Print
Category: Յուշատետր

altՅու­լիս 15ի այս օ­րը կը նշենք ծննդեան 164րդ տա­րե­դար­ձը Մի­նաս Չե­րա­զի, որ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կը հան­դի­սա­նայ Հայ­կա­կան Հար­ցի մի­ջազ­գա­յին ար­ծարծ­ման, այ­լեւ՝

հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման պա­հան­ջա­տի­րա­կան շար­ժու­մին ա­ռա­ջին դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը։

Ինչ­պէս որ 1926ին Փա­րի­զի մէջ իր ու­նե­ցած հրա­պա­րա­կա­յին վեր­ջին ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին Չե­րազ կը յայ­տա­րա­րէր՝
«­Տե­ղա­հա­նու­թիւնն ու ջար­դը ա­նա­պա­տի ու գե­րեզ­մա­նա­տան փո­խե­ցին Տաճ­կա­հա­յաս­տա­նը, սա­կայն հա­յու­թեան մո­խիր­նե­րուն մէ­ջէն Ռու­սա­հա­յաս­տա­նը ծնաւ իբր փիւ­նիկ: Այժմ ալ հոն է մեր մխի­թա­րու­թեան աղ­բիւ­րը, մեր յոյ­սե­րուն խա­րիս­խը: Օգ­նենք այդ երկ­րին, ի՛նչ վար­չա­ձե­ւի տակ ալ ըլ­լայ: Վար­չա­ձե­ւը ա­ռօ­րեայ է, հայ­րե­նի­քը՝ յա­ւի­տեան»:

Ա՛յդ ե­ղաւ վեր­ջին պատ­գամն ու քա­ղա­քա­կան կտա­կը Հայ­կա­կան Հար­ցի անձ­նո­ւէր պաշտ­պան­նե­րու նա­խա­կա­րա­պե­տին։
Մի­նաս Չե­րա­զի ա­նու­նը ա­ռա­ջին ան­գամ հռչակուե­ցաւ 1878ին, երբ իբ­րեւ քար­տու­ղար ու թարգ­ման՝ ան 26 տա­րե­կա­նին մաս կազ­մեց Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցած Հայ­կա­կան Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, որ կը գլխա­ւո­րո­ւէր Խ­րի­մեան Հայ­րի­կի կող­մէ։

Մին­չեւ Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վը, 1876ին ար­դէն, Մի­նաս Չե­րազ ընտ­րո­ւած էր օ­րո­ւան Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեա­նի կող­մէ, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ձայ­նը լսե­լի դարձ­նէ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րուն մօտ։
Քա­ղա­քա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան լայն պատ­րաս­տու­թեան տէր, հա­յե­րէ­նի եւ օս­մա­նե­րէ­նի կող­քին՝ անգ­լե­րէ­նի ու ֆրան­սե­րէ­նի քա­ջա­տե­ղեակ ե­րի­տա­սարդ գոր­ծի­չը այ­նու­հե­տեւ իր ամ­բողջ կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նո­ւի­րա­բե­րեց Հայ­կա­կան Հար­ցի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մին եւ պաշտ­պա­նու­թեան։

Իր այդ հա­րուստ կեն­սա­փոր­ձին վրայ հիմ­նո­ւե­լով էր, որ 1926ին, երբ Փա­րի­զի մէջ կը տօ­նո­ւէր իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ծա­ռա­յու­թեան յիս­նա­մեա­կը, ցմրուր ըմ­պե­լէ ետք մե­ծա­պե­տա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան խար­դա­ւան­քին դառ­նա­գոյն բա­ժա­կը Լօ­զա­նի մէջ, Մի­նաս Չե­րազ տա­րա­գիր հա­յու­թեան պատ­գա­մեց Հայ­րե­նի­քին ան­շե­ղօ­րէն կառ­չե­լու հան­գա­նա­կը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի կոր­ծա­նու­մէն եւ Կի­լի­կիոյ հա­յա­թա­փու­մէն ետք, ի տես հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տին կռնակ դարձ­նե­լու ա­տե­նի Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու պի­ղա­տո­սեան ձեռն­թա­փու­թեան եւ ու­րա­ցու­մին, Հայ Դա­տի պաշտ­պան զի­նո­ւո­րագ­րեալ­նե­րու այս նա­խա­կա­րա­պե­տը ե­ղաւ ա­ռա­ջին­նե­րէն, ո­րոնք մա­զա­պուրծ փրկո­ւած Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նին կառ­չե­լու եւ ա­նոր մէջ վա­ղո­ւան Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի նո­ւաճ­ման ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւա­նը տես­նե­լու ազ­գա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը կտա­կե­ցին վե­րապ­րող հա­յու­թեան։

