­րու­թեան ­Մար­տիկ­ներ» ա­նու­նը ան­մի­ջա­պէս լայն ու հո­գե­հա­րա­զատ ար­ձա­գանգ գտաւ 1970ա­կան­նե­րու պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան, յատ­կա­պէս հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան աշ­խար­հաս­փիւռ զան­գո­ւած­նե­րուն մօտ։

Աշ­խար­հով մէկ լոյս տե­սած «­Մար­տիկ­ներ»ու յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին, ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թեան եւ աշ­խար­հի մեծ, մի­ջակ թէ փոքր պե­տու­թիւն­նե­րուն կ­՚ազ­դա­րա­րէր՝
«­Մենք հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներն ենք: ­Կը գոր­ծենք յա­նուն ար­դա­րու­թեան: ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն դէմ ուղ­ղո­ւած մեր քայ­լը աշ­խար­հի բո­լոր մեծ ու փոքր պե­տութ­իւն­նե­րուն պի­տի յի­շեց­նէ, թէ ­Հա­յոց մոռ­ցո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին ան­պա­տիժ կը մնայ»:

Ար­դա­րու­թեան ­Մար­տիկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը իր յայ­տա­րա­րու­թեամբ կը պա­հան­ջէր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը եւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին ար­դա­րա­ցի լու­ծու­մը: ­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը դի­տել կու տար, թէ ­Հայ ­Դա­տի ար­դա­րա­ցի լուծ­ման հա­մար խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով մղո­ւած պայ­քա­րը ինք­զինք սպա­ռած է եւ թէ, ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կէն մեկ­նե­լով, Լ­ռու­թեան ա­նար­դար ­Պա­տը ճեղ­քե­լու ճամ­բուն վրայ, «­Մեր ար­դար դա­տի հե­տապնդ­ման միակ մի­ջո­ցը զի­նեալ պայ­քարն է»:
Ա­հա այս­պէ՛ս շղթա­յա­զեր­ծո­ւե­ցաւ ­Հոկ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 41 տա­րի ա­ռաջ, ­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րին նո­րօ­րեայ զար­թօն­քը։

­Թէեւ ան­նա­խըն­թաց չէին թրքա­կան պե­տու­թեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն դէմ 22 եւ 24 ­Հոկ­տեմ­բեր 1975ին կա­տա­րո­ւած ու­ժա­կան զոյգ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, թէեւ 1973ին ­Գուր­գէն Եա­նի­քեան Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ սպան­նած էր ­Լոս Ան­ճե­լը­սի թուրք հիւ­պա­տո­սը, նաեւ՝ ­Լի­բա­նա­նի մօտ թուրք դի­ւա­նա­գէտ մը ան­յայտ պայ­ման­նե­րու մէջ սպան­նո­ւած էր, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Վիեն­նա­յի եւ ­Փա­րի­զի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կան­խած նա­խըն­թաց այդ քայ­լե­րը կա՛մ վրէժխնդ­րա­կան բնոյթ ու­նէին, կա՛մ քա­ղա­քա­կան հնչե­ղու­թիւն չու­նէին այն­պէս, ինչ­պէս որ պա­տա­հե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ար­դա­րու­թեան ­Մար­տիկ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թակ մուտք գոր­ծե­լով։

­Մին­չեւ 1980ա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին կէ­սը, Ար­դա­րու­թեան ­Մար­տիկ­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ջաց­նե­լով ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման ի խնդիր բա­րո­յա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան անհ­րա­ժեշտ ճնշու­մը քա­ղա­քա­կիրթ հան­րու­թեան խղճմտան­քին եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին վրայ։
­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին ու­ժա­կան շղթա­յա­զեր­ծու­մը իր ան­մի­ջա­կան եւ հե­ռա­հար ար­դիւն­քը տո­ւաւ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան հար­թու­թեան վրայ։

­Մէկ կող­մէ Մ.Ա.Կ.ի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ու ա­տեան­ներ սկսան ճանչ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան լու­ծում ո­րո­նել ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին։
Իսկ միւս կող­մէ, նոյ­նինքն թուրք հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, սկսան ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն հնչել ­Հա­յաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը կա­տա­րե­լու կո­չեր։

­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րին յաղ­թար­շա­ւը նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձաւ հայ­րե­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան, յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան, որ­պէս­զի ինք­նավս­տահ եւ վճռա­կան՝ 1980ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն մար­տա­կա­նօ­րէն ի­րա­ւա­տէ՛ր կանգ­նին Ար­ցա­խի ա­զատ, ան­կախ եւ միա­ցեալ ապ­րե­լու անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին ու ա­զա­տագ­րա­կան դա­տին։

­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին ու­ժա­կան շղթա­յա­զերծ­ման 41ա­մեա­կը ար­դէն կ­՚ո­գե­կո­չենք ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25ա­մեա­կի յաղ­թա­կան ու տօ­նա­կան մթնո­լոր­տին մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով եւ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մով՝ ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րը թե­ւա­կո­խած է նոր փուլ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի հա­մա­հայ­կա­կան պա­հան­ջին կող­քին՝ ա­հա՛ շեշ­տը դրած է ­Թուր­քիոյ կող­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դին Ամ­բող­ջա­կան ­Հա­տու­ցում կա­տա­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նին վրայ։

Այդ ա­ռու­մով ա­ւե­լի քան այժ­մէա­կան կը հնչէ ­Հոկ­տեմ­բեր 1975ին հրա­պա­րա­կո­ւած Ար­դա­րու­թեան ­Մար­տիկ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեան այն ազ­դա­րա­րու­թիւ­նը՝ աշ­խար­հի ճա­կա­տագ­րին հետ ըստ կամս վա­րո­ւող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն, թէ պէտք չէ ծայ­րա­յեղ յու­սալ­քու­թեան մատ­նել ի­րա­ւազր­կեալ­նե­րը՝ ար­դար դա­տի տէր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, մա­նա­ւանդ երբ փոքր է ա­նոնց ա­ծուն եւ տկար է ի­րա­ւունքն ու ար­դա­րու­թիւ­նը սու­րով խլե­լու ա­նոնց ու­ժը։

Ն.