14 Յուլիսին քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կարեւորութեամբ կը նշէ տօնը՝ ֆրանսացիներու կողմէ համաժողովրդային ըմբոստացումով իրագործուած Պասթիյի կործանումին։
Պատմական հանրածանօթ իրողութիւն է, որ 14 Յուլիս 1789ին ֆրանսացիք գրաւեցին եւ կործանեցին Պասթիյի բերդ-բանտը։
Սոսկ թագաւորական Ֆրանսայի բռնատիրական կարգերուն տապալումը խորհրդանշելէ շատ անդին անցաւ եւ համաշխարհային առումով հեռահար՝ խոր ու արմատական անդրադարձներ ունեցաւ Պասթիյի անկումը։
Խորհրդանշեց շղթայազերծումը անկասկած եւ ամէն բանէ վեր Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան, որ աւելի քան տասը տարի տեւեց եւ հիմնովին յեղաշրջեց պատմութեան զարգացման ընթացքը ոչ միայն Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ, այլեւ ընդհանրապէս հին աշխարհի տարածքին։
Եւ ա՛յդ է պատճառը, որ ֆրանսացիներուն հետ ողջ մարդկութիւնը, տօնական շուքով, ամէն Յուլիս 14ին կ՚ոգեկոչէ - Պասթիյի կործանման ընդմէջէն -ամէն կարգի եւ բոլոր բռնատիրութեանց անկումի իմաստն ու ներշնչանքը։
Ինչպէս 18րդ դարավերջին եւ ամբողջ 19րդ ու 20րդ դարերու տեւողութեան, նոյնպէս եւ մեր օրերուն Յուլիս 14ը, տօնական տրամադրութեանց կողքին, կը շարունակէ քաղաքական մտքի քննարկման օրակարգին վրայ բերել համաշխարհային քաղաքակրթութեան շարժիչ ուժերուն՝ յատկապէս յեղափոխութեանց դերին ու նպաստին արժեւորման վիճայարոյց բանավէճը։
Այսօր ալ, Պասթիյի վրայ ժողովրդային խուժումէն 227 տարի ետք անգամ, այդ բանավէճը կը պահպանէ իր սուր եւ հրատապ նշանակութիւնը՝ տարբեր եզրերով եւ գաղափարաբանական երանգներով արծարծուելով հանդերձ։
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ քաղաքական մտքի գլխաւոր բոլոր հոսանքները, ծայրայեղ աջէն մինչեւ ձախի ծայրայեղական բեւեռին կանգնած մտածողները, այլ նաեւ՝ կրօնական, ցեղապաշտական կամ ազգայնամոլական խայտաբղէտ գաղափարաբանութիւնները դեռ չեն կրցած համաձայնիլ մեծագոյն հարցականին շուրջ.
- Բռնաշրջումը կրնա՞յ համարուիլ ողջ աշխարհի քաղաքակրթական զարգացման բնական, այլեւ անխուսափելի ուղին, թէ՞ բացառապէս եղափոխութեան եւ բարեշրջման մէջ պէտք է փնտռել մարդկային յառաջդիմութեան շարժիչը։
Ինքնանպատակ չէ 227ամեայ այդ բանավէճը։ Նմանապէս՝ յատուկ չէ միայն վերջին 227 տարիներու մարդկութեան։
Որոշ մտածողներ մինչեւ Քրիստոնէութեան արշալոյսը կը տանին յեղափոխութեան գաղափարը՝ Յիսուս Քրիստոսի քարոզած վարդապետութեան մէջ գտնելով հին կարգերու կործանման եւ նոր արժէքներու համակարգման առաջին տիեզերական յեղափոխութեան գաղափարաբանական սաղմերը։
Աւելի՛ն. շեշտելով Քրիստոնէութեան կրօնական առաջին մեծ յեղափոխութիւնը ըլլալու հանգամանքը, մտածողներու այդ դպրոցը կը փորձէ հիմնաւորումն ու բացատրութիւնը գտնել մեր ժամանակները յուզող կրօնական արմատականութեան եւ վարդապետամոլութեան ծայրայեղ դրսեւորումներուն։
