Print
Category: Յուշատետր

­altՀայ ար­դի գրա­կա­նու­թեան ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ իր ան­մահ տե­ղը ու­նի «Ս­տո­ւեր­նե­րը» խո­րագ­րով խռո­վիչ էջ մը, որ կը պատ­գա­մէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն.-

«­Գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը ծած­կո­ւած են ստո­ւեր­նե­րով. ստո­ւեր կայ կեան­քի ա­մէն ե­րե­ւոյ­թի վրայ։
«Ար­շա­լոյս­նե­րը ստո­ւեր­նե­րու ծո­ցէն կը պատ­ռին, ինչ­պէս շու­շան­նե­րը՝ կո­կոն­նե­րէն։

«Սր­տե­րը կծկո­ւած են թանձր ստո­ւեր­նե­րու տակ, ինչ­պէս ե­րա­զող աչ­քե­րը, ո­րոնք գո­ցո­ւած են, բայց կը տես­նեն։
«­Կեան­քը շատ տա­փակ եւ կեան­քի եր­գը շատ գռե­հիկ պի­տի ըլ­լար, ե­թէ ստո­ւեր­նե­րու խոր­հուր­դը չըլ­լար։ ­Լեռ­նե­րը, ան­տառ­նե­րը այն­քան յա­ւի­տե­նա­կան եւ աս­տո­ւա­ծա­յին չպի­տի ըլ­լա­յին, ե­թէ մե­ծու­թեան ստո­ւե­րը չըլ­լար ա­նոնց վրայ։
«Ա­հա­ւա­սիկ ոս­կե­սա­փո­րը ու­սեր­նին՝ հարս­ներ, ո­րոնք դէ­պի ար­շա­լոյ­սը կը քա­լեն, ա­նոնք երկր­պա­գե­լի չպի­տի ըլ­լա­յին, ե­թէ հա­մես­տու­թեան ստո­ւե­րը չծած­կէր ա­նոնց կուրծ­քե­րը, ե­թէ ոչ՝ ա­նոնց վար­դա­կար­միր ժպի­տը պի­տի ըլ­լար փրփու­րը զզուան­քի եւ ա­տե­լու­թեան։

«­Միայն մա­հը ստո­ւեր չու­նի։ Մ­թու­թիւ­նը ստո­ւեր չու­նի։ ­Մա­հը ինք­նին ստո­ւերն է կեան­քին։
«Աշ­խար­հը ծած­կո­ւած է ան­հու­նու­թեան ստո­ւե­րով։
«­Ժա­մա­նա­կը մեծ ստո­ւերն է սե­րունդ­նե­րու պատ­մու­թեան»։
­Մար­դուն եւ Աշ­խար­հին նո­ւի­րո­ւած ի­մաս­տա­սի­րա­կան այս գե­ղան­կա­րին հե­ղի­նա­կը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­մահ տա­ղանդ­նե­րէն ­Վա­հան ­Թո­թո­վենցն է, ո­րուն ծննդեան 127րդ ­տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Յու­լիս 18ին։

Իր ա­կունք­նե­րով Ակն քա­ղա­քէն սե­րած եւ 1889ի ­Յու­լիս 18ին ­Խար­բերդ գա­ւա­ռի Եփ­րա­տի ա­փին գտնո­ւող ­Մեզ­րէ քա­ղա­քը ծնած է ­Հայ­կեան ­Տա­ղան­դին այս ճա­ռա­գայ­թող դէմ­քը։
­Թո­թո­վենց հայ ժո­ղո­վուր­դին ըն­ծա­յա­բե­րե­լու շատ բան ու­նէր, յի­սուն տաի­քը դեռ չէր ամ­բող­ջա­ցու­ցած, երբ խորհր­դա­յին խոր­շա­կը չոր­ցուց եւ ոչն­չա­ցուց հա­սուն հաս­կը նաեւ ­Թո­թո­վեն­ցի։

