Print
Category: Յուշատետր

alt27 Յունիսի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծանուն արուեստագէտներէն Երուանդ Քոչարի։
Հայ կերպարուեստի նորարար վարպետն է Երուանդ Քոչար, որ իր նկարչութեամբ եւ քանդակագործութեամբ էապէս

յեղաշրջեց ընդհանրապէս գեղարուեստի եւ յատկապէս գեղանկարչութեան մասին մեր պատկերացումները։
Ինչպէս որ արուեստի քննադատները կը վկայեն, «Իր արուեստով Քոչարը դասուեց այն մեծերի շարքում, որոնցով պայմանաւորուեց (1920¬1930ական տարիներուն) եւրոպական ավանգարդն ու համաշխարհային կերպարուեստի հետագայ ընթացքը: Քոչարը հիմնադիրն է Տարածական Նկարչութեան (Peinture dans l՚espace)՝ պլաստիկ¬գեղարուեստական նոր արտայայտչաձեւի, որը ներառում է ժամանակը որպէս լրացուցիչ չորրորդ չափի: Եւրոպական արուեստաբանական միտքը Քոչարին համարում էր ժամանակակից արուեստի այն ռահվիրաններից մէկը, «որոնք մի քանի տարում վերափոխեցին արդի գեղանկարչութեան մասին պատկերացումներն ու տակնուվրայ արեցին աշխարհը...»։
Երուանդ Սիմոնի Քոչար (Քոչարեան) ծնած է 1899ի Յունիս 27ին, Թիֆլիս: Նախնական ուսումը ստացած է Ներսիսեան ճեմարանի մէջ։ Տակաւին դպրոցական տարիներէն անոր մօտ նկատելի դարձած է նկարչական տաղանդը:
1915էն 1918, ան յաճախած է Թիֆլիսի նկարչութեան եւ քանդակագործութեան դպրոցը, որմէ ետք մասնագիտացման համար մեկնած է Մոսկուա, ուր հետեւած է «Ազատ գեղարուեստական արուեստներ»ու դասընթացներուն:
1919ին, աւարտելով ուսումը, վերադարձած է ծննդավայր Թիֆլիս։ Քսան տարեկանին բացած է իր առաջին անձնական ցուցահանդէսը եւ սկսած է նկարչութիւն դասաւանդել տեղւոյ հայկական դպրոցներուն մէջ, իսկ 1921էն սկսեալ դասախօս նշանակուած է Թիֆլիսի բարձրագոյն գեղարուեստական հաստատութիւններու մէջ:
1921ին Քոչար դասախօսական պաշտօնով հրաւիրուած է Փարիզ։ Մինչեւ Փարիզ մեկնիլը արդէն համբաւաւոր նկարիչ էր։ 1922ին, Քոչար կարճ ժամանակով ապրած է Կ. Պոլսոյ մէջ, ապա՝ Վենետիկ, ուր երիտասարդ արուեստագէտը ուսումնասիրած է Ս. Ղազարի մատենադարանի մանրանկարչական հարուստ հաւաքածոն՝ ծանօթանալով հռոմէական եւ Վերածնունդի շրջանի արուեստի գանձերուն հետ։
1923ին Քոչար բնակութիւն հաստատած է Փարիզ, ուր ծաւալած է ստեղծագործական աշխոյժ եւ բեղուն գործունէութիւն մինչեւ 1936 թուականը, երբ վերջնականապէս ներգաղթած է Հայաստան։
Փարիզեան այդ շրջանին, հայ մեծատաղանդ արուեստագէտին գործերը ցուցադրուած են ժամանակի խոշորագոյն վարպետներու՝ Փիքասոյի, Պրաքի, Բրանկուզիի, Լեժէի եւ Կիրիկոյի գործերուն հետ: Նոյն այդ նորարար հսկաներուն, ինչպէս նաեւ Տիւշանի, Միրոյի, Քանտիսքիի, Մոհոլի եւ Տելոնէի հետ, 1936ին, Քոչար ստորագրած է «Տիմանսիոնիզմի մանիֆեստ»ը, որ այդ ժամանակի նորագոյն գեղագիտական սկզբունքներու ազդարարը հանդիսացաւ։
Հայաստան ներգաղթելէ ետք, Քոչար բնականաբար լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւեց, որովհետեւ իր առաջին քայլերը զուգադիպեցան հայ մտաւորականութեան դէմ ստալինեան հալածանքի տարիներուն։ Իր կարգին 1941ին ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ կարճ ժամանակով։ Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն նաեւ ապրուստի դժուարութիւններ անցուց եւ ստիպուեցաւ իր կոչումէն տարբեր աշխատանքներ կատարել։
1945էն ետք Քոչար իր արժանի տեղը գտաւ։
Սկսաւ նկարչութիւն դասաւանդել Երեւանի գեղարուեստաթատերական եւ պոլիտեխնիկական հիմնարկներուն մէջ: Միաժամանակ՝ անդուլ ստեղծագործեց։
Քոչարի յայտնի նկարներէն են «Կշռաքարերով նոտիւրմորտ»ը,«Ջութակ»ը, «Ըմպանակով կին»ը, «Նկարչի մօր դիմանկար»ը, «Ղազարոսի յարութիւն»ը, «Տեսիլք»ը, «Սիրահարներ»ը, «Կոմիտաս»ը,«Բանաստեղծ»ը եւ այլն:
Այսօր Քոչարի նկարները կը զարդարեն աշխարհի հանրայայտ թանգարաններու պատերը:
Իսկ քանդակագործութեան մարզին մէջ, Քոչար անմահացաւ իր կերտած Մաքսիմ Կորքիի, Ալեքսանդր Փուշկինի, Խաչատուր Աբովեանի, Անանիա Շիրակացիի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Միքայէլ Նալբանդեանի, Սասունցի Դաւիթի, Վարդան Մամիկոնեանի արձաններով։ Յատկապէս իր «Սասունցի Դաւիթը» դարձաւ խորհրդանիշը Երեւանի։
Երուանդ Քոչար վախճանեցաւ Երեւան՝ 1979ի Օգոստոս 21ին:
Հայ կերպարուեստի նորարար վարպետին ծննդեան տարեդարձին նուիրուած այս հակիրճ էջը կþարժէ եզրափակել իր ուղին բնորոշող Քոչարի հետեւեալ խորհրդածութիւններով.
«Արուեստը մի անաւարտ կամուրջ է, որի մէկ ոտքը յենուած է կեանքի վրայ, իսկ միւսը մեկնուած է դէպի անեզրութիւնը... ամէն մի հանճար երկարացնում է այդ ոտքը, որպէսզի գտնի երկրորդ յենարանը... եւ այդպէս անվերջ... Դրա համար արուեստը մարդկութեան լաւագոյն իղձերի անվախճան պատմութիւնն է...», «Ամէն արժէք գեղեցկութիւն է դառնում, բայց գեղեցկութիւնն ամէն արժէքից բարձր է...», «Արուեստն անիրական կեանք է, ու նրա ճշմարտութիւնն այլ է, քան կեանքի ճշմարտութիւնը... »:

Ն.