1921 թուականի Յուլիս 5ը աղիտաբեր եղաւ հայ ժողովուրդին համար։
95 տարի առաջ՝ 5 Յուլիս 1921ին, այսպէս կոչուած «Ռուսական Կոմունիստական Կուսակցութեան Կ. Կոմիտէի Կովկասեան Բիւրոն», առանց օրինականութիւններ փնտռելու եւ կարգուկանոն յարգելու՝ կամայական որոշումով Լեռնային Ղարաբաղը պոկեց Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ բռնակցեց Ատրպէյճանի։
Ոչ միայն ապօրինի այդ որոշումին յաջորդած տարիներուն եւ տասնամեակներուն, այլեւ 1988ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան Շարժումէն ետք ալ, շատ մելան հոսեցաւ ստալինեան այդ կամայական, անօրինական եւ, մանաւա՛նդ, անարդար որոշումին պատմաքաղաքական լուսաբանման եւ դատապարտման համար՝ թեր ու դէմ հակադիր ճամբարներու բաժնելով հայ քաղաքական մտքի հոսանքները։
Իսկ վերջին ժամակաշրջանին հայ քաղաքական միտքը, երկու ուղղութիւններով, իր քննարկումներն ու վիճարկումները կեդրոնացուցած է խորհրդայիններու այդ որոշման այժմէական արծարծման եւ իրաւական արժեւորումին վրայ։
Մէկ ուղղութիւնը հիմնաւորած ու դատապարտած է այդ որոշման կամայական, ապօրինի եւ անարդար բնոյթը։ Ստալինեան որոշումին մէջ իրաւական որեւէ հիմք գոյութիւն չէ ունեցած եւ պարզապէս Ռուսաստանի մեծապետական շահախնդրութեանց յագուրդ տուող գործարք մը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը Ատրպէյճանին։
Երկրորդը՝ հիմնաւորած է իրաւագիտական տարազումը Արցախեան Հարցի բանակցային լուծման համար հայկական կողմին առաջադրած եւ պաշտպանած տեսակէտին։
Ի պատասխան ատրպէյճանական կողմի այն հետեւողական պնդումին, թէ իբր յանուն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանի կազմին, հայկական կողմը իրաւաբանօրէն կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ, հետեւաբար, անհիմն ու անհեթեթ է ամէն խօսակցութիւն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման մասին։
Արդարեւ, եթէ 1921ին Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարուած էր մէկ մասը Ատրպէյճանի, այդ քայլը իրաւաբանօրէն նախ եղած էր ապօրինի, ապա՝ բռնակցումը կատարուած էր ի սպաս Խորհրդային Ատրպէյճանի, այլ ոչ թէ անկախ եւ իբր թէ «ժողովրդավարական» Ատրպէյճանի։
Աւելի՛ն. բռնակցումին Ստալին փորձած էր տալ խորհրդային սահմանադրական հիմնաւորում, որ սակայն 1991էն ետք կորսնցուց այդ առումով եւս իրաւական ամէն շինծու հիմնաւորում, երբ նոյնինքն Ատրպէյճան մերժեց ճանչնալ Խորհրդային Միութիւնն ու անոր սահմանադրութիւնը եւ դուրս եկաւ Խ.Ս.Հ.Մ. կազմէն, նոյնիսկ նախքան անոր պաշտօնական լուծարումը։
Այլ խօսքով՝ նոյնինքն 5 Յուլիս 1921ի խորհրդային պաշտօնական որոշումէն մեկնելով, անոր անարդար բնոյթը շեշտելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը իրաւական ամէն հիմք ունի կառչած մնալու այն փաստին, որ Լեռնային Ղարաբաղը իրաւականօրէն բնաւ մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան։
Պատմութիւնը արձանագրած է, որ Ռուսական Կայսրութեան անկումէն յետոյ, Կովկասի մէջ սկսած ազգային պետութիւններու «ձեւաւորման» փուլին, Լեռնային Ղարաբաղը 1918-20 թուականներուն կռուախնձոր դարձաւ մէկ կողմէ ազգային-պատմական իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, միւս կողմէ, թրքական զօրքերու ներխուժման պայմաններուն մէջ Անդրկովկասի թաթարաբնակ տարածքներէն ձեւաւորուած նորելուկ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ։
