Print
Category: Յուշատետր

­altՅու­լիս 7ին, 93 տա­րի ա­ռաջ, ողջ աշ­խար­հէն եր­կա­թեայ վա­րա­գոյ­րով մե­կու­սա­ցո­ւած խորհր­դա­յին կայս­րու­թեան հա­րա­ւա­յին սահ­մա­նեզ­րին, նոյ­նինքն Անդր­կով­կա­սի մէջ, ծրագ­րո­ւե­ցաւ եւ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին ի­րա­ւազր­կու­մի ա­հա­ւոր գայ­թակ­ղու­թիւն մը, ո­րուն

հե­տե­ւանք­նե­րը մին­չեւ այ­սօր ծանր կը ճնշեն ամ­բողջ շրջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն վրայ։

7 ­Յու­լիս 1923ին, ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ար­դէն միա­հե­ծան տէ­րը դար­ձած Ս­տա­լի­նի «ցուց­մունք»ով, այ­լեւ Անդր­կով­կա­սի ռուս, ա­զե­րի, վրա­ցի ու հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու մեղ­սակ­ցու­թեամբ՝ ո­րո­շո­ւե­ցաւ հա­յոց հի­նա­ւուրց Ար­ցախ աշ­խար­հը բա­ժան-բա­ժան կո­տո­րա­կել, հա­զա­րա­մեակ­նե­րով հա­յա­պատ­կան ամ­բողջ հո­ղա­մա­սեր ուղ­ղա­կիօ­րէն նո­րե­լուկ ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի կցել, իսկ լեռ­նա­յին կեդ­րո­նա­կան մա­սը հռչա­կել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ, այդ ալ են­թար­կե­լով ատրպէյ­ճա­նա­կան տի­րա­կա­լու­թեան՝ իբ­րեւ ­Խորհրդա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան մէկ մա­սը։

Այդ­պէ՛ս. բռնա­կալ­նե­րու ձե­ռամբ աշ­խար­հի քար­տէ­սը կա­մա­յա­կա­նօ­րէն փո­խե­լու եւ պար­տադ­րե­լու ան­հիմն բե­մագ­րու­թիւն մը կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ 7 ­Յու­լիս 1923ին, երբ խորհր­դա­յին­նե­րու չա­րա­բաս­տիկ ո­րո­շու­մով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ մը բա­ռա­ցիօ­րէն պո­կո­ւե­ցաւ եւ հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ ոչ միայն Ար­ցախ Աշ­խար­հի ամ­բող­ջա­կա­նու­թե­նէն, այ­լեւ՝ մայր հայ­րե­նիք ­Հա­յաս­տա­նի մարմ­նէն, այս­պէս կո­չո­ւած «­Լա­չի­նի եւ ­Քել­բա­ջա­րի անցք»ով մը ի­րար­մէ խզե­լով ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը։

­Ղա­րա­բա­ղի կո­տո­րա­կու­մով եւ Լ.Ղ.Ի.Մ.ի մաս­նա­տու­մով պար­տադ­րո­ւած Ար­ցա­խի գե­րե­վա­րու­մէն ան­ցած է 93 տա­րի­նե­րու եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, ո­րուն վեր­ջին ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դա­րուն՝ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան իր պայ­քա­րով, ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը ոչ միայն կրցաւ ի­րո­ղա­պէս թօ­թա­փել ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­նարգ լու­ծը, ոչ միայն յա­ջո­ղե­ցաւ ա­զա­տագ­րել Լ.Ղ.Ի.Մ.ի եւ շրջա­կայ­քի հա­յա­պատ­կան տա­րածք­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը, այ­լեւ հի­մը դրաւ, ոտ­քի հա­նեց եւ կազ­մա­կեր­պեց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ ի­րո­ղա­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն։

­Հե­տե­ւա­բար այ­սօր, երբ յե­տա­դարձ հա­յեաց­քով լու­սար­ձա­կի տակ կ­þառ­նենք ե՛ւ շուրջ մէկ­դա­րեայ պատ­մու­թիւ­նը, ե՛ւ մին­չեւ մեր օ­րե­րը շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կան ա­նի­րա­ւու­թեան ող­բեր­գա­կան ծալ­քե­րը, մեր առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի ու­սա­նե­լի դա­սե­րու ամ­բողջ թղթածրար մը.
- ­Յա­ւեր­ժա­կան չեն կրնար ըլ­լալ ազգ մը եւ հայ­րե­նիք մը կա­մա­յա­կա­նօ­րէն բաժ­նող ա­նար­դար սահ­մա­նագ­ծում­նե­րը, որ­քան ալ պար­տադ­րո­ւած ըլ­լան հզօր կայ­սե­րա­պե­տու­թեան մը ամ­բողջ բռնու­թեամբ...