Պասթիյի կործանման եւ ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան մարտաշունչ, այլեւ արիւնալի մակընթացութեան հետ ծաւալած Յեղափոխութեան դերին ու արժէքին շուրջ բանավէճը, յատկապէս այսօր, ինքնանպատակ չէ նաեւ այն առումով, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը տակաւին նոր դուրս կու գայ, հազիւ կը ձերբազատուի 1917ի Պոլշեւիկեան Մեծ Յեղափոխութեան մղձաւանջէն, որ գաղափարական իր ներշնչումն ու բրտութեան ահագնութիւնը ստացաւ 1789ի ֆրանսական նախադէպէն։
Ատենին Լենին կը յաւակնէր ու կը յոխորտար, որ իր շղթայազերծածը՝ Պոլշեւիկեանը յեղափոխութեանց մեծագոյնն էր, որ մէկանգամընդմիշտ վերջ պիտի տար... յեղափոխութեանց։
Բայց ինչպէս Երկաթեայ Վարագոյրով աշխարհէն մեկուսացած խորհրդային ամբողջատիրութեան օրերուն, այնպէս եւ անոր անփառունակ վախճանէն ու կործանումէն քառորդ դար ետք ալ, շատեր Պոլշեւիկեան յեղափոխութեան մէջ տեսան նոյնինքն Յեղափոխութեան գաղափարին եւ արժէքին այլանդակ, այլեւ՝ խեղուած մէկ ծնունդը միայն, որուն նմանութեան եզրերը, Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան հետ, կը սկսէին ու վերջ կը գտնէին... իր գործադրած բրտութեան ահաւորութեամբ եւ խլած միլիոնաւոր զոհերով։
Ամէն պարագայի բանավէճը տակաւին կը շարունակուի եւ, մեղմացման փոխարէն, նորովի կը բորբոքի ու կիրքերու սանձազերծման առիթ կու տայ։
Բայց նաեւ որոշ հարցականներու տուած է անվիճելի պատասխաններ, որոնք ժամանակին հետ աւելիով կը հիմնաւորուին՝ իրենց հերթին յարակից նոր հարցականներու տեղիք տալով։
Իսկ այսօր Յուլիս 14 է եւ կ’արժէ, հակիրճ պատմականով, անդրադառնալ եւ արժեւորումը կատարել Պասթիյիի վրայ յարձակման ու բանտաբերդի կործանումին։
Փարիզի ծայրամասին գտնուող ամրոց էր Պասթիյի բերդը, որ վերածուած էր բանտի եւ դարձած էր բրտագոյն խորհրդանիշը ֆրանսական միապետութեան դաժան իշխանութեան։
14 Յուլիս 1789ի նախօրէին, Ֆրանսա կ’ապրէր Լուդովիկոս ԺԶ. թագաւորի եւ Մարի Անթուանէթ թագուհիի բռնատիրութեան տակ։ Մինչ երկիրն ու ժողովուրդը կը տուայտէին չքաւորութեան եւ սովի, անհաւասարութեան եւ անարդարութեան ծանրագոյն պայմաններու մէջ, արքունիքը եւ ընդհանրապէս աւատապետ ազնուականութիւնը անձնատուր դարձած էին զեխութեան ու յղփանքի։
Լուդովիկոս ԺԶ. եւ Մարի Անթուանէթ պարպած էին պետութեան գանձարկղը ոչ միայն իրենց պալատական շռայլութեանց հետեւանքով, այլեւ՝ Անգլիոյ դէմ ամերիկեան յեղափոխութիւնը «խրախուսելու» նպատակով նիւթապէս առատ օժանդութիւն ընծայելով։ Արքունիքի ծախսերուն հասնելու հոգը դարձեալ ծանրացած էր պարզ ժողովուրդին վրայ՝ անկէ գանձուող տուրքերը բազմապատկելով, որովհետեւ ֆրանսական միապետութեան առանձնայատկութիւնն էր ազնուականութիւնը տուրքէ զերծ պահել, որպէսզի այս վերջիններն ալ, իրենց հերթին, ազատ կացուցանեն թագաւորին ձեռքերը՝ երկիրը իր նախընտրած ձեւով կառավարելու մէջ...