1936-1938 տա­րի­նե­րու Ս­տա­լի­նեան մշա­կու­թաս­պան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան հայ զո­հե­րուն՝ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի, Ակ­սէլ ­Բա­կուն­ցի եւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ ­Մե­ծե­րու, նոյն­պէս ­Թո­թո­վենց սե­փա­կան կեան­քով վճա­րեց գի­նը «­Խե­լա­գա­րո­ւած Ամ­բոխ­նե­րուն» հա­ւա­տա­լու իր... փութ­կո­տու­թեան։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան կող­մէ 1915ին գոր­ծադ­րո­ւած ­Հա­յաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը ցմրուր ճա­շա­կած այդ սե­րուն­դը դժո­ւար է մե­ղադ­րել «պոլ­շե­ւի­կեան այ­գա­բաց»ին հա­ւա­տա­լու իր այդ փոր­ձու­թեան ու փութ­կո­տու­թեան հա­մար։ ­Մա­նա­ւանդ որ իր ճա­կա­տագ­րա­կից­նե­րուն պէս, ­Թո­թո­վենց իր կար­գին շատ ա­րագ հիաս­թա­փո­ւե­ցաւ ­Կար­միր ­Յե­ղա­փո­խու­թե­նէն, որ ­Նո­րը կա­ռու­ցե­լու ար­նա­ներկ դրօ­շով ա­ւե­լի շատ ուժ, ե­ռանդ ու ա­րիւն վատ­նեց ­Հի­նը քա­րու­քանդ ա­ւե­րե­լու, հա­յոց բազ­մա­դա­րեան հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թիւ­նը հող­մաց­րիւ կոր­ծա­նե­լու մո­լո­րան­քին ու մո­լե­ռան­դու­թեան վրայ։

­Բայց խորհր­դա­յին մշա­կու­թա­յին ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը չկրցաւ, ­Չա­րենց­նե­րու եւ ­Թո­թո­վենց­նե­րու ֆի­զի­քա­կան ոչն­չա­ցու­մով հան­դերձ, մեր ժո­ղո­վուր­դի մտքէն ու հո­գիէն ար­մա­տա­խիլ չորց­նել կեն­սա­տու ծա­ռը ազ­գա­յին մեր ինք­նու­թեան ու ինք­նա­ճա­նա­չո­ղու­թեան, խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան ու ա­զա­տատեն­չու­թեան, բա­րե­պաշ­տու­թեան եւ ար­դա­րամ­տու­թեան, ա­րա­չա­գոր­ծու­թեան ու շի­նա­րա­րու­թեան։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կորն­չե­լի այդ ար­ժէք­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման մէջ իր ան­զու­գա­կան ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ­Վա­հան ­Թո­թո­վենց, որ իր գրա­կա­նու­թեամբ եւ մտա­ծո­ղու­թեամբ, իր ա­րո­ւես­տով ու յու­զաշ­խար­հով բազ­մե­րանգ խճան­կա­րը շնչա­ւո­րեց նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յու­թեան՝ ա­րեւմ­տա­հայ թէ ա­րե­ւե­լա­հայ, սփիւռ­քա­հայ թէ խորհր­դա­հայ իր ժա­ռան­գու­թեամբ։

­Թո­թո­վեն­ցի ար­ժէքն ու մե­ծու­թիւ­նը կը կա­յա­նան, ա­մէն բա­նէ վեր, ի­րա՛ւ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի եւ վա­ւե­րա­կան բա­նաս­տեղ­ծի ա­նոր տա­ղան­դին մէջ, որ յատ­կա­պէս ար­ձա­կագ­րու­թեան մէջ իր ու­րոյն բար­ձուն­քը նո­ւա­ճեց՝ հա­մով ու հո­տով, պարզ ու գե­ղե­ցիկ, խո­րա­թա­փանց եւ սրտա­յոյզ պա­տում­նե­րով հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լով «­Կեան­քը՝ հին հռով­մէա­կան ճա­նա­պար­հին»...
19րդ ­դա­րա­վեր­ջին ­Խար­բեր­դը կ­’ապ­րէր ան­նա­խա­դէպ տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման փուլ։ ­Գա­ւա­ռի տա­րած­քին կը գոր­ծէր «Եփ­րատ» ­Քո­լէ­ճը իր բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րան­նե­րով, իսկ ­Թո­թո­վեն­ցի ծննդա­վայր ­Մեզ­րէի մէջ՝ Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­ժա­րա­նը։ Պ­սակ վար­դա­պե­տի, Ե­րու­խա­նի, ­Սի­մոն ­Յա­կո­բեա­նի, ­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեա­նի եւ այլ վաս­տա­կա­ւոր դէմ­քե­րու անձ­նո­ւէր ջան­քե­րով՝ ­Կեդ­րո­նա­կա­նը դար­ձած էր հռչա­կա­ւոր կրթու­թեան օ­ճախ, ուր եւ ­Վա­հան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ 1897ին։

