Հոկտեմբեր 13ի այս օրը, 95 տարի առաջ, Լենինի Ռուսաստանն ու Քեմալի Թուրքիան Խորհրդային Հայաստանին պարտադրեցին ստորագրել Հայկական Հարցը թաղելու կոչուած Կարսի Դաշնագիրը։
Կարսի Դաշնագիրը խորքին մէջ կրկնութիւնն էր, գրեթէ նոյնութեամբ, ամիսներ առաջ՝ 16 Մարտ 1921ին կնքուած Մոսկուայի տխրահռչակ Դաշնագիրին։ Բայց կար կարեւոր եւ հիմնական մէկ տարբերութիւն։ Մոսկուայի դաշնագիրը կնքուած էր պարզապէս Քեմալական Թուրքիոյ եւ Լենինեան Ռուսաստանի միջեւ, մինչդեռ Կարսի պայմանագիրը կնքուեցաւ մէկ կողմէ նոյն Քեմալական Թուրքիոյ, իսկ միւս կողմէ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդային իշխանութեանց միջեւ, անշուշտ Լենինեան Ռուսաստանի միջնորդութեամբ եւ... երաշխաւորութեամբ։
Կարսի Դաշնագիրին ստորագրութենէն առաջ տեղի ունեցաւ անոր ստորադիր նոյն կողմերուն միջեւ Կարսի խորհրդաժողովը, որ բացուեցաւ 1921ի Սեպտեմբեր 26ին ու իր աւարտին յանգեցաւ Հոկտեմբեր 13ին։
Մոսկուայի Դաշնագիրին 15րդ յօդուածով՝ Խորհրդային Ռուսաստանը յանձն առած էր, Անդրկովկասի երեք խորհրդային հանրապետութիւններուն նկատմամբ, դիմել անհրաժեշտ քայլերուն, որպէսզի Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը եւս Թուրքիոյ հետ ստորագրեն «Բարեկամութեան ու եղբայրութեան» դաշնագիր մը, ուր անպայման պիտի ճանչցուէին ու հաստատուէին իւրաքանչիւր հանրապետութեան վերաբերեալ Մոսկուայի Դաշնագրով ճշդուած կէտերը։
Մինչ Թուրքիա իր սեփական մեկնաբանութիւնը կու տար Մոսկուայի Դաշնագրի այդ 15րդ յօդուածին եւ կը պահանջէր, որ Անդրկովկասի երեք խորհրդային իշխանութիւնները, Կարսի մէջ, առանձին-առանձին պայմանագրեր կնքեն Թուրքիոյ հետ, Ռուսաստան՝ իբր թէ արտայայտելով անդրկովկասեան հանրապետութեանց ընդդիմութիւնը, կþառաջարկէր որ Մոսկուայի Դաշնագրին հիմնական կէտերը նոյնը պահուին, բայց Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան պարտաւոր չըլլան առանձին-առանձին պայմանագիր ստորագրելու Թուրքիոյ հետ եւ բաւարարուին ընդհանուր մէկ պայմանագրի ստորագրութեամբ։
Ժամանակը շուտով ցոյց տուաւ, որ Լենինի Ռուսաստանը ոչ թէ անդր-կովկասեան երեք հանրապետութիւններուն շահերն ու իրաւունքները, այլ ի՛ր սեփական կայսերապետութեան հաշիւները յառաջ կը քշէր, երբ Կարսի մէջ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի Մոսկուայի պայմանագրին հետեւողութեամբ ու նմանութեամբ միացեալ պայմանագրի մը ստորագրութիւնը պարտադրէ Անդրկովկասի երեք հանրապետութիւններուն, յատկապէ՛ս Հայաստանին։
Կարսի խորհրդաժողովին Հայաստանի կողմէ մասնակցեցան Ասքանազ Մռաւեան (արտաքին գործերի ժողկոմ, պատուիրակութեան նախագահ) եւ Պօղոս Մակինցեան (ներքին գործերի ժողկոմ), Վրաստանի կողմէ՝ Շալվա Էլիավա (ռազմական եւ ծովային գործերի ժողկոմ) եւ Ալեքսանդր Սվանիձէ (արտաքին գործերի եւ ֆինանսների ժողկոմ), Ատրպէյճանի կողմէ՝ Բեհբուդ Շահթախթինսկի (պետական վերահսկողութեան ժողկոմ, պատուիրակութեան նախագահ), Ռուսաստանը ներկայացուց Եակով Գանեցկին, Թրքական կողմը ներկայացուցին Քեազիմ Կարաբեքիր փաշա (Արեւելեան ռազմաճակատի հրամանատար, պատուիրակութեան նախագահ), Վելի բէյ, Մուխթար բէյ եւ Մեմտուհ Շեւքեթ բէյ (Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ լիազօր ներկայացուցիչ)։
