Print
Category: Յուշատետր

alt9 ­Յու­լի­սի այս օ­րը, ութ­սուն տա­րի ա­ռաջ, ­Թիֆ­լի­սի մէջ վերջ գտաւ 35ա­մեայ կեան­քը Ա­ղա­սի ­Խան­ջեա­նի, որ 1920ա­կան­նե­րուն՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կոր­ծան­ման, գե­րե­վար­ման ու խորհր­դայ­նաց­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, պա­տաս­խա­նա­տու ու վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­

թիւն ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան կեան­քին մէջ։

Ա. ­Խան­ջեան հան­դի­սա­ցաւ խորհր­դա­հայ քա­ղա­քա­կան ու պե­տա­կան այն ակ­նա­ռու գոր­ծի­չը, որ յա­նուն խորհր­դա­յին կար­գե­րը ­Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան պար­տադ­րե­լու գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան ցնոր­քին՝ կոյր մո­լուց­քով պայ­քար մղեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեամբ ո­գե­ղի­նա­ցած ազ­գա­յին մեր հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րուն դէմ։ Իր այդ մո­լո­րան­քին հա­մար Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան ծան­րա­գոյն գին վճա­րեց նոյ­նինքն խորհր­դա­յին ­Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թեան եւ վա­ղա­ժա­մօ­րէն հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ան­ցաւ՝ իբ­րեւ ա­ռա­ջին նա­հա­տա­կը հայ պոլ­շե­ւիկ-հա­մայ­նա­վար­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կան յոր­ձան­քին, ցմրուր ճա­շա­կե­լով նոյ­նինքն խորհր­դա­հայ քա­ղա­քա­կան ու պե­տա­կան միտ­քը գլխա­տե­լու Ս­տա­լի­նեան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան։

­Խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րուն իսկ տա­րա­ծուած եւ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած էր այն վար­կա­ծը, թէ ­Խան­ջեան սպան­նո­ւե­ցաւ Ս­տա­լի­նի մութ՝ ներ­քին գոր­ծե­րու յանձ­նա­կա­տար ­Բե­րիա­յի ձե­ռամբ։ ­Բայց այդ շրջա­նին պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նո­ւած էր յայ­տա­րա­րել, թէ Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան հար­ցաքն­նու­թեան եւ հա­ւա­տաքն­նու­թեան հա­մար ­Թիֆ­լիս կան­չո­ւած էր ­Բե­րիա­յի կող­մէ, ո­րուն գրա­սե­նեա­կին մէջ իբր թէ ատր­ճա­նա­կով ինք­նաս­պա­նու­թիւն գոր­ծե­լով՝ վերջ դրա­ծէր իր կեան­քին։

Ա­ղա­սի ­Խան­ջեա­նը սպան­նե­ցի՞ն, թէ՞ ինք­նաս­պան ե­ղաւ հար­ցը ան­շուշտ կը ներ­կա­յաց­նէ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն։ ­Բայց յու­շա­տետ­րի այս օ­րո­ւան խոր­հուր­դը նո­ւի­րո­ւած է նո­րա­գոյն մեր պատ­մու­թեան Մ­շա­կու­թա­յին Ե­ղեռ­նը խորհր­դան­շող Ս­տա­լի­նեան «մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն», ո­րոնք 1936-1937ին մո­լեգ­նօ­րէն թափ ա­ռին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ գլխա­տե­ցին մեր ազ­գա­յին մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ջին հեր­թին գլու­խը ու­տե­լով Ա­ղա­սի ­Խան­ջեա­նի։

­Պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է ­Խան­ջեա­նի քա­ղա­քա­կան վախ­ճա­նին մա­սին եր­կու հիմ­նա­կան ի­րո­ղու­թիւն։
Ա­ռա­ջին՝ իբ­րեւ պոլ­շե­ւիկ-կո­մու­նիս­տի եւ «մար­տա­կան» յե­ղա­փո­խա­կա­նի հռչա­կին ար­ժա­նա­ցած «խորհր­դա­հայ հե­րոս», 1928ին ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ղե­կին տի­րա­նա­լէ ետք, Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան ամ­բաս­տա­նո­ւե­ցաւ եւ մե­ղադ­րո­ւե­ցաւ իբ­րեւ ազ­գայ­նա­կան քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի՝ «դաշ­նա­կիստ»ի եւ «Թ­րոց­քիստ»ի ու պաշ­տօ­նազր­կո­ւե­ցաւ, յե­տոյ ալ գնդա­կա­հա­րո­ւե­ցաւ։

Երկ­րորդ՝ իր մա­հէն քսան տա­րի ետք միայն, 1956ի ­Յու­լիս 17ին, Խ­րուշ­չո­վեան տի­րա­պե­տու­թեան օ­րե­րուն ­Խան­ջեան պաշ­տօ­նա­պէս «ար­դա­րա­ցո­ւե­ցաւ»՝ Խ.Մ.Կ.Կ. ­Կենտ­կո­մի նա­խա­գա­հու­թեան ո­րո­շու­մով։
­Կը մնայ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը եւս ի՛ր գնա­հա­տա­կա­նը կա­տա­րէ Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան հայ գոր­ծի­չին՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ար­ժե­չա­փե­րուն հի­ման վրայ իր վճի­ռը կա­յաց­նե­լով ա­նոր ան­ձին ու գոր­ծին թէ՛ բա­ցա­սա­կան, թէ՛ դրա­կան հա­շո­ւեկշ­ռին վե­րա­բե­րեալ։

Ան­շո՛ւշտ, Ա­ղա­սի ­Խան­ջեա­նի ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նը Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի հա­մար նա­հա­տա­կո­ւած հե­րո­սի լու­սապ­սա­կով կը զար­դա­րէ ա­նոր դէմ­քը։ ­Մա­նա­ւանդ որ 1936-1937ի Ս­տա­լի­նեան «մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն» զո­հա­բե­րո­ւած ու ող­բեր­գա­կան միեւ­նոյն վախ­ճա­նին դա­տա­պար­տո­ւած մեր մե­ծու­թիւն­նե­րը՝ ­Չա­րենցն ու ­Բա­կուն­ցը, ո­րո­շա­կի ա­ռու­մով նաեւ ­Մա­հա­րին, ոչ միայն վա­յե­լե­ցին ­Խան­ջեա­նի ուղ­ղա­կի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, այ­լեւ ի­րենց գրա­ւոր վկա­յու­թիւն­նե­րով օ­րին իսկ մե­ծա­րե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­յին իշ­խա­նա­ւո­րին ազ­գա­յին վար­քա­գիծն ու ծա­ռա­յու­թիւ­նը։

Այ­սու­հան­դերձ՝ ար­դէն ժա­մա­նակն է ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին եւ վե­րար­ժե­ւո­րու­մին, ը­սե­լու հա­մար որ ինչ­պէս ­Չա­րենց­նե­րը, նոյն­պէս եւ ­Խան­ջեան­նե­րը պա­տա­նե­կան գի­նո­վու­թեամբ տա­րո­ւե­ցան պոլ­շե­ւիզ­մի քան­դիչ մո­լեգ­նու­թեամբ, հա­յոց ազ­գա­յին սրբու­թիւն­նե­րը քար­կո­ծե­ցին ու ոտ­նա­կո­խե­ցին եւ ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան-քա­ղա­քա­կան խա­բո­ւա­ծու­թեան ու մո­լո­րան­քին անդ­րա­դար­ձան շատ ուշ, միայն այն ա­տեն, երբ ար­դէն ի­րենց իսկ գլու­խը պա­հե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նէին, ո­րով­հե­տեւ հրէշ­ներ սնու­ցած էին մեր երկ­րի եւ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցին մէջ...

Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան պար­զա­պէս «ըմ­բոստ էր ու չէր կա­մե­նում Ս­տա­լին-­Բե­րիա զոյ­գի հլու կա­մա­կա­տա­րը լի­նել», ինչ­պէս նշած է ա­նոր կեն­սա­գիր­նե­րէն ­Վա­հէ Ան­թա­նէ­սեան։
­Խան­ջեան Ա­ղա­սի ­Ղե­ւոն­դին ծնած էր 30 ­Յունուար 1901ին ­Վան, ուր եւ ստա­ցած էր իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը։ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն, ­Վա­նի պար­պու­մէն ետք, ­Խան­ջեան ըն­տա­նի­քը եւս գաղ­թա­կան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր ­Խան­ջեան յա­ճա­խեց ու ա­ւար­տեց ­Թե­մա­կան դպրո­ցը եւ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը։

­Տա­կա­ւին 16 տա­րե­կան, 1917ի Ապ­րի­լին, Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան ար­դէն կլա­նո­ւած հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րով, Ղ. ­Ղու­կա­սեա­նի հետ, կը հիմ­նէր Ե­րե­ւա­նի այս­պէս կո­չո­ւած «ե­րի­տա­սարդ մարք­սիստ-ին­տեր­նա­ցիո­նա­լիստ­նե­րի միու­թիւ­նը»։ Իսկ 1919ին, նոյն Ղ. ­Ղու­կա­սեա­նի եւ Ա. ­Բու­դա­ղեա­նի հետ, ան կը հիմ­նէր «­Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ կո­մու­նիստ­նե­րի Ս­պար­տակ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը», որ ա­միս մը ետք՝ ­Մա­յի­սին, սկսաւ լոյս ըն­ծա­յել իր ընդ­յա­տա­կեայ պաշ­տօ­նա­թեր­թը՝ «Ս­պար­տակ» ա­նու­նով։

1919ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, հե­ռա­կայ կար­գով, Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Կո­մու­նիս­տա­կան Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան Անդր­կով­կա­սի ­Բիւ­րո­յի ան­դամ։ 1920ի ­Յու­նո­ւա­րին մաս­նակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ հայ հա­մայ­նա­վար­նե­րու ընդ­յա­տա­կեայ ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մա­րին, որ հիմ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Կո­մու­նիս­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը (Հ.Կ.Կ.) ու ո­րո­շեց եւ ծրագ­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­պա­լումն ու խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։

1920ի ­Մա­յիս ­Մէ­կի խռո­վու­թիւն­նե­րուն մէջ իր ու­նե­ցած աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, 1920ի ­Յու­լի­սին, Ա. ­Խան­ջեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Կ.Կ.ի ­Կենտ­կո­մի ան­դամ եւ ա­միս մը ետք, Օ­գոս­տո­սին, երբ Հ.Հ. ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը խստա­ցու­ցած էր պոլ­շե­ւիկ խռո­վա­րար­նե­րու դէմ իր դիր­քո­րո­շու­մը, Ա. ­Խան­ջեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու 10 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ։

­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն յե­տոյ, ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ եւ ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Կ.Կ.ի Ե­րե­ւա­նի ­Կո­մի­տէի քար­տու­ղար՝ ­Դեկ­տեմ­բեր 1920էն մին­չեւ ­Փետ­րո­ւար 1921ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թիւ­նը, որ­մէ փա­խուստ տո­ւած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ հե­ռա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նէն, եւ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա, որ­պէս­զի ու­սու­մը շա­րու­նա­կէ Ս­վերդ­լո­վի ա­նո­ւան ­Կո­մու­նիս­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։

1923-1928 տա­րի­նե­րուն, երբ «ռազ­մա­կան կո­մու­նիզմ»ը ա­ւեր կը գոր­ծէր ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, Ա. ­Խան­ջեան ղե­կա­վար աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւած էր ­Լե­նինկ­րա­տի մէջ։ ­Բայց Օ­գոս­տոս 1928ին, Ք­րեմ­լի ո­րո­շու­մով, ան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ ստանձ­նե­լու հա­մար Հ.Կ.Կ.ի ­Կենտ­կո­մի երկ­րորդ քար­տու­ղա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ 1930ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին քար­տու­ղար եւ մին­չեւ պաշ­տօ­նազր­կումն ու 9 ­Յու­լիս 1936ի ­Թիֆ­լի­սի մէջ իր խորհր­դա­ւոր մա­հը՝ մնաց այդ պաշ­տօ­նին վրայ։

­Կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, որ Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան մտա­ւո­րա­կան հա­րուստ պա­շա­րով եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու խոր ճա­նա­չո­ղու­թեամբ շնչող մարդ էր, որ սա­կայն իր սերն­դա­կից պոլ­շե­ւիկ ա­ղան­դա­մոլ­նե­րու ներշն­չու­մով՝ փան­ջու­նիա­կան ո­ճով յե­ղա­փո­խա­կան դար­ձած էր. իր առ­ջեւ բաց գտած դուռն ան­գամ կոտ­րե­լով մուտք կ­’ու­զէր գոր­ծել, որ­պէս­զի նորն ու գա­լի­քը սկիզ­բէն կեր­տե­լու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ յա­գե­նար եւ միեւ­նոյն ինք­նավս­տա­հու­թեամբ խան­դա­վա­ռէր «Ամ­բոխ­նե­րը խե­լա­գա­րո­ւած»...

Ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ պե­տա­կան յե­ղաշր­ջու­մի դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ ­Խան­ջեան, որ թուր­քին մէջ ա­ւե­լի հո­գե­հա­րա­զատ կու­սա­կից տե­սաւ, քան ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած դաշ­նակ­ցա­կա­նին մէջ։
­Միա­ժա­մա­նակ ­Խան­ջեան յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ­Հա­յը «կեր­տել»ու պոլ­շե­ւի­կեան ցնոր­քին։ Ան սա­կայն ծան­րա­գոյն սխա­լը գոր­ծեց, երբ ըստ ա­մե­նայ­նի ար­դա­րա­նա­լի իր այդ ինք­նո­րո­նու­մին մարմ­նա­ւո­րու­մը ու­զեց ան­պայ­ման տես­նել ­Պոլ­շե­ւիզ­մին մէջ...

­Նոր ժա­մա­նակ­ներ մուտք գոր­ծե­լու հա­մար, թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան ար­հա­ւիր­քէն վե­րա­կանգ­նած ­Հա­յը ի­րա­պէս պէտք ու­նէր հա­մա­մարդ­կա­յին մեծ ներշն­չու­մով թռիչ­քի, ո­րուն թե­ւե­րը սա­կայն ­Մարքսն ու Էն­գել­սը չէին կրնար ըլ­լալ, իսկ գլու­խը չէր կրնար ըլ­լալ, մա­նա­ւան՛դ, այս­պէս կո­չո­ւած «ըն­կեր ­Լե­նին»ը... ո՜ւր մնաց «հայր Ս­տա­լին»ը։
Ա­ղա­սի ­Խան­ջեան, ինչ­պէս եւ Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց, ի­րենց կեան­քի գնով ծան­րա­գոյն գի­նը վճա­րե­ցին գա­ղա­փա­րա­կան այդ մո­լո­րու­թեան։

­Յու­լիս 9ի այս օ­րը, հե­տե­ւա­բար, ո­գե­կո­չե­լով յի­շա­տա­կը «Ս­տա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու» ա­ռա­ջին հայ զո­հը հան­դի­սա­ցող՝ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ա­տե­նի ­Կոմ­կու­սի Ա­ռա­ջին ­Քար­տու­ղար Ա­ղա­սի ­Խան­ջեա­նին, հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն մենք պարտք ենք յու­շե­լու պատ­գա­մը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնք ­Պոլ­շե­ւիզ­մին մէջ տե­սան ան­ցո­ղիկ փոր­ձանք մը եւ ­Խան­ջեան­նե­րու մո­լո­րան­քին նկատ­մամբ հա­յու բա­րու­թեամբ շա­րու­նակ յոր­դո­րե­ցին, որ վար­չա­կար­գե­րը կու գան ու կ­’եր­թան, մնա­յուն են միայն հայ­րե­նիք­նե­րը։

Ն.