­Թո­թո­վենց կա­նուխ տա­րի­քէն փա­րե­ցաւ հա­յե­րէ­նին ու հայ գրա­կա­նու­թեան. սկսաւ գրել ո­տա­նա­ւոր­ներ, ո­րոնք լոյս տե­սան վար­ժա­րա­նի ձե­ռա­գիր ամ­սա­թեր­թի է­ջե­րուն՝ մօ­րա­կան ­Գու­յում­ճեան ազ­գա­նո­ւան տակ։ ­Վա­հա­նը իր ուս­ման վեր­ջին տա­րին յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լեց ­Խար­բերդ գտնո­ւող Թլ­կա­տին­ցիի «­Կար­միր Դպ­րոց» ան­հա­տա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր­կէ եւ ստա­ցաւ իր գրա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը։ Այս տա­րի­քին ­Թո­թո­վենց խո­րա­պէս տա­րո­ւած էր ­Դու­րեա­նի ու ­Մե­ծա­րեն­ցի քնա­րով։

Ա­ւար­տե­լով տաս­նա­մեայ վար­ժա­րա­նը, 1908ին, ­Վա­հան մեկ­նե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր նոյն տա­րին լոյս տե­սաւ ա­նոր «Ա­ւե­րակ» գրքոյ­կը, իսկ տա­րի մը անց՝ «Ս­րինգ»ը։
1909ին ­Թո­թո­վենց ուղ­ղո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, հոն­կէ ալ՝ ­Նիւ ­Յորք, ուր 1912ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Վիս­քոն­սի­նի հա­մալ­սա­րա­նը եւ հե­տե­ւե­ցաւ գրա­կա­նու­թեան, պատ­մու­թեան ու փի­լի­սո­փա­յու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րու։ ­Սոր­վե­ցաւ նաեւ անգ­լե­րէն ու ֆրան­սե­րէն՝ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լով հա­մաշ­խար­հա­յին դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան հետ։ Ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րուն, ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, ստի­պո­ւած կա­տա­րեց տար­բեր բնոյ­թի բա­նո­ւո­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ՝ հիմ­նա­կան գործ գտնե­լով մօ­րեղ­բօր ա­րե­ւե­լեան գոր­գի վա­ճա­ռա­տան մէջ։

1915ին միա­ցաւ ա­մե­րի­կա­հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու ջո­կա­տին եւ ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ դէ­պի կով­կա­սեան ռազ­մա­ճա­կատ, ուր ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման միա­նա­լով՝ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան կռիւ­նե­րուն։ Աշ­խոյժ գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի՝ ի սպաս հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան պատս­պար­ման եւ հո­գա­տա­րու­թեան։
1917-1918ին, ­Թիֆ­լիս հաս­տա­տո­ւե­լով, խմբագ­րեց «­Հա­յաս­տան» թեր­թը։ ­Մաս­նակ­ցե­ցաւ Անդր­կով­կա­սի, Կ. ­Պոլ­սոյ եւ հա­յա­շատ այլ կեդ­րոն­նե­րու մշա­կու­թա­յին վե­րաշ­խու­ժաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