Այդ բոլորը կարծէք բաւարար չէին եւ բնութիւնն ալ, այդ տարի, արտակարգօրէն դաժան գտնուեցաւ ֆրանսացի գիւղացիին նկատմամբ՝ տարուան բերքը երաշտի ու փճացման մատնելով։
Եւ անխուսափելին պատահեցաւ ու ֆրանսացիներու համբերատարութեան բաժակը յորդեցաւ, երբ տուրքերու գանձումը յաւելեալ բրտութեամբ իրականացնելու ծայրայեղութեան դիմեց արքունիքը։
Փարիզը թատերաբեմ դարձաւ ամէնօրեայ բողոքի ցոյցերու։ Եւ որքան թագաւորին հաւատարիմները բրտութեամբ հակադարձեցին, այնքան ուռճացան շարքերը ըմբոստացողներուն։
Անշուշտ համաժողովրդական ըմբոստացման հոգեմտաւոր ենթահողը եւս պատրաստ էր։ Ամբողջ 18րդ դարու երկայնքին ազատախոհ մտաւորականներ իրենց ներդրումը ունեցած էին աւատապետութեան եւ միապետութեան չարիքը մերկացնելու եւ ազատութեան, արդարութեան ու հաւասարութեան գաղափարները տարածելու եւ հիմնաւորելու գործին մէջ։ Յատկապէս Ժան-Ժագ Ռուսօ, ընկերային հիւսուածքի անարդար հիմերուն ուղղուած իր բուռն քննադատութիւններով, քաղաքացիական զարթօնքի ալիք բարձրացուցած էր։ Միապետութիւնը արդէն դժուարութիւն ունէր դիմագրաւելու այն ճնշումները, որոնք օրէնսդրական յաւելեալ իրաւունքներ եւ մասնակցութիւն կը պահանջէին ի նպաստ նորակազմ միջին դասակարգի քաղաքական ուժերուն։
Ահա այս բոլորին՝ ենթակայական եւ առարկայական պայմաններու այսօրինակ հասունացման բերումով, 14 Յուլիս 1789ին պատահեցաւ Պասթիյի վրայ ցուցարարներու գրոհը։
Բանտապահները արհամարհեցին ցուցարարներուն ուժը եւ բաւարարուեցան ընթացիկ պաշտպանութեան միջոցառումներով, հակառակ որ պալատական լրտեսներու միջոցաւ տեղեակ էին Պասթիյի բանտը խուժելու ցուցարարներու մտադրութեան մասին։
Բանտի պատասխանատուները քանի մը հարիւր անզէն խուժան կը սպասէին, բայց միայն դասալիք թագաւորական զօրքէն իրենց զէնքերով դասալիք եղած երիտասարդները քանի մը հարիւրը կ’անցնէին, որոնք հազարաւոր ցուցարարներ առաջնորդեցին դէպի Պասթիյի բանտը, պարտութեան մատնեցին բերդի պաշտպանները եւ գրաւեցին ամրոցը։ Անմիջապէս ազատ արձակեցին բանտարկեալները, իսկ բանտապետին գլխատելով՝ գլուխը ցիցի մը վրայ դրած, ցուցադրաբար շրջեցան Փարիզի փողոցները։
Միապետական բռնատիրութեան խորհրդանիշ ամրոցը՝ Պասթիյը քանի մը օրուան մէջ կործանեցաւ։
Թագաւորական ուժը վարկաբեկուեցաւ, ժողովուրդը սիրտ առաւ եւ Փարիզը արագօրէն ինկաւ ցուցարարներու իշխանութեան տակ։
Գաւառներու ըմբոստ ժողովուրդը իր կարգին խուժեց Փարիզ եւ հզօրացուց համաժողովրդային ապստամբութիւնը։
