Սեպտեմբեր 16ի այս օրը կը նշենք ծննդեան 194րդ տարեդարձը հայ գրականութեան մեծարժէք դէմքերէն Ծերենցի, որ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին նուիրուած իր պատմավէպներով՝ նախակարապետը դարձաւ գրական-ստեղծագործական այդ սեռի ճառագայթումին հայ իրակա
նութեան մէջ։
Աւազանի անունով Յովսէփ Շիշմանեան՝ Ծերենց իրաւամբ կը հանդիսանայ յառաջապահ դրօշակիր մը մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ հայ երիտասարդութեան հայրենասիրական-ազատագրական շարժման վերածնունդին՝ իբրեւ հաւատաւոր քարոզիչ եւ ոգեղէն շարժիչ ուժ։
Մասնագիտական ուսումով եւ ասպարէզով բժիշկ էր Յովսէփ Շիշմանեան, որ այլապէս՝ Ծերենց գրչանունով հայ գրականութեան մեծերու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւեց ու յաւերժացաւ։ Ծերենց հանդիսացաւ արեւմտահայ ազգային պատմավէպի այն նահապետը, որ գեղարուեստական տաղանդաւոր մշակումով յատկանշուող իր գործերով` ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնավստահութիւն ջամբեց սերունդներուն ու հայրենասիրական-ազատագրական պայքարի անշէջ հուրը վառեց իր ժամանակի երիտասարդութեան մտքին եւ սրտին մէջ։
Հայ գրականութեան պատմավէպի իշխանին` Րաֆֆիի հետ միասին, Ծերենց ամբողջ դարաշըրջան մը լուսաւորեց եւ խանդավառեց։
Տարիքով աւագն էր, բայց վիպագրական ասպարէզ իր ուշ մուտքով` Ծերենց դարձաւ Րաֆֆիի սերնդակիցը, միասնաբար ազգային-հայրենասիրական պատմավէպի միեւնոյն շքանշանին երկու երեսներուն վրայ դրոշմելով իրենց դիմանկարը։ Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը` հայոց ազգային-հայրենասիրական պատմավէպը գեղարուեստական բարձունքի հասցուցած երկու մեծ գրողները նաեւ նոյն տարին, 1888ին մահացան. Րաֆֆի` 51 տարեկանին, իսկ Ծերենց` 66 տարեկան հասակին։ Անմիջապէս կþարժէ ընդգծել, որ պատմավէպը` իբրեւ գրական սեռ, մինչ այդ անծանօթ չէր հայ իրականութեան մէջ։
Աբովեան եւ Ալիշան բացած էին ճամբան, բայց շեշտակիօրէն հռետորական եւ քարոզչախօսական մշակում ունէին հայկական պատմավէպները մինչեւ Ծերենց եւ Րաֆֆի։ Ազգային-հայրենասիրական ընդգրկումով վէպերու, յատկապէս պատմավէպներու գեղարուեստական մշակումը իր առաջին հաստատ քայլերը նետեց Ծերենցով` արեւմտահայ, իսկ Րաֆֆիով՝ արեւելահայ գրականութեան մէջ։
Ծերենց թէեւ ուշ` 56 տարեկանին, 1877ին, լոյս ընծայեց իր առաջին պատմավէպը` «Թորոս Լեւոնի»ն, բայց անծանօթ գրչանուն չէր արեւմտահայ իրականութեան մէջ։
Աշխարհաբարի որդեգրման ու մշակման նախակարապետներէն եղած էր, աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր հայոց Ազգային Սահմանադրութեան հաստատագրման պայքարին, նաեւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի հետ հաշտարար դերակատարութիւն ունեցած էր կաթոլիկութեան շուրջ ծաւալած Հասունեան եւ հակա-Հասունեան բուռն պայքարներու շրջանին, կաթոլիկ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան (Հասունեանական շարժումին) դէմ դիրքորոշուելով, բայց նաեւ կաթոլիկ հայերու դաւանական ազատ ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելով։