- ­Քա­ղա­քա­կան անն­պաստ պայ­ման­նե­րու եւ դա­սա­ւո­րում­նե­րու հե­տե­ւան­քով ի­րար­մէ բաժ­նո­ւած ազ­գի մը զա­ւակ­նե­րը, ե­թէ ի­րենց մէջ ու­նին ի­րա­ւուն­քի ու ար­դա­րու­թեան հա­մար պա­քա­րե­լու եւ պատ­մու­թիւ­նը իր բնա­կա­նոն հու­նին վե­րա­դարձ­նե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը, ան­պայ­ման կը հաս­նին ի­րենց նպա­տա­կին՝ որ­քան ալ բիրտ ու­ժով ճզմո­ւին ա­նոնց շղթա­յա­զեր­ծած յա­ջոր­դա­կան ըմ­բոս­տա­ցում­նե­րը։

- ­Փոքր ազ­գե­րու ի­րա­ւունք­ներն ու դա­տե­րը միշտ ալ են­թա­կայ են աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը վա­րող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու մրցա­պայ­քա­րի խա­ղա­կա­նոն­նե­րուն։ Ի վեր­ջոյ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու նա­խընտ­րած ուղ­ղու­թեամբ կը հու­նա­ւո­րո­ւի մարդ­կու­թեան զար­գա­ցու­մը՝ այն միակ նրբե­րան­գա­յին տար­բե­րու­թեամբ, որ փոքր ազ­գե­րու ան­վե­հեր ի­րա­ւա­տի­րու­թիւնն ու մար­տու­նակ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը կը վե­րա­ծո­ւին ­Մե­ծե­րու ձեռ­քին կա­րե­ւոր յաղ­թա­թուղ­թի՝ ի­րա­րու դէմ գոր­ծա­ծո­ւե­լու հա­մար, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր դա­սա­ւո­րում­ներ եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ պար­տադ­րե­լու ճամ­բուն վրայ։

- Ի­րա­ւուն­քի եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րող փոքր ազ­գե­րը, նոյ­նիսկ ե­թէ ազ­գա­յին դա­տե­րուն ար­դա­րա­գոյ­նին հա­մար է ի­րենց մղած կռի­ւը, դա­տա­պար­տո­ւած են ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան եւ ոտ­նա­կո­խու­մի, ե­թէ զի­նո­ւած չեն միաս­նա­կան պայ­քա­րի ի­րենց ու­ղին ա­մէն կար­գի պա­ռակ­տում­նե­րու դէմ պաշտ­պա­նե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ եւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­ծա­ռա­տե­սու­թեամբ։ ­Մա­նա­ւանդ ե­թէ ամ­բող­ջա­պէս տէր կանգ­նած չեն ի­րենց ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան ու­ժի աղ­բիւր­նե­րուն՝ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին վստա­հու­թեան վրայ խարս­խո­ւած եւ ըստ այնմ գոր­ծող իշ­խա­նու­թեանց։

Ա­ռանց այդ դա­սե­րու լիար­ժէք ըն­կա­լու­մին, կա­րե­լի չէ սպա­ռիչ բա­ցատ­րու­թիւ­նը գտնել ա­հա­ւոր այն սադ­րան­քին, որ 7 ­Յու­լիս 1923ին ի գործ դրո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ։
Անհ­րա­ժեշտ է ի մտի ու­նե­նալ ոչ միայն Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ստեղ­ծու­մը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կան­խած Անդր­կով­կա­սի եւ այդ ճամ­բով ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նաց­ման մե­ծա­պե­տա­կան, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան զար­գա­ցում­նե­րու ծալ­քե­րը, այ­լեւ՝ մին­չեւ թրքա­ցեղ հոր­դա­նե­րու ար­շա­ւանք­ներն ու պարս­կա­կան խա­նու­թեանց ժա­մա­նակ­նե­րը եր­կա­րող հայ­րե­նի մեր հո­ղե­րուն ժո­ղովր­դագ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը։

­Պատ­մա­կան զար­գաց­ման այդ են­թա­հո­ղին վրայ ի­րենց պա­տաս­խան­նե­րը կը ստա­նան հիմ­նա­կան շատ հար­ցա­կան­ներ.
- Ինչ­պէ՛ս ե­ղաւ, որ պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի Ար­ցախ գա­ւա­ռը, որ ա­րե­ւել­քէն կը տա­րա­ծո­ւէր մին­չեւ ­Մու­ղա­նի դաշ­տա­վայ­րը, դա­րե­րու ըն­թաց­քին բնա­կա­վար դար­ձաւ թրքա­ցեղ նո­րեկ­նե­րու՝ քսա­նե­րորդ դա­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան յայտ­նո­ւե­լով թուրք եւ թա­թար հա­մե­մա­տա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հո­ղա­մա­սի մը վի­ճա­կին մէջ։

