31 Օգոստոսին, 89 տարի առաջ, թէեւ բարձր ջերմաստիճանով տաք եղանակ էր Մ. Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգին Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, այդուհանդերձ՝ շատ ցուրտ էր հողը Հայաստան աշխարհէն բեւեռապէս հակառակ ուղղութեան վրայ գտնուող ծայրամասային այդ հեռաւոր ա
փին, որուն 31 Օգոստոս 1927ին յանձնուեցաւ անշունչ մարմինը հայ ժողովուրդի դիւցազնական խիզախութեան, յանդգնութեան եւ հերոսութեան անմահ խորհրդանիշին՝ անզուգական «Քաջ Անդրանիկ»ին։
Ի՜նչ գործ ունէր, սակայն, Անդրանիկ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ...
Հարցումը ինքնանպատակ չէ եւ նոյնիսկ այսօր կը պահէ իր այժմէականութիւնը, որովհետեւ կ’առընչուի ոչ միայն հայ ազգային-ազատագրական շարժման բարձրաթռիչ Արծիւին դառն վախճանին, այլեւ՝ նոյնինքն հայ ժողովուրդին փառքի ու ողբերգութեան խորախորհուրդ ճակատագրին։
Ժամանակակիցները կը վկայեն, որ Անդրանիկի վերջին խօսքը եղաւ՝ «Գործս կէս մնաց»...
Ինչպէս որ Աւետիս Ահարոնեան կը շեշտէ Անդրանիկի մահուան առիթով մեծ հերոսին նուիրած իր մենագրութեան մէջ, ամբողջ յուսախաբութեան ճիչ մը կար հայ ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն ժողովրդական հերոսին վերջին այդ արտայայտութեան մէջ։
Անդրանիկ քաջառողջ ու յաղթական դուրս եկաւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ճանապարհին իր դիմագրաւած բոլոր վտանգներէն, օրհասական ճակատումներէն եւ մահուան հետ անողոք «հանդիպումներէն», բայց ահա այդպէ՛ս, սուրը ետ պատեանին մէջ դրած եւ Հայաստան ղրկած՝ առասպելական հերոսներու տիեզերական օրինակով, իր կարգին մահուան յանձնուեցաւ ռազմի դաշտերէն հեռու՝ հասարակ մահկանացուներու պէս հանգիստ սնարի մէջ, այլեւ՝ հայրենի հողէն հեռու եւ շա՜տ հեռու...
1866ին Շապին Գարահիսար, համեստ ատաղձագործի մը ընտանեկան յարկին տակ ծնած Անդրանիկ Օզանեանը ծնունդով ճակատագրուած էր, կարծէք, մարմնաւորելու հայ ժողովուրդին արդի ժամանակներ մուտք գործելու խոյանքը։ Ունեցաւ համեստ ծագում, ապրեցաւ պարզ հայու կեանքով, ուզեց արդար վաստակով ապահովել իր օրաւուր հացը, բայց շարունակաբար դէմ յանդիման գտնուեցաւ թրքական բռնատիրութեան եւ կեղեքումին, հայաջինջ խորշակին եւ թրքամոլ խաւարամտութեան։
Հազիւ երիտասարդ էր, 18 տարեկան, երբ հայոց աւանդական օրէնքով ամուսնացաւ, բայց դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր կինը եւ, այնուհետեւ, ամբողջովին կապուեցաւ իր ազգին։
Հայոց յեղափոխական զարթօնքը վարակած էր նաեւ Շապին Գարահիսարի հայութիւնը եւ Անդրանիկ փարեցաւ տեղւոյն Վռամշապուհ Քահանայի (որ հետագային պիտի դառնար Փարիզի հայոց առաջնորդ) կազմած յեղափոխական գաղտնի խմբակին։ Մատնութեան մը հետեւանքով ընդյատակեայ խմբակը գաղտնազերծուեցաւ, իսկ անդամները ձերբակալուեցան։ Երիտասարդ Անդրանիկ կարճատեւ բանտարկութենէ ետք ազատ արձակուեցաւ, անցաւ Պոլիս, ուր ատաղձագործի աշխատանքով իր կեանքը կ’ապահովէր եւ, միաժամանակ, պանդուխտ հայ երիտասարդներու մօտ, ազգային-յեղափոխական շունչով ինքնակազմակերպման աշխատանք կը ծաւալէր։
Այդպէ՛ս մասնակցեցաւ 1895ի Պապը Ալիի մեծ ցոյցին, որուն անփառունակ վախճանէն ետք անցաւ Կովկաս, ծանօթացաւ եւ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։ Երկիր մտնելու եւ յեղափոխական բուն գործին նուիրուելու կրակով կ’այրէր նաեւ Անդրանիկ, որ 1897ի Յուլիսին, պարսկական սահմանէն Վան անցնող Վազգէնի եւ Գուրգէնի խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր մտաւ Երկիր, անցաւ Սասուն եւ իր ճակատագիրը կապեց Տարօն Աշխարհին։
