Print
Category: Յուշատետր

alt2 ­Սեպ­տեմ­բե­րը, քա­ռորդ դար ա­ռաջ, ու­ղի եւ վար­քա­գիծ լու­սա­ւո­րող օր մը նո­ւի­րա­գոր­ծեց հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ, երբ Ար­ցա­խի քա­ջա­րի հա­յու­թիւ­նը հռչա­կեց իր պե­տա­կան ան­կա­խու­թիւ­նը` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հի­մը դնե­լով։

­Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մեծ ա­նի­ւը շրջո­ւե­ցաւ յան­դուգն այդ քայ­լով, որ վերջ տո­ւաւ Ար­ցա­խի տաս­նա­մեակ­նե­րու գե­րե­վար­ման եւ սրբագ­րեց Ս­տա­լի­նի բռնա­կալ ձեռ­քով ու «օրհ­նու­թեամբ», 1921-1923 թո­ւա­կան­նե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած ա­ղա­ղա­կող ա­նար­դա­րու­թիւ­նը։

­Ծայր աս­տի­ճան դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը եւ ծան­րա­գոյն հա­րո­ւած­նե­րու դի­մա­կալ­ման գնով մեր ժո­ղո­վուր­դը, Ար­ցա­խի մէջ ու ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, կրցաւ ի­րա­գոր­ծել ատր­պէյ­ճա­նեան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու իր ո­րո­շու­մը` ապ­րե­լու եւ բար­գա­ւա­ճե­լու ըն­դու­նակ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան մը ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մին ու հզօ­րա­ցու­մին լծո­ւե­լով։

Այդ­պէ՛ս. 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ին, օ­րին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ եւ ­Շա­հու­մեա­նի Շր­ջան խորհր­դա­յին սահ­մա­նադ­րա­կան ա­նո­ւա­նում­նե­րով ծա­նօթ հա­յոց Ար­ցախ Աշ­խար­հի լեռ­նա­յին մա­սին մէջ, խորհր­դա­յին բա­ռա­պա­շա­րով ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ­Ժո­ղովր­դա­կան ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը գու­մա­րե­ցին օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեան ­Մար­զա­յին եւ Շր­ջա­նա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու միա­ցեալ նիստ մը եւ հռչա­կե­ցին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։

Օ­րին դժո­ւար էր հա­ւա­տալ, որ ­Շու­շիի բար­ձունք­նե­րուն ամ­րա­կա­յո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի հրե­տա­նիի հա­րո­ւած­նե­րուն եւ ար­ձա­կա­զէն­նե­րու կրա­կո­ցին տակ՝ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րու վրայ գտնուող, ա­ւե­լին՝ ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ա­զա­տու­թեան հա­մար մարտն­չող Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար, ի­րո­ղա­պէս եւ ըստ ա­մե­նայ­նի, կեն­սա­գոր­ծե­լու իր ան­կա­խու­թիւ­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն՝ կազ­մա­ւո­րե­լով կա­յա­նա­լո՛ւ եւ ապ­րե­լո՛ւ ըն­դու­նակ իր պե­տա­կան ա­նօ­թը, ի հե­ճուկս ժա­մա­նա­կի եւ պայ­ման­նե­րու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան անն­պաստ դա­սա­ւո­րում­նե­րուն։

­Նախ՝ Ար­ցա­խի, ա­պա՝ մայր ­Հա­յաս­տա­նի եւ, ի վեր­ջոյ, աշ­խար­հաս­փիւռ ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դի վճռա­կա­նու­թեան, մար­տու­նա­կու­թեան եւ միաս­նա­կան պայ­քա­րին շնոր­հիւ՝ փաս­տօ­րէն ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ մե­րօրեայ հա­յու­թեան ազ­գա­յին ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան երկ­րորդ կռո­ւա­նը։

