Print
Category: Յուշատետր

altՕ­գոս­տոս 30ի այս օ­րը, 19 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ բե­մի եւ շար­ժան­կա­րի տա­ղան­դա­ւոր յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն բե­մադ­րիչ Ֆ­րուն­զէ ­Դով­լա­թեան։

 

 

­Հան­դի­սա­տե­սին կող­մէ մե­ծա­պէս սի­րո­ւած ու փնտռո­ւած բե­մադ­րիչ, բե­մագ­րող եւ դե­րա­սան էր հայ­կա­կան բե­մա­րո­ւես­տի մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տը։

­Մեր ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէջ միշտ վառ կը մնան ­Դով­լա­թեա­նի տա­ղան­դին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու­րոյն դրոշ­մը ան­մա­հաց­նող շար­ժան­կար­ներն ու բե­մա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը, ինչ­պէս «­Բա­րեւ, ես եմ», «­Սա­րո­յեան եղ­բայր­ներ», «Ե­րե­ւա­նեան օ­րե­րի խրո­նի­կա», «­Մե­նա­ւոր ըն­կու­զե­նին», «­Կա­րօտ» եւ միւս գոր­ծե­րը։

Իր ծննդեան 80ա­մեա­կին եւ մա­հո­ւան 10ա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ Հ.Հ. Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը 2007ը հռչա­կեց դով­լա­թեա­նա­կան տա­րի, ո­րու ըն­թաց­քին հայ բե­մի վար­պե­տին ա­նու­նով կո­չո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ փո­ղոց մը, հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «Ֆ­րուն­զէ ­Դով­լա­թեան» մե­նագ­րու­թիւ­նը եւ «Ոս­կէ ­Ծի­րան» փա­ռա­տօ­նին կող­մէ ա­նոր ա­րո­ւես­տին նո­ւի­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ անդ­րա­դարձ։
­Պատ­գամ ու­նե­ցող եւ իր ժո­ղո­վուր­դին ու­ղին լու­սա­ւո­րող ա­րո­ւես­տա­գէտն է ­Դով­լա­թեան, որ սի­րոյ, յի­շո­ղու­թեան եւ հայ­րե­նա­բաղ­ձու­թեան ամ­բողջ յու­զաշ­խարհ մը բա­ցաւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ։

Ծ­նած էր 1927ի ­Մա­յիս 26ին, ­Նոր ­Բա­յա­զէտ (­Կա­մօ, այժմ՝ ­Գա­ւառ)։ ­Հայ­րը եւ հօ­րա­քոյ­րը սի­րո­ղա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներ բե­մադ­րող ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ էին գա­ւա­ռա­կան թատ­րո­նին մէջ։ ­Մա­նուկ տա­րի­քէն սէ­րը՝ դէ­պի թատ­րոնն ու բե­մա­կան ա­րո­ւես­տը, շեշ­տո­ւած էր Ֆ­րուն­զէի մօտ. թատ­րո­նի եւ բե­մա­կան ա­րո­ւես­տի պաշ­տա­մուն­քը ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լորտ ե­ղաւ եւ կազ­մա­ւոր­ման մի­ջա­վայր դար­ձաւ հե­տա­գայ մեծ ա­րո­ւես­տա­գէ­տին հա­մար։ Եւ դի­պուկ է մատ­նան­շու­մը շար­ժան­կա­րի քննա­դատ ­Սու­րէն ­Յաս­մի­կեա­նի, որ կ­’ընդգ­ծէ, թէ «ա­ռա­ջին մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը, որ շա­պի­կի պէս կպել էր ­Դով­լա­թեա­նի մարմ­նին, դե­րա­սանն էր»։

­Դով­լա­թեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը 30ա­կան­նե­րուն տե­ղա­փո­խո­ւած է Ե­րե­ւան, ուր Ֆ­րուն­զէ ու­սա­նե­ցաւ ­Գոր­կու ա­նո­ւան դպրո­ցին մէջ՝ աշ­խոյժ մաս­նա­կի­ցը դառ­նա­լով ա­շա­կեր­տա­կան մշտա­պէս գոր­ծող թա­տե­րա­կան խմբա­կին։