- Ին­չո՛ւ մին­չեւ 1918 թո­ւա­կա­նը գո­յու­թիւն չէ ու­նե­ցած Ատր­պէյ­ճան ա­նու­նով եր­կիր, պե­տա­կան ո­րե­ւէ միա­ւոր եւ նոյ­նիսկ քա­ղա­քա­կան ինք­նու­թեամբ ա­զե­րիա­կան ազ­գու­թիւն։ Երբ 1828 թո­ւին ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս ի­րեն կցեց Անդր­կով­կա­սը, հա­յեւ­թա­թար խառն բնակ­չու­թեամբ հո­ղա­մա­սի հա­կակշ­ռու­մը իր հա­շիւ­նե­րուն ծա­ռա­յեց­նե­լու նպա­տա­կով, վար­չա­կա­նօ­րէն ա­ռա­ջա­ցուց Ե­ղի­սա­բէթ­պո­լի նա­հան­գը, ո­րուն մէջ մտցուց ­Գան­ձակն ու ­Կիւ­լիս­տա­նը, Ար­ցախն ու ­Զան­գե­զու­րը։ Այդ­պէ՛ս սկսաւ հա­յեւ­թա­թար խառն բնակ­չու­թեամբ ամ­բողջ երկ­րա­մա­սը «բաժ­նէ՝ որ տի­րես»ի ռազ­մա­վա­րու­թեամբ հա­կակշ­ռե­լու ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

- Ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս մե­ծա­պե­տա­կան մրցա­պայ­քա­րը սաստ­կա­ցաւ Անդր­կով­կա­սի մէջ եւ շուրջ՝ ­Պա­քո­ւի սեւ ոս­կիին տի­րա­նա­լու պայ­թու­ցիկ առ­ճա­կատ­ման մթնո­լոր­տի շի­կա­ցու­մով։ Որ­քան աշ­խու­ժա­ցաւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ անդր­կով­կա­սեան մի­ջամ­տու­թիւ­նը, այն­քան խստա­ցաւ Անդր­կով­կա­սի ազ­գա­յին միա­ւոր­նե­րը ի­րա­րու դէմ դրդե­լու եւ բո­լո­րին վրայ սե­փա­կան հա­կակ­շի­ռը ամ­րապն­դե­լու ռու­սա­կան մտա­սե­ւե­ռու­մը։ ­Հե­տե­ւան­քը ե­ղան 1905ին սկսած հայ-թա­թա­րա­կան պար­բե­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը, ո­րոնք 1918էն յե­տոյ նոր փուլ թե­ւա­կո­խե­ցին՝ ար­դէն պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեամբ ա­ռա­ջա­ցած Անդր­կով­կա­սի ան­տի­րու­թեան պղտոր ջու­րին մէջ սե­փա­կան հա­շո­ւով ձուկ որ­սա­լու թրքա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րու սան­ձա­զեր­ծու­մով։

- Եւ վեր­ջա­պէս, բայց ոչ վեր­ջի­նը՝ ինչ­պէ՛ս ե­ղաւ, որ կով­կա­սա­հա­յու­թիւ­նը, 1905ի հայ-թա­թա­րա­կան ա­ռա­ջին ընդ­հա­րում­նե­րու դա­ժան կեն­սա­փոր­ձով հան­դերձ, յատ­կա­պէս 1918ի վե­րի­վայ­րում­նե­րէն ետք, չկրցաւ միաս­նա­կան գնա­հա­տու­մի եւ մեր­ժու­մի ար­ժա­նաց­նել ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան այդ վար­քա­գի­ծը՝ հայ-թա­թար հա­կադ­րու­թեան հրահ­րու­մով Անդր­կով­կա­սին վե­րա­տի­րա­նա­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

­Նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն եւ հա­կա­ռակ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մով ամ­րագ­րո­ւած պատ­մա­կան դա­սե­րուն, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը տա­կա­ւին կը դրսե­ւո­րէ հա­կում­ներ, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն ծա­ռա­յել այն հա­մո­զու­մին, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը ա­ւե­լի յար­մար դա­սա­ւո­րու­մի կրնար ար­ժա­նա­նալ, ե­թէ ­Մա­յիս 1920ին մենք եւս ըն­դու­նէինք խորհր­դա­յին լու­ծը՝ հե­տե­ւե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի օ­րի­նա­կին։
7 ­Յու­լիս 1923ի Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ստեղծ­ման պոլ­շե­ւի­կեան սադ­րան­քը ա­մէն հիմք կու տայ, հայ քա­ղա­քա­կան մտքին հա­մար, մէ­կան­գա­մընդ­միշտ թօ­թա­փե­լու այ­դօ­րի­նակ պատ­րանք­ներն ու ինք­նա­խա­բէու­թիւն­նե­րը։

­Բա­ւա­կա­նա­չափ խօ­սուն եւ դառն ու դա­ժան է այն փաս­տը, որ 2 ­Դեկ­տեմ­բեր 1920ին ­Հա­յաս­տա­նի խորհրդայ­նա­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը «Եղ­բայ­րա­բար» ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը հռչա­կեց, «ինք­նա­բուխ» կեր­պով, ոչ միայն Ար­ցախն ու ­Զան­գե­զու­րը, այ­լեւ՝ ­Նա­խի­ջե­ւանն ան­գամ, որ­պէս­զի պոլ­շե­ւիզ­մը կա­րե­նայ կոտ­րել հայ ժո­ղո­վուր­դին ընդ­դի­մու­թիւ­նը... ռու­սա­կան գե­րե­վար­ման։

­Հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թիւ­նը ընկ­ճե­լու նպա­տա­կով կար­միր հա­մազ­գեստ հա­գած ա­զե­րի­նե­րու կող­մէ շռայ­լո­ւած այդ «խոս­տում­ներ»ը պար­զա­պէս ծա­ռա­յե­ցին կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի վերջ­նա­կան բռնագ­րաւ­ման, ո­րու «յա­ջո­ղու­թե­նէն» ետք, նոյ­նինքն հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու մեղ­սակ­ցու­թեամբ, ոչ միայն մոռ­ցո­ւե­ցան «եղ­բայ­րա­կան խոս­տում­ներ»ը, այ­լեւ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ Ար­ցախն ու ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նէն պո­կե­լու եւ, մե­կու­սաց­ման պայ­ման­նե­րու մէջ, հա­յա­թա­փե­լու ա­նարգ ո­ճի­րը։

­Վեր­յի­շե­լով 7 ­Յու­լիս 1923ի Ար­ցա­խեան Ող­բեր­գու­թեան սեւ թո­ւա­կա­նը՝ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ա­մէն ի­րա­ւունք ու­նի, այլ մա­նա­ւանդ ան­խու­սա­փե­լի պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի, ա­մէն գնով ար­թուն գոր­ծե­լու եւ պահ­պա­նե­լու Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան միաս­նա­կան ճա­կատն ու պայ­քա­րը, որ­պէս­զի ոչ մէկ պա­րա­գա­յի, մե­ծա­պե­տա­կան մրցա­վազ­քի անն­պաստ դա­սա­ւոր­ման ո­րե­ւէ պա­հու, Ար­ցախն ու ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը վերս­տին չեն­թար­կո­ւին ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծին։

­Յատ­կա­պէս վեր­ջին՝ Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի դա­ժան փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նե­լով, ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը ա­մէն հիմք ու­նի զէն­քը ձեռ­քին միշտ պատ­րաստ գտնո­ւե­լու եւ հա­տու պա­տաս­խան տա­լու ատրպէյ­ճա­նա­կան թշնա­միի հա­կա­հայ ոտնձ­գու­թեանց։

­Մե­ծա­պե­տա­կան ոչ մէկ ե­րաշ­խիք կրնայ ա­պա­հո­վել ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը՝ այն­քան ա­տեն, որ Ատր­պէյ­ճան եւ ­Թուր­քիա դեռ հա­նո­ւած չեն պատ­մու­թեան դա­տաս­տա­նին առ­ջեւ, դեռ վնա­սա­զեր­ծո­ւած չեն ըստ ա­մե­նայ­նի եւ, ընդ­հա­կա­ռակն, տա­կա­ւին կ­՚ար­ժա­նա­նան մե­ծա­պե­տա­կան մրցա­պայ­քա­րէ բխող... հաշ­տեց­ման եւ խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան ըն­ծա­նե­րու։
Չ­մոռ­նանք, որ ­Յու­լիս 1923ի այս օ­րը Ս­տա­լին ինչ­պէ՜ս հա­մաթր­քու­թեան «ըն­ծա­յա­բե­րեց» մեր Ար­ցա­խը։

Ն.