Այդ ատեն ծայր առաւ հայեւազերիական դաժան պատերազմ մը, որուն ընթացքին Արցախը հերոսաբար պաշտպանեց ինքզինք եւ պապենական իր հողը։
Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, իր կազմաւորման պահէն իսկ, շարունակաբար հողային պահանջներ ներկայացուց Անդրկովկասի հայկական շրջաններուն նկատմամբ:
Թրքական կանոնաւոր զօրքերն ու Ատրպէյճանի մուսաւաթական զօրամիաւորները, օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի եւ Ռուսական Կայսրութեան անկման հետեւանքով ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակէն, փորձեցին իր աւարտին հասցնել հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ 1915ին գործադրութեան յանձնուած ցեղասպանութեան ոճիրը։
1918էն 1920, համաթրքական մեծ պետութիւն մը հիմնելու ցնորական ծրագրով տարուած՝ թրքացեղ այդ զօրքերը բնաջնջեցին հարիւրաւոր հայկական գիւղեր, կազմակերպեցին հայերու ջարդեր Պաքուի եւ Գեանջայի մէջ:
Բայց նոյնինքն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թուրքեւազերիական զօրքերը բախեցան լուրջ դիմադրութեան եւ պարտուած նահանջի դիմեցին՝ հակառակ անոր, որ Արցախի ատենի մայրաքաղաք Շուշին 1920ի Մարտ 23ին հրկիզուած ու թալանուած էր, իսկ անոր հայ բնակչութիւնը կոտորուած։
Ճիշդ այդ ժամանակ, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ համարեց միջամտել աննախընթացօրէն ողբերգական բնոյթ ստացած հակամարտութեան։
1920ի Դեկտեմբեր 1ին, Ազգերու Լիկայի 5րդ Կոմիտէն, իր 3րդ Ենթակոմիտէի զեկոյցին վրայ հիմնուելով եւ հակադարձելով Ատրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն ու ազերիներու ձեռամբ հայերու զանգուածային կոտորածներուն, միաձայնութեամբ որոշեց մերժել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դիմումը՝ Ազգերու Լիկային անդամակցելու։
Օրին, Ազգերու Լիկան նաեւ որոշեց, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալ իբրեւ վիճելի տարածք, որուն շուրջ համաձայնութեան յանգեցան հակամարտութեան առնչակից բոլոր կողմերը, անոնց շարքին եւ Ատրպէյճանը։ Այսպէ՛ս, 1918-20 թուականներուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին, անոր գերիշխանութիւնը չէր տարածուած Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Նախիջեւանի վրայ։
Այնուհետեւ, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին հետեւեցաւ քաղաքական նոր քարտէսի սահմանագծումը։
1920ի Դեկտեմբերի վերջերուն, Խորհրդային Հայաստանի հռչակումէն յետոյ, Կարմիր Բանակի զօրքերը, յատկապէս կարմիր համազգեստ հագած ազերիներով լեցուած, առանց սպասելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի իրաւավիճակի միջազգային իրաւական խաղաղ լուծման, բռնագրաւեցին Լեռնային Ղարաբաղը:
Միաժամանակ՝ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս յետոյ, Ատրպէյճանի Յեղկոմը (Յեղափոխական Կոմիտէն, որ պոլշեւիկեան այդ ժամանակուան իշխանութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօնական յայտարարութեամբ ճանչցաւ «վիճելի տարածքներուն» Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանին Հայաստանի անբաժանալի մասը ըլլալը:
Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին ատրպէյճանական այդ յայտարարութեան պահուն, հայկական տարածքները իրողապէս մաս չէին կազմեր արդէն Խորհրդային Ատրպէյճանին։