Տա­րի մը ետք, 1927ին, Գա­հի­րէի մէջ տպագ­րո­ւած «­Մի­նաս Չե­րազ. իր կեան­քը եւ գոր­ծը» 368 էջ­նոց գիր­քի հե­ղի­նակ Ար­շակ Ալ­պո­յա­ճեան գրեց իր յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ, թէ Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վին հայ ժո­ղո­վուր­դի ապ­րած ա­ռա­ջին մեծ յու­սա­խա­բու­թե­նէն ետք, «­Չե­րազ, սա­կայն, անվ­հատ շա­րու­նա­կեց իր սկսած գոր­ծը՝ Եւ­րո­պա­յին ծա­նօ­թաց­նե­լով հա­յը եւ իր պա­հանջ­նե­րը, յու­սա­լով, որ Եւ­րո­պա յա­նուն գթու­թեան կամ քրիս­տո­նէա­կան մար­դա­սի­րու­թեան պի­տի հա­ճի օգ­նու­թեան հաս­նիլ եւ փրկել հայ ազ­գը թրքա­կան լու­ծէն: Այս պատ­րան­քը ու­նե­ցեր էին Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան (­Պոլ­սոյ պատ­րիարք) եւ իր շուր­ջին­նե­րը, ո­րոնց­մէ մէկն ալ Մի­նաս Չե­րազն էր, որ ա­ռա­ջին օ­րէն գոր­ծա­կից գտնո­ւած էր Հայ­կա­կան Խն­դի­րը ստեղ­ծող խմբա­կին եւ գոր­ծօն դեր կա­տա­րեր էր նո­ւի­րա­բե­րե­լով իր ջան­քե­րը եւ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը «սուրբ գոր­ծին»:

«­Չե­րազ պա­հեց այդ միա­միտ հա­ւատ­քը, թե­րեւս մին­չեւ Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րը, որ վերջ կու տար մեր բո­լոր միամ­տու­թեանց եւ քար ու քանդ կ­’ը­նէր ա­մէն բան, բայց մա­նա­ւանդ օ­տար ա­ջակ­ցու­թեամբ հայ ան­կախ հայ­րե­նիք մը ու­նե­նա­լու հա­ւատ­քը»:
Ո՛չ. հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը նա­խա­պատ­րաս­տած սե­րուն­դը նման պատ­րանք­ներ չէր սնու­ցա­ներ Եւ­րո­պա­յէն։ Այլ՝ խո­րա­պէս ու­նէր թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ ստոյգ կոր­ծան­ման դա­տա­պար­տո­ւած Հա­յաս­տա­նի բո­ղո­քը աշ­խար­հով մէկ լսե­լի դարձ­նե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը, որ­պէս­զի Յե­ղա­փո­խա­կան Հա­յու­թեան մղած ի­րա­ւա­տի­րա­կան պայ­քա­րը չխեղ­դո­ւէր ա­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի ա­ւա­զուտ­քին մէջ… եւ շարժ­ման մէջ դնէր Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րող յա­ռա­ջա­դէմ ու­ժե­րը։

Այ­դու­հան­դերձ՝ նման թիւր ըն­կալ­ման ու ար­ժե­ւոր­ման են­թար­կո­ւե­ցաւ Մի­նաս Չե­րազ եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ, Հա­յաս­տա­նին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին տի­րա­պե­տու­թեան ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։