1916-1920ին ­Թո­թո­վենց հրա­տա­րա­կեց «Իմ հօ­րա­քոյ­րը» (1916) եւ «­Տօ­նոն» (1917) ըն­կե­րա­յին հիւ­սո­ւած­քով վի­պակ­նե­րը, «Ողբ ան­մա­հու­թեան» (1916) եւ «Ա­րե­ւելք» (1918) եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, «­Դոկ­տոր ­Բուր­բո­նեան» (1918) եր­գի­ծա­կան վէ­պը, ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, բա­նա­սի­րա­կան ու գրա­կա­նա­գի­տա­կան յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնց մէջ ար­տա­յայ­տո­ւած է ­Թո­թո­վեն­ցի մտա­հո­գու­թիւ­նը հայ ժո­ղովր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ճա­կա­տագ­րով։ Այդ շրջա­նին է, նաեւ, որ ի տես ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ եւ­րո­պա­կան պե­տու­թեանց խոստմ­նադ­րուժ վար­քագ­ծին, ­Թո­թո­վենց սկսաւ փայ­փա­յել պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան եւ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի իբր թէ «հա­յան­պաստ» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ ան­հիմն յոյ­սեր։ Այդ ամ­բող­ջը ­Թո­թո­վենց խտա­ցուց հե­քիա­թա­յին պա­տու­մով.-

«­Լի­նում է, չի լի­նում, մի փոք­րա­թիւ եւ հին ժո­ղո­վուրդ է լի­նում, որ ապ­րում էր ­Վա­նայ ծո­վից մին­չեւ ­Մի­ջերկ­րա­կա­նը, ­Բաղ­դա­դից մին­չեւ ­Բիւ­զան­դիո­նը: ­Լի­նում է այդ հին ժո­ղո­վուր­դը հո­ղա­գործ, աղ­քատ, ար­հես­տա­ւոր, մտա­ւո­րա­կան, վա­ճա­ռա­կան, կա­լո­ւա­ծա­տէր, բան­կիր, պե­տա­կան բարձր պաշ­տօ­նա­տար, փո­ղոց­նե­րի կեղ­տը հա­ւա­քող, ծա­ռայ, ճորտ եւ այլն: Այդ ժո­ղովր­դին սի­րա­բոր­բոք սի­րում են իր հա­րուստ ցե­ղա­կից­նե­րը՝ նրա սահ­ման­նե­րից դուրս. սի­րա­բոր­բոք սի­րում էին նրանց եւ ա­րեւմ­տեան պե­տու­թիւն­նե­րի մի­նիստր­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ այդ ժո­ղո­վուրդն ու­նէր սեւ ու սի­րուն աչ­քեր եւ տա­րա­ծում էր կուլ­տու­րա ողջ խա­ւար Ա­րե­ւել­քում:

­Սի­րա­բոր­բոք սի­րուց մղո­ւած՝ իր հա­րուստ ցե­ղա­կից­նե­րը եւ ա­րեւմ­տեան մի­նիստր­նե­րը հրում են այդ ժո­ղովր­դին դէ­պի կռիւ իր հա­րե­ւան­նե­րի դէմ, հա­րե­ւան­ներ, ո­րոնք տար­բեր էին կրօ­նով, ա­րիւ­նով եւ կուլ­տու­րա­յով, ու­նէին սու­րեր եւ զրահ, զօրք, ռազ­մա­տոր­միղ եւ գե­րակ­շիռ թիւ: ­Լի­նում է, չի լի­նում, մեծ պա­տե­րազմ է լի­նում: Ողջ աշ­խար­հը բռնում է վա­ռօ­դի ծու­խը, եւ ա­րեան գե­տեր են հո­սում: ­Հին այս ժո­ղովր­դի ա­կան­ջին գո­ռում են մի­նիստր­նե­րը եւ հա­րուստ ցե­ղա­կից­նե­րը. «Ե­կել է Ա­զա­տու­թեան ժա­մը, խփի՛ր քո հա­րե­ւա­նին, խփի՛ր նրա մա­հա­կին քո խա­չով»: ­Հին այդ ժո­ղովր­դի սեւ ու սի­րուն աչ­քե­րը փայ­լում են Ա­զա­տու­թեան տեն­չից, սկսւում է ան­հա­ւա­սար կռի­ւը, զար­կում են, զարկ­ւում. եւ հին այդ ժո­ղովր­դից մնում է միայն մի փշուր՝ իբ­րեւ կոշ­մա­րա­յին յի­շա­տակ: Ա­պա գե­րա­գոյն ու վսեմ ցի­նիզ­մով հռհռում են մի­նիստր­նե­րը եւ հա­րուստ ցե­ղա­կից­նե­րը՝ ոս­կոր­նե­րի եւ մո­խիր­նե­րի վրայ»:

