­altՀոկ­տեմ­բեր 19ի այս օ­րը, 187 տա­րի ա­ռաջ, սկսաւ ­Կար­նոյ (Էրզ­րում) եւ շրջա­կայ­քի հա­յու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թը դէ­պի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան՝ Ա­խալց­խա, Ա­խալ­քա­լաք, ­Ծալ­կա, ­Լո­ռի-­Փամ­պակ եւ ­Գիւմ­րի։

 

Օս­մա­նեան դա­ժան լու­ծը մեր­ժե­լով եւ թրքա­կան խժդժու­թիւն­նե­րէն փրկո­ւե­լու նպա­տա­կով՝ ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զար հա­յեր լքե­ցին ի­րենց պա­պե­նա­կան բազ­մա­դա­րեան հողն ու շէ­նե­րը, հե­տե­ւե­ցան Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը պար­պող ռու­սա­կան զօր­քե­րուն եւ հաս­տա­տո­ւե­ցան Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան։

1829ի ­Հոկ­տեմ­բեր ա­մի­սը ծանր ու դժո­ւա­րին ընտ­րան­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջան ե­ղաւ ռու­սա­կան զօր­քին կող­մէ գրա­ւո­ւած Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան հա­մար։

1828-1829 թո­ւա­կա­նի ­Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մը վերջ գտած էր ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան յաղ­թա­նա­կով, ռուս­նե­րը հա­սած ու գրա­ւած էին մին­չեւ ­Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ­քը գտնո­ւող Ադ­րիա­նա­պո­լի­սը (Է­տիր­նէն), ուր եւ ­Սեպ­տեմ­բեր 14ին կնքո­ւած էր հա­մա­նուն հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը։

­Թէեւ ռու­սա­կան կող­մը իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ ա­ռած էր ամ­բողջ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տանն ու Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր շրջան­նե­րը, բայց Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ ­Դաշ­նագ­րով՝ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը բա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նը կցե­լով իր կայ­սե­րա­պե­տու­թեան ու հա­մա­ձայ­նե­ցաւ թուր­քե­րու տի­րա­կա­լու­թեան վե­րա­դարձ­նել Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րեալ տա­րածք­նե­րուն մեծ մա­սը։

Իսկ հա­յու­թիւ­նը, որ յատ­կա­պէս ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ­Կար­նոյ մէջ եւ շրջա­կայ­քը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էր պա­տե­րազ­մին՝ ռուս­նե­րու կող­քին հա­զա­րա­ւոր հայ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ թուր­քե­րու դէմ կռո­ւի դաշտ հա­նե­լով, նման պայ­ման­նե­րով խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նագ­րի կնքու­մէն ետք, դէմ յան­դի­ման կանգ­նած էր թրքա­կան վրէժխնդ­րու­թեան եւ անխ­նայ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի սպառ­նա­լի­քին...

Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ դաշ­նա­գի­րը նա­խա­տե­սած էր թուր­քե­րու հա­կա­հայ վրէժխնդ­րու­թեան այդ վտան­գը եւ, յա­տուկ յօ­դո­ւա­ծով մը, իբր թէ «ի­րա­ւունք» տո­ւած էր ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան, որ­պէս­զի մին­չեւ մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, այս­պէս կո­չո­ւած «օս­մա­նեան գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րը» թուր­քե­րուն վե­րա­դարձ­նող ռու­սա­կան զօր­քին հետ, գաղ­թէ դէ­պի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան։

Ա­հա նման պայ­ման­նե­րու մէջ եւ թրքա­կան ան­խու­սա­փե­լի կո­տո­րած­նե­րէն փրկո­ւե­լու մտա­հո­գու­թեամբ՝ ­Կար­նոյ եւ շրջա­կայ­քի հա­յու­թիւ­նը, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Կա­րա­պետ ­Բագ­րա­տու­նիի գլխա­ւո­րու­թեամբ, տո­ւաւ ծան­րակ­շիռ ո­րո­շու­մը եւ ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զա­րով դի­մեց զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թի։

­Պատ­մա­կան այդ մեծ գաղ­թով թէեւ հի­մը դրո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան ­Ջա­ւախ­քին ու ձեռ­նե­րէց եւ աշ­խա­տու­նակ հա­յե­րով բար­գա­ւա­ճե­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նը, այ­սու­հան­դերձ՝ մե­ծա­պէս հա­յա­թա­փո­ւե­ցաւ ­Կա­րի­նը, որ հնա­գոյն դա­րաշր­ջան­նե­րէ սկսեալ, իբ­րեւ հայ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ բնա­կո­ւած հո­ղա­տա­րածք, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն խաչ­մե­րուկ մը ե­ղած էր միջ-ցա­մա­քա­յին ու­ղի­նե­րու վրայ։