Հայ­կա­կան Հար­ցը մի­ջազ­գայ­նաց­նե­լու ամ­բողջ սե­րուն­դի մը քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծը այդ­պէս՝ խորհրդա­յին պաշ­տօ­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան պար­տադ­րան­քով, մեր ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ իբ­րեւ Եւ­րո­պա­յէն ու Ա­րեւ­մուտ­քէն «­Հայ ան­կախ հայ­րե­նիք մը»... մու­րա­լու թիւ­րա­հա­ւա­տու­թիւն ու միամ­տու­թիւն։
Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի միայն դաշ­նակ­ցա­կան թեւն էր, որ ծա­ռա­ցաւ Հայ­կա­կան Հար­ցը «խորհր­դա­յին մեծ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան» խա­ղա­լի­քը դարձ­նե­լու այ­դօ­րի­նակ ա­ղա­ւա­ղում­նե­րուն եւ հե­տա­գա­յի սադ­րանք­նե­րուն դէմ։

Եւ միայն 1970ա­կան­նե­րուն էր, որ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին աս­տի­ճա­նա­բար լսե­լի դար­ձան հա­մար­ձակ ձայ­ներ, յատ­կա­պէս այս­պէս կո­չո­ւած «­Հա­յաս­տա­նա­սէր»՝ ի­մա՛ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ճա­կա­տի մտա­ծող­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք Հայ Դա­տի մի­ջազ­գայ­նաց­ման ու հե­տապնդ­ման հա­րիւ­րա­մեայ պայ­քա­րը փոր­ձե­ցին դուրս բե­րել խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ու պատ­մա­կան նեն­գա­փո­խու­մի պրիս­մա­կէն՝ ընդգ­ծե­լու հա­մար, որ բուն թիւ­րա­հա­տու­թիւնն ու միամ­տու­թիւ­նը կը կա­յա­նա­յին նոյ­նինքն այն մտայ­նու­թեան մէջ, թէ «­Խորհր­դա­յին Հայ­րե­նիք»ի հաս­տա­տու­մով իր «ար­դար» եւ «վերջ­նա­կան» լու­ծու­մը իբր թէ գտած էր Հայ­կա­կան Հար­ցը։

Դժ­բախ­տա­բար միեւ­նոյն թիւ­րա­հա­ւա­տու­թիւնն ու միամ­տու­թիւ­նը տար­բեր եզ­րե­րով շա­րու­նա­կո­ւե­ցան նաեւ Խորհր­դա­յին Դա­րաշր­ջա­նի վախ­ճա­նէն ետք, երբ վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին զար­թօն­քին ա­նու­նով գտնո­ւե­ցան նո­րա­յայտ գա­ղա­փա­րա­խօս­ներ, ո­րոնք Մի­նաս Չե­րա­զին մէջ չու­զե­ցին տես­նել ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին յանձ­նա­ռու գոր­ծի­չը՝ Հա­յաս­տա­նին կառ­չե­լու ա­նոր գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կը հա­մա­րե­լով վե­րա­նո­րոգ... միամտու­թիւն մը, օ­տա­րէն ան­կախ հայ­րե­նիք ա­ղեր­սե­լու «լա­ցա­կու­մած» վար­քա­գիծ մը։

Ար­դէն ու­շա­ցած ենք, ազ­գո­վի՛ն, ար­ժա­նին մա­տու­ցե­լու 15 Յու­լիս 1852ին Պո­լիս ծնած Մի­նաս Չե­րազ ա­նուն հայ գրո­ղին, խմբագ­րին, թարգ­մա­նի­չին, հա­սա­րա­կան գոր­ծի­չին եւ հայ­րե­նա­սէ­րին, որ իր քա­ղա­քա­կան կեն­սա­փոր­ձը ժա­ռանգ ձգած է մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ հա­յե­րէն, ֆրան­սե­րէն թէ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով իր հրա­տա­րա­կած հինգ գիր­քե­րով, ինչ­պէս նաեւ մա­մու­լի է­ջե­րուն լոյս տե­սած զե­կոյց­նե­րով, ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րով եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով։