Կարսի Դաշնագիրը կը բաղկանայ ներածութենէ մը, 20 յօդուածներէ եւ 3 յաւելուածներէ։ Առաջին յօդուածով իրենց ուժը կորսնցուցած կը համարուին բոլոր այն պայմանագրերը, որոնք կնքուած են ստորագրող կողմերու տարածքներէն ներս անցեալին գոյութիւն ունեցաւ ինքնիշխան կառավարութեանց միջեւ։ Այդպէս, օրինակ, չեղեալ կը համարուի Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը (որ կնքուեցաւ 1920ի Դեկտեմբեր 3ին):
Չեղեալ կը համարուին նաեւ (բացառութեամբ Մոսկուայի ռուս-թուրքականին) այն պայմանագրերը, որոնք կնքուած են երրորդ պետութեան մը հետ եւ կը վերաբերին Անդրկովկասի հանրապետութիւններուն:
Երկրորդ յօդուածով, որ առանձնապէս կարեւոր էր Թուրքիոյ համար, ստորագրող կողմերը չեն ճանչնար «բռնի ուժով» պարտադրուած որեւէ պայմանագիր կամ միջազգային այլ քայլ, ինչ որ պարզապէս կը նշանակէր, թէ Խորհրդային Հայաստանը չի ճանչնար 1920 թուի Օգոստոս 10ին կնքուած Սեւրի հաշտութեան Դաշնագիրը, որ իբր թէ «բռնի ուժով» պարտադրուած էր...
Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի հանրապետութեանց միջեւ սահմանագիծը որոշող յօդուած էր չորրորդը, որ հիմքը կազմեց Թուրքիա-Հայաստան ներկայ սահմանագծին։
Հինգերորդ յօդուածով՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները կը համաձայնին Նախիջեւանի մարզը՝ իբրեւ ինքնավար տարածք, յանձնելու Ատրպէյճանի... խնամակալութեան:
Թիւ 6էն 9 յօդուածները կը վերաբերին Թուրքիոյ եւ Վրաստանի փոխ-յարաբերութեանց։ Ըստ այդ յօդուածներուն՝ Թուրքիան Պաթում քաղաքի ու մարզի ինքնիշխանութեան իրաւունքը կը զիջի Վրաստանին՝ պայմանով, որ տեղական բնակչութիւնն օգտուի լայն ինքնավարութենէ, իսկ Թուրքիոյ իրաւունք վերապահուի օգտուելու Պաթումի նաւահանգիստէն՝ առանց ատոր համար յատուկ հարկ վճարելու (յօդուած 6)։
10րդ յօդուածով կողմերը կը պարտաւորուին թոյլ չտալ գոյութիւնը այնպիսի կազմակերպութեանց կամ խումբերու, որոնք ստորադիր միւս կողմի դէմ պայքարի նկատակ ունին (ինչպէս Հայ Դատի համար պայքարող ուժերը - Ն.)։
Իսկ վերջին՝ 20րդ յօդուածով կը նախատեսուի, որ պայմանագիրը ենթակայ է վաւերացման եւ վաւերագրերը կը փոխանակուին Երեւանի մէջ՝ 1922ի Սեպտեմբեր 11ին:
Մնացեալ յօդուածներով կը ճշդուին ստորագրող կողմերու քաղաքացիներուն իրաւական կացութիւնը տուեալ երկիրներուն մէջ, զիջումի ենթակայ տարածքներու բնակչութեան տեղափոխման իրաւունքը, կը սահմանուին ռազմագերիներու եւ գաղթականներու փոխանակման կարգը, առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ այլ հարցեր։
Կարսի պայմանագրով փաստօրէն վերահաստատուեցան 16 Մարտ 1921ին կնքուած Մոսկուայի Դաշնագրին կողմէ ճանչցուած Թուրքիոյ կատարած հողային բռնագրաւումները, որոնք կոպտօրէն կþոտնակոխեն Հայաստանի կենսական շահերը։
Այսպէ՛ս, Կարսի Դաշնագիրով Խորհրդային Հայաստանին պարտադրուեցաւ ընդունիլ եւ ճանչնալ սեփական հայրենի տարածքներէն Կարսի մարզի ու Սուրմալուի գաւառի (մօտ 24 հազար քառակուսի քիլոմեթր) եւ Նախիջեւանի երկրամասի (5,5 հազար քառ. քիլոմեթր) կորուստը:
Ն.