Երբ 25 տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը կը նե­տենք եւ ընդ­հա­նուր հա­շո­ւեկշ­ռի կ­’ար­ժա­նաց­նենք Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դին կտրած ու­ղին, ար­դա­րօ­րէն հպար­տու­թիւ­նը կը հա­մա­կէ մեր միտքն ու սիր­տը՝ ի տես գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով ձեռք բե­րո­ւած նո­ւա­ճու­մին։
Ա­ռա­ջին հեր­թին կը խո­նար­հինք ան­մեռ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ ա­ռիւ­ծա­սիրտ այն ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն, ո­րոնք հե­րո­սա­կան ի­րենց պայ­քա­րով եւ ի­մա­ցեալ մա­հո­ւամբ մա­հը պար­տու­թեան մատ­նե­լու եւ ան­մա­հա­նա­լու ազ­գա­յին մեր ա­ւան­դը վե­րա­նո­րո­գող ի­րենց անձ­նո­ւի­րու­թեամբ՝ հայ­կա­կան ու հայ­րե­նի՛ հող ա­զա­տագ­րե­լու եւ ամ­րօ­րէն պաշտ­պա­նե­լու նո­րօ­րեայ դիւ­ցազ­նա­պա­տու­մը պար­գե­ւե­ցին ­Հա­յաս­տա­նին եւ հա­յու­թեան։

­Ծան­րակ­շիռ ո­րո­շում էր 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ի լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը։ ­Խորհր­դա­յին բա­նա­կի հա­մազ­գես­տով գոր­ծող իշ­խա­նա­ւոր «օ­րի­նա­կան» ուժ էր ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը, որ 1988էն սկսեալ ձեռ­նար­կած էր Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը բնաջն­ջե­լու նո­րօ­րեայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ հա­մաթրքա­կան հա­յա­մերժ իշ­խա­նու­թեան մը մա­հա­ցու գոր­ծի­քը դառ­նա­լով։
Այ­դու­հան­դերձ՝ խա­ղաղ հա­ւաք­նե­րով եւ օ­րէնսդրա­կան ու սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու վրայ խարսխո­ւած դի­մում­նե­րով ար­դա­րու­թիւն ու ­Հա­յաս­տա­նի հետ միա­ցում պա­հան­ջող Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը, ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ խորհր­դա­յին հա­րո­ւած­նե­րուն տակ աս­տի­ճա­նա­բար կռա­նե­լով իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կամքն ու հա­ւա­քա­կան ու­ժը, քայլ առ քայլ ըն­դար­ձա­կեց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան իր պայ­քա­րը, ու­նե­ցաւ ծան­րա­գոյն կո­րուստ­ներ՝ բայց չընկր­կե­ցաւ, մին­չեւ որ ներ­կա­յա­ցաւ քա­ղա­քա­կան յար­մար պա­հը, որ­պէս­զի հռչա­կէր Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը։

Ատր­պէյ­ճան ո­րո­շեց դուրս գալ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն եւ վե­րա­կանգ­նել 1918-1920 թո­ւա­կան­նե­րու Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ ան­կախ պե­տու­թիւն, ինչ որ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն եւ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն լրիւ ա­զատ ար­ձա­կեց ձեռ­քե­րը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան, որ­պէս­զի ձեռ­նար­կէր ատր­պէյ­ճա­նա­կան բռնա­կալ լու­ծէն ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մի իր յաղ­թար­շա­ւին։
­Պատ­մա­կա­նօ­րէն եւ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն Ար­ցա­խը բնաւ մաս չէր կազ­մած թրքա­կան սո­ւին­նե­րով 1918ին ստեղ­ծո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան։ ­Միայն խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մէն ետք, Ս­տա­լի­նեան մութ գոր­ծար­քով, Ար­ցա­խը նո­ւէր տրո­ւե­ցաւ ա­զե­րի­նե­րուն...

Իսկ 1991ին ար­դէն ժա­մա­նակն էր, թէեւ ու­շա­ցած, որ­պէս­զի ա­նար­դա­րու­թիւ­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս սրբագրո­ւէր եւ, նոյ­նինքն խորհր­դա­յին օ­րէնք­նե­րով ու սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով, բայց նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի հիմ­նա­րար Ուխ­տա­գիր­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւե­լով, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզն ու ­Շա­հու­մեա­նի Շր­ջա­նը միա­ւորուէին ան­կախ պե­տու­թիւն հռչա­կո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ։

Այ­սօր 25ա­մեայ լիար­ժէք պե­տու­թիւն է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ ոչ միայն իր պաշտ­պա­նա­կան բա­նա­կով կրցաւ ա­զե­րի բռնա­տի­րու­թե­նէն ա­զա­տագ­րել հա­յա­պատ­կան Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րը, այ­լեւ՝ ի­րա­ւա­կան ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հի­մուն­քով պե­տա­կա­նու­թեան իր շէն­քը քար առ քար բարձ­րաց­նել եւ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւա­տա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան տակ ճնշո­ւած ա­զե­րի հա­սա­րա­կու­թեան ինք­նափր­կու­մի օ­րի­նակ ծա­ռա­յել։