Յովսէփ Շիշմանեան ծնած էր կաթոլիկ ընտանիքի մէջ եւ ծնողները 10 տարեկանին զինք ղրկած էին Սուրբ Ղազար, Վենետիկ, Մխիթարեաններու մօտ ազգային-հոգեւոր ուսում ստանալու եւ կուսակրօն դառնալու համար։ Ուսումնատենչ Յովսէփը Մխիթարեաններէն առաւ ազգային հոգեմտաւոր իր սնունդը, գրական-մշակութային ճանաչումի եւ գիտութեան հարուստ պաշար հաւաքեց, տոգորուեցաւ Մխիթարեաններու ազգային-հայրենասիրական շունչով, բայց չուզեց կուսակրօն դառնալ 1837ին, երբ աւարտեց վանքի ուսումնական շրջանը. վերադարձաւ Պոլիս։
Անմիջապէս ուսուցչութեան հրաւիրուեցաւ եւ հայերէն լեզու, հայ գրականութիւն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդեց։
Բայց միայն քանի մը տարի դիմացաւ ուսուցչական ասպարէզին, որովհետեւ ազգային-հայրենասիրական բուռն ապրումներով համակուած երիտասարդ Յովսէփը ուզեց շրջիլ հայրենի իր աշխարհով մէկ եւ մօտէն ճանչնալ թէ՛ մեր հողը, թէ՛ մեր ժողովուրդը։ 1843ին մեկնեցաւ Թիֆլիս եւ հոնկէ սկսաւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին իր երկարատեւ շրջագայութեան։ Հետագայ իր պատմավէպերուն համար տպաւորութիւններու եւ ծանօթութիւններու ամբողջ պաշար մը հաւաքեց, որ սակայն միայն իրեն չպահեց, այլ Ծերենց ստորագրութեամբ սկսաւ աշխատակցիլ ժամանակի մամուլին։
Պոլիս վերադարձէն ետք, 1848ին, որոշեց մեկնիլ Փարիզ եւ բժշկութեան հետեւիլ։ Ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ յեղափոխական վերիվայրումներու ժամանակաշրջան էր եւ 26ամեայ հայ երիտասարդը, բժշկական իր բարձրագոյն ուսման կողքին, միտքն ու հոգին լայնօրէն բացաւ ֆրանսական յեղափոխական շարժումներու գաղափարական խմորումներուն առջեւ` տոգորուելով ժողովրդավարական արժէքներն ու ընկերային արդարութեան գաղափարները պաշտպանելու սկզբունքայնութեամբ։
Փարիզեան իր կեցութիւնը նաեւ հնարաւորութիւնը ընձեռեց, որպէսզի Ծերենց մօտէն շփում ունենայ եւ մտերմանայ ֆրանսական մայրաքաղաքը գտնուող հայ ուսանողներու հետ, որոնց շարքին յատկապէս արեւմտահայոց ազգային զարթօնքի եւ Ազգային Սահմանադրութեան ռահվիրաներէն Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ստեփան Ոսկան եւ ուրիշներ։
1853ին, արդէն բժիշկ վկայուած` տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան վերադարձաւ Պոլիս։ Ամբողջ թափով նետուեցաւ ազգային-հասարակական եռուն գործունէութեան մէջ` ազգային-հայրնասիրական եւ հասարակական-յառաջդիմական շարժումներու աշխոյժ մասնակիցը դառնալով։
Գաղափարականօրէն ողջմիտ եւ լայնախոհ, զարգացած ու ազնիւ, բայց մանաւանդ սկզբունքային եւ համերաշխութեան ջատագով մարդ էր Ծերենց եւ, իբրեւ այդպիսին, հաշտարար դերակատարութիւն ունեցաւ հայ կեանքը ջլատող պառակտիչ վէճերու հարթեցման մէջ։ Ազգային-հասարակական կեանքի մէջ եղաւ ընդհանուր յարգանքի արժանացած հեղինակութիւն։
Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան ունեցաւ նաեւ հակառակորդներ, որոնք կառավարական շրջանակներու մօտ տարիներով չարախօսեցին իր հասցէին իբրեւ յեղափոխականի։ Եւ երբ 1870ականներուն, նորակազմ բարեսիրական «Համազգեաց» ընկերութեան կողմէ ան ղրկուեցաւ Կիլիկիա, որպէսզի գիւղատնտեսական վարժարան մը հիմնելու կարելիութիւնները եւ յարմարութիւնները ուսումնասիրէ տեղւոյն վրայ, հակառակորդներն ու չարախօսները կրցան կասկածներ սերմանել կառավարական շրջանակներու մօտ` Ծերենցի «բուն» դիտաւորութեանց վերաբերեալ։