­Տա­կա­ւին 15 տա­րե­կան պա­տա­նի՝ ան նկա­րա­հա­նո­ւե­ցաւ «­Դա­ւիթ-­Բէկ» շար­ժան­կա­րին մէջ ­Ման­սուր իշ­խա­նի դե­րով. ա­պա՝ «Ա­նա­հիտ»ի մէջ մարմ­նա­ւո­րեց ար­քա­յազն ­Վա­չա­գա­նը:
Ֆ­րուն­զէի ե­րազն էր ըն­դու­նո­ւիլ ­Սուն­դու­կեա­նի ա­նո­ւան թատ­րո­նը, ինչ որ ի­րա­կա­նա­ցաւ 1942ին, երբ ան միա­ցաւ մայր թատ­րո­նի դե­րա­սա­նա­կան ա­րո­ւես­տա­նո­ցին, ո­րուն ղե­կա­վարն էր Ար­մէն ­Գու­լա­կեան։ ­Գու­լա­կեա­նի շուն­չին տակ թրծո­ւե­ցաւ ­Դով­լա­թեա­նի դե­րա­սա­նա­կան տա­ղան­դը եւ ան նկա­րա­հա­նո­ւե­ցաւ շարք մը ու­շագ­րաւ շար­ժան­կար­նե­րու մէջ, ո­րոնց շար­քին «Ին­չո՞ւ է աղմ­կում գե­տը» (1958), «­Բա­րեւ, ես եմ» (1958)։ Այս վեր­ջի­նի մէջ իր դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­մար Ֆ­րուն­զէ ­Դով­լա­թեան հե­տա­գա­յին, 1967ին, ար­ժա­նա­ցաւ Հ.Խ.Ս.Հ. պե­տա­կան մրցա­նա­կին:

1942էն 1953, Ֆ­րուն­զէ ­Դով­լա­թեան գոր­ծեց Ե­րե­ւա­նի Գ. ­Սուն­դու­կեա­նի ա­նո­ւան Դ­րա­մա­տի­կա­կան ­Թատ­րո­նին մէջ՝ իբ­րեւ դե­րա­սան: 1947ին ա­ւար­տեց թա­տե­րա­կան ա­րո­ւես­տա­նո­ցը եւ նո­ւի­րո­ւե­ցաւ դե­րա­սա­նու­թեան։

1950ին, «Այս աստ­ղե­րը մերն են» թա­տե­րա­խա­ղին գլխա­ւոր դե­րե­րէն մէ­կուն՝ Հ­րայ­րի դե­րա­կա­տար­ման հա­մար ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սա­նը, մի քա­նի խա­ղըն­կեր­նե­րու հետ, ար­ժա­նա­ցաւ Ս­տա­լի­նեան մրցա­նա­կի, որ ա­նոր առ­ջեւ բա­ցաւ բարձ­րա­գոյն մաս­նա­գի­տաց­ման հե­տե­ւե­լու մեծ դու­ռը։ Գ­նաց ­Մոս­կո­ւա եւ 1959ին ա­ւար­տեց ­Մոս­կո­ւա­յի ­Կի­նօ-Ինս­տի­տու­տի (ՎԳԻԿ) բե­մադ­րա­կան բա­ժան­մուն­քը՝ ա­շա­կեր­տե­լով ­Սեր­գէյ ­Գե­րա­սի­մո­վին: Այդ շրջա­նին մաս­նակ­ցե­ցաւ քա­նի մը վա­ւե­րագ­րա­կան բարձ­րար­ժէք ժա­պա­ւէն­նե­րու նկա­րա­հան­ման: ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ իր նկա­րա­հա­նած «­Մեր քա­ղա­քի ա­ռա­ւօ­տը» շար­ժան­կա­րը ­Վիեն­նա­յի փա­ռա­տօ­նին ար­ժա­նա­ցաւ ա­ռա­ջին մրցա­նա­կի:

1959էն 1964 Ֆ­րուն­զէ ­Դով­լա­թեան աշ­խա­տե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Գոր­կու ա­նո­ւան ­Կի­նօ-Ս­տու­դիա­յին մէջ, ուր հա­մա­բե­մադ­րու­թեամբ կեան­քի կո­չեց «Ո՞վ է մե­ղա­ւոր» (1958), «­Մեր քա­ղա­քի ա­ռա­ւօ­տը» (1959), «­Դի­մա ­Գո­րի­նի կա­րիե­րան (աս­պա­րէ­զը)» (1961) եւ «Ա­ռա­ւօ­տեան ձայ­ներ» (1963) շար­ժան­կար­նե­րը։ 1962էն 1964, ­Դով­լա­թեան ե­ղաւ խորհր­դա­յին մե­ծազ­դե­ցիկ «­Մոս­ֆիլմ» ­Կի­նօ-Ս­տու­դիա­յի (շար­ժան­կա­րի աշ­խա­տա­նո­ցի) բե­մադ­րիչ։