«Վիճելի տարածքներ»ու նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ատրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ, 1921ի Յունիս 21ին, Խորհրդային Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժանելի մասը:
Հայաստանի կառավարութեան ընդունած համապատասխան Դեկրետը լոյս տեսաւ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի խորհրդային մամուլի էջերուն։ Պաքուի «Աշխատաւոր» թերթը, որ Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի օրգանն էր, 1921ի Յունիս 22ին լոյս ընծայեց Դեկրետը։ Այդպիսով, տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի միացումը Հայաստանին, ինչ որ միջազգային-իրաւական իմաստով Անդրկովկասոի մէջ, կոմունիստական վարչակարգի ընթացքին, եղաւ վերջին օրինական ակտը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ։
Միացման այդ ակտը ողջունեցին ինչպէս միջազգային հանրութիւնը, այնպէս ալ Ռուսաստանը, ինչ որ ամրագրուեցաւ Ազգերու Լիկայի ժողովի բանաձեւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչպէս նաեւ Ազգերու Լիկայի գլխաւոր քարտուղարին՝ Ազգերու Լիկայի անդամ-պետութիւններուն ուղղուած տեղեկանք-նոթին եւ ՌԽՖՍՀ արտաքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատի (նախարարութեան - իշխանութեան բարձրագոյն մարմնին) Խորհուրդներու XI նստաշրջանին ուղղուած 1920-21 թթ. տարեկան զեկոյցին մէջ։
Շուտով, սակայն, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը, համաշխարհային կոմունիստական յեղափոխութեան օժանդակելու իր քաղաքականութենէն մեկնելով եւ Թուրքիոյ վերապահելով «Արեւելքի մէջ յեղափոխութեան ջահակիր»ի դերը, ըստ այնմ փոխեց իր վերաբերմունքը վերջինիս ազգային ծագումով մերձաւոր Ատրպէյճանի եւ «վիճելի տարածքներ»ու խնդրին, այդ շարքին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ:
Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, Մոսկուայի ցուցմունքով, վերսկսաւ խօսակցութիւններ ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն մասին:
Այսօր արդէն հանրագիտական հաստատուած տեղեկանք է, որ՝ «ՌԿ/բ/Կ Կովբիւրոյի պլենումը, արհամարհելով Ազգերու Լիկային որոշումը եւ մերժելով ժողովրդական հանրաքուէն՝ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման ժողովրդավարական մեխանիզմ, 1921ի Յուլիս 5ին, Ստալինի անմիջական ճնշումին տակ եւ ի հակադրումն միացման ակտի, արարողակարգային խախտումներով որոշում տուաւ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղի բռնի անջատման մասին՝ այդ հայկական տարածքներուն վրայ Ադրբեջանական ԽՍՀ կազմին մէջ լայն իրաւասութիւններով ազգային ինքնավարութիւն կազմաւորելու պայմանով»:
Ահա՛ նման՝ ապօրինի, կամայական եւ անարդար որոշումի մը կայացման չարաբաստիկ թուականն է 1921ի Յուլիս 5ը։
Այդ առումով ալ մեր օրերուն կատարուող աշխարհաքաղաքական մեծ զարգացումները, երբ Հայաստանի եւ հայութեան ապագային վերաբերող հիմնական քաղաքականութիւն մը կը փորձեն պարտադրել՝ առանց հայ քաղաքական մտքին համաձայնութիւնը ապահովելու, փաստօրէն այդպիսով կը կրկնեն ստալինեան մեծ ոճիրը, որովհետեւ ազգային իր հունէն դուրս կը բերեն Հայոց Պետական Տունը՝ փորձելով զայն սոսկ լծորդ դարձնել մեծապետական ուժերու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան հաշիւներուն եւ ախորժակներուն։
Նոյնիսկ խորհրդահայ մտածողութիւնը քառորդ դար առաջ արդէն յանգած էր պատմական զարգացումներու հոլովոյթին վերաբերեալ համազգային հետեւեալ արժեւորումին.