Շատ կարճ ժամանակի մէջ հաստատուեցաւ Անդրանիկի հռչակը՝ իբրեւ քաջ ֆետայի, խիզախ մարտիկ եւ յանդուգն ռազմիկ, որ թէ՛ կազմակերպական բնատուր տաղանդ ունէր, թէ՛ ռազմական վտանգաւոր պահերը դիմագրաւելու բացառիկ ընդունակութիւն։ Իսկ ժողովուրդի զաւակի իր նկարագրով, ընկերային բնաւորութեամբ եւ պարզութեամբ՝ Անդրանիկ անմիջապէս դարձաւ սասունցի թէ Հայաստան Աշխարհի տարբեր շրջաններէն Սասուն փութացած հայ յեղափոխականներու սիրելի ու վստահելի առաջնորդը՝ խմբապե՛տը։
Սերոբ Աղբիւրի մատնութենէն եւ անարգ գլխատումէն ետք, Անդրանիկ իր ընկերներով լուծեց Սերոբի վրէժը, գլխատեց Պշարա Խալիլը եւ, այնուհետեւ, Սասնոյ յեղափոխական կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ՝ Վահանի, Հրայր Դժոխքի, Գուրգէնի, Գէորգ Չաւուշի եւ անուանի հայ ֆետայիներու հետ, յատկապէս Անդրանիկ մեծ ներդրում ունեցաւ, մանաւանդ Առաքելոց Վանքի պատմական կռուին հերոսութեան իր հռչակը նուիրագործելով։
Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան, Անդրանիկ ընտրուեցաւ զինուորական ընդհանուր հրամանատար եւ ամբողջապէս արդարացուց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ Ոչ միայն հրաշքներ գործեց կռիւներու ընթացքին, այլեւ մեծ ռազմագէտի հնարամտութեամբ ղեկավարեց ֆետայիներու Սասունէն հեռացումը դէպի Վան եւ պարսկական սահման, երբ նահանջի որոշումը կայացուցին Տարօնի եւ Վասպուրականի յեղափոխական շարժման ղեկավարները, Աղթամար կղզիի վրայ իրենց մեծ խորհրդակցութեան ժամանակ։
Այնուհետեւ հայ ժողովուրդի աստանդական կեանքին բաժնեկիցը դարձաւ Անդրանիկ, որուն անունն ու քաջագործութիւնները առասպելականացուցած էին արդէն հայ աշուղներն ու գրողները։ Հայ ժողովուրդի աչքին Անդրանիկ մարմնաւորեց հայոց Ազատամարտը եւ այդ հռչակով ու դափնեպսակով՝ ո՛ւր որ ալ գնաց, Եգիպտոս, Ժընեւ թէ Պուլկարիա, ամէնուր Անդրանիկ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մարտական ղեկավարի՝ դաշնակցական հայդուկապետի իր կոչումին։
Իբրեւ այդպիսին մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ մեծ ներդրում ունեցաւ հայ ազատագրական շարժումը արեւմտահայու եւ արեւելահայու պառակտումէն փրկելու եւ Դաշնակցութիւնը աւելիով միակամ ու հզօր վերականգնելու դժուարին գործին յաջողութեամբ պսակումին մէջ։ Իբրեւ այդպիսին իր ղեկավար մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պուլկարիոյ մէջ Հ.Յ.Դ. Զինուորական վարժարանի ստեղծման ու կազմակերպման մէջ՝ Ռոստոմի կողքին։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան նկատմամբ թերահաւատութեան դրօշ պարզող առաջին դաշնակցականներէն եղաւ Անդրանիկ, որ ի տես Իթթիհատի հետ Դաշնակցութեան սկզբնական գործակցութեան՝ նաեւ հրապարակաւ ու ցուցադրականօրէն Դաշնակցութենէն հեռացաւ, բայց միայն ժամանակաւորապէս, որովհետեւ երբ 1913ի Պալքանեան Պատերազմին Դաշնակցութիւնը դիմեց իր հայդուկապետին, Անդրանիկ անվերապահօրէն լծուեցաւ հայկական գունդի կազմութեան՝ պուլկարներու կողքին պատերազմի դաշտ իջնելու եւ անվիճելի զօրահրամանատարի իր կարողութիւնները վերջնականապէս նուիրագործելու համար։
Այնուհետեւ զօրահրամանատարի ասպարէզ մը եղաւ Անդրանիկի կեանքը։ Դաշնակցութեան հետ գաղափարական իր պորտակապը անխզելի պահելով հանդերձ՝ Անդրանիկի մէջ զօրահրամանատար գործիչը շարունակ բախման մէջ եղաւ դաշնակցական կազմակերպական գործիչին հետ. հակադրուեցաւ օրուան մարմիններու քաղաքական որոշումներուն եւ կազմակերպական տնօրինումներուն. ընդհանրապէս թերահաւատութեամբ եւ վերապահութեամբ մօտեցաւ Թիֆլիս կեդրոնացած ղեկավարութեան քայլերուն եւ կարգադրութիւններուն։ Բայց երբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն պաշտօնապէս դիմեց արդէն ազգային հերոս Անդրանիկին, ոպէսզի իր ղեկավար դերը ստանձնէ 1915ին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման մէջ, Անդրանիկ անվարան ընդառաջեց եւ ստանձնեց Կամաւորական Առաջին Գունդի հրամանատարութիւնը։