Մի­նաս Չե­րա­զի ծնող­քը Ակ­նի Չե­րազ գիւ­ղէն էին, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի պանդխ­տու­թեան հո­սան­քին հետ ե­կած ու հաս­տա­տո­ւած էին Պո­լիս։ Մի­նա­սի պա­տա­նու­թեան մա­սին շատ բան չու­նին կեն­սա­գիր­նե­րը։ Իր ա­նու­նին ա­ռա­ջին յի­շա­տա­կու­թեան կը հան­դի­պինք Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան Պատ­րիար­քի նա­խա­ձեռ­նած Հայ­կա­կան Գա­ւառ­նե­րուն մէջ Բա­րե­նո­րո­գում­ներ ի­րա­գոր­ծե­լու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ար­շա­ւին ա­ռի­թով։ Յատ­կա­պէս Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վէն ետք, երբ Խ­րի­մեան Հայ­րիկ մեր ժո­ղո­վուր­դին յոր­դո­րեց «Եր­կա­թէ Շե­րեփ» ձեռք ձգե­լու քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը, Մի­նաս Չե­րազ իր վրայ վեր­ցուց Հայ­կա­կան Հար­ցին շուրջ զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տը ըն­դար­ձա­կե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Սոսկ Ք­րիս­տո­նեայ Եւ­րո­պա­յի գու­թը շար­ժե­լու ուղ­ղու­թիւն չու­նէր Չե­րազ։ Ան գոր­ծօն մաս­նա­կից­նե­րէն ե­ղաւ 1880ա­կան­նե­րուն հայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րու խմոր­ման աշ­խա­տան­քին։ Ա­զա­տա­խոհ մտա­ծո­ղու­թեան դրօ­շա­կիր մը չէր, բայց թէ՛ Ար­մե­նա­կան եւ թէ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեանց հիմ­նա­դիր­նե­րուն հետ գոր­ծա­կից էր։ Գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռու­մով մտե­րիմն էր յատ­կա­պէս Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի, ո­րուն հետ 1880ին հիմ­նեց եւ ղե­կա­վա­րեց Կ. Պոլ­սոյ «­Միա­ցեալ Ըն­կե­րու­թիւնք Հա­յոց» բա­րե­գոր­ծա­կան՝ դպրո­ցա­շի­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը:

Մի­նաս Չե­րա­զի կեան­քին մէջ դար­ձա­կէտ հան­դի­սա­ցաւ 1889 թո­ւա­կա­նը, երբ 37 տա­րե­կա­նին, հա­մի­տեան հե­տապն­դում­նե­րէն խոյս տա­լով, ան մեկ­նե­ցաւ Լոն­տոն, ուր հիմ­նեց միա­ժա­մա­նակ անգ­լե­րէ­նով ու ֆրան­սե­րէ­նով լոյս տես­նող «Լ’Ար­մե­նի» թեր­թը: 1890ա­կան­նե­րուն հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա, ուր եւ ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց մին­չեւ մահ։

Չե­րազ Խ­րի­մեան Հայ­րի­կի հետ այ­ցե­լած էր եւ­րո­պա­կան շարք մը եր­կիր­ներ՝ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­նա­պար­հով Հայ­կա­կան Հար­ցի լուծ­ման ի նպաստ են­թա­հող ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով: Այդ ճամ­բով իր հաս­տա­տած ծա­նօ­թու­թեանց վրայ հիմ­նո­ւե­լով, իր «Լ’Ար­մե­նի» գրա­կան-քա­ղա­քա­կան թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ան ծա­ռա­յե­ցուց հայ մշա­կոյ­թը օ­տար­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լու եւ Հա­յոց Դա­տի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին բա­րեն­պաստ հան­րա­յին կար­ծիք ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կին: Ո­րո­շա­կի ի­մաս­տով՝ Հայ­կա­կան Լո­պիին­կի նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն ե­ղաւ Չե­րազ։