«1921 թ. Յուլիսի 4ին Ռուսաստանի կոմունիստական կուսակցութեան Կովկասեան բիւրոն Վրաստանի մայրաքաղաք Թբիլիսիում հրաւիրում է լիագումար նիստ, որի ընթացքում նոյնպէս հաստատւում է Լեռնային Ղարաբաղը Հայկական Խ.Ս.Հ. մաս հանդիսանալու փաստը։ Սակայն, Մոսկուայի թելադրանքով եւ Ստալինի անմիջական միջամտութեամբ՝ Յուլիսի լոյս 5ի գիշերը վերանայւում է նախորդ օրուայ որոշումը եւ ընդունւում է Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Ադրբեջանի կազմում ընդգրկելու եւ այդ տարածքում ինքնավար մարզ կազմաւորելու վերաբերեալ որոշում՝ չպահպանելով նոյնիսկ ընթացակարգը։
Այս որոշումն աննախադէպ իրաւական ակտ է միջազգային իրաւունքի պատմութեան մէջ, երբ երրորդ երկրի կուսակցական մարմինը (ՌԿ(բ) կ)՝ առանց որեւէ իրաւական հիմքի կամ իրաւասութեան, որոշում է մէկ այլ տարածքի, երկրի կարգավիճակը։ «Ադրբեջանական եւ Հայաստանի Խ.Ս.Հ.ները 1922 թ. Դեկտեմբերին ընդգրկուեցին Խ.Ս.Հ.Մ.ի կազմաւորման գործընթացներում, իսկ Ղարաբաղի տարածքի ընդամէնը մի հատուածում 1923 թ. Յուլիսի 7ին, Ադրբեջանական Խ.Ս.Հ. Կենտրոնական գործադիր յեղափոխական կոմիտէի որոշմամբ կազմաւորուեց Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը՝ Ադրբեջանական Խ.Ս.Հ. կազմում, որով, ըստ էութեան, ոչ թէ լուծուեց, այլ ժամանակաւորապէս սառեցուեց ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։
Աւելին, ամէն ինչ արուեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզն ընդհանուր սահման չունենայ Հայաստանի հետ։ Խորհրդային ողջ ժամանակահատուածում Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը չհաշտուեց այդ որոշման հետ եւ տասնեակ տարիներ պայքարեց Մայր Հայրենիքին վերամիաւորուելու համար։ Արցախն Ադրբեջանին անմիջապէս բռնակցելուց յետոյ՝ սկիզբ առաւ ազգային-ազտագրական պայքարը։ 1920ական թթ. Արցախում հակա-ադրբեջանական շարժումը ղեկավարելու նպատակով ստեղծուեց «Ղարաբաղը՝ Հայաստանին» Միութիւնը։
1927 թ. Նոյեմբերի սկզբներին միութիւնը հազարաւոր թռուցիկներ է ցրել՝ Ղարաբաղը Հայաստանին նշանաբանով։ 1962 թ. Ստեփանակերտի ավտոշարասեան 300 աշխատաւորներ բողոք-նամակ գրեցին Խ.Ս.Հ.Մ. Գերագոյն Խորհրդի նախագահութիւն, կուսակցութեան Կենտկոմ եւ Մինիստրների Խորհուրդ։ Նամակում ներկայացուեց մարզի գաղութային վիճակը և առաջարկուեց Լ.Ղ.Ի.Մ.ը վերամիաւորել Հ.Խ.Ս.Հ.ին։ 1962 թ. մի շարք մտաւորականներ նմանօրինակ նամակով դիմեցին Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտկոմին։ Այսպիսի դիմումները կրում էին պարբերական բնոյթ եւ յղւում էին թէ՛ Լ.Ղ.Ի.Մ.ից, թէ՛ Հ.Խ.Ս.Հ.ից։ Միայն Լեռնային Ղարաբաղից Կենտկոմին հասած դիմումների տակ ստորագրել էին 45 հազար աշխատաւորներ։ Փաստօրէն, չնայած Լ.Ղ.ն ապօրինաբար բռնակցուել էր Ադր.Խ.Ս.Հ.ին, այն երբեք չէր կորցնում անկախանալու եւ Մայր Հայաստանին միաւորուելու ձգտումը»։
Պատմութիւնը արձակած է իր վճիռը Ղարաբաղի ատրպէյճանական հողային «ամբողջականութեան» մաս կազմելու յերիւրանքին եւ անկէ բխող անհեթեթ բառախաղերուն մասին։
Հայ ժողովուրդի վաղուան հաշւոյն անընդունելի գործարքներ սարքողները չարաչար կը սխալին, եթէ կը խորհին, թէ կրնան շրջանցել կամ անտեսել արեամբ սրբագործուած պատմութեան այդ անդառնալի վճիռը։
Ն.