Մեծ Զօրավարի գործունէութեան տարիներ եղան Անդրանիկի ոգորումները ռազմադաշտերուն վրայ՝ մինչեւ 1920 թուականը եւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը։ Յատկապէս Դիլմանի ճակատամարտը պատմական նշանակութեամբ փառաւոր դափնեպսակը կազմեց Անդրանիկ Զօրավարի զինուորական կեանքին՝ դաշնակցական ֆետային եւ հայոց ազգային հերոսը արժանացնելով ցարական բանակի սպայակոյտին բարձրագոյն գնահատանքին։
Բայց 1917ի Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ սկսած ռուս-թրքական ռազմաճակատի ընդհանուր փլուզումը իր ծանրագոյն անդրադարձը ունեցաւ ինչպէս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի, նոյնպէս եւ Անդրանիկի անընկճելի ոգեկան կորովին վրայ։ Յատկապէս Կարնոյ մէջ իր ղեկավարած հայկական ուժերու ռազմական ձախողութենէն եւ քաղաքի պարպումէն ետք, Անդրանիկ մատնուեցաւ ներքին անդոհանքի, որ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը՝ հակասութիւններու, ինքնահաստատման եւ ինքնաժխտումի ծանր պահեր ստեղծելով աննման Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին։
Բնաւ չընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը. Հայաստանի անկախ պետականութեան ստեղծումը «թուրքերու նուէրը» հռչակողներէն եղաւ. նոյնիսկ Երեւանի վրայ յարձակելու սպառնալիք ալ ըրաւ... Բայց մինչեւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը, որ ի դէպ Դաշնակիցներու՝ անգլիական բանակի հրամանատարութեան ցուցմունքով կատարուեցաւ, Անդրանիկ իր կամաւորներով փութաց հոն, ուր թրքական վտանգ կար։ Զանգեզուրը, իբրեւ այդպիսին, հանդիսացաւ թրքական զօրքի դէմ հայոց պաշտպանութեան վերջին ռազմաճակատը Անդրանիկի երկարամեայ գործունէութեան։
Արտասահման անցնելով՝ Անդրանիկ ամբողջապէս շրջապատուեցաւ հայ ունեւոր եւ պահպանողական խաւին կողմէ։ Պօղոս Նուպար փաշայի կնքահայրութեամբ ամուսնացաւ։ Գրեց եւ խօսեցաւ Դաշնակցութեան դէմ, որ սակայն երբեք հանդէս չեկաւ անզուգական իր զաւկին դէմ, ընդհակառակն՝ միայն հասկացողութեամբ ու ներողամտութեամբ հետեւեցաւ անոր ներքին տուայտանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անողոք ճակատագրին հարազատ ու դառնագոյն ցոլացումն էր Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին վրայ իշխող այդ ամբողջ անդոհանքը։
Ահա այդպէ՛ս Անդրանիկ իրեն նուիրուած մեծահռչակ «Սուրը» նուիրեց Հայաստանի խորհրդային կառավարութեան, լծուեցաւ Հայրենիքի օգնութեան հասնելու եւ արտերկրի հայ տարագիրներու կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու գործին։ Անցաւ ու հաստատուեցաւ Ֆրեզնօ, ուր եւ չդիմացաւ այլեւս տարիներու ընթացքին զինք տառապեցուցած սուր յօդացաւերուն։
61 տարեկան էր Դաշնակցական Ֆետային, Հայոց Զօրավարն ու Ազգային Հերոսը, երբ 31 Օգոստոս 1927ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը։
Ֆրեզնոյի ցուրտ հողէն իր աճիւնները փոխադրուեցան Փարիզ եւ ազգային մեծ շուքով ամփոփուեցան Փէրլաշէզի գերեզմանատունը։
Հակառակ հայրենիքի մէջ թաղուելու Անդրանիկի կտակին՝ ատենին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին կատարել Անկրկնելի Հայուն կտակը եւ միայն 2000ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, Անդրանիկ իր արժանի տեղն ու վերջնական հանգիստը գտաւ Եռաբլուրի մէջ։
Օգոստոս 31ի այս օրը 89րդ տարելիցն է Հայկեան Ռազմական Հանճարին բացառիկ ծնունդներէն Անդրանիկի, որ իբրեւ անկեղծ զինուոր, անվեհեր մարտիկ եւ անյաղթ զօրահրամանատար պիտի յիշուի դարէ դար՝ հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն ներշնչելով, անձնուէր զոհաբերումի իր վառ օրինակով, անսպառ քաջութիւն, յանդգնութիւն եւ մարտունակութիւն։
Ն.