Իբրեւ «յեղափոխական»ի անոր գործունէութեան վերջ տալու նպատակով` կառավարութիւնը 1875ին յարմար գտաւ զինք ուղարկել Կիպրոս, կառավարական բժիշկի իր առաքելութիւնը հոն կատարելու համար, ինչ որ աքսոր էր խորքին մէջ։
Բայց Ծերենց աքսորականի իր կեանքը օգտագործեց` աւարտուն տեսքի բերելու համար իր պատմավէպները։ Առաջինը եւ ամէնէն հռչակաւորը` «Թորոս Լեւոնի»ն, որ Բիւզանդիոնի հակահայ խարդաւանքներուն դէմ Կիլիկիոյ հայոց Թորոս իշխանին մղած երկարամեայ պայքարին հերոսապատումն է, 1877ին լոյս տեսաւ եւ արագօրէն լայն ժողովրդականութիւն ապահովեց արդէն 55ամեայ հեղինակին։
Ծերենց աքսորէն վերադարձաւ 1878ին, բայց այլեւս չուզեց Պոլիս ապրիլ։ Անցաւ Թիֆլիս, ուր հարս գացած աղջիկը կ’ապրէր։ Ներսիսեան վարժարանի մէջ ուսուցիչ եղաւ։ 1879ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ պատմավէպը` «Երկունք Թ. Դարու»ն, որուն նիւթը առնուած է Բագրատունեաց իշխանութեան շրջանէն եւ կը վերաբերի արաբական տիրապետութեան դէմ Յովնան Խութեցիի (Սասունցիի) ղեկավարած ազգային-ազատագրութեան պայքարին։
Իսկ 1881ին լոյս տեսաւ Ծերենցի երրորդ պատմավէպը` «Թէոդորս Ռշտունի»ն, որ կը վերաբերի 7րդ դարու արաբական արշաւանքներուն ժամանակ Հայաստանի կրած աւերածութիւններուն, հայ նախարարներու անմիաբանութեան եւ Թ. Ռշտունի իշխանին ապարդիւն ճիգերուն` ի մի խմբելու հայ նախարարները, միասնաբար դիմագրաւելու համար նախայարձակները։
Ծերենց հայ գրականութեան մէջ անմահացաւ իր այս երեք պատմավէպներով, որոնք իրենց գեղարուեստական որոշակի թերութիւններով հանդերձ` ճամբայ հարթող նուաճումներ եղան թէ՛ իբրեւ գրական երկերու եւ թէ, մանաւա՛նդ, իբրեւ ազգային-հայրենասիրական ապրումներու ներշնչման աղբիւրի։
Երեք վէպերու պարագային ալ, Ծերենցի ազգային-գաղափարական պատգամը կը կեդրոնանար հայ ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին եւ ազգային արժանաւորութեան վրայ։ Ծերենցի համոզումով` հայ ժողովուրդը ի վիճակի է դիմադրելու ամէն կարգի բռնակալի եւ ներխուժողի, որովհետեւ Յովնան Խութեցիի օրինակով` նոյնինքն հայ ժողովուրդի շինական ու խաղաղասէր զաւակներուն մէջ միշտ արթուն է Ազգին ու Հայրենիքին համար պայքարելու եւ յաղթելու ոգին։ Եւ եթէ պատմութիւնը դաժան պարտութիւններու դատապարտեց հայ ժողովուրդին, Ծերենցի ախտորոշումով` գլխաւոր պատճառը հայոց իշխաններու անիմաբանութիւնն է։
Իր պատմավէպներու հրատարակութենէն ետք երկար չապրեցաւ Ծերենց։ 1884ին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր աղջիկը, որուն վաղահաս մահը շատ ծանր տարաւ. ուղղակի առողջութիւնը քայքայուեցաւ եւ 1888ին կաթուածահար մահացաւ Թիֆլիսի մէջ։
Այդպէ՛ս, 66 տարեկանին, առյաւէտ փակուեցան աչքերը հայ գրականութեան ազգային-հայրենասիրական պատմավէպներու արժանաւոր նահապետին` Ծերենցի, որ իր ամբողջ կեանքը եւ ուժերը նուիրեց հայութիւնը միաւորելու եւ միասնական պայքարի մղելու նպատակին` ի խնդիր ազատ ու անկախ կեանքի եւ հայրենիքի կերտումին, ի սպաս խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ հայութեան բարօր ու լուսաւոր ապագայի նուաճումին։
Ն.