1920ի ­Մա­յի­սին ­Թո­թո­վենց հե­ռա­ցաւ ­Կով­կա­սէն եւ մեկ­նե­ցաւ ­Պո­լիս։ Իր ինք­նա­կեն­սագ­րա­կա­նին մէջ այդ մա­սին գրած է. «Ապ­րե­ցի այն­տեղ ըն­դա­մէ­նը մի քա­նի ա­միս եւ ճա­նա­պարհ ըն­կայ դէ­պի ­Հա­րա­ւա­յին Եւ­րո­պա­յի կա­խար­դա­կան ա­փե­րը - Ար­շի­պե­ղա­գո­սի Կղ­զի­ներ»։
1922ին ­Թո­թո­վենց վե­րա­դար­ձած էր ար­դէն ­Խորհր­դա­յին՝ ­Հա­յաս­տան։ ­Ճամ­բուն վրայ, ­Պոլ­սոյ մէջ, հրա­տա­րա­կեց «­Փո­թո­րի­կին մէջ» (1922) վէ­պը, ուր կ­’անդ­րա­դառ­նայ հա­մաշ­խար­հա­յին-պատ­մա­կան մեծ ի­րա­դար­ձու­թեանց եւ պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան։

1923ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ խմբագ­րեց «­Շեշտ» եր­գի­ծա­կան ամ­սա­գի­րը. 1924-1926ին դա­սա­խօ­սեց Ե­րե­ւա­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, մաս կազ­մեց «­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տան» թեր­թի խմբագ­րու­թեան։ Այս շրջա­նին լոյս տե­սան ­Թո­թո­վեն­ցի «­Մա­հո­ւան բա­տա­լիոն» (1923), «­Պող­պա­տի ճաշ» (1924), «­Նոր ­Բիւ­զան­դիոն» (1925), «­Սաս­մայ ծռեր» (1925), «Հր­դեհ» (1927) տռա­մա­թիք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, վի­պակ­նե­րը եւ ակ­նարկ­նե­րը։
1929-1936 տա­րի­նե­րը ե­ղան ­Թո­թո­վեն­ցի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի ար­գա­սա­ւոր շրջա­նը. լոյս տե­սան «Ա­մե­րի­կա» (1929) պատ­մո­ւա­ծա­շա­րը, «Ա­ղաւ­նի­ներ» (1934) եւ «­Բաց կա­պոյտ ծա­ղիկ­ներ» (1935) պատ­մո­ւածք­նե­րը եւ շատ այլ գոր­ծեր։

­Նաեւ՝ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին դա­րաս­կիզ­բի յե­ղա­փո­խա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ցո­լաց­նող «­Բա­քու» (1930-1934) ե­ռա­հա­տոր վէ­պը, որ կը յատ­կան­շո­ւի պարզ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քի լայն ընդգր­կու­մով, պատ­մու­թեան, կեն­ցա­ղի ու ազ­գա­յին նկա­րագ­րի ի­րա­պաշտ պատ­կե­րա­ցու­մով։
­Թո­թո­վեն­ցի այդ շրջանի լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րէն են «­Կեան­քը հին Հ­ռո­մէա­կան ճա­նա­պար­հի վրայ» (1933) ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան վէ­պը, «Հր­կի­զո­ւած թղթեր» (1934), «­Յով­նա­թան որ­դի Ե­րե­միա­յի» (1934) վի­պակ­նե­րը, «Եր­կու սուր» (1930), «­Բա­քու-­Լոն­դոն», «­Մոխ­րա­կոյտ» (1936) թա­տեր­գու­թիւն­նե­րը։