1890ին, Լոն­տո­նի Քինկզ Քո­լէ­ճին մէջ յա­ջո­ղե­ցաւ հիմ­նել ու ղե­կա­վա­րել Հայ­կա­կան Ամ­պիոն մը։ Փա­րիզ հաս­տա­տո­ւե­լէ ետք, շա­րու­նա­կե­լով «Լ’Ար­մե­նի» թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, Չե­րազ ըն­դար­ձա­կեց Հայ­կա­կան Հար­ցի դա­տա­պաշտ­պա­նու­թեան իր հայ­րե­նա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Ու­շագ­րաւ է այդ շրջա­նին ա­նոր հրա­տա­րա­կած «­Թէ ի՞նչ շա­հե­ցանք Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վին» աշ­խա­տու­թիւ­նը, որ թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ նաեւ ֆրան­սե­րէ­նի եւ, ա­պա, լոյս տե­սաւ անգ­լիա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած «­Կա­պոյտ Գիրք»ին մէջ»:

Մի­նաս Չե­րազ նո­ւի­րո­ւե­ցաւ նաեւ թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան։ Ֆ­րան­սե­րէ­նի թարգ­մա­նեց Պետ­րոս Դու­րեա­նի, Ռա­փա­յէլ Պատ­կա­նեա­նի, Խո­րէն Նար­պէ­յի (­Գալ­ֆա­յեան) եւ այլ բա­նաս­տեղծ­նե­րու ըն­տիր եր­կե­րը՝ «­Հայ Բա­նաս­տեղծ­նե­րը» խո­րագ­րով:
Ինչ­պէս հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը վկա­յեն, Մի­նաս Չե­րազ հռչա­կա­ւոր դար­ձաւ նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րա­կից այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին իր մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց հա­մար ա­տե­նին՝ Վե­նե­զո­ւե­լա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ «Ա­զա­տա­րար Պո­լի­վիա­րի խա­չով»: Նոյն­պէս պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ պարս­կա­կան «Ա­ռիւ­ծի եւ Ա­րե­ւի սպա­յու­թեան աս­տի­ճան» շքան­շա­նով:

1926ին, իր յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թով հա­ւա­քո­ւած 200 հա­զար ֆրան­քը Չե­րազ յանձ­նեց Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան՝ պայ­մա­նաւ, որ գու­մա­րի տո­կո­սը ինք ստա­նայ մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջը, իսկ մա­հէն ետք ամ­բողջ գու­մա­րը նո­ւի­րա­բե­րո­ւի Հա­յաս­տա­նին` Չե­րա­զեան ա­նու­նով վար­ժա­րան կա­ռու­ցե­լու հա­մար:

Չե­րազ վախ­ճա­նե­ցաւ 1928ին Փա­րիզ ու թա­ղուե­ցաւ այն գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր 1935ին՝ Չե­րա­զի շիր­մա­թում­բին հա­րե­ւա­նու­թեամբ թա­ղո­ւե­ցաւ նաեւ Մեծն Կո­մի­տա­սը: 1936ին, Կո­մի­տա­սի ա­ճիւ­նին հետ, գաղտ­նա­բար շի­նո­ւած երկ­յարկ դա­գա­ղով, Փա­րի­զէն Ե­րե­ւան տա­րո­ւե­ցաւ նաեւ Մի­նաս Չե­րա­զի ա­ճիւ­նը: Չե­րա­զի թա­ղու­մը մեծ շու­քով կա­տա­րո­ւե­ցաւ Նու­պա­րա­շէ­նի՝ իր կտա­կով կա­ռու­ցո­ւած դպրո­ցի բա­կին մէջ:

Բայց խորհր­դա­յին դառն ու դա­ժան ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան հե­տե­ւան­քով, մէկ թէ եր­կու տա­րի անց, ինչ­պէս որ կը վկա­յեն Չե­րա­զի հա­րա­զատ­նե­րը, ա­նոր ա­ճիւ­նը դպրո­ցի բա­կէն հա­նե­ցին…
Ըստ իր եղ­բօ­րոր­դու աղջ­կան վկա­յու­թեան՝ «ինչ-որ կու­սակ­ցա­կան պաշ­տօ­նեայ ա­սել էր, թէ էս դաշ­նա­կի գե­րեզ­մանն ի՞նչ գործ ու­նի էս­տեղ»:
Ցարդ Մի­նաս Չե­րա­զի ա­ճիւ­նին հանգս­տեան վայ­րը ան­յայտ է:

Ն.