Եւ այդպէս սկսաւ ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը, որ Ազատութեան, Հաւասարութեան եւ Եղբայրութեան նշանաբանով, քայլ առ քայլ, կործանեց միապետութեան բոլոր կռուանները։
Լուդովիկոս ԺԶ. եւ ողջ արքունիքը, սարսափահար, Վերսայլի պալատը ապաստանեցան։ Բայց միայն ժամանակաւոր կրնար ըլլալ անոնց ապահովութիւնը, որովհետեւ յեղափոխութեան արագասոյր յաղթարշաւը հիմնայատակ կործանեց Հին Կարգերը, հաստատեց Ազգային Ժողովի խորհրդարանական իշխանութիւնը, որ իր ներքին բոլոր վէճերով ու անխնայ մրցապայքարներով, իշխանափոխութիւններու եւ փոխադարձ մաքրագործումներու վերիվայրումներով հանդերձ՝ միակամ եւ անհաշտ պայքար մղեց ի խնդիր միապետութեան ամբողջական տապալումին։
27 Օգոստոս 1789ին, նորակազմ Ազգային Ժողովը պաշտօնապէս վերջ տուաւ Ֆրանսայի մէջ Աւատապետութեան՝ որդեգրելով եւ հաստատելով Մարդու եւ Քաղաքացիի Իրաւունքներուն Յայտարարագիրը, որ ժամանակի ընթացքին պիտի դառնար Արդի Դարաշրջանի տիեզերական սկզբունքներու անդրանիկ հռչակագիրը։
Միապետութեան վերջնական կործանումը իրականացաւ 1792ի վերջերուն, երբ Ռոպերսփիեռեան Յեղափոխական Ատեանը դատեց թագաւորն ու թագուհին, ծանրագոյն դաւաճանութեան համար յանցագործ նկատեց զանոնք եւ մահավճիռ արձակեց։
Հին Ֆրանսայի վերջին խորհրդանիշները՝ Լուդովիկոս ԺԶ. թագաւորն ու Մարի Անթուանէթ թագուհին գլխատուեցան։
Նոր Ֆրանսան աշխարհին պարզեց իր երեք գոյն՝ կապոյտ, ճերմակ եւ կարմիր դրօշը, որոնք խորհրդանշեցին յեղափոխութեան հռչակած Ազատութիւնը, Հաւասարութիւնը եւ Եղբայրութիւնը։
Իսկ փարիզեան ցոյցերուն մասնակցելու համար Մարսէյլի ապստամբներուն երթի ազդանշան տուող Մարսէյէզ քայլերգը հաստատուեցաւ իբրեւ Նոր Ֆրանսայի ազգային օրհներգը։
Տասնամեակներ ամբողջ, ֆրանսացիք ինքնաբուխ կերպով եւ ժողովրդային հանդիսաւորութեամբ տօնեցին Յուլիս 14ը՝ հրավառութիւններով եւ հրապարակային ճոխ հանդիսութիւններով ու երթերով։ Միայն 1880ին էր, որ Ազգային Ժողովի որոշումով պետական տօն հռչակուեցաւ Յուլիս 14ը՝ իբրեւ Պասթիյի կործանման եւ Յեղափոխութեան սկզբնաւորման Օրը։
Եւ ամէն Յուլիս 14ի, մերօրեայ Ֆրանսայի հիմնադրութեան տօնը խորհրդանշելով հանդերձ՝ Պասթիյի կործանման տարեդարձը, աշխարհով մէկ, աւելի ազատ, արդար ու իրաւահաւասար աշխարհի մը կերտման տիեզերական ձգտումը կ’արթնցնէ ու կը վերանորոգէ ամէն սեռի, գոյնի, ազգի եւ դաւանանքի տէր բոլոր մարդոց եւ ժողովուրդներու հոգեմտաւոր՝ գաղափարակա՛ն աշխարհին մէջ։
Ն.