­Թո­թո­վեն­ցի նա­հա­տա­կու­թեան ու վախ­ճա­նին մա­սին խորհր­դա­հայ աղ­բիւր­նե­րը լուռ մնա­ցին մին­չեւ վերջ. պար­զա­պէս ար­ձա­նագ­րե­ցին, որ ­Հայ­կեան ­Տա­ղան­դին այս ճա­ռա­գայ­թող դէմ­քը իր կար­գին զոհ գնաց, 1937-1938 տա­րի­նե­րուն, «ստա­լի­նեան ռեպ­րե­սիա­ներ»ուն՝ ե­ղեռ­նա­գործ «ճնշում­նե­րուն»։
­Վա­հան ­Թո­թո­վեն­ցի ծննդեան 127ա­մեա­կին նուիրուած յու­շա­տետ­րի այս է­ջը եզրափակենք ա­նոր «Մ­տա­ծու­մի ­Շի­թեր»էն քաղուածքով մը, ուր այն­քա՜ն վա­ւե­րա­կան բա­բա­խու­մով միա­ձու­լո­ւած են ­Մար­դու եւ ­Հա­յու ­Թո­թո­վեն­ցեան յու­զաշ­խար­հը.-

***
­­Մի՛ սի­րէք ­Սահ­մա­նը։ Ե­թէ ը­սէին ինձ, թէ քու սահ­մանդ պի­տի ըլ­լայ մին­չեւ ան­տե­սա­նե­լի հո­րի­զո­նը՝ պի­տի բո­ղո­քէի այդ ա­նո­ղոք կար­գադ­րու­թեան հան­դէպ։ Ան­սահ­մա­նու­թեան ըղ­ձան­քը ան­յա­գու­թիւն չէ։ Ան­յա­գու­թիւ­նը ծնունդ կ­’առ­նէ «Ես»ի փա­ռա­մո­լու­թե­նէն։ Ան­սահ­մա­նու­թեան ըղ­ձան­քը աս­տո­ւա­ծա­յին ­Սաղմն է մար­դոց մէջ։
***
Ար­հա­մար­հել փոքր բա­նե­րը, կը նշա­նա­կէ գա­ղա­փար չու­նե­նալ մե­ծու­թեանց կա­ռուց­ման մա­սին։
***
­Հոգ չէ, թէ ուր դի­մես, իմ փոք­րի՛կ տղաս, դէ­պի մեծ ու­րա­խու­թիւն կամ դէ­պի մեծ վիշտ, դէ­պի փո­թո­րիկ եւ կամ դէ­պի մութ ա­տե­լու­թիւն. գիտ­ցի՛ր, որ քու քայ­լերդ պէտք է ըլ­լան պայ­ծառ։ Երբ ոտ­քերդ կը զար­նես գե­տին եւ ա­նոնք չեն թնդար, ոչ մի տեղ չես հաս­նիր դուն՝ ի զուր է քու նպա­տակդ։
***
Պէտք է մտա­ծել մար­դուն մա­սին։
­Պէտք է ջա­նալ մար­դուն կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը հասց­նել ի­րենց բարձ­րա­գոյն կա­տա­րե­լու­թեան։
Աս­տո­ւա­ծա­յի՛­նը չէ, որ մեզ ա­ռա­ւե­լա­պէս կը շա­հագրգռէ, այլ մարդ­կա­յի­նը։
­Յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րը կա­մաց֊­կա­մաց մար­դը մար­դուն մէջ կը մխրճեն, մար­դը կը մօ­տեց­նեն մար­դուն։
Աս­տո­ւած­նե­րով զբա­ղի­լը մեզ ոչ մի տեղ չի հասց­ներ։
­Մար­դը... իմ նպա­տա՜կն է։

Ն.