­Ճիշդ է, Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­պէս նո­ւա­ճո­ւած ան­կա­խու­թիւ­նը մին­չեւ այ­սօր դեռ չէ ար­ժա­նա­ցած մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ճա­նա­չու­մին եւ ի­րա­ւա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մին։ ­Բայց երբ ա­րեան գնով նո­ւա­ճո­ւած ան­կա­խու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի ես պա­հե­լու, պե­տա­կա­նօ­րէն ար­մա­տա­ւո­րե­լու եւ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ամ­րապն­դե­լու, ան­պայ­ման վստահ կրնաս ըլ­լալ, որ ի վեր­ջոյ կը հաս­նի նաեւ ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մի ժա­մը։

Այդ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ է, որ Ար­ցա­խէն ու հայ­րե­նի մեր ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ աշ­խար­հի հե­ռա­ւոր ա­փե­րը սփռո­ւած ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը, քա­ռորդ դա­րէ ի վեր, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մի հաս­նե­լու միաս­նա­կան միեւ­նոյն հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ կը տօ­նէ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման տա­րե­դար­ձը։

Իսկ այս տա­րի յա­տուկ նշա­նա­կու­թեամբ եւ վե­րա­նո­րոգ մար­տու­նա­կու­թեամբ կը տօ­նենք Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման տա­րե­դար­ձը, ո­րով­հե­տեւ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հի աչ­քե­րուն առ­ջեւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը, Ապ­րիլ 2016ի ա­ռա­ջին քա­ռօ­րեա­յին, ա­նարգ նա­խա­յար­ձա­կում ի­րա­գոր­ծեց Ար­ցա­խի դէմ՝ հայ­կա­կան հող բռնագ­րա­ւե­լով, տաս­նեակ­նե­րով սահ­մա­նա­պահ հայ զի­նո­ւոր­նե­րու եւ ան­զէն ար­ցախ­ցի­նե­րու մա­հո­ւան պատ­ճառ դառ­նա­լով, նաեւ՝ բար­բա­րո­սա­կան խոշ­տան­գու­մի են­թար­կե­լով հայ զո­հե­րու դիակ­նե­րը։

­Հայ զի­նո­ւո­րի եւ ար­ցա­խա­հա­յու հե­րո­սա­կան մար­տու­նա­կու­թեամբ՝ հա­յու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի ե­ղաւ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան նա­խա­յար­ձա­կու­մը։
­Բայց թշնա­մին ոչ միայն վար չէ դրած իր զէն­քե­րը, այ­լեւ նո­րա­նոր սադ­րանք ու դա­ւեր կ­՚ո­րո­ճայ՝ ար­ցա­խը վերս­տին իր լու­ծին են­թար­կե­լու ցնո­րամ­տու­թեամբ։

Ա­հա այդ ա­ռու­մով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25ա­մեա­կը նաեւ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ հա­յաշ­խար­հով մէկ՝ ընդ­դէմ Ար­ցա­խի նո­րո­վի գե­րե­վար­ման բո­լոր փոր­ձե­րուն, ուղ­ղա­կիօ­րէն Ատր­պէյ­ճա­նէն եւ ա­նոր հո­վա­նա­ւոր զի­նա­կի­ցէն՝ ­Թուր­քիա­յէն գան ա­նոնք, թէ թե­լադ­րո­ւին ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն ­Ռու­սաս­տա­նէն թէ Ա­րեւ­մուտ­քէն։

­Մա­նա­ւանդ՝ ա­հա­զա՛նգ կը հնչեց­նէ ընդ­դէմ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան ղե­կա­վար դիր­քե­րէն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւող այն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք «ի­րա­տե­սու­թեան» եւ «ողջմ­տու­թեան» պատ­րո­ւա­կով զի­ջում­նե­րու կոչ կ­՚ուղ­ղեն, այ­լեւ կը ջլա­տեն հե­րո­սա­կան կո­րո­վը քա­ռորդ դա­րու դիւ­ցազ­նա­կան ու­ղի նո­ւա­ճած հա­յոց դի­մադ­րա­կա­նու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան։

Ն.