­Բայց հայ բե­մի մեծ վար­պե­տին սիր­տը հայ­րե­նի­քի կա­րօ­տով կ­՚այ­րէր եւ 1964ին ան վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան, ուր մին­չեւ վեր­ջին շունչ եւ իր վախ­ճա­նը, իբ­րեւ բե­մադ­րիչ գոր­ծեց «­Հայ­ֆիլմ»ի մէջ, ա­ւե­լի քան 30 տա­րի ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով եւ հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րը նոր բար­ձուն­քի ա­ռաջ­նոր­դե­լով։

Ֆ­րուն­զէ ­Դով­լա­թեան յատ­կա­պէս հռչա­կո­ւե­ցաւ «­Սա­րո­յեան եղ­բայր­ներ» շար­ժան­կա­րի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վա­րի իր հան­գա­ման­քով ու ստանձ­նած գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ՝ մարմ­նա­ւո­րե­լով կրտսեր եղ­բօր, յե­ղա­փո­խա­կան ­Հայ­կի դե­րը: ­Շար­ժան­կա­րը օ­րին, ­Քիե­ւի մէջ, ար­ժա­նա­ցաւ խորհր­դա­յին հա­մա­միու­թե­նա­կան բարձր մրցա­նա­կի, իսկ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան մրցա­նա­կի:

­Շար­ժան­կա­րի քննա­դատ­նե­րուն վկա­յու­թեամբ, 1966ին Ֆ­րուն­զէ ­Դով­լա­թեա­նի նկա­րա­հա­նած «­Բա­րեւ, ես եմ» շար­ժան­կա­րը շրջա­դար­ձա­յին կէտ հան­դի­սա­ցաւ հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րի պատ­մու­թեան մէջ՝ իբ­րեւ «ար­դիա­կան թե­մա­տի­կա­յի իւ­րաց­ման նոր քայլ»: ­Շար­ժան­կա­րին ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րը մեծ յա­ջո­ղու­թեան ար­ժա­նա­ցան ամ­բողջ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան տա­րած­քին, ինչ­պէս եւ ­Քան­նի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին:

1969էն մին­չեւ 1986 Ֆ­րուն­զէ ­Դով­լա­թեան ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Կի­նո­մա­տոգ­րա­ֆիստ­նե­րի ­Միու­թեան վար­չու­թեան ա­ռա­ջին քար­տու­ղար, իսկ այ­նու­հե­տեւ «­Հայ­ֆիլմ» ­Կի­նոս­տու­դիա­յի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար: 1994ին ընտ­րո­ւե­ցաւ նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Թե­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան նա­խա­գահ:
­Վախ­ճա­նե­ցաւ 1997ի Օ­գոս­տոս 30ին եւ յետ մա­հու պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ ­Հայ Մ­շա­կոյ­թի պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն՝ Մ. ­Խո­րե­նա­ցի շքան­շա­նով։

­Հայ բե­մի մեծ վար­պե­տին յի­շա­տա­կին նո­ւի­րուած այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կ­՚ար­ժէ եզ­րա­փա­կել պատ­գամ խտաց­նող ա­նոր հե­տե­ւեալ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով.
- «Ա­րո­ւես­տա­գէ­տի խնդի­րը պէտք է լի­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հա­սա­րա­կու­թեա­նը ներ­կա­յաց­նել ոչ մեր­կա­պա­րա­նոց, այլ իբ­րեւ ա­րո­ւես­տի գործ, ո­րը որ­քան ան­կեղծ լի­նի ու պարզ, այն­քան ա­ւե­լի մնա­յուն ու ազ­դե­ցիկ կը լի­նի»։

- «­Հա­յերս յի­շո­ղու­թիւն­նե­րի մէջ թա­ղո­ւած ժո­ղո­վուրդ ենք, բայց յու­շար­ձան դարձ­նել այդ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը՝ սա­ռը, այ­սօ­րո­ւան կեան­քին ոչ մի կեն­սա­կան թրթիռ չտո­ւող, ան­նե­րե­լի է»։
- «Ե­թէ սէ­րը չլի­նի, ջրհե­ղեղ կը լի­նի՝ հո­գե­կան ջրհե­ղեղ»։

Ն.