­Հին ­Յու­նա­կան, Հ­ռով­մէա­կան եւ ­Բիւ­զան­դա­կան ­Կայս­րու­թեանց ժա­մա­նակ­նե­րէն ե­կող քա­ղաք է ­Կա­րի­նը, ո­րուն հայ եւ յոյն բնակ­չու­թեան տնտե­սա­կան աշ­խա­տու­նա­կու­թեան ու ա­ռեւտ­րա­կան ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան մա­սին սպա­ռիչ վկա­յու­թիւն­նե­րով հա­րուստ է պատ­մու­թիւ­նը։

­Բայց ­Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան սիւ­նա­կը տե­ղը չէ ա­ռան­ձին լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ­Կար­նոյ հա­յու­թեան ներդ­րու­մը ընդ­հա­նուր քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ։
Այ­սօ­րո­ւան յու­շա­տետ­րը տեղն է շեշ­տե­լու, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ ռու­սա­կան զօր­քը ե­րեք ան­գամ, հայ­կա­կան հո­ղի վրայ, պա­տե­րազմ մղեց թրքա­կան զօր­քին դէմ եւ ե­րեք ան­գա­մուն ալ գրա­ւեց ­Կա­րի­նը (1828-29ին, 1877-78ին եւ 1915-16ին)։

­Ռուս-Թր­քա­կան ե­րեք պա­տե­րազմ­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը իբ­րեւ փրկա­րա­րի ըն­դա­ռա­ջե­ցին ռու­սա­կան զօր­քե­րուն եւ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ տրա­մադ­րե­լով, մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին ռու­սա­կան յաղ­թա­նա­կին։ ­Բայց ե­րեք ան­գա­մուն ալ հա­յու­թիւ­նը չա­րա­չար յուս­խա­բու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ։
­Ռու­սաս­տան բնաւ չու­նե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­յաս­տանն ու ա­նոր «մայ­րա­քա­ղա­քը» նկա­տո­ւած ­Կա­րի­նը ա­զա­տագ­րե­լու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք եւ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան վե­րա­դար­ձուց հայ­կա­կան հո­ղե­րը։

­Կար­նոյ հա­յու­թեան 1829ի մեծ գաղ­թին ա­ռի­թով կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, նաեւ ու մա­նա­ւանդ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը եր­բեք չհրա­ժա­րե­ցաւ ­Կա­րի­նէն։ ­Հա­կա­ռակ 1829ի գաղ­թին հե­տե­ւած թրքա­կան հա­կա­հայ խժդժու­թեանց եւ կո­տո­րած­նե­րուն, հա­յու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց հա­մախմ­բո­ւիլ ­Կար­նոյ մէջ ու շէ­նաց­նել զայն։

Ա­ւե­լի՛ն. 19րդ ­դա­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ­Կար­նոյ հա­յու­թիւ­նը դար­ձաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն հնոց մը, որ յա­ռա­ջա­պա­հի դեր կա­տա­րեց թէ՛ ազ­գա­յին զար­թօն­քի եւ լու­սա­ւո­րու­թեան ճա­կա­տին վրայ, թէ՛ հայ հայ­րե­նա­սի­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րու շղթա­յա­զերծ­ման ըն­թաց­քին։

Այդ ա­ռու­մով ­Կար­նոյ «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց» ե­րի­տա­սար­դա­կան մար­տու­նակ շար­ժու­մը, 1870ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, հիմ­նա­րար դեր ու­նե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­ւոր­ման մէջ։

Իսկ ­Կար­նոյ «­Սա­նա­սա­րեան» վար­ժա­րա­նը, 19րդ ­դա­րու վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին եւ 20րդի սկզբնա­ւո­րու­թեան, լոյ­սի եւ յոյ­սի փա­րոս մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն հա­մար՝ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ներշն­չու­մի ու պատ­րաս­տու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան մը դառ­նա­լով։

­Հոկ­տեմ­բե­րի 19ի այս օ­րը, ­Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թին 187րդ ­տա­րե­լի­ցը յու­շե­լով, հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան մէջ կը վե­րա­նո­րո­գէ հայ­րե­նի հո­ղին կառ­չած մնա­լու մե­ծա­գոյն յանձ­նա­ռու­թիւ­նը եւ ողջմ­տու­թիւ­նը։

Ն.